Գալֆայեան Տան աւանդական աշխատանոցը, ուր աշակերտուհիներ կը սորվէին հիւսք եւ զանազան ձեռագործներ։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է MyHeritage.com-ի միջոցաւ։

Գալֆայեան աղջկանց որբանոցը – Պոլիս

Հեղինակ՝ Արլէթ Ինճիտիւզէն, 27/06/25 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 27/06/25)
Այս էջին պատրաստութեան համար մեր շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Արսէն Եարմանին եւ Գրիգոր աւագ քահանայ Տամատեանին:

Գալֆայեան Մայրապետաց Միաբանութեան պատմութեան վերաբերեալ լուսանկարներու այս ընտիր հաւաքածոն մեզի յանձնեց Յուշամատեանի բարեկամներէն, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Արսէն Եարմանը։

Խասգիւղ-Հալըճըօղլու թաղամասին մէջ գտնուող Գալֆայեան աղջկանց որբանոց-վարժարանի սեփական շէնքն ու Ս․ Աստուածածին մատուռը Ոսկեղջիւրի երրորդ կամուրջի կառուցումին եւ այս շրջանակէն ներս նոր ճամբու մը շինութեան հետեւանքով՝ կ’ապասեփականացուին թրքական պետութեան կողմէ եւ 1972-ին կը քանդուին։ Որբանոց-վարժարանը կը փոխադրուի Սկիւտար, ուր կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ հայ որբուհիներու եւ կարիք ունեցող հայ աշակերտուհիներու տէր կանգնելու առաքելութեան։

Սակայն միաբանութեան անդամներուն համար դպրոցի նոր շէնքին մէջ բնակելու կարելիութիւն չկար։ Սկիւտարի հայոց բարերարութեամբ, անոնց համար կը գնուի երեքյարկանի առանձնատուն մը Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մօտակայ վայրի մը մէջ։ Այսպիսով սոյն եկեղեցին կը դառնայ միաբանութեան պաշտօնական աղօթավայրը։

Գալֆայեան Տան աւանդական աշխատանոցը, ուր սանուհիները կը սորվէին հիւսք եւ զանազան ձեռագործներ։ Ձախին, լուսանկարի խորքին, քոյր Զարուհի Մեհրապեան:
Գալֆայեան Տան Հալըճըօղլուի շէնքին ննջարանը:
Գալֆայեան Տան աւանդական աշխատանոցը, ուր աշակերտուհիներ կը սորվէին հիւսք եւ զանազան ձեռագործներ։ Աջին, նկարի խորքին, քոյր Զարուհի Մեհրապեան:
Գալֆայեանի սանուհիներու ձեռագործներու ցուցահանդէս մը։ Ձախէն աջ՝ քոյր Արուսեակ Մխիթարեան, Մարիամ մայրապետ Քէօսէեան, քոյր Զարմուհի Մեհրապեան։ Սեղանին առջեւը թրքերէնով գրուած է Kalfayan Yetimhanesi (Գալֆայեան որբանոց)։
1960։ Շատ հաւանաբար Գալֆայեան որբանոցի սանուհիներու ձեռագործ արտադրութիւններ։
22 մայիս 1907։ Քրիստինէ մայրապետ Փափազեան (1902-1919) ինքնութիւնը անծանօթ կնոջ հետ։ Լուսանկարիչ՝ Apollon, Պոլիս։
22 մայիս 1907։ Քրիստինէ մայրապետ Փափազեան (1902-1919) ինքնութիւնը անծանօթ կնոջ հետ։ Լուսանկարիչ՝ Apollon, Պոլիս։

Քոյր Արուսեակ Մխիթարեան ինքնութիւնը անծանօթ երեխայի մը հետ։
1919 կամ 1923։ Քոյրեր Աղաւնի եւ Մարիամ Քէօսէեան։ Երկուքն ալ հետագային պիտի դառնային Գալֆայեան միաբանութեան մայրապետ:
Հալըճըօղլուի Ս. Աստուածածին մատռան մուտքը: Ձախէն աջ, անծանօթ մարդ մը եւ անծանօթ երեխայ մը, քոյր Զարմուհի Մեհրապեան, քոյր Նեւրիկ Բասմանեան, Աղաւնի մայրապետ Քէօսէեան, քոյր Արուսեակ Մխիթարեան, Աղաւնի մայրապետի ետին՝ քոյր Մարիամ Քէօսէեան։
29 ապրիլ 1947, Անթիլիաս (Լիբանան)։ Մայրապետ Աղաւնի Քէօսէեան եւ քոյր Զարմուհի Մեհրապեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան այցելութեան յիշատակ։
23 յունուար 1935։ Քոյր Զարմուհի Մեհրապեան ինքնութիւնը անծանօթ կնոջ հետ։
Ոտքի, ձախէն աջ` քոյր Զարմուհի Մեհրապեան, քոյր Արուսեակ Մխիթարեան, անծանօթ մը: Նստած` քոյր Մարիամ Քէօսէեան (հետագային՝ մայրապետ):

