Հեղինակ՝ Մարալ Ագթօքմաքեան, 05/12/24 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 15/12/24)
Այս էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Հրանդ Տինք Հիմնարկին (Պոլիս): Շնորհակալութիւններ կը յայտնենք Նարօտ Աւճիին, Ռուտի Սայաթ Փուլաթեանին, Լարա Թաշին, Զեյնէպ Թաշքընին, Վահագն Քեշիշեանին:
Ներկայ յօդուածը կը ներկայացնէ Հօրաթա ընտանիքին երկու հիմնական ճիւղերուն՝ Գոչունեաններուն եւ Փիտեճեաններուն պատմութիւնները: Վերապրողի այս անձնական-ընտանեկան պատմութիւններուն բուն մասը պիտի կազմէ Գոչունեան ընտանիքը, մասնաւորաբար ընտանիքին ամենայատկանշական դէմքը` Սրբուհի Գոչունեանը: Ընտանիքին պատմութեան զուգահեռ պիտի շեշտուին պատմականօրէն երկու կարեւոր կէտէր. նախ՝ ընտանիքին տնտեսական դերը (Գոչունեանները «Կիւրինի շալ» կոչուած ապրանքը կը ծախէին Եւրոպայէն մինչեւ Հնդկաստան), ապա, Սրբուհի Գոչունեանի անձնական պատմութիւնը, որ կարեւոր վկայութիւն մըն է կիներու եզակի փորձառութեան՝ ընդելուզուած անոնց վերապրողի իրավիճակին: Երկրորդ մասին մէջ, մշակութային եւ տնտեսական կեանքէն ներս Փիտեճեաններուն կարեւոր դերակատարութեան եւ յաջողութիւններուն զուգահեռ, պիտի ծանրանանք անոնց ընտանեկան պատմութեան վրայ:
Սոյն յօդուածը հիմնուած է պոլսահայ Եըլտըզ Հօրաթային հետ Նոյեմբեր 2021-էն Յունուար 2022 քանի մը առիթներով կատարուած հարցազրոյցներուն վրայ:
Գոչունեան ընտանիքը
Կիւրինցի եօթը եղբայրներէ բաղկացած Գոչունեան ընտանիքը կը զբաղէր վաճառականութեամբ: Անոնք Սամսունի նաւահանգիստէն իրենց արտադրած «Կիւրինի շալ» կոչուած ու նշանաւոր դարձած մետաքսեայ արտադրութիւնը կ’արտածէին մինչեւ Եւրոպա, Հնդկաստան եւ Չինաստան: Կիւրինի մէջ Գոչունեան ընտանիքը մեծ կալուածատէր էր: Գոչունեանները մեծապէս նպաստած են քաղաքի մշակութային զարգացումին:
Գոչունեան եղբայրներուն անդրանիկը (անունը անյայտ), Ատանայի մէջ կը սպանուի փլշխա կոչուած կոտորածի մը ընթացքին:
Հոս պահ մը կ’արժէ կանգ առնել եւ ծանրանալ այս բառի նշանակութեան ու տեղացիներու կողմէ անոր գործածութեան վրայ: Բառը կարելի չեղաւ գտնել հայերէն բարբառային բառարաններու մէջ, բայց գոյութիւն ունի «փլշտուկ» կամ «փլշտուք» բառը, որ կը նշանակէ փլփլած, քանդուած: «Փլշխա»ն տեղացիներու բառամթերքին մէջ կը գործածուի նկարագրելու համար բռնութեան դէպք մը, որ կոտորած հասկացութենէն թէեւ աւելի թեթեւ է, բայց կը կրէ կործանիչ ազդեցութիւն: Եըլտըզ Հօրաթայի հաւաքական յիշողութենէն ժառանգուած այս բառին յենելով՝ կարելի է ընել հետեւեալ համեմատութիւնը. «փլշխա»ն այնպիսի կործանիչ դէպք մըն է, որ իր տարողութեամբ աւելի ուժգին եւ ծանրակշիռ է քան թաշխալան, բայց աւելի մեղմ է բաղդատած կոտորածին, ջարդին: Ուրեմն վերջակէտ մը դնենք այս փակագծեալ մեկնաբանութեան, ընդգծելով այն լեզուական իրավիճակը, թէ լեզուական-բառային հարստութիւնն ու նրբութիւնները կախեալ են տեղւոյն բնորոշ զանազան գործօններէն, ինչպէս քաղաքական-մշակութային կամ ֆիզիքական մթնոլորտը:
Գոչունեան եղբայրներուն անդրանիկը յաճախակի ճամբորդած է Ատանա առեւտրական նպատակներով: Փլշխային ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ, բայց կ’ենթադրուի, թէ ան պատահած է 1908-էն առաջ:
Գոչունեան եղբայրները իրենց հարազատին սպանութենէն ետք, կը սկսին մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերել անոր դստեր՝ Սրբուհիին նկատմամբ, որ այս գերդաստանին միակ աղջիկ զաւակն էր: Եղբայրները այս ձեւով յարգած կ’ըլլային իրենց եղբօր յիշատակը: Այս հոգատարութեան շնորհիւ Սրբուհի կը ղրկուի Մարզուանի (Մերզիֆոն) ամերիկեան վարժարանը, որպէսզի տուեալ ժամանակի լաւագոյն ուսումն ստանայ: Փոքրիկ աղջիկը իր մայրիկին ընկերակցութեամբ կ’ապրի Մարզուանի մէջ, իսկ ամառները երկու ամիս կը մնայ իր հօրեղբայրներուն քով՝ Կիւրին: Ան ուսումը կը լրացնէ յաջողութեամբ ու կը վերադառնայ ծննդավայր: Բայց ստացած ուսումը եւ անոր նշանակութիւնը հոս վերջ չեն ունենար: Արդ, իր կեանքի ընթացքին, շնորհիւ իր հարուստ գիտելիքներուն եւ ամուր նկարագրին, ինչպէս պիտի տեսնենք՝ Սրբուհի պիտի յաջողէր վերապրիլ կեանքի մարտահրաւէրներէն ու վերապրեցնել իրեն հարազատ ու անծանօթ շատ հայեր:
