Այս էջով ներկայացուած նիւթերը ստացանք Լուսին Թապագեանէն։ Անոնք կը վերաբերին մարաշցի երկու ընտանիքներու՝ Ագըլեաններուն եւ Թապագեաններուն, որոնք Լուսինի ընտանիքին հօրենական եւ մօրենական ճիւղերն են։
Լուսին Թապագեանի հօրենական մեծ հայրը Փանոս Թապագեանն է, որ Մարաշէն է: Ան արհեստով եղած է փռապան, բնակած է Մարաշի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ թաղը, որ ծանօթ էր նաեւ «Խրլագեաններու թաղ» անունով։
Լուսինին հօրենական մեծ մայրը Ղամեր Սալիպեանն է: Ղամեր (քամեր) թրքերէնով կը նշանակէ լուսին։ Իր մեծ մօր յիշատակին է, որ Լուսին կը կրէ այս անունը։
Փանոս եւ Ղամեր ամուսնացած են Մարաշի մէջ: Կ՚ունենան չորս զաւակ. Մարիամ, Սոնա, Մինաս (Լուսինին հայրը) եւ այլ դուստր մը, որուն անունը անյայտ է: Բոլոր զաւակները ծնած են Մարաշ:
Յայտնի չէ թէ Ցեղասպանութեան տարիներուն ինչ կ՚ըլլայ Փանոսի եւ Ղամերի ճակատագիրը։ Միայն գիտենք որ անոնք այլեւս տեղ չունին յետ-Եղեռնեան ընտանեկան պատումներուն մէջ։ Լուսին աւելի յստակ տեղեկութիւններ ունի Փանոսի եւ Ղամերի զաւակներուն մասին։
Այսպէս, Ցեղասպանութենէն ետք Մարիամը ապաստան կը գտնէ Երուսաղէմի որբանոցը, յետագային ալ կ՚ամուսնանայ Չթրքեան մականունով մարաշցի հայրենակից որբի մը հետ: Անոնք կ՚ունենան մէկ մանչ՝ Մանուէլ, որ յետագային կը ներգաղթէ է Խորհրդային Հայաստան:
Սոնան նոյնպէս որբանոց գտնուած է։ Ան ապրած է Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի «Քէլէկեան» որբանոցը։ Նոյնպէս, յետագային կ՚ամուսնանայ այլ որբի մը հետ, միասին ալ կը գաղթեն Ֆրանսա:
Լուսին Թապագեանին հայրը Մինաս Թապագեանն է: Հօրը նման փռապան էր։ Ան տակաւին Մարաշի մէջ կ՚ամուսնանայ Արուսեակ Ագըլեանի հետ եւ կ՚ունենան հինգ զաւակներ, որոնցմէ մէկը ծնած է Մարաշ. Մելինէ (ծն. Մարաշ), Աննա (ծն. Սէլիմիէ), Յովհաննէս (ծն. Պէյրութ, 1923-ին), Անդրանիկ (ծն. Պէյրութ, թուականը անյայտ) եւ Լուսին (ծն. Պէյրութի Նոր Մարաշ թաղամաս, 1934):
Ցեղասպանութեան տարիներուն Մինաս Թապագեանի ընտանիքը նոյնպէս կը տեղահանուի Մարաշէն եւ կը հաստատուի Սէլիմիէ աւանը, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ կը գտնուի՝ Հոմսի եւ Համայի արեւելքը։ Գիտենք որ տեղահանութեան այս տարիներուն Մինաս ձեւ մը կը գտնէ հեռանալու Սելիմիէէն եւ միջոց մը ապրելու Իսքէնտերունի մէջ, ուր աւելի լաւ պայմաններու մէջ կը գործէ իբրեւ փռապան: Որոշ ատեն ետք, կ՚որոշէ վերամիանալ ընտանիքին։ Իր վաստկած ոսկիները կը կապէ մէջքի գօտիին եւ կ՚ուղեւորուի դէպի Սէլիմիէ։ Բայց ճամբուն վրայ յարձակման կ՚ենթարկուի աւազակներու կողմէ եւ կը կողոպտուի:
Ընտանիքին բանաւոր պատումին մէջ կայ նաեւ դրուագ մը, ըստ որու Սէլիմիէի մէջ պետեւի կին մը կը փորձէ առեւանգել Մելինէն, բայց չի յաջողիր: Գիտենք նաեւ, որ Մելինէն կը մահանայ տարագրութեան այս տարիներուն:
Զինադադարէն ետք շատ յստակ չէ, թէ ընտանիքը հայ տարագրեալներու բացարձակ մեծամասնութեան նման վերաբնակեցուա՞ծ է Կիլիկիա, վերադարձա՞ծ են Մարաշ։ Միայն գիտենք, որ 1921-ի վերջաւորութեան երբ Կիլիկիոյ հայերը զանգուածաբար կը հասնին Պէյրութ եւ բնակութիւն կը հաստատեն նաւահանգիստին մօտակայ գաղթականական մեծ քէմփին մէջ, այն ատեն Մինաս իր սեփական փուռը կ՚ունենայ վրանաքաղաքի մուտքին:
1933-ի սկիզբը վրանաքաղաքին մէջ կը ծագի մեծ հրդեհ մը, որուն հետեւանքով տուներուն մէկ կարեւոր մասը հրոյ ճարակ կը դառնայ։ Թապագեան ընտանիքին տունն ու փուռը նոյնպէս կ՚ոչնչանան, իսկ իր ապրած ահաւոր վախի ազդեցութեան տակ, Մինաս կաթուածահար կ՚ըլլայ եւ մարմինին մէկ մասը կ՚անդամալուծուի:
Մինաս Թապագեանի եւ Արուսեակ Թապագեանի (ծնեալ Ագըլեան) ամուսնական պատկերը։ Մարաշ, 1910-ական թուականներ։
Աւելի ուշ, Մինասն ու ընտանիքը կը տեղափոխուին Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասը։ Մինաս կը շարունակէ փռապանութեան արհեստը։ Բայց հիւանդ ըլլալուն պատճառով դիւրին չէր իր սեփական փուռը ունենալ, այնպէս որ կը սկսի աշխատիլ ուրիշներու փուռերուն մէջ։ Կը մահանայ Հոկտեմբեր 1944-ին:
Մինասի եւ Արուսեակի դուստրը՝ Աննան, 18 տարեկանին կ՚ամուսնանայ Պօղոս Արսլանեանի հետ եւ կ՚ունենան մէկ որդի եւ չորս դուստր:
Մինասի եւ Արուսեակի որդին՝ Յովհաննէսը, կը յաճախէ Անթիլիասի դպրեվանքը, ուրկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլայ։ Յետագային կը դառնայ ուսուցիչ Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասի Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ եւ դպրապետ նոյնանուն եկեղեցիին մէջ։ Աւելի ուշ դպրապետութիւն եւ ուսուցչութիւն կ՚ընէ Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղամասի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին եւ անոր կողքի Աբգարեան վարժարանին մէջ: Գիտենք նաեւ որ ուսուցչութիւն ըրած է ՀԲԸՄ-ի «Երուանդ Տէրմիրճեան» վարժարանին մէջ։
Յովհաննէսին եղբայրը՝ Անդրանիկը, նոյնպէս կը յաճախէ Պուրճ Համուտի Քառասնից Մանկանց դպրոցը։ Յետագային կը դառնայ շապկագործ: Կ՚ամուսնանայ մարաշցի Զապէլ Քէշիշեանի հետ, կ՚ունենան որդի մը եւ դուստր մը:
Լուսին ինքն ալ կը յաճախէ Նոր Մարաշի Քառասնից Մանկանց վարժարանը, ապա՝ Հայ Աւետարանական գոլէճ, իսկ համալսարանական ուսումը կը ստանայ Հայկազեան համալսարանին մէջ։ 1962-2002 պաշտօնավարած է ՀԲԸՄ-ի «Լեւոն Նազարեան» վարժարանին մէջ։ Ստանձնած է միութենական բազմաթիւ պաշտօններ. ՀԲԸՄ-ի Ռմէյլի Տիկնանց վարչութիւն, Թէքէեան մշակութային միութիւն, ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւանի վարչութիւն, եւայլն։ Հեղինակ է երկու գիրքերու։
Լուսին Թապագեանի մայրը, ինչպէս նշեցինք, Արուսեակն է, ծնեալ Ագըլեան: Ծանօթ է մեզի Արուսեակի մօր անունը՝ Մարիամ, ծնեալ Կանիմեան: Արուսեակ Ագըլեան Մարաշի մէջ կ՚ապրէր բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ։ Անոնք չորս քոյր եւ հինգ եղբայր էին։ Քոյրերն են՝ Ալմաստ (յետագային Չինչինեան), Ֆերիտէ (յետագային Կանիմեան), Հայկանուշ (յետագային Տիլէնեան) եւ Արուսեակ: Եղբայրները՝ Յովհաննէս (կը սպաննուի Մարաշի մէջ, չենք գիտեր երբ եւ ինչ պայմաններու մէջ), Ստեփան, Սարգիս, Հայկազ եւ Ճորճ:
Ստեփանը, Սարգիսը, Հայկազը եւ անոնց քրոջ՝ Ալմաստին որդին Հերրի Herry Չինչինեանը, նախքան Ցեղասպանութիւնը կը գաղթեն Միացեալ Նահանգներ: Հոս, անոնք հիմնադիր եւ գործունեայ անդամներ կ՚ըլլան Պոսթոնի Ուոթըրթաուն թաղամասին մէջ հիմնուած Մարաշի Հայրենակցական Միութեան:
Նստած, ֆէսով մարդը՝ Մինաս Թապագեան։ Ետեւը, ձեռքը Մինասի ուսին դրած կինը՝ Արուսեակ Թապագեան (ծնեալ Ագըլեան)։ Արուսեակի աջին, ոտքի՝ Մինաս Թապագեանին քոյրը։ Մինասին աջին, նստած կինը Արուսեակին մայրն է՝ Մարիամ Ագըլեան (ծնեալ Կանիմեան)։ Մարիամի աջին, ոտքի, փոքրիկ աղջիկը Աննա Թապագեանն է՝ Արուսեակի եւ Մինասի դուստրը։ Իսկ Մինասի ձախին կանգնած տղան՝ որդին՝ Յովհաննէս Թապագեանն է։ Լուսանկարին թուականը պէտք է ըլլայ 1920-ականներու երկրորդ կէսը, այն ժամանակ երբ Թապագեան ընտանիքը կ՚ապրէր Պէյրութի գաղթականական քէմբին մէջ։
1. Շատ հաւանաբար Լիբանանի մէջ լուսանկարուած պատկեր։ Անձը անանօթ մըն է։
2. Թապագեան ընտանիքին հաւաքածոյին մէջ գտնուող պատկեր մը։ Դժբախտաբար պատկերին մէջի անձերը անծանօթներ են։
1. Լէոն Կանիմեան, 1914, Միացեալ Նահանգներ։ Արուսեակ Ագըլեանի քրոջ՝ Ֆերիտէի տագրը: Յետագային, Ֆերիտէի ամուսինին մահէն ետք, ան կ՚ամուսնանայ Լէոն Կանիմեանի հետ։
2. Նստած անձը Մինաս Թապագեանն է։ Ոտքի կանգնածները Արուսեակ Թապագեանի ծնեալ Ագըլեան) քրոջ՝ Հայկանուշ Տիլէնեանի (ծնեալ Ագըլեան) զաւակներն են։ Ձախէն աջ՝ Պերճանուշ, Հայկուհի, Մովսէս։