Գալֆայեան աղջկանց որբանոցը եղած է որբախնամ հաստատութիւն մը։ Ի սկզբանէ, մայրապետ պատրաստելու առաքելութիւն չէ ունեցած ան։ Պարզապէս Սրբուհի մայրապետի օրերէն ի վեր, ծառայելու կոչում ունեցող անձեր ընդունուած են միաբանութենէն ներս, քօղ առած եւ ծառայած Գալֆայեան հաստատութեան հովանիին տակ։ Նոր քոյրերը ժամանակի ընթացքին հոգեւոր եւ ծառայողական փորձառութիւն ձեռք ձգած են եւ ստացած դպրութեան ու կիսասարկաւագութեան աստիճաններ եւ ուրարակրութեան արտօնութիւն։ Միաբանութեան անդամները կը կոչուէին քոյր, շատ քիչ պարագաներու՝ մայր, իսկ մեծաւորը կը կոչուէր մայրապետ։

Մինչեւ այսօր Գալֆայեան վարժարանին մէջ ուսում կը ստանան Պոլիսէն կամ Թուրքիոյ այլ քաղաքներէն եկող հայուհիներ, որոնք հաստատութեան մէջ կը գտնեն հայկական ինքնութեամբ եւ մշակոյթով լի միջավայր մը։

Հոս կ’արժէ հակիրճ պատմել թէ Արսէն Եարմանի ձեռքը ինչպէ՞ս անցած է այս հարուստ հաւաքածոն։ Այս լուսանկարները պահպանած էր Գալֆայեան միաբանութեան վերջին մայրապետը՝ Հռիփսիմէ Սասունեանը։ 2006-ին մայրապետին մահէն ետք, երբ Արսէն Եարման կ’իմանայ թէ անոր տունը կը պարպուի՝ շուտով հոն կը փութայ եւ լուսանկարները տեսնելով զանոնք կ’ազատէ կորուստէ։ Ապա Եարման այս պատմական պատկերները կը թուայնացնէ, իսկ բնատիպները կը յանձնէ Գալֆայեան որբանոցի Խնամակալութեան։ Նոյն այն օրը երբ Եարման այս լուսանկարները գտած էր Հռիփսիմէ մայրապետի տան մէջ, նաեւ կը նշմարէ աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի վրձինին պատկանող իւղաներկ գործ մը, որ կը նկատուի Այվազովսքիի ամենէն փոքր չափի աշխատութիւնը։ Գեղանկարը Այվազովսքիի նուէրն էր Գալֆայեան միաբանութեան։ Եարման այս գործը կը յանձնէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին, որու թանգարանին մէջ ան կը ցուցադրուի ներկայիս։

Մայր Մարիամ Քէօսէեան եւ պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեան (1961-1990)։
Յուլիս 1961։ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. (1908-1994) Իսթանպուլ այցի ընթացքին հանդիպած է նաեւ Գալֆայեան Տուն: Լուսանկարին կեդրոնը քիչ մը պահուըտած դիրքով կ’երեւի մայրապետ Մարիամ Քէօսէեանը, անոր առջեւ, յուշանուէրը ձեռքին, Եդուարդ Պենկլեան:
Շատ հաւանաբար Գալֆայեան միաբանութեան նոր քրոջ մը ընծայման կամ քոյրերէն մէկուն եկեղեցական աստիճանատուչութեան արարողութիւնը Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Խոյրով եկեղեցականը Շնորհք արք. Գալուստեան պատրիարքն է (1913-1990)։ Մայր Մարիամի ետին՝ Միհրան սրկ. Կիւլեան (հետագային՝ Սարգիս աւագ քահանայ, վախճանած է Գանատայի մէջ), ծնկաչոք եկեղեցականները՝ Խաչատուր վրդ. Սարաճեան (ձախին), Պսակ վրդ. Հաթապեան (աջին), երկուքն ալ վախճանած։ Խաչատուր վրդ.ի ետին՝ Կարպիս սրկ. Սեմէրճեան (մահացած)։
Յուլիս 1961, Իսթանպուլ։ Ձախէն աջ` քոյր Արուսեակ Մխիթարեան, Մարիամ մայրապետ Քէօսէեան եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. Պալճեան:
Գալֆայեանի սանուհիներ Շիշլիի Ազգային գերեզմանատան մէջ կ’այցելեն Գալֆայեան միաբանութեան մայրապետներու եւ քոյրերու դամբարանը։ Նկարին ձախ ծայրը՝ Համբարձում Տատեան, աջ ծայրը՝ Բագարատ Սեմէրճեան։
Շատ հաւանաբար Գալֆայեան միաբանութեան նոր քրոջ մը ընծայման կամ քոյրերէն մէկուն եկեղեցական աստիճանատուչութեան արարողութիւնը Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Ձախէն աջ՝ քոյր Արուսեակ Մխիթարեան, մայր Մարիամ Քէօսէեան (նստած), Կարպիս սրկ. Սեմէրճեան, Պետրոս քահանայ Տէր Պետրոսեան, Միհրան սրկ. Կիւլեան (հետագային՝ Սարգիս աւագ քահանայ, վախճանած է Գանատայի մէջ), նստած՝ պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեան (1913-1990), Պսակ վրդ. Հաթապեան։
Շատ հաւանաբար Գալֆայեան միաբանութեան նոր քրոջ մը ընծայման կամ քոյրերէն մէկուն եկեղեցական աստիճանատուչութեան արարողութիւնը Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Խոյրով եկեղեցականը Շնորհք արք. Գալուստեան պատրիարքն է (1913-1990)։
Պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեան (1913-1990) Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Ձախէն աջ՝ Կարպիս սրկ. Սեմէրճեան, Յարութիւն աւագ քահանայ Հալաճեան, Շնորհք պատրիարք եւ Պետրոս քահանայ Տէր Պետրոսեան։

1) Քոյր Արուսեակ Մխիթարեան (ձախին) եւ քոյր Հռիփսիմէ Սասունեան (աջին) Տագէս ամիրայի ապարանքի պարտէզի աղբիւրին առջեւ։Քանդակուած քարի վերին հատուածին մէջ կայ աղբիւրին հայերէն յիշատակարանը.
«Աղբիւր ծարաւեաց,
Հեզութեամբ խոնարհ
Մաքրիչ աղտեղեաց
Վայր հոսեալ առատ
Զոր Տաքէս յարգած
Ոմն պայազատ
Ապագին ամաց.
Հայոց հարազատ»
«Ապագին» բառին մէջ թաքնուած է թուականը ըստ հայոց տառերու թուային արժէքներուն. 1+800+1+3+30+400 = 1225: Հայկական տոմարով այս թիւին երբ աւելցուի 551՝ կը ստանանք Փրկչական 1776 թուականը։ Խասգիւղ-Հալըճըօղլուի մէջ գտնուող Գալֆայեան որբանոցի շէնքը նախապէս եղած է ակնցի յայտնի սեղանաւոր Տագէս ամիրայի ապարանքը: Որբանոցի շէնքին քանդումէն ետք անյայտ է այս յիշատակարանին ճակատագիրը:
2) Քոյր Աղաւնի Քէօսէեան կանգնած է մայրապետ Քրիստինէ Փափազեանի՝ որբանոցի պարտէզին մէջ գտնուող շիրիմին քով։

Քոյր Նեւրիկ Մ. Յովհաննէսեան (նստած) եւ խումբ մը գալֆայեանցի սանուհիներ։
1969։ Ձախէն աջ՝ Վիեննական Մխիթարեան հայրերէն Գրիգորիս վրդ. Մանեան (հետագային՝ աբբահայր Վիեննայի Մխիթարեան ուխտին), քոյր Արուսեակ Մխիթարեան, քոյր Հռիփսիմէ Սասունեան, Վարդավաո Ասլանեան, Էլմաս Ասլանեան, միւս երկուքը՝ անծանօթ։
1912։ Քոյրեր Աղաւնի եւ Մարիամ Քէօսէեան։
Կեդրոնը նստած՝ Աղաւնի մայրապետ Քէօսէեան, ետեւի կարգ, ձախէն աջ` քոյր Նեւրիկ Բասմանեան, քոյր Զարմուհի Մեհրապեան, ինքնութիւնը անյայտ կին, քոյր Մարիամ Քէօսէեան (հետագային՝ մայրապետ), քոյր Արուսեակ Մխիթարեան:
Ձախէն աջ՝ քոյր Արուսեակ Մխիթարեան, քոյր Նեւրիկ Մ. Յովհաննէսեան, Աղաւնի մայրապետ Քէօսէեան, քոյր Մարիամ Քէօսէեան, քոյր Զարուհի Մեհրապեան։

