Խնկաման (Երզնկայէն)

Կեդրոնական վարժարան - Պոլիս, Թուրքիա

Սերտա Պիրկիւլ. աման, ֆէս, խնկաման (Երզնկայէն)

Այս նիւթերը Յուշամատեանի Հոկտեմբեր 2015 թուականի աշխատանոցին ընթացքին ներկայացուց Կեդրոնականի աշակերտուհի Սերտա Պիրկիւլը։ Անոնք պատկանած են իր մեծ մօր՝ Նուարդ Պիրկիւլի (ծն. Պօզթաշ) ընտանիքին՝ Երզնկայէն։ Այս ժառանգութիւնները ներկայիս կը պահուին Իսթանպուլի մէջ, Պիրկիւլի ընտանիքին մէջ։

Տիգրիս, Տարօն եւ Մինաս Գօյունճու. բաղնիքի հաւաքածոյ, քար, արդուկ (Տիարպեքիր/Տիգրանակերտէն)

Այս նիւթերը ներկայացուցին Տիգրիս, Տարօն եւ Մինաս Գօյունճուն։ Երեքն ալ Կեդրոնականի աշակերտներ են եւ զարմիկ ու զարմիկուհիներ են։ Անոնց նախնիները Տիարպեքիր/Տիգրանակերտէն են։ Անոնք իրենց տուներուն մէջ կը պահեն ժամանակին Տիարպեքիրի հանրային բաղնիքներուն մէջ գործածուող տարբեր-տարբեր առարկաներ, ինչպէս ծածկոցներ, անձեռոցներ, օճառամաններ, պղնձեայ թասեր, ոտնամաններ, եւ այլն։ Այս առարկաները պատկանած են Տիգրիսին, Մինասին եւ Տարօնին մեծ մայրիկին (Ժանէթ Գօյունճու) մեծ մօրը՝ Նուարդ Զօրին։ Բոլորն ալ ժամանակին ընտանիքին կողմէ գործածուած առարկաներ են։

Տարօն, Տիգրիս եւ Մինաս Գօյունճու գրած են նաեւ կարճ գրութիւն մը, ուր կը բացատրեն Տիարպեքիրի մէջ հարսը բաղնիք տանելու արարողութիւնը, որ աւանդութեան կարգ անցած էր։ Այսպէս, հարսին կ՚ընկերակցէին անոր հարազատ քանի մը ընտանիքներ, որոնց շարքին փեսային ընտանիքը։ Հարսը կ՚առաջնորդէին պատիային (լոգանքի խոշոր թասը) քով եւ հոն կը լոգցնէին զայն։ Յետոյ անձեռոցով կը փաթթէին հարսը, կ՚առաջնորդէին բաղնիքին բակը, ուր մեծերուն ձեռքը մէկիկ-մէկիկ կը համբուրէր։ Հարսին հայրը բակին մէջ խորոված կը պատրաստէր բոլորին համար, ապա սուրճ կը խմէին եւ իրենց հետ բերած քաղցրեղէնները կը վայելէին։

Օճառի պղնձեայ աման (քիլտան)՝ բաղնիքի հաւաքածոյին մասնիկ

Բաղնիքի հագուստ, բաղնիքի հաւաքածոյին (պորոտա) մասերէն։ Ճերմակ այս կտաւը կը գործածուէր բաղնիքէն վերջ, կը փռուէր բակին գետինը, կը նստէին վրան եւ կ՚ուտէին չիրեր։

Բաղնիքի դոյլ, նոյնպէս բաղնիքային հաւաքածոյին մասերէն։

Այս զարդաքարը ժամանակին շաս կազմած է Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին, որ երկար ժամանակ կիսաքանդ վիճակի մէջ էր։ Տիգրիսին հայրը ժամանակին զայն գտած է եկեղեցւոյ աւերակներուն մէջ եւ իբրեւ յիշատակ հետը բերած է Իսթանպուլ, ուր կ՚ապրի տարիներէն ի վեր։ Յետագային, Տիգրիսին հայրը աշխուժ մասնակիցներէն կ՚ըլլայ Սուրբ Կիրակոսի վերանորոգման աշխատանքներուն։ Եկեղեցին կը վերաբացուի 2011-ին։

