Կեսարիայէն փոքր, քառակուսի գորգ մը, որ կը կրէ Ճեպրայէլ Իփլիքճեանի անունը եւ գորգը հիւսելու թուականը՝ 1885, ինչպէս նաեւ հին բանալի մը, հաւանաբար Իփլիքճեան ընտանիքի Կեսարիոյ/Քայսերիի տան բանալին։

Մանուէլեան/Թաթարեան/Իփլիքճեան ընտանեկան հաւաքածոյ - Պոլիս

Թաքնուած գանձ մը մեծ մօրս տան մէջ

Հեղինակ՝ Այգուն Պուտաք, 23/09/25 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 23/09/25), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան

Այս հաւաքածոն տրամադրեցի «Յուշամատեան»ին` 2024-ին մայրական մեծ մօրս մահէն ետք անոր տան մէջ պահպանուած ընտանեկան պատմութիւնը ուսումնասիրելէ յետոյ: Առարկաները կը պատկանին մեծ մօրս՝ 1935-ին Պոլսոյ մէջ ծնած Ովսաննա Սիլվա Փափազեանի (ծնեալ Իփլիքճեան, աւելի ծանօթ է որպէս Սիլվա Փափազեան) մայրական եւ հայրական նախնիներուն:

Մայրական մեծ մայրս` Սիլվա Փափազեանը, քրոջս եւ իմ մանկութիւնը լեցուցած էր ուրախութեամբ, իր գրեթէ մշտական ծիծաղով եւ անվերապահ սիրով: Բարձրագոյն վարժարան յաճախած տարիներուս ան սկսաւ ընտանեկան լուսանկարներու եւ ժառանգական իրերու մասին խօսիլ ինծի` զգալով, որ վերջապէս բաւականաչափ մեծ եմ անցեալի կշիռն ու հրաշքը հասկնալու համար: Այդ պահէն սկսած` անոր նախնիներուն եւ անոնց ժառանգութեան պատմութիւնը դարձաւ իմ կախարդական աշխարհս։

Սիլվա Փափազեանի մայրը 1905-ին Պոլսոյ մէջ ծնած Արաքսի Անգինէ Իփլիքճեանն էր (ծնեալ Թաթարեան): Ան ընտանիքին երկրորդ զաւակն էր: Աւագ քոյրը` Հայկանուշ, ծնած եւ մահացած է նոյն տարին՝ 1904-ին, իսկ եղբայրը` Եդուարդ-Թադէոս, ծնած 1910-ին, յանկարծամահ եղած է 18 տարեկանին: Արաքսիի հայրը` Բարդողիմէոս (Բարդիկ) Թաթարեան, յայտնի դերձակ էր Պոլսոյ Բերայի պողոտային վրայ (այժմ` Անկախութեան պողոտայ – İstiklal Caddesi): Արաքսի ունէր նաեւ կրտսեր քոյր մը` Վերգինէ Քերեսթեճեան (ծնեալ Թաթարեան): Արաքսիի հայրական մեծ հայրն ու մեծ մայրն էին Թադէոս եւ Սանդուխտ Թաթարեանները: Ծնած Վան՝ 1826-ին, Թադէոս քահանայագործած է Պոլսոյ մէջ, ուր բնակութիւն հաստատած է եւ ամուսնացած Սանդուխտի հետ:

Արաքսիի մայրը 1876-ին Պոլսոյ մէջ ծնած Սաթենիկ Էլմոնէ Թաթարեանն էր (ծնեալ Մանուէլեան)։ Ան ընտանիքին միջնեկ զաւակն էր: Սաթենիկ ունէր երկու եղբայր` Երուանդ եւ Ներսէս: Անոնց հայրը` Սիմոն Մանուէլեանը, պոլսեցի հարուստ առեւտրական էր, Գատըքէօյի համայնքի ականաւոր անդամներէն: Ան նիւթապէս նպաստած է վերականգնելու Գատըքէօյի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին պատկանող կարգ մը շինութիւնները, որոնք մեծապէս վնասուած էին 1883-ին Գատըքէօյի մէջ տեղի ունեցած հրդեհին հետեւանքով։ Սիմոն ամուսնացած էր Ակիւլինէի հետ: Անոնց առաջնեկը՝ Երուանդ Մանուէլեան, դարձած է Փարիզի «Փասթէօր հիմնարկ»ի (Pasteur Institute) վաստակաւոր գիտաշխատող:

Սիլվա Փափազեանի հայրը Իփլիքճեան ընտանիքի առաջնեկն էր՝ Յարութիւնը։ Ան ծնած էր 1900-ին՝ Կեսարիոյ/Քայսերիի մէջ: Յարութիւն ունէր կրտսեր եղբայր մը` 1903-ին Կեսարիոյ մէջ ծնած Յակոբ Իփլիքճեանը: Անոնց մայրն էր 1870-ին Կեսարիոյ մէջ ծնած Ովսաննա Իփլիքճեանը (ծնեալ Տամլամեան), հայրը՝ 1859-ին Կեսարիոյ մէջ ծնած Հաճի Ճեպրայէլ Սիմոն Իփլիքճեանը: Իփլիքճեան ընտանիքը Կեսարիայէն Պոլիս տեղափոխուած է 1910-ին: Հօր` Ճեպրայէլի, անժամանակ կորուստը 1915-ին՝ ստիպեց Յարութիւնը հրաժարիլ անհոգ երիտասարդութենէն եւ անմիջապէս անցնիլ աշխատանքի` ընտանիքը պահելու համար: Այս պարտականութիւններուն հետ, ան ամբողջ կեանքի ընթացքին պահպանած է հնաոճ իրերու նկատմամբ իր կիրքը` հետաքրքրութիւն մը, որ պիտի զարգանար եւ զայն տանէր աճուրդներու աշխարհը:

«Բուն տոմար հայոց» (հին հայկական օրացոյց), տպուած 1818-ին։

Երուանդ Մանուէլեան (1872–1948)

Սիմոն եւ Ակիւլինէ Մանուէլեաններու առաջնեկը՝ Երուանդ Մանուէլեան, ծնած է 29 յուլիս 1872-ին՝ Պոլսոյ մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Արամեան դպրոցին մէջ, ապա յաճախած է Կալաթայի՝ Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքի հիմնած Կեդրոնական վարժարանը: 1891-ին եղած է Կեդրոնականի առաջին շրջանաւարտներէն` Արշակ Չոպանեանի, Վաղարշակ Մեսրոպեանի, Գրաբոս Պէզազեանի եւ բժիշկներ Դուլեանի, Արթինեանի եւ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

1892-ին Երուանդ սկսած է ուսանիլ Մոնբելիէի բժշկութեան համալսարանին մէջ եւ ուսումն աւարտած Փարիզի բժշկութեան համալսարանին մէջ՝ 1896-ին: 1900-ին արժանացած է համալսարանի երիտասարդ գիտնականներուն համար նախատեսուած մրցանակին: Աւարտելէն կարճ ժամանակ անց միացած է նշանաւոր հիւսուածքաբան Մաթիաս-Մարի Տիւվալի (Mathias-Marie Duval) գիտաշխատանոցին` 1899-ին հրատարակելով գիտական իր առաջին յօդուածը:

Երուանդ 1902-ին ընդունուած է «Փասթէօր հիմնարկ», ուր անցուցած է իր աշխատանքային կեանքին մեծ մասը: Թէեւ պաշտօնապէս հանգստեան կոչուած է 1941-ին, այդուհանդերձ, մինչեւ կեանքին վերջը հոն շարունակած է իր հետազօտութիւնները: Անոր գիտական աշխատանքները հիմնականին մէջ կեդրոնացած էին կատաղութեան, սիֆիլիսի եւ սոտոքուի (առնէտի խայթոցի տենդ) վրայ: Բազմաթիւ յօդուածներ հրատարակած է այս հիւանդութիւններուն մասին` զգալի ներդրում ունենալով թէ՛ տեսութեան, թէ՛ բուժման կիրառութեան մէջ: Ան ցոյց տուած է, որ կատաղութիւնը կը փոխանցուի կենդանիներու, իսկ սոտոքուն՝ մուկերու խածուացքներուն միջոցով եւ յայտնաբերած է, որ սիֆիլիսի փակ համարուող ախտահարումները իրականութեան մէջ բաց էին եւ վարակիչ` փաստ մը, որ օգնեց բազմաթիւ առողջապահական աշխատողներու պաշտպանուիլ վարակէն:

Երուանդ Մանուէլեան մահացաւ 9 մայիս 1948-ին՝ Փարիզի մէջ: 1945-էն ան Խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ էր, Ֆրանսայի մանրէաբաններու միութեան անդամ, նաեւ անդամ եւ պատուոյ նախագահ Փարիզի Հայ բժշկական միութեան (l’Union des Médecins Arméniens):