Ակնարկ մը Գալֆայեան աղջկանց որբանոցի անցեալին վրայ (1866-2025)

Հաստատութեան հիմնադիրն է Սրբուհի Գալֆայեան (ծնած է 1822-ին), որ 1840-ին առնելով մայրապետական քօղը, կը հրաժարի աշխարհիկ կեանքէն ու կը նուիրուի Աստուծոյ ծառայութեան։

Սրբուհի մայրապետ Գալֆայեան 1865-ին Պոլսոյ մէջ պատահած ժանտախտի համաճարակի ընթացքին իր տան մէջ կը հաւաքէ ու կը խնամէ որբ մնացած 2-10 տարեկան 17 աղջիկներ։ Այս ձեւով հիմը կը դրուէր որբանոց-վարժարանին։ Յաջորդ տարին՝ 1866-ին, հաստատութիւնը կը ստանայ պաշտօնական բնոյթ, երբ Ներսէս եպսկ. Վարժապետեան (պատրիարք՝ 1874-1884) կը պատրաստէ այս հաստատութեան աջակցելու վկայագիր մը, ուր կը բացատրէ թէ անոր նպատակն է որբուհիները խնամել եւ արհեստներ սորվեցնել անոնց։ Վկայագիրը կը ներկայացուի Պօղոս Բ. Թագթագեան պատրիարքին (1863-1869) եւ նոյն օրն իսկ (3 սեպտեմբեր 1866-ին) կը վաւերացուի պատրիարքարանին կողմէ։

Սրբուհի մայրապետ այս որբուհիները զբաղցնելու, ինչպէս նաեւ անոնց ապրուստը հոգալու նպատակով Խասգիւղի իր ընտանեկան սեփական բնակարանին մէջ կը հիմնէ աշխատանոց մը, ուր աղջիկները կը սկսին սորվիլ ասեղնագործութիւն, տիվալ եւ զանազան այլ ձեռագործներ։ Գործուածքները կը ծախուէին Պոլսոյ Ծածկած շուկային մէջ։ Սա կ’ըլլայ խթան, որ որբուհիներէն ամէնէն վարպետները հետագային դառնան Ծածկած շուկային մէջ ընտիր ոսկեթել աշխատանք կատարող արհեստաւորներ։ Սրբուհի մայրապետի այս նախաձեռնութիւնը ժամանակի ընթացքին հանրայայտ կը դառնայ եւ բարեկեցիկ հայուհիներ աջակից կ’ըլլան իրեն։

Սրբուհի մայրապետ, բացի մարդասիրական իր կարողութիւններէն, միաժամանակ ձեռներէց կին մըն էր։ Իր հաստատութեան համար ան Ղալաթիա թաղամասին մէջ կը գնէ խանութ մը, որու վարձքէն գոյացած գումարները կը ներդնէ իր մարդասիրական գործունէութեան մէջ։ 1870-ի գարնան Սրբուհի մայրապետ եւ իր որբուհիները կ’այցելեն սուլթան Ապտիւլ Ազիզին՝ Գաղըթհանէի ապարանքին մէջ։ Կայսրութեան գահակալը 50 օսմանեան ոսկի կը նուիրէ հաստատութեան որբուհիներուն։ Աւելին, այդ օրէն սկսեալ պետութիւնը կը սկսի օրական 7,5 օխա (9,6 քկ.) միս եւ 15 օխա (19,2 քկ.) հաց մատակարարել հաստատութեան։ Այս նպաստը կը շարունակուի մինչեւ սուլթանութեան վերացումը 1923-ին։

Սրբուհի մայրապետին հիմնած հաստատութիւնը տակաւին չէր վերածուած միաբանութեան։ Այս հարցի կարգաւորման մէջ կարեւոր դեր կը խաղան Ներսէս եպսկ. Վարժապետեանը եւ Ստեփան փաշա Ասլանեանը։ Կը պատրաստուի Սրբուհի մայրապետի ստորագրութեամբ կտակագիր-կանոնագիր մը, զոր Պոլսոյ պատրիարքարանը կը վաւերացնէ։ Իր կարգին, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գէորգ Դ. Քերեսթէճեան հայրապետական կոնդակով մը կը հաստատէ զայն։ 1871-ին Սրբուհի մայրապետ կ’այցելէ Էջմիածին եւ ներկայ կ’ըլլայ միւռօնօրհնութեան արարողութեան։

Հակառակ սանուհիներու ձեռագործներուն վաճառքին, բարերարներէ եւ սուլթանական պալատէն եկած նպաստներուն, Գալֆայեան որբանոցը տեւաբար կը պայքարէր իր նիւթական կարիքներուն հասնելու համար։ 1883-ին Սրբուհի մայրապետ դարձեալ կը դիմէ կայսրութեան գահակալին՝ սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ին եւ կ’այցելէ անոր։ Ան որբուհիներուն գործած գորգ մը կը նուիրէ սուլթանին, որ իր կարգին 300 օսմանեան ոսկի նուիրատւութիւն կ’ընէ հաստատութեան։ Այս գումարին շնորհիւ որբանոցը Սիլիհտարի մէջ կը գնէ 120 օսմ. ոսկի արժող խանութ մը, որու վարձքին գումարը կը ծախսուի որբանոցի կարիքներուն համար։ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի հրամանով, աւելի կը կանոնաւորուի պալատին կողմէ որբանոցին հացի եւ միսի մատակարարումը։

Մարիամ մայրապետ Քէօսէեանի այցագիրը՝ ուղղուած պարոն Ծուլիկեանին։ Թուագրուած է 5 դեկտեմբեր 1961։

Սրբուհի մայրապետ 24 տարի կը ծառայէ այս հաստատութեան։ Երբ արդէն մահամերձ էր, ան իր հաստատութեան մէջ մատուռ մը կառուցելու արտօնութիւն կը խնդրէ Խորէն արք. Աշըգեան պատրիարքէն։ 1889-ին անոր մահէն ետք, Սրբուհիի օգնականներէն Երանուհի մայրապետ Յովհաննէսեան (1889-1902), աւելի վերջ՝ Քրիստինէ մայրապետ Փափազեան (1902-1919) կը ստանձնեն Գալֆայեան դպրոց-որբանոցին տեսչութիւնը։ Սրբուհի մայրապետ կը թաղուի Ս․ Աստուածածին մատուռին մէջ, որու շինութեան նախաձեռնած էր։

Քրիստինէ Փափազեան մայրապետի տեսչութեան օրերուն, անոր գործակից կը նշանակուին արաբկիրցի երկու քոյրեր՝ Աղաւնի եւ Մարիամ Քէօսէեան։ Մաղաքիա արք. Օրմանեան երբ պատրիարք կ’ընտրուի, իր պաշտօնավարութեան օրերուն (1896-1908) մօտէն կը հետեւի Գալֆայեան Ուխտի գործունէութեան եւ կը փորձէ ամէն ձեւով զօրավիգ կանգնիլ անոր։

Գալֆայեան դպրոց-որբանոցին մէջ առաջին իսկ օրէն ուսուցչական պաշտօն վարած է Ռեթէոս Թադէոսեան։ 1908-էն ետք անոր կը յաջորդէ Հմայեակ Շիշմանեան։

1919-ին երբ Քրիստինէ մայրապետ կը մահանայ, անոր կը յաջորդէ Աղաւնի մայրապետ Քէօսէեան (1919-1955)։

Քոյր Արուսեակ Մխիթարեան Խասգիւղ-Հալըճըօղլուի թաղամասի Գալֆայեան Տան ննջարանի մուտքին:
Քոյր Մարիամ Քէօսէեան սանուհիներու ննջարանին մէջ:
1970։ Գալֆայեան Տան բաղնիքը (ներկայիս՝ քանդուած)։
Խասգիւղ-Հալըճըօղլուի թաղամասի Գալֆայեան Տան վարժարանը (այժմ՝ քանդուած) ու աշակերտուհիներ: 1904-ին, այն ատեն արդէն մօտ 150 տարուայ հնութիւն ունեցող փայտաշէն այս շէնքը կը վերանորոգուի ճարտարապետ Ստեփան Համամճեանի կողմէ եւ անոր վրայ յարկ մը կ’աւելնայ:
Գալֆայեան Տան մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին մատուռը:
Լուսանկարի կռնակին գրուած է. «1907, Գալֆայեան որբանոցի սանուհիներ Հապէշիստանի Մենելիք կայսեր թոռնուհի, իշխանուհի Մառի Պաղտասարեանի հետ նկարուած»: Բոլորն ալ հագուած են Գալֆայեանի դպրոցական տարազը։ Լուսանկարիչ՝ Apollon, Պոլիս։
Լուսանկարի կռնակին գրուած է. «1907, Գալֆայեան որբանոցի սանուհիներ Հապէշիստանի Մենելիք կայսեր թոռնուհի, իշխանուհի Մառի Պաղտասարեանի հետ նկարուած»: Բոլորն ալ հագուած են Գալֆայեանի դպրոցական տարազը։ Լուսանկարիչ՝ Apollon, Պոլիս։
Քոյր Զարմուհի Մեհրապեան
Քոյր Արուսեակ Մխիթարեան
Քոյր Նեւրիկ Մ. Յովհաննէսեան։ Լուսանկարի կռնակին գրուած է. «Սիրելի քոյր իմ Վարդուհիս։ Սոյն լուսանկարս կը նուիրեմ անկեղծ սիրոյ եւ ի նշան անմոռացութեան: Ն. Մ. Յովհաննէսեան, 1907 Յունիս 2»։ Լուսանկարիչ՝ Apollon, Պոլիս։ Քոյր Նեւրիկ մայրապետական քօղ ստացած է 1906-ին։ Պատմութեան մէջ քոյր Նեւրիկի մականունը կ’անցնի որպէս Բասմանեան։
Քոյր Նեւրիկ Մ. Յովհաննէսեան։ Լուսանկարի կռնակին գրուած է. «Սիրելի քոյր իմ Վարդուհիս։ Սոյն լուսանկարս կը նուիրեմ անկեղծ սիրոյ եւ ի նշան անմոռացութեան: Ն. Մ. Յովհաննէսեան, 1907 Յունիս 2»։ Լուսանկարիչ՝ Apollon, Պոլիս։ Քոյր Նեւրիկ մայրապետական քօղ ստացած է 1906-ին։ Պատմութեան մէջ քոյր Նեւրիկի մականունը կ’անցնի որպէս Բասմանեան։
Քոյր Արուսեակ Մխիթարեան։ Այս բացիկը ղրկուած է Վարդուհի Խերպէկեանին, 25 Նոյեմբեր 1919-ին։ Լուսանկարիչ՝ Sebah & Joaillier, Պոլիս։
Նամակային բացիկ։ Լուսանկարի կռնակին գրուած է՝ «29 Մայիս 1923։ Առ օրդ. Ֆուլիկ Ռուբէնեան, Պոլիս։ Սիրելի քոյրս Ֆուլիանէ, նոր կեանքի այս նկարս կը նուիրեմ քեզ ի նշան անկեղծ բարեկամութեան: Քոյրդ՝ ընծայացու Զ. Տ. Եղիսէեան(՞)»։ Լուսանկարիչ՝ Apollon, Պոլիս։ Այս երիտասարդուհին շատ կը նմանի քոյր Զարմուհի Մեհրապեանին, բայց ստորագրութեան մականունը իրեն չի պատկանիր։
Նամակային բացիկ։ Լուսանկարի կռնակին գրուած է՝ «29 Մայիս 1923։ Առ օրդ. Ֆուլիկ Ռուբէնեան, Պոլիս։ Սիրելի քոյրս Ֆուլիանէ, նոր կեանքի այս նկարս կը նուիրեմ քեզ ի նշան անկեղծ բարեկամութեան: Քոյրդ՝ ընծայացու Զ. Տ. Եղիսէեան(՞)»։ Լուսանկարիչ՝ Apollon, Պոլիս։ Այս երիտասարդուհին շատ կը նմանի քոյր Զարմուհի Մեհրապեանին, բայց ստորագրութեան մականունը իրեն չի պատկանիր։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, բազմաթիւ վերապրած որբուհիներ կը սկսին խնամուիլ այս հաստատութեան մէջ։ Երեխաներուն թիւը կը հասնի 90-ի։ 1923-էն սկսեալ հաստատութեան հոգատարութեան տակ գտնուող սանուհիներուն թիւը 95-էն 100 հոգի էր։ 1923-ին հաստատութեան շէնքը կ’ենթարկուի հիմնական նորոգութեան։

