Քլոտիա Կիւլթաշեան՝ լուսանկարներ, Ատանա
Այս պատկերները կը պատկանին Քլոտիային մօրենական ընտանիքին (Կէօտէլէքեան եւ Ուղուրլույեան), որ ծագումով Ատանայէն է։ Ցեղասպանութեան տարիներուն ընտանիքէն վերապրողներ կը հասնին Հալէնպ, իսկ Առաջաին Համաշխարհային պատերազմէն ետք՝ կը հաստատուին Պոլիս։ Քլոտիային մեծ-մեծ-մեծ մայն ու հայրը Մարի Կէօտէլէքեանը (ծն. Ուղուրլույեան) եւ Սահակ Կէօտէլէքեանն են։ Երկուքն պ ալ ծնած են Ատանա։ Սահակ կը մահանայ Հալէպի մէջ 1918-ին, մինչ Մարի՝ Իսթանպուլի մէջ, 1964-ին։ Անոնց դուստրը՝ Վալանթին Կէօտէլէքեան, Քլոտիայի մեծ-մեծ մայրն է։ Այս պատկերները Քլոտիայի մօր՝ Թանիա Կիւլթաշեանի (ծն. Կիւրիւնլու) ժառանգութիւնն են։
Ատանա. Մաքրուհի Կէօտէլէքեան (Սահակին մայրը) իր թոռներուն եւ թոռնուհիներուն հետ։ Լուսանկարիչ՝ Արապեան եղբայրք։
Ատանա, Կէօտէլէքեան ընտանիքը։ Պատկերին կեդրոնը նստած կինը եւ գիրկը երեխայ մը բռնողը Մաքրուհի Կէօտէլէքեանն է՝ Սահակին մայրը։ Սահակն ու կինը՝ Մարին, կողք-կողքի նստած են պատկերին ձախին։ Մարիին կողքի կնոջ ինքնութիւնը անծանօթ է, բայց յայտնի է որ ան Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբան մըն է։ Միւս անձերուն ինքնութիւնները անծանօթ են։
Ատանա, 1910. Ուղուրլույեան եւ Կէօտէլէքեան ընտանիքները։ Ձախէն աջ՝ Սահակ Կէօտէլէքեան (նստած), Մարի Կէօտէլէքեան (ծն. Ուղուրլույեան)։ Կեդրոնը նստած կինը Մարիի մայրն է, իսկ միւս տղամարդիկը՝ Մարիի եղբայրները։
Նատին Մանկիօղլու՝ լուսանկարներ (Տիվրիկ/Տիվրիյի)
Նատին Մանկիօղլու, Մխիթարեան վարժարանի աշակերտ, Յուշամատեանի կազմակերպած աշխատանոցին ընթացքին ներկայացաւ սոյն ընտանեկան լուսանկարներով, զորս թուայնացուցինք դպրոցին մէջ։ Հոս կը տեսնենք Տէր Մինասեան ընտանիքը՝ Տիվրիկի տարածքի Կասմա (ներկայիս Քեսմէ) գիւղէն (Սեբաստիա/Սիվասի շրջան)։
Առաջին պատկերին մէջ (վերեւ) կը տեսնենք Սիրանուշ եւ Մինաս Տէր Մինասեանները։ Ասոնք Նատին Մանկիօղլուին հօրենական մեծ մօր՝ Հռիփսիմէ Մանկիօղլուի (ծն. Պոլիս 1937-ին) ծնողներն են։ Սիրանուշ եւ Մինաս ծնած են Տիվրիկ։
Ոտքի, ձախէն աջ՝ Ռուբէն Տէր Մինասեան (Մինասին եղբայրը), Մինաս Տէր Մինասեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Շուշան Տէր Մինասեան (Ռուբէնի կինը), որուն գիրկը նստած է իր զաւակը, Սիրանուշ Տէր Մինասեան եւ իր զաւակը։ Լուսանկարին մէջ երեւցող Տէր Մինասեան ընտանիքի անդամները ծնած են Տիվրիկ։ 1915-ի շուրջ Մինասն ու ընտանիքը կը տեղափոխուին Պոլիս։ Պատկերը ներկայիս կը գտնուի Հռիփսիմէ Մանկիօղլուի մօտ, Պոլիս։
Պուրակ Ֆիրթինա՝ լուսանկար (Քայսերի/Կեսարիա)
Պուրակ Ֆիրթինա երկրորդականի աշակերտ է Մխիթարեան վարժարանի։ Իր բերած այս լուսանկարին մէջ կ՚երեւի իր մօրենական մեծ մօր հայրը՝ Մուրատ Մենեքշէն, որ ծնած է 1890-ականներուն, Կեսարիա։ Ընտանիքը Պոլիս կը փոխադրուի 1920-ականներուն։ Պատկերը ներկայիս կը պահուի Պուրակի մեծ մօր՝ Աղաւնի Մենեքշէի մօտ, Պոլիս։
Քարին Կիւլպէնքօղլու՝ լուսանկար (Պոլիս)
Քարին Կիւլպէնքօղլու Մխիթարեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտ է։ Ներկայացաւ պատկերով մը, որուն մէջ կ՚երեւի իր հօրենական մեծ հօր՝ Պերճ Կիւլպէնքօղլուի հայրը՝ Սարգիս Կիւլպէնքեան։ Ան ծնած է Պոլիս 1900-ականներուն։ Պատկերը ներկայիս կը գտնուի Պերճ Կիւլպէնքօղլուի քով, Պոլիս։
Զուլալ Քալաթաշ՝ թաս (Սեբաստիա/Սիվաս), տպագիր երաժշտական նօթաներ (Պոլիս)
Զուլալ Քալաթաշ Մխիթարեան վարժարանի աշակերտ է։ Ան իր հետ բերաւ սոյն թասը (Սեբաստիայէն) եւ նօթաներու գրքոյկ մը, որ տպուած է Պոլիս 1913-ին։ Թասը կը պատկանի Զուլալի հօրենական նախնիներուն, որոնք Սեբաստիայէն են։ Մինչ նօթաներու գրքոյկը ժամանակին պատկանած է Հայկուհի Հազերեանի (ծն. Շահտանեան)՝ Զուլալենց ընտանիքին բարեկամ մը։ Թասն ու գրքոյկը ներկայիս կը պահուին Շուշան Քալաթաշի (Զուլալի մայրը) կողմէ։