Մանուէլեանի՝ գիտութեան նուիրուած կեանքը դրսեւորուեցաւ նաեւ գրականութեան մէջ: Մասնագիտական աշխատանքին զուգահեռ, ան գրած է գրական բազմաթիւ գործեր։ Մահէն ետք, անոր ընկերը՝ Փիեռ Սեկէն, անոր բանաստեղծութիւնները ամփոփեց «Ombres et Clartés» (Ստուերներ եւ յստակութիւններ) հատորին մէջ (տպարան Wallon, Վիշի – Ֆրանսա, 1948, 107 էջ):

Ճեպրայէլ Իփլիքճեան (1859–1915)

Կեսարիոյ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ քահանայ Սիմոն Իփլիքճեանի որդին՝ Ճեպրայէլ, նիւթական բարգաւաճման հասնելէն ետք 1896-ին աշխուժօրէն մտաւ հայ համայնքային կեանք: 1902 -ին ան վերանորոգեց Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, իսկ աւելի ուշ վերակառուցեց յարակից Սուրբ Յակոբ դպրոցը, ուր ան զգալի ջանքեր գործադրեց կրթութեան որակի բարելաւման համար:

Ճեպրայէլ Իփլիքճեան յաճախակի կը ճամբորդէր Եւրոպա ու Ամերիկա` իր պատրաստի հագուստի գործով: 1910-ին ան հաստատուեցաւ Պոլիս, ուր անոր ձեռնարկատիրական հմտութիւնները թոյլ տուին աստիճանաբար ընդլայնել իր առեւտրական գործունէութիւնը: Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբին ան կը գործէր Պոլսոյ մէջ: 18 ապրիլ 1915-ին ան ձերբակալուեցաւ, տարուեցաւ Կեսարիա ու դատապարտուեցաւ տասը տարուայ բանտարկութեան` տարին 1-2 անգամ իր արտասահմանեան ճամբորդութիւններուն ընթացքին, իբր, մեծ քանակութեամբ զէնք ներածելու եւ տարածելու մեղադրանքով: 1915-ի սեպտեմբերին Իփլիքճեան տասը ընկերներու հետ աքսորուեցաւ` իբր պատիժը կրելու համար Տիգրանակերտ/Տիարպեքիրի մէջ, բայց սպանուեցաւ Եդեսիա/Ուրֆա տանող ճանապարհին: Կարճ ժամանակ անց օսմանեան կառավարութիւնը բռնագրաւեց անոր Պոլսոյ խանութը եւ Կեսարիոյ մասնաճիւղը:

Մեծ մօրս` Սիլվայի յիշողութիւններուն մէջ, անոր մեծ հայր Ճեպրայէլը 1915-ին կորսուած է, եւ անոր ընտանիքը Կեսարիայէն փախած է Պոլիս, ուր կ’ապրէր անոր կնոջ` Ովսաննայի ընտանիքը: Շուտով Կեսարիոյ իրենց տունէն բոլոր գորգերը անյայտ կերպով կը հասնին Պոլիս: Ընտանիքը այն կարծիքին էր, թէ Կեսարիոյ իրենց թուրք դրացիները ուղարկած են գորգերը: Ծնողքի մահէն ետք մեծ մայրս պահպանեց այս ծէսը. ամէն տարի ան կը բանար գորգերը, կը մաքրէր, ոլորելով կը ծալլէր ու կը պահէր տան մէջ որպէս իրենց պահապաններ: Սակայն այս ընտանեկան պատմութիւնը չէր համապատասխաներ իրականութեան: Սիլվայի մահէն ետք անոր տան մէջ յայտնաբերեցի օսմանեան թրքերէնով գրուած փաստաթուղթեր, որոնք թարգմանեցի: Անոնք բացայայտեցին, որ, ինչպէս նշուած է Ճեպրայէլի կենսագրութեան մէջ, Իփլիքճեաններու ընտանիքը Պոլիս տեղափոխուած էր 1915-էն շատ առաջ՝ 1910-ին: Փաստաթուղթերը նաեւ ցոյց կու տային, որ հէնց 1916-ին է, որ ընտանիքը կազմակերպած է իրենց գորգերուն եւ տնային որոշ իրերու տեղափոխումը Պոլիս:

Սիլվա Փափազեան (ծնեալ Իփլիքճեան) իր մայրական մեծ մօր՝ Սաթենիկ Թաթարեանի (ծնեալ Մանուէլեան) հետ, 1935։
Սիլվա Փափազեան (ծնեալ Իփլիքճեան) իր հօր՝ Յարութիւն Իփլիքճեանի հետ։
Սիլվա Փափազեան (ծնեալ Իփլիքճեան) իր մօր՝ Արաքսի-Անգինէ Իփլիքճեանի (ծնեալ Թաթարեան) հետ։
Յարութիւն Իփլիքճեան
Արաքսի Իփլիքճեան (ծնեալ Թաթարեան)
Ձախէն՝ Արաքսի Իփլիքճեան (ծնեալ Թաթարեան), Սիլվա Փափազեան (ծնեալ Իփլիքճեան), Յարութիւն Իփլիքճեան։
Ովսաննա Իփլիքճեան (ծնեալ Տամլամեան)։
Սիլվա Փափազեան (ծնեալ Իփլիքճեան) իր մայրական մեծ մօր՝ Սաթենիկ Թաթարեանի (ծնեալ Մանուէլեան) հետ։
Սիլվա Փափազեան (ծնեալ Իփլիքճեան) իր մայրական մեծ մօր՝ Սաթենիկ Թաթարեանի (ծնեալ Մանուէլեան) հետ։
Ճեպրայէլ Իփլիքճեանի նամակային ծրարը՝ եռալեզու՝ օսմանեան թրքերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն վերտառութիւններով։
Կեանքի ապահովագրութեան «Կրեսհամ» ընկերութեան (Gresham Life Insurance Society) նամակային ծրարը, որ կը պարունակէր Ճեպրայէլ Սիմոն Իփլիքճեանին պատկանող օսմանեան թրքերէն բազմաթիւ փաստաթուղթեր։ Այս փաստը ցոյց կու տայ, որ ան ունեցած է կեանքի ապահովագրութիւն, Պոլիս՝ 1915-էն առաջ։
Սիլվա Փափազեան (ծնեալ Իփլիքճեան) իր տան մէջ։ Պատին վրայ կախուած է իր մայրական մեծ հօր՝ Բարդիկ Թաթարեանի, սեղանի ժամացոյցին կողքին՝ իր մայրական մեծ մօր՝ Սաթենիկ Թաթարեանի (ծնեալ Մանուէլեան) լուսանկարը։
Սիլվա Փափազեան (ծնեալ Իփլիքճեան), Notre Dame de Sion-ի աշակերտուհի, Էլմատաղ/Բանկալթըի գլխաւոր ճամբուն վրայ։ Կ’երեւի դպրոցին շէնքը։

Յարութիւն Իփլիքճեան եւ Արաքսի Թաթարեան ամուսնացած են 1933-ին՝ Պոլսոյ մէջ: Երկու տարի անց` 1935-ին, ծնած է իմ մեծ մայր Սիլվան` անոնց միակ զաւակը: Մեծ մայրերէն ու մեծ հայրերէն ան կը ճանչնար միայն մէկը` մօրական մեծ մայրը` Սաթենիկ Թաթարեանը (ծնեալ Մանուէլեան), որ մահացած է 1940-ին: Սիլվա զայն կը յիշէր խոր կարօտով` որպէս կարեկից եւ սիրալիր անձ: Սակայն Սաթենիկ նաեւ վիշտի մէջ էր, միշտ սեւ հագած եւ հազուադէպ ժպտացող, քանի որ կը սգար կորուստը 18 տարեկանին մահացած իր զաւակին՝ Եդուարդ Թաթարեանի:

Սիլվայի հայրական մեծ մայրը` Ովսաննա Իփլիքճեան (ծնեալ Տամլամեան), մահացած է 1934-ին` Սիլվայի ծնունդէն մէկ տարի առաջ: Այդ պատճառով Սիլվային տրուած էր նաեւ երկրորդ անուն` Ովսաննա: Անոր մայրական մեծ հայրը` Բարդիկը, մահացած է 1929-ին, իսկ հայրական մեծ հայրը՝ 1915-ին:

1947-ին Սիլվա ընդունուած է Նոթրը Տամ տը Սիոն (Notre Dame de Sion) ֆրանսական դպրոցը, որուն համար ան յաւերժ երախտապարտ կը մնար: Այդ ժամանակ դպրոցը մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր Պոլսոյ փոքրամասնութիւններու շրջանակին մէջ: Այնտեղ Սիլվա ստացած է ոչ միայն ֆրանսական մշակոյթով հարուստ կրթութիւն, այլեւ քրիստոնէական բարոյական ամուր դաստիարակութիւն: Ֆրանսական մշակութային ազդեցութիւնն արդէն առկայ էր անոր ընտանիքին մէջ, քանի որ անոր հօր հօրեղբայրը եւ մօր աւագ հօրեղբայրը երկար տարիներ ապրած էին Փարիզ: Աւելին, անոր սիրելի բարձրագոյն վարժարան յաճախելը պիտի դառնար ընտանեկան աւանդոյթ. մայրս ու ես նոյնպէս աւարտեցինք Նոթրը Տամ տը Սիոն-ը: