Սիլվա Էօզիէրլիի հաւաքածոյ - Պոլիս, Թուրքիա
Դեկտեմբեր 2015-ին, Պոլիս, «Հրանդ Տինք» Հիմնարկին մէջ կայացած յիշողութեան նիւթերու հաւաքի Յուշամատեանի ձեռնարկին ներկայացաւ Սիլվա Էօզիէրլին, որ իր հետ բերաւ հայրենի Տիարպեքիր/Տիգրանակերտէն ժառանգութիւն մնացած բաղնիքի ամբողջ հաւաքածոյ մը։ Սիլվան երկար տարիներ ապրած է Տիարպեքիրի քրիստոնէական թաղամասին (կեաւուր մահալլէսի) մէջ, մինչեւ որ 1980-ականներուն ընտանիքով կը տեղափոխուին Պոլիս։ Ան տարիներով իր հարազատներուն հետ ապրած է կեաւուր մահալլէսիի բաղնիքը երթալու շաբաթական արարողութիւնը եւ կրնայ ժամերով պատմել կենցաղային այս իւրայատուկ պահը իր բոլոր մանրամասնութիւններով։
1) Բաղնիքի համար գործածուող փաթթոց/զգեստ (ֆութա)։ Յատկացուած էր միայն հարսին։
2) Այս հաստ սփռոցը կը դրուէր պորոտային տակ։ Անոր չափը մեծ կ՚ըլլար եթէ կը գործածուէր չափահասներու կողմէ, իսկ փոքր՝ եթէ երեխաներու համար էր։
3) Բաղնիքի հագուստ, բաղնիքի հաւաքածոյին (պորոտա) մասերէն։ Ճերմակ այս կտաւը կը գործածուէր բաղնիքէն վերջ, կը փռուէր բակին գետինը, կը նստէին վրան եւ կ՚ուտէին չիրեր։
Ծրար (պոհչա)
Սիլվա Էօզիէրլի այս հաւաքածոն ժառանգած է իր մօրմէն՝ Զօրա Միքայէլեան-Տիքէնէն (1934-1986), որ իր կարգին ահագին բաներ ալ ժառանգած է իր մօրմէն՝ Թիւմէէն։ Այս վերջինը ամուսնացած էր ասորի Իպրահիմին հետ։ Մօր կողմը եղած է քաղաքին մօտակայ Մերմեր գիւղէն։ Սիլվային հայրը՝ Յովսէփ Կիրակոսեան (յետագային կը ստիպուի մականունը փոխել եւ կը դառնայ Տիքէն), ծագումով Սասունի կողմերէն է, Զօրային հետ կ՚ամուսնանայ Տիարպեքիրի մէջ։ 1950-ին Թիւմէնը (Սիլվային մեծ մայրը) եւ ընտանիքին կարեւոր մէկ հատուածը կը գաղթեն Սուրիա եւ կը հաստատուին սուրիական տարածքի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Քամիշլիի մէջ։ Իսկ Սիլվային ընտանիքը կը շարունակէ ապրիլ Տիարպեքիր մինչեւ 1980-ականները։
Օժիտի ծրար, պոհչա։ Այս խոշոր ծրարը ամուսնութենէն առաջ հանդիսաւոր կերպով փեսային տունը կը բերուի։ Ծրարին պարունակութիւնը օժիտն է, որ նաեւ կը կոչուի հալաւ կամ ճէհէզ։ Օժիտին մաս կը կը կազմեն հարսին կողմէ պատրաստուած իր անձնական պէտքերը, ինչպէս օրինակ հագուստեղէն, ձեռագործ, անկողիններու ծածկոց։ Հարսը նաեւ օժիտին կ՚աւելցնէ փեսային ընտանիքին համար պատրաստուած նուէրներ, ինչպէս հագուստ, թաշկինակ, գուլպայ։
Այս գոգնոցը, սեղանի ծածկոցը եւ կանացի ներքնազգեստը բոլորն ալ օժիտին մաս կը կազմէին։ Սովորութիւն էր նմանատիպ բաներ ունենալ օժիտին մէջ, երբեմն այնքան շատ որ երկար տարիներ ընտանիքին բոլոր պէտքերը հոգացուած էին։ Բոլորն ալ ձեռքի աշխատանք են։ Այս ժամանակաշրջանին կիներ այս տիպի ներքնազգեստ կը հագուէին իսկ անոր ծայրի պարանները առիթ կու տային որ ըստ հագուողին կարիքին ներքնազգեստը նեղնար կամ լայննար։