1920-ականներուն, հանրապետական Թուրքիոյ նոր օրէնքներուն հիմամբ, Գալֆայեան Ուխտի քոյրերու հաստատութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչցուի իբրեւ որբանոց-նախակրթարան՝ տնօրէն ունենալով Հմայեակ Ուղուրլեանը (հետագային՝ Տրդատ քահանայ)։ Աղաւնի Քէօսէեանին կը յաջորդէ քոյրը՝ Մարիամ մայրապետ Քէօսէեանը (1955-1970), ապա հաստատութեան տեսչութիւնը կը վարեն Արուսեակ մայրապետ Մխիթարեան (1971-1982), Հռիփսիմէ մայրապետ Սասունեան (1984-2007), իսկ 2007-ին՝ քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։
     
Արդէն տեսանք որ 1970-ներու սկիզբին, Գալֆայեան որբանոցի Խասգիւղ-Հալըճըօղլու թաղամասի սեփական շէնքն ու Ս․ Աստուածածին մատուռը կը քանդուին նոյն վայրին մէջ ճամբայ մը շինելու համար։ Սրբուհի մայրապետ Գալֆայեանի՝ մատուռի կողքին գտնուող շիրիմը կը փոխադրուի Շիշլիի Ազգային գերեզմանատունը։ 1971-ին Գալֆայեան վարժարանն ալ կը տեղափոխուի Սկիւտար՝ Ալթունիզատէ թաղամասին մէջ գտնուած եւ մինչ այդ որբուհիներուն համար իբրեւ ամառանոց գործածուած շէնքեր։ Նոր վայրը դասաւանդութիւն կատարելու համար սահմանափակ հնարաւորութիւն ունէր։ Կը վարձուի մօտակայ շէնք մը գիշերօթիկի գործածութեան համար։ 1979-ին նոր շինութիւններ կը կատարուին Սկիւտարի հաստատութեան մէջ. կը կառուցուին նոր ննջարան եւ ճաշարան մը։

1917, Պոլիս։ Նստած, ձախէն աջ` քոյր Մարիամ Քէօսէեան (հետագային՝ մայրապետ), Քրիստինէ մայրապետ Փափազեան, քոյր Աղաւնի Քէօսէեան (հետագային՝ մայրապետ), քոյր Նեւրիկ Բասմանեան: Կանգնած սանուհիներուն ինքնութիւնը անյայտ է։
Հոկտեմբեր 1936։ Գալֆայեան Տան սանուհիներ լուսանկարուած որբանոցի մատուռի պարտէզին մէջ։
11 յուլիս 1934։ Խումբ մը գալֆայեանցի սանուհիներ: Ամէնէն աջին՝ քոյր Արուսեակ Մխիթարեան, անոր կողքին՝ քոյր Նեւրիկ Մ. Բասմանեան:
25 մայիս 1927։ Գալֆայեան որբանոց-վարժարանի սանուհիներ իրենց ուսուցչուհիին (ինքնութիւնը անծանօթ) հետ։
21 յունիս 1929։ Գալֆայեան վարժարանի 6-րդ կարգի շրջանաւարտներուն ի պատիւ թէյասեղան։ Սեղանին գլուխը նստած են Աղաւնի մայրապետ Քէօսէեան, կողքին՝ քոյր Մարիամ Քէօսէեան (հետագային՝ մայրապետ): Աջին՝ քոյր Արուսեակ Մխիթարեան։ 1928-1929 տարեշրջանի շրջանաւարտներն էին՝ Արմինէ Գույումճեան, Անահիտ Սարաֆեան, Հայկուհի Տէմիրեան, Մելինէ Նահապետեան, Շաքէ Չամչիկեան, Սիրվարդ Ալաճաճեան, Տալիթա Էքմէքճեան։ Լուսանկարիչ՝ քոյր Զարմուհի Մեհրապեան (աղբիւր`«Հարիւրամեայ յիշատակարան Գալֆայեան Տան. 1866-1966», խմբ.՝ Յակոբ Չինար, Պերճ Էրզիեան, Իսթանպուլ, 1966, էջ 143-144)։
Հալըճըօղլուի Գալֆայեան Տան Ս. Աստուածածին մատուռը (ներկայիս՝ քանդուած):
Գալֆայեան Տան սանուհիներ միաբանութեան պարտէզին մէջ։ Կեդրոնը, վարժապետի ձախին՝ քոյր Մարիամ Քէօսէեան, վարժապետի աջին՝ քոյր Արուսեակ Մխիթարեան։
Գալֆայեանցի սանուհիներ։ Նստած, ձախէն երկրորդը՝ քոյր Մարիամ Քէօսէեան (հետագային՝ մայրապետ)։ Անոր քով նստած մարդը հաւանաբար ուսուցիչ մըն է։
1947։ Խասգիւղ-Հալըճըօղլուի Գալֆայեան Տան մէջ նոր շէնքի մը շինութիւնը։ Կ’երեւին Աղաւնի մայրապետ Քէօսէեան, քոյր Արուսեակ Մխիթարեան, օրիորդ Չրաքեան, ճարտարապետ Ոսկեան Պետոյեան։ Լուսանկարի խորքին կ’երեւի Ոսկեղջիւրը:

1997-ին Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը նախակրթական պարտադիր ուսումը կը բարձրացնէ 8 տարուայ։ Գալֆայեան վարժարանը 8 տարուայ դասաւանդութիւն չունէր, ուստի 1999-2000 տարեշրջանին հաստատութիւնը կը միանայ Սկիւտարի պատմական վարժարաններէն Սեմէրճեան ճեմարանին։ Սկիւտարի հայ համայնքը գիտակցելով Գալֆայեան Տան կարեւորութեան եւ արժէքին՝ նախընտրած է փակել Սեմէրճեան ճեմարանն ու Ներսէսեան Երմոնեան վարժարանը, որպէսզի կարենայ իր նիւթական ու բարոյական բոլոր ուժերը կեդրոնացնել Գալֆայեան վարժարանին վրայ։ Այսօր Գալֆայեան վարժարանի ննջարանը կը գտնուի հաստատութեան Սկիւտարի պատմական վայրին մէջ (նախկին ամառանոցը)։ Գալֆայեանի աշակերտուհիները ուսման համար ամէն օր կը փոխադրուին երբեմնի Սեմէրճեան ճեմարանի շէնքը, որ կը գտնուի Սկիւտարի Սէլամսըզ թաղամասին մէջ՝ Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ ետեւի փողոցը։

2012-ին կրթութեան նախարարութիւնը կը ջնջէ 8 տարուայ նախակրթարանի պարտադիր ուսումը։ Գալֆայեան վարժարանը դարձեալ կարելիութիւնը կ’ունենայ Սեմէրճեան ճեմարանի շէնքէն շարունակելու իր առաքելութիւնը եւ իր երդիքին տակ ուսում ջամբելու հայուհիներու։ Գալֆայեան վարժարանը ներկայիս մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ ունի 9 դասարան՝ 57 երկսեռ աշակերտներով: Վարժարանին ծախսերը կը հայթայթուին հաստատութեան կալուածներէն ձեռք ձգուած եկամուտներէն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հայերէն կատարուած նուիրատուութիւններէն: Գալֆայեան վարժարանի Instagramի հասցէն է՝
www.instagram.com/kalfayanokulu=

3 դեկտեմբեր 1987։ Ձախէն աջ՝ քոյր Հռիփսիմէ Սասունեան, Մեսրոպ վրդ. Մութաֆեան (հետագային՝ արքեպիսկոպոս եւ պատրիարք հայոց Թուրքիոյ), Հայկուհի Հիւսիւմեան, Տիրայր արք. Մարտիկեան (Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ թեմերու առաջնորդ)։ Ոտքի կանգնած միւս երկու անձերը անծանօթ են:
Հաւանաբար 2000-ականներու սկիզբ։ Հռիփսիմէ մայրապետ Սասունեան Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարքին հետ Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ:

Աղբիւրներ

  • Գրիգոր Մարգարեան, Կենսագրութիւն Սրբուհի մայրապետի Նշան-Գալֆայեան, տպ. Ն. Կ. Պէրպէրեան, Կ. Պոլիս, 1892։
  • Գալֆայեան աղջկանց որբանոց – Խասգիւղ, վեցամեայ համարատուութիւն (1914-1919), տպ. Կ. Քէշիշեան որդի, Կ. Պոլիս, 1920։
  • Վաթսունամեակ (1866-1926) Գալֆայեան աղջկանց որբանոցի – Խասգիւղ, տպ. Յ. Մ. Սէթեան, Կ. Պոլիս, 1926։
  • Գալֆայեան աղջկանց որբանոց (1866-1934), Խասգիւղ-Հալըճօղլու, տպ. Յ. Մ. Սէթեան, Կ. Պոլիս, 1935։
  • Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան վանական-դպրեվանական կեանքը, Ս. Էջմիածին, 2023։