Փայտածուխով բանող արդուկ։ Պատկանած է Տիգրիս Գօյունճուի մեծ մեծ մեծմօր՝ Նուարդ Զօրի։ Ներկայիս կը պահուի Տիգրիսի կողմէ, Պոլիս։

Արսէն Էօզքալայ. պղնձեայ մկրատ

Մետաղ կտրելու մկրատ։ Պատկանած է Արսէն Էօզքալայի մեծ մեծ հօր՝ Գրիգոր Էօզքալայի, Ամասիոյ շրջանի Կիւմիւշհաճըքէօյ գիւղէն։ Ներկայիս կը պահուի Արսէնենց տան մէջ, Պոլիս։

Քարլա Թիւզիւթիւրք. օսմանեան դգալներ եւ ունելի

Դգալներու այս հաւաքածոն եւ ունելին մեզի ներկայացուց Քարլա Թիւզիւթիւրք։ Անոնք պատկանած են իր մօրենական մեծ մօր մեծ մօր՝ Հեղանուշ Կարապետեանին, որ ծնած ու ապրած է Սեբաստիոյ մէջ։ Քարլայի մեծ մեծ մամային անունը Նուարդ Քարաթէքէեան (ծն. Սեբաստիա 1923-ին)։ Ուրեմն ան այս առարկաները ժառանգած է իր մօրմէն։ Քարլայի մեծ մայրը՝ Հեղանուշ Թերզեան, նոյնպէս ծնած է Սեբաստիա 1947-ին։ Անոնք ընտանիքով Իսթանպուլ կը փոխադրուին 1956-ին, ուր մինչեւ այսօր կ՚ապրին։ Սերունդներու ժառանգութիւն այս առարկաները կը պահուին Հեղանուշ Թերզեանի քով, Իսթանպուլ։

Տայք Արէս Միսիսօղլու. գաւաթներ, դանակ-պատառաքաղ եւ այլն, Մարաշ

Բոլոր այս առարկաները պատկանած են մարաշցի Միսիսօղլու ընտանիքին, որ Տայք Արէսի հօրենական շառաւիղն է: Տայքի հայրը՝ Խաչիկ Միսիսօղլու ծնած է Պոլիս 1963-ին, իսկ մեծ հայրը՝ Պերճ Միսիսօղլու, նոյնպէս ծնած է Պոլիս, 1932-ին։ Անոնց նախնիները Մարաշէն են։

Կ՚ենթադրուի թէ գաւաթները եւ ամանները օժիտի մը մաս կազմած են: Գաւաթներէն երկու հատը նախատեսուած են թաշկինակ տեղադրելու համար։ Անոնց վրայ կ՚երեւին «Ա. Մ.» և «Օ. Մ.» տառերը, որոնք հաւանաբար հարսին և փեսային անուններուն սկզբնատառերն են։ Միւս երկու գաւաթներն ալ կը կրեն «Ա.» սկզբնատառը, իսկ անոնց վրայի թուականն ալ՝ 27 օգոստոս 1901 է կրնայ համապատասխանել ընտանիքի անդամներու ամուսնութեան թուականին։

Կ՚ենթադրուի թէ այս օժիտը պատկանած է Տայք Արէս Միսիսօղլուի մեծ մեծ մեծ հօրը և անոր կնոջ (անունները անյայտ)։ Տայք Արէսի մեծ մայրն է Հէրմինէ Միսիսօղլու, ծնած Սամսուն 1931-ին եւ մահացած Պոլիս 1991-ին:

Թաշկինակի գաւաթներ, «Ա. Մ.» եւ «Օ. Մ.» սկզբնատառերով։ Շատ հաւանաբար մաս կը կազմէ մարաշցի Միսիսօղլու ընտանիքի անդամներէն մէկուն օժիտին։

Դգալ, պատառաքաղ եւ դանակ, շատ հաւանաբար Մարաշէն։

Արծաթեայ գաւաթ (երկու հատ). երկուքին վրայ ալ «Ա.» սկզբնատառը կայ, նաեւ կ՚երեւի թուական մը՝ 27 Օգոստոս 1901, որ հաւանաբար կը համապատասխանէ Միսիսօղլու ընտանիքի անդամներէն մէկուն ամուսնութեան թուականին։