Թուայնացուած բաց արխիւ - Թուրքիա

Թուայնացուած բաց արխիւ բաժինով ներկայացուած բազմաթիւ եւ բազմազան թուայնացուած նիւթերը հիմնականին մէջ պիտի վերաբերին հետեւեալ մեծ վերնագիրներուն

Ձեռագիրներ

Տարիներու ընթացքին, Յուշամատեան հաւաքած է յուշագրութիւններ, օրագիրներ եւ նամակներ, որոնց մեծ մասը անտիպ են: Այս գրութիւնները ընդհանրապէս հայերէն գրուած են, ուրիշներ՝ հայատառ թրքերէն: Անոնք յաճախ կը նկարագրեն հայաբնակ գիւղերն եւ քաղաքները, կենդանի կերպով ներկայացնելով հայերու կենցաղը եւ առօրեայ կեանքը։ Այս գրութիւնները կարեւոր աղբիւրներ կը հանդիսանան մեր աշխատանքին համար: Ասոնցմէ նմոյշներ տեղադրուած են այս բաժնին մէջ: Գրութիւններէն մաս մը արդէն մեքենագրուած է Յուշամատեանի կողմէ եւ թարգմանուած՝ անգլերէնի, թրքերէնի կան հայերէնի: