Աշճեան հաւաքածոյ - Պոլիս
Հեղինակ՝ Ան-սու Աքսօյ, 31/10/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 31/10/22), թարգմանութիւն՝ Վարուժ Թէնպէլեան
Գիրգոր (Գրիգոր) Աշճեան (1865-1927) Յակոբ Աշճեանի որդին էր: Գրիգորին կինն էր Աննա Աւագեան (1864-1951)՝ Անտոն եւ Տալիտա Աւագեաններուն դուստրը: Աննան ծնած է Գոնիա: Թէեւ Գրիգոր կ'ապրէր Գոնիա, սակայն վստահ չենք թէ Գրիգորի ընտանիքը ծագումով Գոնիայէն էր, կամ անոնք հոն փոխադրուած ու հաստատուած էին Պոլիսէն, ուր ան ամուր կապեր ունէր: Շատ աւելի տեղեկութիւններ չկան Աշճեան նախնիներուն մասին:
Գիրգորն ու Աննան երեք զաւակ ունէին. Լուսաբերը` ծնած շուրջ 1880 թուականին, Մարիամը` ծնած 1883-ին, եւ վերջապէս` Մամաս Գրիգորը` 1894-ին:
Երանուհի Պէրպէրեանի եւ Մամաս Աշճեանի ամուսնութեան պատկերը, 28 Յունիս 1914, Գոնիա։ Լուսանկարիչ՝ Կ. Սոլաքեան։
Գիրգորը երկու խանութ ունէր Գոնիայի մէջ. մէկուն մէջ շինանիւթ կը ծախէր, միւսին մէջ` խոհանոցային անօթներ: Ընտանիքին մէջ կը պատմուի, որ ան ծանօթ էր Գոնիայի մէջ իր պաշտօնական դիրքին համար։ Այսպէս, պատասխանատու պաշտօն մը կը վարէր քաղաքին ոչ-իսլամ համայնքներուն վերաբերող վարչական պետական մարմինի մը մէջ: Ընտանեկան պատմութիւնները կը նշեն, որ ան յաջողած է բազմաթիւ կեանքեր փրկել այս դիրքին շնորհիւ: 1915-ի տարիներուն, Գիրգոր կրցած է տեղահանութեան ենթարկուողներու անունները նախապէս ձեռք ձգել եւ զանոնք նախազգուշացնելով` նպաստած է անոնց փախուստին:
Մենք նաեւ գիտենք, որ Գիրգորը եղած է «Hürriyet ve İtilaf Partisi»ի անդամ: 1919 Փետրուարին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, ան ընտրուած է քաղաքապետական խորհուրդի անդամ : Ընտանիքը կ'ենթադրէ, որ ան հաւանաբար ընդգրկուած է ինչ-որ անախորժ դէպքերու մէջ, որովհետեւ անոր տունը կը բռնագրաւուի, պաշտօնապէս կը յայտարարուի լքուած գոյք (էմվալի մեթրուքէ), հակառակ անոր որ Գրիգոր ոչ սպաննուած էր, ոչ ալ՝ փախած: Արաբ փախստականներու եւ Գոնիայի մէջ անոնց բնակութեան մասին յօդուածի մը համաձայն, որպէս օրինակ, կը նշուի, որ Գիրգոր Աշճեանին տունը տրուած է մի ոմն Նեսիպէ Հանիմի: Գրիգորին որդին` Մամասը, միշտ սովորութիւն ունէր իր զաւակներէն խնդրել, որ քաղաքականութեամբ չի զբաղուին։ Այս մէկը նոյնպէս ենթադրել կու տայ, որ հօրը անախորժ բան մը պատահած էր այդ ատենները:
1905-ի Մարտին, Գիրգորն ու Աննան իրենց որդւոյն՝ Մամասին հետ կը մեկնին Երուսաղէմ: Մենք քանի մը լուսանկար ունինք այս ուղեւորութենէն, ուր կը տեսնենք, որ անոնք ճանբորդած են նաւով: Անոնք իրենց հետ կը բերեն տարբեր առարկաներ ինչպէս զարդատուփ մը` իբրեւ յուշանուէր իրենց ճամբորդութեան:
Անկախ այն պարագայէն, թէ ան ծագումով Գոնիայէն էր թէ Պոլիսէն, Գիրգոր Աշճեան միշտ ամուր կապեր ունէր Պոլսոյ հետ: Անոր հաշուապահը Պոլիսէն էր: Մինչ անոր դուստրերը կ'ամուսնանան Գոնիայէն հայերու հետ, երբ որդւոյն` Մամասին ամուսնութեան ժամանակը կը հասնի, ան կ'ուզէ, որ տղան ամուսնանայ Պոլիսէն աղջկայ մը հետ: Գիրգորի սկզբնական միտքը որբանոցէն աղջիկ փնտռելն էր, սակայն հաշուապահը իր ուշադրութեան կը յանձնէ Օրթաքէօյ թաղամասէն լաւ ընտանիքի մը պարագան, ուր երեխաներուն մայրը մահացած էր երիտասարդ տարիքին, իսկ հայրը` 1911-ին: Այսպիսով, Մամաս Աշճեանի ամուսնութիւնը Հռիփսիմէ Երանուհի Պէրպէրեանի հետ տեղի կ'ունենայ 1914-ին: Երանուհին Կալաթա թաղամասէն՝ Վերժինի եւ Օրթաքէօյ թաղամասէն՝ Օհաննէս Պէրպէրեանի դուստրն է: Ան չորս եղբայրներու եւ քոյրերու շարքին երրորդն էր, կրտսեր քոյրն էր Հայկ Պէրպէրեանին, որ հետագային պիտի յաջողէր խոյս տալ Պոլիսէն, հաստատուիլ Փարիզ եւ դառնալ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի գիտաշխատող մը:
Ամուսնութենէն ետք, Մամաս կ'ուզէ իր կինը տանիլ Գոնիա, զայն ծանօթացնել իր ընտանիքին: Երանուհին կ'ընդունի առաջարկը պայմանով որ քոյրը՝ Զարուհին, ընկերանայ իրեն: Այդպէս ալ կ՚ըլլայ։ Անոնց Գոնիա գտնուած միջոցին, ծայր կ՚առնէ Առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ ցեղասպանութիւնը։ Այս պայմաններուն մէջ անոնց համար անկարելի կը դառնայ քանի մը տարի շարունակ Պոլիս վերադառնալը:
Երբ պատերազմը կը բռնկի, Աշճեան ընտանիքը կը գտնուէր իրենց ամառնային տան մէջ: Իրավիճակը վտանգաւոր նկատելով` անոնք կ'որոշեն իրենց պատկանող համեմատաբար փոքր, բայց արժէքաւոր իրերը, օրինակ` գոհարեղէնները, թաղել ամառանոցին հաւնոցին մէջ: Անոնք համոզուած էին, որ պատերազմէն ետք պիտի կարենային վերադառնալ եւ զանոնք յետ վերցնել: Վերադարձը անկարելի կ՚ըլլայ:
Պատերազմին ժամանակ, Աշճեան ընտանիքին բոլորը անդամները կ'ապրէին Գիրգորի ընտանիքին տան մէջ, Գոնիայի Չիֆթէ Մերտիվէն Մահալլէսի շրջանին մէջ, թիւ 207: Քարէ կառուցուած մեծ տուն մըն էր` ներքին բակով: Հոս ծնած են Մամասի եւ Երանուհիի առաջին երկու զաւակները` Կորիւն Ժիրայր (1915-2001) եւ Վերժին (1916-2008), որոնք հետագային մկրտուած են շրջիկ կղերականի մը կողմէ: Այդ տարիներուն, Երանուհիի քոյրը` Զարուհի Պէրպէրեանը, ժամանակ կը յատկացնէր ընտանիքի բոլոր երեխաներուն հայերէն գրել-կարդալ սորվեցնելու:
Տունը կը գտնուէր ճիշդ «Աղջկանց ուսուցչանոց քոլէճ»ին դիմաց (Konya Darü’l-Muallimat, հիմնուած՝ 1915-ին) եւ շատ մօտ էր «Mevlevihane»-ին (Մեւլեւի տերվիշներու սրահ): Կարգ մը տերվիշներ սովորութիւն ըրած էին այցելելու եւ ուտելիք ստանալու: Տերվիշները կու գային, կը նստէին տան դիմաց ու կը սպասէին: Երբ տունէն ոեւէ մէկը նկատէր տերվիշները, անոնք ներսի բակը կը հրաւիրուէին: Իւրաքանչիւրը ծանօթ էր իր անունով եւ Աշճեաններու տան մէջ ունէր իր անձնական անձեռոցը: Անոնք կը նստէին գետինը եւ կը սպասէին սպասարկուիլ:
Գրիգոր Աշճեանի պատկանող «L’Union» ֆրանսական կեանքի ապահովագրական ընկերութեան Պոլսոյ մասնաճիւղին հետ կայացած պայմանագրութիւն մը, 1913 թուակիր։ Գրիգոր այս ընկերութեան արձանագրուած էր 1907-ին, վճարելով 4 հազար ֆրանսական ֆրանք։ Պայմանագրութեան մէջ նշուած է, որ Գրիգոր Գոնիա ապրող երկաթի վաճառական մըն է։
Աշճեան ընտանիքին ուխտագնացութիւնը Երուսաղէմ, Մարտ 1905։ Լուսանկարը հայոց Ս. Յակոբեանց վանքին շրջաբակին մէջ տեղ մըն է։ Ոտքի, ձախէն աջ առաջինը՝ Մամաս Աշճեան, 7-րդը՝ Աննա Աշճեան (ծնեալ Աւագեան), 8-րդը՝ Գրիգոր Աշճեան, 9-րդը եւ 10-րդը՝ Էլմաս եւ Օհաննէս (Կիւմիւշհաճիքէօյ գիւղէն, որ կը գտնուի Մարզուան/Մերզիֆօնի արեւմուտքը)։ Շատ հաւանական է որ բոլոր միւսներն ալ հայ ուխտագնացներ են Օսմանեան կայսրութեան զանազան վայրերէն Երուսաղէմ եկած։ Յատկանշական է, որ գետին նստած ամէնէն աջի երիտասարդը իր զգեստին թեւը սոթտած է եւ յայտնապէս ցոյց կու տայ խաչի նշանով դաջուած ըլլալը։ Շատ մը ուրիշներ իրենց ձեռքին բռնած են համրիչներ, զորս կ՚ենթադրենք գնած են Երուսաղէմի մէջ։
Դժբախտաբար, ոչ մէկ լուսանկար կայ այդ տունէն: 1961-ին Վերժին կը վերադառնայ Գոնիա՝ հոն ապրող հարազատներուն այցելելու եւ տունը տեսնելու նպատակով: Թէեւ այդ ճամբորդութենէն քանի մի լուսանկար կայ, բայց տունը չէ նկարուած: Վերժինն ու ընկերակիցները կ'երթան տուն եւ կը հնչեցնեն դռան զանգը: Կին մը կը պատասխանէ եւ իմանալով, թէ որոնք են զանգահարողները, կը գունատի: Ան ճչալով կը կանչէ ամուսինը. «պէ՛յ, պէ՛յ, ես քեզի պատմած էի իմ երազս, գիտէի, որ անոնք պիտի գան»: Վերժին կը բացատրէ, որ ինք միայն կ'ուզէր այցելել այն տունը, ուր ծնած էր, այլ մտադրութիւն չունէր: Կինը անոնց սուրճ կը հիւրասիրէ, ապա անոնք կը հեռանան: Այս կրնայ ըլլալ պատճառը, որ անոնք չեն նկարած տունը` մտածելով, որ նման քայլ կրնայ անհանգստացնել բնակիչները: Մենք կ'ենթադրենք, որ տունը եւ քսանհինգ արտավար հողը, որ նախապէս կը պատկանէր Գիրգոր Աշճեանին, բռնագրաւուած է տեղական իշխանութիւններուն կողմէ եւ հետագային տրուած է մի ոմն Նեճիպէ Հանիմի, երբ Գիրգոր Աշճեան այլեւս փաստօրէն չէր ապրէր այդ տան մէջ:
Կորիւն Աշճեանին տեղեկագիր-վիճակացոյցը 1924-1925 տարեշրջանի, երբ ան կը յաճախէր Պոլսոյ Նշանթաշ թաղամասին մէջ գտնուող «Նոր Դպրոց» գիշերօթիկ-վարժարանը։ «Ֆիզիքական վիճակ» բաժինին մէջ գրուած է որ Կորիւնը «ընդհանուր առմամբ առողջ է, բայց պէտք է որ աղէկ ծամէ որպէսզի առողջութիւնը չի խանգարուի։ Ուրախ ենք որ ժամանակին կը պառկի եւ քունը շատ կը սիրէ։ Միջատներէն կը վախնայ»։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Մամասը, Երանուհին, Զարուհին եւ երկու երեխաները կը վերադառնան Պոլիս: Սկիզբը անոնք բնակութիւն կը հաստատեն Երանուհիին աւագ քրոջը` Արուսեակի տան մէջ, որ կը գտնուի Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ (Թաթավլա պողոտայ, թիւ 4 – այժմ` Քուրթուլուշ պողոտայ): Հոս կը ծնի Ալիս Աննան (1921-2018)՝ անոնց վերջին զաւակը: Մամաս կը սկսի երկնաքար ներածելու առեւտուրով զբաղիլ: Անոր խանութը Սիրքեճիի մէջ էր: Զարուհին կ'օգնէր իրեն խանութին հաշուապահութեան, ինչպէս նաեւ այլ գործերու մէջ: Ան երբեք չէ ամուսնացած: Մամաս յաճախ ինք կը մերժէր որոշ թեկնածուներ, որոնք կ'ուզէին ամուսնանալ Զարուհիին հետ։ Այսպիսի առիթներով Մամաս կ՚ըսէր. «ես հոգ կը տանիմ քեզի, ինչու՞ համար պէտք է ամուսնանաս»:
Երանուհին թոքախտէ կը վարակուի եւ որոշ ժամանակ կը մնայ բուժարանի մը մէջ: Ալիսը` Մամասի կրտսերն ու սիրելին, երբ կը մեծնայ, կ'ընկերանայ իրեն արտասահմանեան գործուղումներու ժամանակ: Վերժինին դուստրը` Եւան` Մամասին թոռնուհին, կը պատմէր խանութին մասին իր մանկական յուշերը. ան փողոցին անկիւնն էր` լայն ցուցափեղկերով եւ հսկայական երկնաքարերով: Այդ շէնքը այլեւս չկայ, քանդած են զայն փողոցը ընդարձակելու համար:
1920-ականներուն, Արուսեակին ամուսինը` Յակոբ Հովիկեանը կը մահանայ հիւանդութեան պատճառով, եւ անոր ընտանիքը կը քաջալերէ իրեն միանալու եղբօրը` Հայկին, որ այդ ժամանակ կ'ապրէր Փարիզ: Ան Պոլիսէն կը հեռանայ 1925-ին` իր երկու դեռատի երեխաներուն ուղեկցութեամբ: Հետագային, թէ՛ Հայկը եւ թէ Արուսեակը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կը նկատուին «դասալիքներ», եւ ասոր հետեւանքով ալ իրենց ընտանեկան ունեցուածքը (խանութը եւ Օրթաքէօյի հողատարածքը) կը գրաւուի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ (Vakıflar Genel Müdürlüğü): Մամաս ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Թաթավլա պողոտային միւս ծայրը գտնուող Belle-Vue շէնքը: Այս նոր բնակավայրէն անոնք ականատես կ'ըլլան 1928-ին Թաթավլայի մեծ հրդեհին, որմէ ետք այդ թաղամասին բազմաթիւ փողոցներու անունները կը փոխուին: 90 տարեկանին Ալիս կը վերյիշէր, թէ ինչպէս իրենց շէնքը բլուրի գագաթին ըլլալով, ինք կը տեսնէր այրող կրակը, իր սենեակէն կը զգար կրակին ջերմութիւնը եւ ամբողջ գիշերը կը լսէր մարդկանց ճիչերը:
Այդ ժամանակ, Կորիւնը սկսած էր յաճախել Պոլսոյ «Նոր Դպրոց»ը։ Թէեւ անոնց տունն ու գիշերօթիկ-դպրոցը իրարու մօտ էին, սակայն Կորիւնը շաբթուան օրերը կը գիշերէր դպրոցին մէջ. բան մը, որ ըստ երեւոյթին հաճելի չէր իրեն համար: Ան տուն կու գար միայն շաբաթավերջին: Աւելի ուշ Կորիւն յաճախած է École Jeanne d’Arc (այսօրուայ Սէն Միշելը): Յստակ չէ, թէ որ նախկրթարանը յաճախած է Վերժին. սակայն աւելի ուշ զայն ուղարկած են Notre Dame de Sion, որմէ ետք ալ՝ Sainte Pulcherie: Ալիս կը յաճախէ École Moderne եւ Sainte Pulcherie, բայց ան, իբրեւ յաճախ հիւանդացող երեխայ, ի վերջոյ մասնաւոր դասեր կ'առնէ Օրիորդ Լուիզ Միյէն, որ ուսուցիչ էր École Jeanne d’Arc-ի մէջ: Մինչ այդ անոնք կը փոխադրուին Արփա Սույու փողոցին վրայ գտնուող բնակարանը` École Jeanne d’Arc-ի կից:
1922-ին, Մարիամին ամուսինը` Սեպուհ Եաղմուրեան դժուարութեան մէջ էր, եւ Գիրգոր Աշճեանը չկրցաւ իրեն օգնել: Ան կ'ըսէր. «շատ ակնյայտ պիտի ըլլար, եթէ ես ալ իրեն համար ինչ-որ բան մը ընէի»: Սեպուհ կ'աշխատէր Գոնիայի երկաթուղային ընկերութեան մէջ` որպէս երկաթուղային կայարանի ղեկավար: Զինք ճանչցող մարդիկ կ'ըսեն իրեն, որ ինք «չափազանց մեծ ուշադրութիւն կը գրաւէ», թէ ի՞նչ կը նշանակէր, յստակ չէ, եւ այդ պատճառով իրմէ կը խնդրեն որոշ ժամանակով երթալ Կեսարիա/Քայսերի: Իր կրտսեր դուստրը` Ատելը, այդ ժամանակ դեռ օրօրոցի մէջ էր։ Երբ Սեպուհ գնացքով կը հեռանար, վերջին բանը, որ կ'ըսէ` կնոջմէ խնդրելն էր, որ լաւ խնամէ երեխաները: Քանի մը օր անց որոշ մարդիկ կ'այցելեն Մարիամին եւ կը փոխանցեն, որ Կեսարիոյ մէջ ցուրտ է, եւ ինչ-որ մէկը Սեպուհին տանելու համար կ՚ուզէ իր վերարկուն եւ որոշ գումար: Այդ օրէն ի վեր Սեպուհէն ոչ մէկ լուր կ՚առնէ ընտանիքը:
1925-ի շուրջ Մամաս կ'որոշէ իր քրոջը` Մարիամը եւ անոր չորս զաւակները (Արմենուհի, Վալանթին/Տիրուհի, Ժիրայր, Ատել) Գոնիայէն Պոլիս տեղափոխել, քանի որ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ամուսինէն ոչ մէկ լուր ստացած էին: Մամաս զանոնք կը տեղաւորէ Օրթաքէօյ գտնուող Պէրպէրեաններուն տունը: Գիրգոր եւ Աննա Աշճեանը նոյնպէս յաճախակի երթեւեկութեան մէջ էին Գոնիայի եւ Պոլսոյ միջեւ։ Բայց Գիրգորին առողջական վիճակը սկսեր էր վատթարանալ, այնպէս որ անոնք կ՚որոշեն վերջնականապէս մնալ Պոլիս: 1927 թուականը տխուր տարի էր. կը մահանայ Մարիամին աւագ դուստրը` Արմենուհին։ Ասկէ քանի մը ամիս անց, կը մահանայ նաեւ Գիրգորը: Մարիամ, այլեւս չէր ուզեր մնալ այդ տունը, հետեւաբար ինքն ալ կը տեղափոխուի Քուրթուլուշ:
28 Հոկտեմբեր 1922 թուակիր օսմանեան պաշտօնական փոխանորդագիր մը, ուր կը նշուի թէ Մամաս Աշճեան իրաւունք ունի իր կնոջ՝ Երանուհիին եւ անոր քոյրերուն՝ Զարուհիին եւ Արուսեակին իրենց հօրմէն ժառանգած Օրթաքէօյի (Պոլիս) խանութը եւ տունը տնօրինելու։
Լուսաբեր եւ իր ընտանիքը կը մնան Գոնիա: Ան ամուսնացած էր Յովսէփ Գազանճեանի/Գազանճիի հետ եւ ունէր չորս զաւակ՝ Հնազանդ (1905-1967), Ռափիկ (Ռեպեքա, 1907-2000), Հրանդ (1913-1961), Ռոզա (?- 1977): Լուսաբեր կը մահանայ 1955-ին եւ կը թաղուի Գոնիա, սակայն աւելի ուշ, անոր դուստրը՝ Ռափիկը, կը համոզուի, որ հոն ապահով վայր չէ հանգչելու համար. պաշտօնական թոյլտուութիւն կը ստանայ Լուսաբերին աճիւնները Պոլիս փոխադրելու համար: Անոր թոռները Պոլիս կը տեղափոխուին միայն 1970-ի շուրջ:
Գիրգորի մահէն ետք, Աննան սկիզբը կարճ ժամանակ մը կը մնայ Մարիամին եւ անոր երեխաներուն քով: Հետագային, ան կ'ապրի Մամասի ընտանիքին քով: Ան լուռ եւ զուսպ կին մըն էր, որ կարծես այնքան էլ չէր գնահատեր իր որդւոյն կինը: Աւելի ուշ ան կը կորսնցնէ քալելու իր կարողութիւնը եւ իր օրերը կ'անցընէ իր սենեակին մէջ: Եւան կը յիշէ, որ միշտ գրպանով փոքրիկ գոգնոց մը կը կրէր վրան. հոն կը պահէր իր ծխախոտները եւ յաճախ կը ծխէր: Ան կը մահանայ 1951-ին: Անոր մահէն երկու ամիս անց, Մամաս կը մահանայ հիւանդութեան մը պատճառով. ան նոյնիսկ Ալիսի հետ կը մեկնի Աւստրիա՝ բուժման հեռանկարով: Երանուհին կ'ապրի երկու տարի եւս եւ կը մահանայ 1953-ին:
Ճաշասեղանի անձեռոցակալ։ Տրամագիծ՝ 5.5 սմ։ Վրան փորագրուած են հայատառ Ե եւ Ա տառերը, ինչ որ կը նշանակէ, որ պատկանած է Երանուհի Աշճեանին։ Հաւանաբար ամուսնական օժիտին մաս կը կազմէր, կամ ալ նուէր ստացած էր։
Կորիւնը կ'ուսանի Ֆրանսա՝ Հայկին խնամատարութեամբ, École Breguet-ի մէջ: Պոլիս կը վերադառնայ եւ որոշ շրջան մը կը դառնայ գործընկեր Վերժինին ամուսինին. երկուքն ալ ճարտարագէտներ էին: Բայց Մամաս կը խնդրէ, որ իրենք ունենան 51% բաժնետոմսերով թուրք գործընկեր մը։ Մամաս միշտ մտավախ էր որ «varlık vergisi» տուրքը կրնայ վերստին հաստատուիլ երկրին մէջ։ Ասիկա դրամագլուխի տուրքն էր, որ 1942-ին Թուրքիոյ մէջ հիմնականօրէն գանձուեցաւ ոչ-իսլամ քաղաքացիներէն: Մամասի մահէն քանի մը տարի ետք, անոնք կը սնանկանան: Կորիւն Գանատա կը գաղթէ կնոջ եւ նոյն այս կնոջ նախորդ ամուսնութենէն ծնած դստեր հետ: Ան իր կեանքին մնացած մասը կ'անցընէ Գանատա, մինչեւ իր մահը` 2001-ին. զաւակ չունէր:
Վերժին տանտիկին էր: Ան ամուսնացած էր Օննիկ Աքչելիի հետ, որ ելեկտրա-մեքենական ճարտարագէտ էր եւ կ'աշխատէր մեծ ծրագիրներու վրայ, ինչպէս էին օրինակ Անըթքապիրի - Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի դամբարանը Անգարայի մէջ - լուսաւորութեան եւ կլիմայականացման ծրագիրները: Ան ունէր երեք դուստր: Կը մահանայ 2008 թուականին:
Ալիս կը հետեւի Պոլսոյ Գեղարուեստից վարժարանի Պետրի Ռահմի Էյուպօղլուի դասերուն. ան «Օնլար Կրուբու» կոչուող գեղանկարիչներու խումբին մաս կը կազմէր: Հօրը մահէն եւ Կորիւնի Գանատա մեկնելէն ետք, Ալիս կ'ուզէ տեղափոխուիլ Ֆրանսա: Երկու տարի Փարիզ մնալէ ետք, կը վերադառնայ Պոլիս: 1950-ականներու վերջաւորութեան ան կը դառնայ Պոլսոյ Կէօթէ հիմնարկի հիմնադիր՝ Ռոպըրթ Անհեկերի օգնականը: Ան հոն կ'աշխատի մինչեւ հանգստեան կոչուիլը 1993-ին: 1961-ին ան կ'ամուսնանայ շարժանկարի արտադրիչ՝ Արիֆ Քեսքիների հետ: Անոնց ամուսնութեան վկաներն են Ռոպերթ Անհեկերը եւ Եաշար Քեմալը (յայտնի գրագէտը)։ Սակայն տասը տարի ետք ամուսնութիւնը կ'աւարտի ամուսնալուծութեամբ: Ան զաւակ չունէր: Կը մահանայ 2018-ին: Զարուհին ապրած է Վերժինի ընտանիքին մէջ մինչեւ մահը` 1971-ին:
Ես Ան-սուն եմ, Գիրգոր Աշճեանին ծոռնուհին, Վերժինին թոռնուհին: Ես թարգմանիչ եմ եւ նկարազարդող: Կ'ապրիմ Պոլիս եւ կը շարունակեմ ուսումնասիրել ընտանիքիս պատմութիւնը…
- ARABACI Caner, AYHAN Bünyamin, DEMİRSOY Adem, AYDIN Hakan, Konya Basın Tarihi, Konya, Palet Yayınları, 2009.
- KURTULGAN Kürşat, Konya’ya İskân Edilen Arap Mülteciler (1920-1928), Gazi Akademik Bakış, pp 129-136, Cilt 5, Sayı 10, Yaz 2012 (https://dergipark.org.tr/tr/download/article-file/73915)
- TEOTIG, Baskı ve Harf, Ermeni Matbaacılık Tarihi, İstanbul, Birzamanlar Yayıncılık, 2012, p.140
- Annuaire Oriental, commerce, industrie, administration, magisture de l’Orient 1913, p.1604 (https://archives.saltresearch.org/handle/123456789/2878 )