Կիւրին վերադառնալէ վերջ, Սրբուհի կ’ամուսնանայ համաքաղաքացի Միքայէլ Ներսէսեանի հետ: Միքայէլ իր եղբայրներուն հետ կը զբաղէր ցորեն չափելու ուրուբլ աղը [1] կոչուած ամանը շինելով: 1915-ի ջարդերէն առաջ, Միքայէլն ու եղբայրները Կիւրինէն Շարքըշլա (կամ Շարղըշլա) կ’երթան առեւտուրի նպատակով: Շարքըշլան Սեբաստիոյ (Սիվաս) շրջանին մէջ, Կիւրինէն մօտաւորապէս 140 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք հայաբնակ բնակավայր մըն էր: Միքայէլն ու եղբայրները Շարքըշլայի մէջ տեղւոյն առեւտուրի յարմարութիւնները տեսնելով, կ’որոշեն այս քաղաքը հաստատուիլ: Սրբուհի Միքայէլին կը միանայ այս քաղաքին մէջ: Բնականաբար, կը շարունակուէր կապը Կիւրինի հետ. Սրբուհի, որպէս շատ ընկերական կին, Շարքըշլայէն միշտ կը հաղորդակցէր Կիւրինի իր հօրեղբայրներուն հետ:
Ապա տեղի կ’ունենան 1915-ի ջարդերը: Սրբուհի կը կորսնցնէ իր ամբողջ ընտանիքը. Կիւրինի հարազատներէն ոչ մէկը կը վերապրի: Այս ողբերգութիւնը մեծ չափով կը կրկնուի Շարքըշլայի մէջ: Ընտանիքէն կը վերապրին Սրբուհին, անոր տալը, ամուսնոյն երկու եղբայրներու կիները, մէկ հօրեղբօր կինը ու 13 երախայ: Անոնց ամենէն երէցը (իր քսանականներուն մէջ)՝ քաջարի ու զարգացած Սրբուհին բոլորին հոգատարութիւն կ’ընէ:
Շարքըշլայէն երկու թուրք ընտանիք մեծապէս օգնած են իրենց եւ պահպանած հինգ երիտասարդ կիներէ ու 13 երախաներէ բաղկացած այս մնացորդացը:
Ցեղասպանութեան տարիներուն, իշխանութիւնները կը հաւաքեն ընտանիքին այրերը եւ Մահսութլունուն աղըլը (թրքերէնով՝ Մահսութլուին յարդանոցը) ըսուած տեղը տանելով՝ բոլորը կը կոտորեն: Երբ ընտանիքին կիները կը սկսին չերքէզ մը՝ Հաքքը Էֆէնտի Զիան, հարց ու փորձ ընել իրենց ամուսիններուն մասին, սոյն չերքէզը կանանց կ՚ըսէ. «Դուք ձեր ամուսիններուն վիճակով մտահոգուած էք, չէ՞։ Գիտէ՞ք թէ անոնք ուր են։ Մահսութլունուն աղըրլի մէջ հանգիստ մը պառկած ձեզի կը սպասեն։ Եկէ՛ք, ձեզի իրենց քով տանիմ։» Սրբուհին վիճակը կը հասկնայ ու ամէն ջանք կ’ընէ զանոնք համոզելու ուրիշներու հարցեր չտալ, ո՛չ ալ մտիկ ընել ուրիշներու պատմածները: Չերքէզի վկայութիւններուն ապաւինելով, կիները կ’որոշեն երթալ նշուած վայրը եւ տեսնել իրենց ամուսիններուն դիակները: Սրբուհիին մտավախութիւնները կը հաստատուին եւ կիները շատ փորձանքներու կը հանդիպին. Սրբուհիի ներերը յարձակման կ՚ենթարկուին եւ համարեա բոլորը կը բռնաբարուին: Ներոջ մէկ որդին մեծ դժուարութեամբ կը փրկուի եւ սարսափահար կը վերադառնայ Շարքըշլա: Սրբուհի ամէն ջանք կ՚ընէ այս տղան խնամելու։ Ողջ մնացած մնացեալ կիները, խեղճ ու կրակ վիճակի մէջ կը վերադառնան Շարքըշլա ու Սրբուհիին գիրկը կ’իյնան:
Այս փորձանքներէն անցած կիներէն մէկը՝ Սրբուհիի տալը՝ Հնազանդը (զայն ապլէ կամ ապլէ էմէ կը կանչեն), իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան կը մերժէ թրքերէն խօսիլ: Իրենց տունը յաճախող բարեացակամ թուրքերու հետ ան երբեմն կը խօսէր, բայց գիտենք որ ընդհանուր առմամբ, ան եազմա կը կապէր նոյնիսկ իր տան մէջ՝ գլխացաւը պատրուակելով: Սա ցոյց կու տայ, թէ ան կ’ուզէր խօսակցութիւններէ հեռու մնալ: Իրօք, ընտանիքին մէջ Հնազանդ կը յիշուի գլխուն մնայուն եազմայով մը: Կոտորածի ընթացքին ան կորսնցուցած էր իր հինգ զաւակներէն երեքը: Մնացեր էին երկու մանչերը:
Բռնաբարութեան ենթարկուած Սրբուհիին ներերէն (եղբայրներուն կիները) մէկուն՝ Արշակուհիին ապրած հետագայ փորձառութիւնը ցաւի ու տանջանքի շարունակութիւն մըն է... Արշակուհին կը յղիանայ, երկունքի պահուն լաց ու կոծի մէջ կը պաղատէ, որ նորածինը մեռցնեն։ Այդ ժամանակ, բռնաբարութեան ծնունդ հանդիսացող սեփական երեխան մեռցնելու այս ահռելի փորձառութեան «անօթածածկ ընել» (Leğen kapatmak) անունը կու տային, այսինքն նորածինը մեծ ամանի մը տակ դրուելով՝ շնչահեղձ կ՚ըլլար։ Արշակուհի իր ցաւերուն մէջ կը գոռար. «աման մը դրէք վրան, հաճիք զիս ցոյց մի տաք անոր երեսը։» Սակայն իր փափաքը չիրականանար եւ նորածինը կ՚ապրի։ Արշակուհին հետագային կը գաղթէ Պէյրութ, ուր կ’ապրէր իր եղբայրը: Լիբանանի մէջ իր երկու մանչերն ալ կը մահանան երիտասարդ տարիքին, մէկը՝ թոքախտէ, միւսը՝ ընտանեկան ողբերգութեան մը հետեւանքով։
Ջարդերէն ազատած 13 երախաները որոշ շրջան մը թիֆոյէ կը վարակուին եւ ծանր կը հիւանդանան: Հինգը կը մահանան, միւսները կը վերապրին: Նոյն հիւանդութեան հետեւանքով, Սրբուհի կը կորսնցնէ իր զաւակներէն երկուքը:
Այստեղ կանգ պիտի առնենք Սրբուհիին եւ ընտանիքի մնացեալ անդամներուն Շարքըշլայի մէջ վերապրելու իւրայատուկ պայմաններուն վրայ: Ջարդի օրերէն անմիջապէս ետք, երկու թուրք ընտանիքներ, որոնցմէ առաջինին գլխաւոր դէմքերն էին Եէտի Պելանըն Ֆատիմէ Ապլան, իր ամուսինը՝ Իպրահիմ Էֆենտին եւ Իպրահիմին եղբայրը, միւսին ալ գլխաւոր դէմքը Իհմալներուն Եուսուֆին հայրն էր, կը ջանան համոզել Սրբուհին իրենց պաշտպանութեան տակ առնել զայն, պայմանով որ ան թուրքի մը հետ ամուսնացած ձեւանայ: Սա ձեւ մըն էր քրիստոնեայ եւ այրի այս կինը շրջապատի ուշադրութենէն հեռու պահելու եւ պաշտպանելու: Սրբուհի անմիջապէս կը պատասխանէ, թէ պիտի նախընտրէր մեռնիլ, քան այսպիսի առաջարկ մը ընդունիլ: Երկար ատեն այս առաջարկը մերժելէ ետք, ի վերջոյ այս մարդը եւ Սրբուհիին բարեկամ դարձած այլ բարի թուրքեր պատուոյ խօսք կու տան երբեք չդպնալ անոր, այլ պարզապէս զայն ու անոր հարազատները իրենց պաշտպանութեան տակ առնել: Այս ձեւով, հինգ կիներ ու անոնց երախաները կը սկսին նոյն տան մէջ միատեղ ապրիլ Շարքըշլայի մէջ: Անոնց պաշտպանութիւնը հերթափոխութեամբ կը կատարէին երկու սիւննի թուրք եղբայրներ՝ Իպրահիմ էֆենտին եւ իր եղբայրը: Հետաքրքրական է հոս նշել, որ գոյութիւն ունեցած է այլ Իպրահիմ էֆենտի մը (Կէօքեր), որ Սեբաստիոյ Արամեան վարժարանին մէջ Եըլտըզ Հօրաթայի մեծ հօրը՝ Յովհաննէսին դասընկերը եղած էր: Հետագային ան քաղաքապետ դարձաւ, իսկ աւելի ուշ՝ Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութենէն (CHP) երկու անգամ երեսփոխան ընտրուեցաւ: Իր քաղաքական ազդեցութիւնը յաճախ գործադրած է հայերուն ի նպաստ. քաղաքական անկայունութեան պահերու ան տեղեակ պահած է հայերը տեղի ունեցող անցուդարձերէն: Այս երկու եղբայրները կը նստէին Սրբուհիենց ապրած տան տանիքը՝ ձեռքերնին զէնք բռնած: Այս պաշտպանութիւնը կը տեւէ մինչեւ Շարքըշլայէն Սրբուհիի եւ ընտանիքին հեռանալու օրը: Յովհաննէսի օրով այսպիսի պաշտպանի դեր կատարած են նաեւ Միւտերրիս հոճա եւ Սեյֆի էմմի (Իպրահիմի հօրեղբոր որդին) թուրքերը, որոնք նաեւ ընտանիքին մտերիմները կ՚ըլլան։ Երբ անոնք կը հաւաքուէին Յովհաննէսի տան մէջ, հաւաքական լեզուն կը դառնար հայերէնը։
Այս դժնդակ տարիներուն, երբ Սրբուհիենք պաշտպանութեան տակ առնուած էին, ան երկար տատամսելէ ետք ի վերջոյ կ’ընդունի ձեւականօրէն իսլամանալ եւ ձեւականօրէն ամուսնանալ Իհլամներուն Եուսուֆի հօր հետ: Այս ամուսնութիւնը կազմակերպող Իպրահիմ էֆենտիին եւ միւս թուրքերուն առջեւ Սրբուհի պայման կը դնէ, որ իր «ամուսինը» տան սեմէն ներս պիտի չմտնէ բացարձակապէս: Իսկական ամուսնութեան մը խաբկանքը տալու համար միջավայրին, ամէն առտու կանուխ, տակաւին արեւը չծագած, Եուսուֆի հայրը կու գար եւ կը նստէր Սրբուհիենց մուտքի դրան քովը, եւ Սրբուհի անոր սուրճ կը հրամցնէր: Եուսուֆի հայրը «Ձեռքերդ դալար» կ’ըսէր բարձրաձայն, այնուհետեւ կ’երթար իր գործին: Այս բեմականացումը կը կրկնուէր ամէն առտու: Սակայն օր մը Եուսուֆի հայրը կ’ըսէ. «Ամէն առտու կու գամ կը նստիմ, անգամ մը գոնէ ներս մտնէի»: Սրբուհի անփոփոխ կը մնայ իր տուած որոշումին վրայ եւ ձեռքը դռան վրայ դնելով, կը յիշեցնէ թէ այդ սեմէն ներս միայն մէկ հոգի անցած է եւ թէ ուրիշ մը պիտի չանցնի: Այս խօսակցութիւնը երբեք չի կրկնուիր: Եուսուֆի հօր եւ Իպրահիմ էֆենտիին պահպանութիւնը տարիներ կը տեւէ նոյնութեամբ:
Տունէն դուրս ապահովուած էր կեանքի շարունակութիւնը բարի թուրքին պահպանութեամբ: Տունէն ներս, Սրբուհի յանձն կ’առնէ ապահովել իր եւ ընտանիքին գոյատեւումը շնորհիւ իր ուշիմութեան, համարձակութեան, ուսումին եւ ընկերային կապերուն: Սկզբնական շրջանին Սրբուհի ընտանիքին համար ճաշ կ’եփէր, աւելի ուշ կը սկսի օղի, գինի եւ քոնեաք պատրաստել: Իր տան մէջ ունէր տարբեր իմպիքներ (ոգելից ըմպելի պատրաստելու սարքաւորում), որոնց միջոցաւ կ’արտադրէր օղին եւ քոնեաքը: Ան նաեւ գինի կը պատրաստէր: Այս խմիչքներուն արտադրութեան չափերէն ու ձեւերէն ոմանք ժառանգաբար հասած են մինչեւ տիկին Եըլտըզը, այսինքն մինչեւ երրորդ սերունդը: Սրբուհի այս արտադրութիւնները կը սկսի ծախել ամերիկացի միսիոնարներու, որոնց հետ կը շարունակէր սերտ յարաբերութիւն պահել իր ուսման տարիներէն ի վեր: Կարճ ժամանակի ընթացքին Սրբուհի խմիչք պատրաստելու գործը ո՛չ միայն տեւական կը դարձնէ, այլ նաեւ կը սկսի այս միջոցաւ դրամ շահիլ եւ զայն վերածել առեւտրական ձեռնարկի մը: Ըստ Եըլտըզ Հօրաթայի, իր մեծ-մեծմայրը՝ Սրբուհին կարելի է համարել հանրապետական Թուրքիոյ առաջին կին գործարարը: Անոր արտադրած խմիչքները ծանօթ էին ո՛չ միայն ամբողջ Սեբաստիոյ, այլ նաեւ շրջակայքի քաղաքներուն մէջ: Առանց որեւէ աջակցութեան, ան հետզհետէ կը հիմնէ առեւտրական մասնաճիւղեր, որոնք տարածուած էին Թուրքիոյ 13 քաղաքներու մէջ: Եըլտըզ Հօրաթա կը յիշէ այս մասնաճիւղերէն քանի մը հատը՝ Պոլիս, Սեբաստիա, Շարքըշլա, Մերսին, Ատանա, Իսքենտէրուն:
Սրբուհի կը սկսի ծախել նաեւ «զահիրի», այսինքն թահըլ (արմտիք, ինչպէս սիսեռ, լուբիա): Ան կը զբաղի նաեւ անասնապահութեամբ, մասնաւորաբար ոչխար եւ նուազ չափով՝ կով պահելով: Գործը այնքան յառաջ կ’երթայ, որ Սրբուհի կը սկսի սնունդ մատակարարել թրքական բանակին:
1920-ականներուն այս բոլոր գործերը կարգի դրուած էին արդէն: Սրբուհի չէր ուզեր, որ զաւակները իր քովէն հեռանան, բայց միւս կողմէ կը փափաքէր, որ անոնք, մանաւանդ իր աւագ մանչը, լաւ ուսում ստանան: Սրբուհի իր երկու մանչերը, տալոջ որդին եւ իր զաւակին երկու հօրեղբօրորդիները կ’առնէ ու կը տանի Սեբաստիա, ուր զանոնք կ’արձանագրէ «Արամեան» գիշերօթիկ վարժարան: Իր առջինեկը՝ Պօղոսը (թրքական անունով՝ Հիտայէթ) դպրոցը չէր սիրեր թէեւ հմուտ էր թուաբանութեան մէջ, բայց կրտսերը՝ Յովհաննէսը (թրքական անունով՝ Հաճէլին) լաւ աշակերտ էր: Հետագային այս երկու տղաքը, ինչպէս նաեւ իրենց զարմիկը՝ Թորոսը, իրենց ուսումը կը շարունակեն Թալասի քոլէճին մէջ:
Սրբուհի որպէս «Տէր մայր» [փափազ] ու «ազգային գործիչ»
Յաջողակ գործարարի իր համբաւին կողքին, Սրբուհի կը յատկանշուէր երկու այլ, շատ կարեւոր դերերով. ան վարած է եկեղեցականի պաշտօն եւ ստանձնած է առեւանգուած հայ աղջիկներ ազատելու առաքելութիւնը:
Առաջին հերթին քննենք Սրբուհիի կրօնականի դերակատարութիւնը: Ինչպէս տեսանք, Սրբուհի ձեւական ամուսնութիւն մը կը կնքէ, նոյն ժամանակ, ան ու ամբողջ ընտանիքը կրօնափոխ կ’ըլլան իրենց միջավայրին մէջ ողջ մնալու համար: Բոլորն ալ կ’որդեգրեն թրքական անուններ. Սրբուհին կը դառնայ Զուլֆիէ: Բայց թուրք պաշտօնեաները լաւ գիտէին որ Սրբուհին կը մնար Սրբուհի: Մինչ Շարքըշլայի բնակիչները կը շարունակէին զայն հայ համարել, միջավայրի հասարակութիւնը կը սկսի զայն կոչել նաեւ «փափազ», այսինքն տէր հայր (այս պարագային՝ տէր մայր), քահանայ: Ցեղասպանութենէն ետք, Շարքըշլայի մէջ գործող հայկական եկեղեցի չկար, ուստի մինչեւ Շարքըշլայէն Սրբուհիենց ընտանիքին ելքը, ան եւ իր մանչը կը կատարէին եկեղեցական արարողութիւնները՝ շարականներ ու աղօթքներ երգելով: Ասոնք տեղի կ’ունենային իրենց տան մէջ, երբեմն ալ, մանաւանդ Սուրբ Նշանի տօնակատարութեան օրը, կը հաւաքուէին Սուրբ Նշան վանքի աւերակներուն քով:
Սրբուհի կը փորձէր նաեւ օգնութեան հասնիլ Շարքըշլայի շրջակայ գիւղերուն մէջ բնակող հայ աղջիկներուն եւ հոգ տանիլ անոնց: Այս աղջիկները կ’ապրէին հայկական համայնքէն մեկուսացած, շատեր բռնաբարուած էին, շատեր գոհ չէին իրենց կենսապայմաններէն եւ Սրբուհիի նման օգնական ձեռքի մը կարիքն ունէին: Սրբուհի այս օգնութիւնը կը կատարէր մեծ զգուշութեամբ: Գաղտնօրէն կապ կը հաստատէր այս աղջիկներուն հետ, հետերնին կը խօսէր: Երբ վստահ ըլլար, թէ անոնք կը փնտռեն իրենց հարազատները, անմիջապէս գործի կը լծուէր. Պոլիս, Ամերիկա կամ Եւրոպա կապեր կը հաստատէր, մինչեւ որ բախտը ժպտէր ու հարազատ մը գտնուէր: Գիտենք որ այս ձեւով բազմաթիւ հայ աղջիկներ ղրկած է Պոլիս եւ Իզմիր, անգամ մըն ալ Մերսին՝ իրենց հարազատներուն: Այս գործունէութեան պատճառով, հանրապետական Թուրքիոյ Անկախութեան դատարանը (Իսթիքլալ մահքեմեսի) Սրբուհիին դէմ երեք անգամ դատավճիռ արձակած է:
Ծանրակշիռ հարցեր կը ծագէին, երբ այս աղջիկները ծնունդ տուած ըլլային հայրերը թուրք զաւակներու: Սրբուհիին միջոցներով փախող այս աղջիկներէն ոմանք իրենց զաւակները հետերնին չէին առներ, ուրիշներ կ’ուզէին գիտնալ թէ իրենց ապաստան տալիք հարազատները ի՞նչ վերաբերում պիտի ունենային այս զաւակներուն նկատմամբ. զանոնք պիտի ընդունէի՞ն, թէ՞ մերժէին եւ համարէին «թիւրք սըփասը» (թրքերէնով կը նշանակէ «թուրքի քուռակ»), ինչպէս սովորական էր ըսել:
Հայ աղջիկներու ի նպաստ իր այս գործունէութեան համար Սրբուհիին դէմ երկու անգամ դատ կը բացուի եւ ամէն անգամ միայն կաշառք տալով կ’ազատի: Գոչունեան ընտանիքէն իրեն ժառանգ մնացած էր ոսկիով լեցուն թիթեղ մը, որ ան պահ դրած էր Խաչեր տայը (հօբար) անունով իր զարմիկին քով: Սրբուհի այդ ոսկիները կը գործածէ իր դատերուն ընթացքին: Սրբուհի կը դատուի երրորդ անգամ: Շատ հաւանական էր, որ մահապատիժի վճիռ ստանար: Դատաւորը իրեն հարց կու տայ. «Նոյն յանցանքով հոս կը գտնուիս երրորդ անգամ: Ըսելիք բան մը ունի՞ս»: Սրբուհի ինքնավստահ կը պատասխանէ. «Ինչ որ դուք յանցանք կը նկատէք, ինծի համար նոյնը չէ: Ես կատարած եմ ինչ պէտք էր կատարել»: Դատաւորը կը զայրանայ այս համարձակ կեցուածքէն, սակայն Սրբուհի կը շարունակէ. «Երբեք չեմ զղջար արարքիս համար: Ինչ որ ըրած եմ՝ գիտա՛կցաբար ըրած եմ: Եթէ զիս կախաղան պիտի հանէք, հրամմեցէ՛ք, հանեցէ՛ք»: Ապա ան կ’արտասանէ թրքական առածը. «Արդարութեան կտրած մատը չի վիրաւորուիր», որմէ ետք կ’ըսէ. «Մէկ կաթիլ արիւնս նոյնիսկ չի կաթիր: Կոտրէ՛ մատիտդ»:
Դատաւորը իր վճիռն արձակելէն մէկ օր առաջ իր կնոջ կը պատմէ եղելութիւնը եւ Սրբուհիին յանդգնութիւնը: Կինը իսլամացած հայուհի մըն էր, անունը նախապէս եղած էր Արաքսի: Ան կը պնդէ որ պէտք է Սրբուհին ամէն ձեւով ազատել եւ իրենց տունը բերել: Վճռական՝ ամուսինին կ’ըսէ. «Քեզ շատ կը սիրեմ, բայց եթէ այս կինը չկարենաս ազատել, քովդ վայրկեան մըն իսկ այլեւս չեմ կենար»: Ամուսինը մինչեւ առտու չի քնանար, խորհելով թէ ինչպէս կրնար ազատել Սրբուհին: Յաջորդ օրը կ’երթայ բանտ՝ Սրբուհին տեսնելու: Դատաւորը փսփսալով կը խոստովանի, թէ պիտի ջանայ օգնել Սրբուհիին, պայմանաւ որ վերջինս կաշառքի գումար ապահովէ: Սրբուհի այլեւս յոյս չունէր, թէ երրորդ անգամ պիտի կարենար ազատիլ բանտէն: Ան իր զաւակներն ու ամուսինը կը կանչէ իր քով, զաւակներուն կը խրատէ տան մէջ քեռկիններուն խօսքը մտիկ ընել, վերջին անգամ կը համբուրէ զանոնք եւ հրաժեշտ կ’առնէ: Դատաւորը յուսահատած էր. ան համոզուած էր որ պիտի չկրնայ այս իւրայատուկ նկարագրով կնոջ խօսք հասկցնել: Ի վերջոյ կ’ըսէ. “Evden öyle talimat aldım. Dinle papaz!" (Տունէն այդպիսի ցուցում առի: Մտի՛կ ըրէ, փափազ): Սրբուհի այդ պահուն կ’անդրադառնայ, որ դատաւորը կը փորձէ պատգամ մը փոխանցել իրեն: Ան իր քով կը կանչէ Խաչեր տային, անոր քովէն բերել կու տայ իր վերջին ոսկիները, որպէսզի դատաւորը զանոնք պէտք եղած անձերուն տայ եւ իր պաշտպանութիւնը ապահովէ:
Դատաւորը մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի անկարելին կարելի դարձնել. Սրբուհի բանտէն դուրս կու գայ, եւ դատաւորը զայն ուղղակի կը տանի իր տունը: Հազիւ տան սեմէն մտած, Արաքսի Սրբուհիին կը փաթթուի եւ միասին կու լան: Սրբուհիին ազատութիւնը տօնելու համար, ան սեղան պատրաստած էր հայկական տեսակ-տեսակ ճաշերով: Պահ մը երբ դատաւորն ու Սրբուհին սեղանին շուրջ առանձին կը մնան, ամուսինը կը խնդրէ իրմէ Արաքսիի միտքին հետ չխաղալ եւ իրենց ամուսնութիւնը չկործանել: Սրբուհի կը հաստատէ որ այդպիսի մտադրութիւն չունի: Այդ օր ան դատաւորին տունը կը գիշերէ եւ միայն յաջորդ օր կը վերադառնայ իր տունը ու կը վերամիանայ իր հարազատներուն: Սրբուհի կը շարունակէ դատաւորին եւ Արաքսիին հետ սերտ յարաբերութիւններ պահել, բայց անշուշտ՝ հասարակութենէն գաղտնի:
Հարսերու շրջանը
Բացի բացառիկ անձնաւորութիւն մը ըլլալէ, Սրբուհի Գոչունեան-Ներսէսեան եղած է նաեւ իւրայատուկ կեսուր մը: Ան իր անդրանիկը՝ Պօղոսը, կ’ամուսնացնէ Հաճընի Չամքերթէն ընտանիքէն քաջարի աղջկայ մը՝ Արշակուհիի հետ: Ամուսնութենէն վերջ, երբ օր մը Պօղոս, հարբած, տուն կու գայ, կինը կը բարկանայ եւ զայն կը կոչէ meyhur, այսինքն խման: Այս խօսքին վրայ Պօղոս կ’ապտակէ կինը: Սրբուհի դէպքը կ’իմանայ, շատ կը նեղուի եւ կ’ուզէ անպատասխան չձգել իր մանչին վարմունքը: Յաջորդ առտու ան կու գայ տղուն քով, անկէ նախ կը խնդրէ որ գօտին հանէ եւ մայրիկին տայ, ապա կը սկսի հետը խօսիլ գովասանքով. «Որքա՜ն լաւ տղայ մը հասցուցեր եմ: Դուն կին ունեցար եւ անոր վրայ զայրացար, հա՞»: Տղան թեթեւ հպարտանք կ’ապրի մօր խօսքերը լսելով: Սրբուհի կը շարունակէ. «Դուն մեծ մարդ եղար, ու կինդ կը ծեծես, չէ՞»: Պօղոս կը սկսի շուարիլ, բայց Սրբուհի կը շարունակէ. «Ես քեզի էշ մը չառի: Եւ արդէն էշն ալ չի ծեծուիր: Ես քեզի կի՛ն առի, որպէսզի վարդի նման հոտոտաս զայն: Բայց տե՛ս, քեզի սորվեցնեմ թէ ինչպէ՛ս պէտք է ծեծել: Այդպէս չըլլար, այսպէս կ’ըլլայ: Ցոյց տո՛ւր թէ ո՞ր ձեռքովդ զարկիր անոր»: Սրբուհի կը սկսի գօտիին երկաթեայ ճարմանդով ծեծել իր մանչը:
Աւելի ուշ, իր կրտեր որդին՝ Յովհաննէսն ալ կ’ամուսնացնէ յայտնի ճարտարապետ Յակոբոս Փիտեճեանի դստեր՝ Հրանուշին հետ: Ի տարբերութիւն իր առաջին հարսին, նորը կ’ըլլայ հայախօս, գրասէր ընտանիքէ մը եւ գրել-կարդալ սիրող աղջիկ մը: Սրբուհի անոր հետ կ’ունենայ շատ մօտիկ յարաբերութիւն մը: Հարս ու կեսուր իրարու կը կապուին բացառիկ սիրով: Սրբուհի իր գիտելիքները, յատկապէս ճաշերու պատրաստութեան վերաբերող, կը սորվեցնէ նոր հարսին: «Այս յարաբերութեան շնորհիւ է», կ’ընդգծէ Սրբուհիի ծոռնուհի Եըլտըզ Հօրաթան, «որ մինչեւ մեզի, մինչեւ ինծի հասած են անոր խոհարարական գիտելիքները»:
Սրբուհիի միակ դուստրը՝ Պերկիւզարը, դժբախտ կ’ըլլայ կեանքին մէջ: Անոր մանկութեան ժամանակ մայրը կը դողար իր աղջկան վրայ: Սրբուհի ոսկեայ եւ արծաթեայ զարդեր կը կապէր անոր երկար մազերուն եւ ամէն կերպ կը գուրգուրար աղջկան վրայ: Երբ Պերկիւզար կը մեծնայ, Սրբուհի միշտ մտահոգ էր, որ թուրքերը ինչ որ ձեւով աղջկան կրնան վնասել։ Այնպէս որ առանց շատ հարցուփորձի զայն հարս կու տայ Քեսենճի հայ ընտանիքին, որուն անդամները արհեստով երկաթագործ էին։
Փիտեճեան ընտանիքը
Փընարպաշըի մէջ (Pınarbaşı, նախապէս Ազիզիէ, Aziziye) չերքէզական հարսանիք մը տեղի կ’ունենար: Սրբուհի եւ անոր բազմանդամ ընտանիքէն հրաւիրեալներ ալ ներկայ էին: Հարսանիքին իր ընտանիքով հրաւիրուած էր նաեւ ճարտարապետ Յակոբոս Գալֆա Փիտեճեանը որպէս պատուոյ հիւր, նկատի ունենալով որ շրջակայքի շինարարական ամենակարեւոր գործերուն հեղինակն էր: Սրբուհի եւ Յակոբոս Գալֆա զիրար կը ճանչնային: Այս հանդիպումի ընթացքին Սրբուհի կ’որոշէ Յակոբոս Գալֆային աղջիկը՝ Հրանուշը, իր կրտսեր մանչին՝ Յովհաննէսին հարս առնել: Հրանուշի եւ Յովհաննէսի հարսանիքը կը կատարուի երեք անգամ. Փիտեճեաններու ապրած Կեսարիա/Քայսերի քաղաքին մէջ, Սրբուհի Ներսէսեանի ու անոր ընտանիքին ապրած Շարքըշլայի մէջ, եւ Փընարպաշըի մէջ՝ չերքէզներուն քով, նկատի ունենալով որ այս համայնքը շատ բան կը պարտէր Յակոբոս Գալֆային ու Սրբուհիին: Զոյգը կ’ունենայ հինգ զաւակ. Սրբուհի (Եըլտըզ Հօրաթայի մայրը), Յակոբ, Արշակուհի, Եդուարդ եւ Մարի: Հետագային Սրբուհի պիտի ամուսնանար Քայսերի/Կեսարիոյ Մունճուսուն գիւղէն Կարապետ Հօրասանճեանին հետ: Ընտանիքը 1920-ականներուն պիտի ստիպուէր իր մականունը փոխել եւ որդեգրել Հօրաթա մականունը: Սրբուհի եւ Կարապետ կ’ունենան երկու զաւակ. Վարուժանը եւ այս յօդուածի բանաւոր տեղեկութիւններու գլխաւոր աղբիւր Եըլտըզը:
Ճարտարպետութիւնը Փիտեճեաններու ընտանեկան մասնագիտութիւնն էր: Յակոբոս Փիտեճեանէն առաջ, ճարտարապետ եղած է անոր մեծ հայրը՝ Յակոբ Փիտեճեանը: Թոռնիկը՝ Յակոբոսը, երբ կը մեծնայ, հայրը կ’որոշէ զայն Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը ղրկել ուսման համար: Այդ շրջանին մեծ թիւով հայեր կը գաղթէին Կեսարիայէն Եգիպտոս: «Յակոբոս Գալֆա» անունը ան կը ստանայ Եգիպտոսի մէջ ապրած տարիներուն: Յակոբոս ձմեռները Եգիպտոսի մէջ կ’ուսանէր, իսկ ամառները կու գար Կեսարիա եւ կ’աշխատէր հօր քով:
Յակոբոս 18 տարեկան էր, երբ ընտանիքը կ’որոշէ զինք նշանել, ապա ամուսնացնել Թոքաթլեան ընտանիքէն Մարիին հետ: Թոքաթլեան ընտանիքը ծագումով Թոքաթ քաղաքէն էր, բայց աւելի ուշ գաղթած էր Կեսարիա: Ընտանիքին մէկ ճիւղը, շատ հաւանաբար Մարիին մօրենական կողմը, Մարանճեան ընտանիքն էր: Մարի հազիւ տասնհինգ-տասնվեց տարեկան էր, երբ կը նշանուի, ապա շուտով կ’ամուսնանայ Յակոբոսի հետ: Այս շուտափոյթ կարգադրութեան պատճառը միջավայրի վախն էր, իսկ ամուսնութիւնը ապահովութիւն եւ պաշտպանութիւն մը կրնար ըլլալ: Սկզբնական շրջանին այս ամուսնութիւնը ձեւական էր. առաջին տարիներուն Մարի կեսրոջ քով կը պառկէր, մանաւանդ որ երիտասարդ Յակոբոս Գալֆա յաճախ Եգիպտոս կը մնար: Բայց այս ձեւական ամուսնութիւնը ժամանակի ընթացքին կը փոխուի, Մարիին եւ Յակոբոսին միջեւ սիրոյ կապ կը ստեղծուի: Յակոբոս Եգիպտոսէ ամէն վերադարձին Մարիին նրբաշխատ գոհարեղէն կը բերէր:
Փիտեճեան մականունը եւ ընտանիքը
Ընտանիքը սկիզբը ունեցած է մեզի անյայտ մականուն մը: Բայց ծանօթ է մականունի փոփոխութեան պատմութիւնը: Ընտանիքին մէկ թեւը երբ բողոքական կը դառնայ, մնացեալները չեն ուզեր այդ ազգականներուն հետ առնչուած մնալ: Ուստի կ’որդեգրեն նոր մականուն մը՝ Փիտեճեան: Այս մականունի ընտրութեան պատճառն ալ, կ’ենթադրենք, աշխատանքի ժամանակ Յակոբոսի հօր փիտէ բերել տալու սովորութիւնն էր: Փիտէն առանց թթխմորի պատրաստուող, լաւաշի նմանող, բայց աւելի հաստ հաց մըն է։
Յակոբոս եւ Մարի Փիտեճեաններ կը վերապրին ցեղասպանութենէն: Շնորհիւ Յակոբոսի եւ անոր հօր շինարարական գործերուն, անոնք ամուր կապեր հաստատած էին պետական պաշտօնեաներու հետ, ինչը, կ’ենթադրենք, կը նպաստէ անոնց փրկութեան: Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Յակոբոս ստանձնած էր պետական շինարարական գործ մը: Պետութիւնը անոր արտօնած էր այս աշխատանքի ընթացքին իր քով պահել կինն ու զաւակը: Մարի ամէն ջանք թափած է իր նորապսակ եղբայրն ալ իրենց քով բերելու եւ անոր կեանքը փրկելու համար, բայց այդ՝ Յակոբոսի ուժերէն վեր էր, եւ կարելի չըլլար ընտանիքի ոեւէ այլ անդամը ազատել: Մարի մինչեւ վերջ որոշ դառնութիւն մը պահած է ամուսինին այս անկարողութեան համար:
Յակոբոս Փիտեճեան եթէ անկարող եղած է ընտանիքի այլ անդամներ փրկելու, այդուհանդերձ իր գործին բերումով, այլոց իսկական փրկիչն եղած է: Արդարեւ, ցեղասպանութեան տարիներուն, շինարարական իր գործը աշխատաւորներու կարիք ունէր: Սկիզբը պետութիւնը Յակոբոսին կը բերէ թուրք աշխատաւորներ: Բայց Յակոբոս անոնց անկարողութիւնը պատրուակելով՝ պետութենէն կը խնդրէ հաւաքագրել հայ արհեստաւորներ (ատաղձագործ, քարկոփ, եւայլն): Պետութիւնը կը յօժարի եւ առիթ կու տայ տարագիր հայերէն ընտրութիւն կատարելու: Կը պատմուի թէ Յակոբոս մինչեւ կեանքին վերջը խղճի խայթ ունեցած է, որ իր փրկած հայոց կողքին՝ ուրիշներու մերժած է աշխատանքի ընդունիլ, որով զանոնք առաջնորդած է մահուան: Յակոբոս կը պատմէր, թէ սովորութիւն ունէր արհեստաւորներէն ընտրել ամենէն առողջները եւ զօրաւորները, յոյսով որ այս երիտասարդները հետագային հայ ընտանիք պիտի կազմէին եւ ազգը պիտի գոյատեւէր: Խորքին մէջ, իր ընտրած 17 երիտասարդներէն ոչ մէկը արհեստով ատաղձագործ կամ քարկոփ էր. պարզապէս առողջ տղամարդիկ էին. Յակոբոս կեղծած էր անոնց արհեստաւոր ըլլալը, թէեւ իւրաքանչիւրին սորվեցուցած էր աշխատելու ձեւերը: Պետական պաշտօնեաներ երբեմն կասկածանքով կը դիտէին այս երիտասարդներուն աշխատելաոճը, բայց Յակոբոս Գալֆա զանոնք անմիջապէս կը պաշտպանէր, յայտնելով թէ մասնագիտութիւնները բազմաթիւ ճիւղաւորումներ ունին: Նոյնիսկ երբ պետութիւնը կ’առարկէ թէ պէտք է ընտրուի 10 արհեստաւոր միայն, Յակոբոս Գալֆա ամէն ճիգ կը թափէ այս թիւը 17 պահելու: Զինադադարէն ետք, այս 17 երիտասարդները արտասահման կը գաղթեն:
Կը պատմուի նաեւ թէ Յակոբոս Գալֆա իր պահարաններուն մէջ հայեր պահած է ու անոնց կեանքը փրկած: Բայց անախորժ բաներ ալ պատահած են: Մունճուսունցի հայ մը պաղատեր է Յակոբոսին, որ իր միակ որդին ալ փրկէ: Յակոբոս կը ձախողի իր այս ճիգին մէջ, որու պատճառով Քէօլեզին Յակոբ քէն կը պահէ անոր նկատմամբ եւ փորձանքներու դուռ կը բանայ: Ան պետութեան մօտ կը զրպարտէ Յակոբոս Գալֆան՝ յայտնելով թէ ան ամերիկացիներուն ի նպաստ աշխատող գործակալ է: Ոստիկանութիւնը Գալֆային տունը կը խուզարկէ ապացոյցներ գտնելու համար: Ապարդիւն: Ուրիշ անգամ նոյն այս հայը պետութեան կը յայտնէ, թէ ամերիկեան նպաստները անցած են Յակոբոս Գալֆային ձեռքը, որ զանոնք իւրացուցած է: Ոստիկանութիւնը դարձեալ կը խուզարկէ տունը եւ ոչ մէկ ապացոյց կը գտնէ: Յաջորդական այս զրպարտութիւններուն հետեւանքով, Յակոբոս Գալֆան ի վերջոյ կ’արգելափակեն Կեսարիոյ նորաշէն բանտին մէջ, որու ճարտարապետն էր ան: Գալֆա կը դառնայ իր իսկ կառուցած բանտին առաջին «հիւր»ը: Հոն կ’ենթարկուի մարմնական ծանր տանջանքներու. կը քաշեն անոր ոտքի եւ ձեռքի մատներուն եղունգները: Դահիճները կ’ըսեն՝ «Քեզ Քրիստոսի պէս պիտի չարչարենք» եւ անոր ձեռքերը եւ ոտքերը կը գամեն: Սակայն Յակոբոսէն ոչ մէկ ինքնամեղադրական խոստովանութիւն կը լսեն: 1960-ական թուականներուն սկիզբը, երբ թուրք պետական նշանաւոր դէմքեր, ինչպէս Ատնան Մենտերեսը, Ֆաթին Ռիւշտիւ Զորլուն եւ Ճելալ Պայարը քաղաքական պատճառներով կ’ամբաստանուին ու կը կալանաւորուին, Եասսը կղզիի բանտը տարուելէ առաջ կը բերուին Կեսարիոյ մէջ Յակոբոս Փիտէճեանին կառուցած այս բանտը:
Յակոբոս Գալֆա այս բանտին շինութիւնը կատարած է ակամայ: Կը պատմուի, թէ ան իր այս արարքին համար յաճախ խնդրած է Աստուծոյ ողորմածութիւնն ու բարեգթութիւնը իր հանդէպ: Հետագային բանտը կ’ունենայ նոր տնօրէն մը, որ պաշտպան կը կանգնի Յակոբոսին, պետական մարմիններուն կը բողոքէ ի նպաստ բանտարկեալին, որու շնորհիւ զայն շուտով ազատ կ’արձակեն: Դարձեալ նոր տնօրէնին նախաձեռնութեամբ բժիշկ մը կ’այցելէ Յակոբոս Գալֆային բանտախուցը: Տնօրէնը անմիջապէս կ’ուզէ գիտնալ չարչարողին ինքնութիւնը: Յակոբոս կը մերժէ յայտնել անոր անունը:
Յակոբոս Գալֆային գործերը
Յակոբոս Գալֆա ունեցած է շինարարական բեղուն գործունէութիւն: Դժբախտաբար անոր գործերէն քիչերը ծանօթ են մեզի: Գիտենք որ ճարտարապետն է Կեսարիա/Քայսերին Սեբաստիա/Սիվազին կապող երկաթուղագիծի բոլոր կամուրջներուն (ան լուսանկար մըն ալ ունի այդ կամուրջներէն մէկուն տակ): Պերլին-Պաղտատ երկաթուղագիծին (Baghdadbahn) մաս կազմող այդ հատուածին շինութիւնը յանձնուած էր գերմանացիներուն: Վերջիններս Քըզըլ Ըրմաքի (Կարմիր գետ) վրայ կամուրջ կառուցելու քանի մը ձախող փորձեր կ’ընեն: Ժողովուրդը կը սկսի ըսել, թէ այս կամուրջը միայն Գալֆան կրնայ շինել: Գերմանացիք կը դիմեն Յակոբոսին, որ կ’ընդունի առաջարկը: Անոր կը պայմանադրեն, որ կամուրջին վրայէն առաջին շոգեկառքը անցնելու ատեն անոր տակը պէտք է կանգնի: Սոյն լուսանկարը ներկայացուած է այս էջով. ան ապացոյցն է Յակոբոսի յաջողութեան: Ան նստած է ոտքը ոտքին վրայ, ինքնավստահ եւ քիչ մըն ալ հպարտ, թէեւ Եըլտըզ Հօրաթա կը վկայէ, թէ իր մեծ հայրը երբեք գոռոզ մէկը չէ եղած, այլ ընդհակառակը՝ չափազանց համեստ էր:
Կամուրջը ներկայիս կը կոչուի Օն կէոզլիւ քէոփրիւ (On Gözlü Köprü, Տասնաչք կամուրջ): Ան կը գտնուի Կէօմէջէն Մունճուսուն երկարող ճամբուն վրայ: Այս շրջանի կամուրջներէն ընտանիքին ծանօթ միակն է, որ ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կրած է մինչեւ այսօր: Երբ Հօրաթա ընտանիքին անդամները 2002-ին կ’այցելեն այս կամուրջը, կը նկատեն որ ան պահպանուած է այնպէս ինչպէս կ’երեւի վերոնշեալ հին լուսանկարին մէջ: Ան մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ գործող կամուրջ:
Յակոբոս Գալֆայի այլ գործերուն շարքին կարելի է նշել մինչեւ օրս գործածուող Կեսարիա-Նիղտէ-Աքսարայ ճանապարհը: Ան վերանորոգած է Hunat Hatun Kulliyesi, Gevher Nesibe Șifahanesi, Kurşunlu Cami կառոյցները: Յակոբոս իր ներդրումն ունի բազմաթիւ եկեղեցիներու եւ մզկիթներու նորոգութեան մէջ: Անոնցմէ են Կեսարիոյ ամենահին եկեղեցին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ գլխաւոր եկեղեցին՝ Սուրբ Աստուածածինը (ուր պսակուած է Մարիի հետ եւ որու հոգաբարձութեան ատենապետը եղած է): Սուրբ Աստուածածինը ներկայիս գրադարանի վերածուած է: Նորոգութեան գործեր կատարած է նաեւ այս եկեղեցւոյ դիմացը գտնուող մշակութային համալիրին մէջ, որ հետագային վերածուած է քաղաքին մէջ յայտնի լիսէի մը (բարձրագոյն վարժարան): Յակոբոս Գալֆա յաճախ նորոգած է նաեւ Կեսարիոյ՝ իր գրադարանով, տպարանով, ձեռագիրներով ու գանձերով նշանաւոր Սուրբ Կարապետի վանքը: Ամէն անգամուն Յակոբոս իր ընտանիքով ամբողջ ամառը կը մնար վանքին մէջ ու կը զբաղէր շինարարութեամբ:
[1] Սան մը որ եփելու համար չի գործածուիր. ան ցորենի կամ գարիի հատիկ չափելու ծառայող կշիռք-աման մըն է: