Նախաբան
Armenier – Woher/Wohin [Հայեր – Ուրկէ՞/Դէպի ո՞ւր]։ Այս պիտի ըլլար Վոլֆկանկ Քունցի՝ 1985-1986 տարիներուն պատրաստուած նկարազարդ գիրքին վերնագիրը։ Յայտնի լուսանկարիչը 1983-էն 1985 յաջորդաբար այցելած էր Խորհրդային Հայաստան, Թուրքիա, Լիբանան, Սուրիա, դարձեալ Խորհրդային Հայաստան։ Այս երկիրներու բազմաթիւ քաղաքներու եւ վայրերու մէջ ան հարիւրաւոր լուսանկարներ առած էր։
Քունցի եւ հայերու (ու անոնց պատմութեան) միջեւ կապը կը սկսի 1970-ականներուն, երբ Թպիլիսի կեցութեան մը ընթացքին անոր առիթ կը ներկայանայ քանի մը օրով այցելելու Խորհրդային Հայաստան։ 1984-ին ան Թուրքիա կը մեկնի գերմանական GEO պարբերաթերթին համար հայոց վերաբերող յօդուած մը պատրաստելու նպատակով։ Քունց յօդուածին միայն լուսանկարիչն էր, յօդուածագիրը այլ անձ մըն էր։ GEO-ի 1986-ի Փետրուար-Մարտի թիւին մէջ լոյս տեսած սոյն յօդուածը ժամանակին աղմուկ կը ստեղծէ գերմանահայ համայնքին մէջ, նկատի ունենալով որ յօդուածագիրը Ցեղասպանութեան հարցով իւրացուցած էր թրքական պետութեան ժխտողական տեսակէտները։ Համպուրկի հայերը – այն քաղաքը ուր այդ ժամանակ կ’ապրէր ու կը գործէր Քունց – փոքր ցոյց մըն ալ կը կազմակերպեն GEO-ի յօդուածագիրին դէմ։ Սա կ’ըլլայ նոր առիթ, որ Քունց աւելի մօտէն հետաքրքրուի հայերով ու հայոց պատմութեամբ։ Այնուհետեւ, նոյն GEO պարբերաթերթի ֆրանսական տարբերակը, դարձեալ Քունցի լուսանկարներով եւ հայոց մասին, կը հրատարակէ Քլոտ Մութաֆեանի յօդուածը։ Հայերը այս անգամ բողոքելու պատճառ չունէին․ ընդհակառակը՝ կատարուածը Ցեղասպանութեան ուրացումին դէմ յաղթանակ մըն էր։
1984-ի Նոյեմբեր կամ Դեկտեմբերին Քունց Համպուրկի մէջ հանդիպում մը կ’ունենայ պաշտօնական այցով Արեւմտեան Գերմանիա գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ. Սարգիսեանի (1932-1999) հետ։ Վեհափառը լուսանկարիչին կ՚’առաջարկէ յաջորդ տարուայ Ապրիլին այցելել Լիբանան եւ Սուրիա, ուր կրնայ աւելի մօտէն ծանօթանալ հայութեան եւ անձամբ ներկայ ըլլալ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Ծրագիրը կը խանդավառէ Քունցը։ Նոյն տարի ան Համպուրկի մէջ կը հանդիպի կօշիկի գործարանատէր եւ վաճառական լիբանանահայ Ժէրար Պարսումեանի, որ այդ քաղաքն եկած էր «Փորշ» մակնիշի իր ինքնաշարժին համար արագաչափ գնելու։ Պարսումեանն ալ կը քաջալերէ լուսանկարիչը Լիբանան այցելելու եւ կը յայտնէ այս ճամբորդութիւնը դիւրացնելու իր աջակցութիւնը։
18 Ապրիլ 1985-ին, Քունց Պերլինի օդակայանէն արեւելագերմանական Interflug օդանաւով կը մեկնի Պէյրութ, երբ Լիբանան տակաւին կը գտնուէր քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ։ Նոյն ճամբորդութեան ընթացքին Քունց կ’այցելէ նաեւ Սուրիա։
Գիրքի ծրագիրին համար լուսանկարչական բոլոր նիւթերը պատրաստ էին։ Քունց այնուհետեւ կը ձեռնարկէ գիրքի զանազան գլուխներուն պատրաստութեան։ Այս գծով ան կը գործակցի գերմանացի գիտաշխատող Թեսսա Հոֆմանի հետ։ Քունց կը գրէ գիրքին երեք գլուխները, Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան վերաբերող առանձին բաժինները, մինչ Թեսսա Հոֆֆման կը հեղինակէ Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ Խորհրդային Հայաստանին վերաբերող գլուխները։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ գերմաներէնով գրուած այս բոլոր գլուխները անգլերէնի թարգմանելու եւ հրատարակութեան իր մասնակցութիւնը բերելու։
Գիրքին առանցքային թեման Ցեղասպանութիւնն էր։ Եթէ Թեսսա Հոֆֆմանի գրած գլուխներէն մէկը ուղղակի կը քննէ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, մնացեալ գլուխները, յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ վերաբերող բաժինները առաջին հայեացքով կը նմանին ճամբորդական տպաւորութիւններու վրայ հիմնուած պատումներու։ Բայց խորքին մէջ, այս գլուխներուն մէջ ալ 1915-ը հիմնական ներկայութիւն է. Քունց կը փորձէ հայկական գաղութային կեանքը քննել Ցեղասպանութեան ու անոր յիշողութեան պրիսմակէն։ Զուգադիպութիւն չէ որ 1985-ի Լիբանան եւ Սուրիա այցելութիւնները տեղի կ’ունենան Ապրիլ ամսուն, երբ կ’ոգեկոչուէր Ցեղասպանութեան 70-ամեակը։ Սուրիոյ մէջ Քունց կ’այցելէ Տէր Զօր, ուր այդ օրերուն հիմնարկէքը կ’ըլլար Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիին։
Գիրքին գլուխները հարուստ են Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններով։
Այդ տարիներուն հայկական զինեալ կազմակերպութիւններ Եւրոպայի տարածքին ահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարէին թրքական թիրախներու դէմ։ Քունց կլանուած էր հայկական կեանքով եւ պատմութեամբ. իր գրութիւններուն մէջ կը տեսնենք որ ան կը ցաւի, կ’ուրախանայ, կը հպարտանայ, կը դառնանայ, կ’ըմբոստանայ հայու մը նման, կ’արտայայտուի ինչպէս 1980-ականներու հայ մը պիտի ընէր։ Կարծես թէ ան որդեգրած է հայութիւնը, կարծես թէ հայութիւնն ալ զայն որդեգրած է։
Այսպիսի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, կը կարծուէր թէ Քունցի գիրքի ծրագիրը հեզասահ պիտի ընթանար եւ բարեյաջող աւարտ ունենար։ Դժբախտաբար այդպէս չըլլար։ Անոր արխիւներուն մէջ գոյութիւն ունի բազմակողմանի թղթակցութիւն մը, որուն ընդմէջէն կը տեսնենք որ գիրքի հրատարակութեան ծրագիրը սկիզբը ամուր հիմերով կը յառաջդիմէ, ապա կը կաղայ ու վերջաւորութեան գիրքը երբեք լոյս չի տեսներ։ Թղթակցող գլխաւոր կողմերն են հեղինակ/լուսանկարիչ Քունցը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դիւանապետը ու Արեւելեան Ա․ Մ․ Ն․ի կիլիկեան թեմի առաջնորդարանը (Նիւ Եորք)։ Գարեգին Բ.ի նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորքի առաջնորդարանը յանձն կ’առնէ ամբողջ գործին անգլերէն թարգմանութիւնը։ Միքայէլ Փափազեան գերմաներէնէ անգլերէնի կը թարգմանէ բոլոր գլուխները, ինչպէս նաեւ լուսանկարներուն մակագիրները։ Գիրքը պիտի բաղկանար 220 էջէ եւ 228 լուսանկարէ։ Անգլերէն թարգմանութիւնը կարդալէ ետք, Գարեգին Բ. կաթողիկոսարանի դիւանապետին միջոցով որոշ վերապահութիւններ կը յայտնէ Քունցի գիրքի կարգ մը հատուածներուն նկատմամբ եւ կ’առաջարկէ ոմանց ջնջումը, ուրիշներու ալ փոփոխութիւնը։ Քունց իր համաձայնութիւնը կու տայ։ Թղթակցութենէն այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, թէ գիրքը նախատեսուած էր հրատարակել Գերմանիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը պատրաստակամութիւն յայտնած է նիւթապէս աջակցելու տպագրական ծախսերուն։
Թղթակցութիւնը կը կատարուի 1986-էն 1991-ի միջեւ։ Այս ընթացքին կը պատահի Լենինականի աղետալի երկրաշարժը, ծայր կ’առնեն Երեւանի համաժողովրդային ցոյցերը, կը բռնկի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը։ Կարելի է ենթադրել թէ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի հայկական կեանքին մէջ յառաջացած այս արմատական փոփոխութիւնները պատճառ կ’ըլլան, որ Քունցի գիրքին ծրագիրը պահ մը անտեսուի, յետոյ ալ մոռցուի։
2024-ին, Վոլֆկանկ Քունց իր յառաջացած տարիքին պատճառով կ’որոշէ լուսանկարչական իր հարուստ հաւաքածոն – որոնց շարքին՝ հայկական թեմայով լուսանկարները – նուիրել Պերլինի պետական գրադարանին (bpk Fotoarchiv, Staatsbibliothek zu Berlin Preußischer Kulturbesitz)։ Այս հաստատութեան պատասխանատուներէն եւ «Յուշամատեան»ի գործընկերներէն Մելինէ Փեհլիւանեան Քունցին կ’առաջարկէ հայկական թեմայով լուսանկարները հրատարակել մեր կայքէջին մէջ։ Քունց իր համաձայնութիւնը կու տայ։ Եւ այսպէս ծայր կ’առնէ լուսանկարիչին հետ մեր գործակցութիւնը ու այս էջերուն պատրաստութիւնը։
Վոլֆկանկ Քունց - Կենսագրութիւն
Վոլֆկանկ Քունց ծնած է Աուկսպուրկի մէջ՝ 1949-ին։ Ան երրորդ զաւակն էր գեղանկարիչ Քարլ Քունցի եւ պատմագէտ Իլզէ Քունցի։ 25 Փետրուար 1944-ին, Աուկսպուրկ քաղաքի ռմբակոծման ժամանակ կը քանդուի իրենց ընտանեկան տունը եւ կ’ոչնչանայ նաեւ հօր գեղանկարներուն մեծ մասը։ Այս աղէտէն ետք, մայրը կը մտնէ ուսուցչութեան ասպարէզ՝ ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար, իսկ հայրը այս ձեւով կարելիութիւնը կ’ունենայ ազատ աշխատող արուեստագէտի իր գործը շարունակելու։
1953-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի Վայլպուրկ (Հեսսէնի երկրամասին մէջ), ուր 1959-ին Վոլֆկանկ Քունց կ’ամբողջացնէ իր միջնակարգ ուսումը։ 1960-ին կը փոխադրուի Ֆրանքֆուրթ քաղաքը, ուր կ’ապրի հօր հետ, որ 1957-էն ի վեր հոն արուեստանոց մը վարձած էր։ Վոլֆկանկի նպատակն էր էջադրող դառնալ, հետեւաբար կը սկսի հետեւիլ գրաշարութեան արհեստին ու կը դառնայ աշկերտ։ Այս տարիներուն Ֆրանքֆուրթի Städelschule-ի (արուեստի դպրոց) մէջ կը հետեւի գիշերային դասընթացներու ու կը սորվի մերկանկար եւ անշունչ բնանկար գծել։ Միեւնոյն ատեն, ան իր նոր գնած լուսանկարչական մեքենայով կը սկսի լուսանկարել։ Վոլֆկանկ Քունց անմիջապէս կը հմայուի իրեն համար ամբողջովին նոր այս գործիքով։
Լուսանկարչութիւնը մուտք գործած էր Վոլֆկանկ Քունցի աշխարհէն ներս։ Հօր արուեստանոցի կողքին գտնուող անոր սենեակը աւելի շատ կը վերածուի լուսանկարչական մութ սենեակի՝ հոն քնանալու յարմարութեամբ օժտուած։ Ան աւարտին կը հասցնէ գրաշարութեան եռամեայ աշկերտութեան ընթացքը, բայց կը շարունակէ կախարդուած մնալ լուսանկարչութեամբ։ Վոլֆկանկ Քունց օթօսթոփ-ով կը մեկնի Փարիզ, Պրըթանեը, ապա կը հասնի Իրլանտա, ուր մեծ ոգեւորութեամբ կը կիրառէ լուսանկարչութեան արուեստը։ Ան ներշնչուած էր Օթթօ Շթայներթի subjektive 2 նկարազարդ գիրքէն։ 1963-ին Վոլֆկանկ Քունց կ’ընդունուի Էսսէն քաղաքի Folkwangschule (համալսարան), ուր կը դասաւանդէր Շթայներթ։ Բայց Վոլֆկանկ համոզուած էր, որ իր ինքնուրոյն ուղին պէտք էր գտնել, ուստի մէկ տարի ետք կը ձգէ համալսարանը։ Արուեստի քննադատ Հաննօ Ռէօյթեր կը նկատէ անոր տաղանդը, անոր մասին կը գրէ եւ առիթ կը ստեղծէ որ Վոլֆկանկ Քունցի լուսանկարները հրատարակուին «Ֆրանքֆուրթեր ռունդշաու» Frankfurter Rundschau օրաթերթին մէջ։
1965-ին Քունց առիթ կ’ունենայ ծանօթանալու հանրայայտ լուսանկարիչ Թոմաս Հէօփքերին. միջոց մը կ’աշխատի անոր մութ սենեակին մէջ եւ մօտէն կը սերտէ արհեստավարժ լուսանկարիչին գործերը։
1966-ին Վոլֆկանկ Քունց կը գնէ «Լայքա» մակնիշի լուսանկարչական մեքենայ մը, ձեռք կը ձգէ Լոնտոն մեկնելու դրամաշնորհ մը եւ ամբողջ տարի մը կը լուսանկարէ բրիտանական մայրաքաղաքին երիտասարդական յեղափոխական մշակոյթը (Swinging London)։ Համպուրկ վերադառնալէ ետք, ան կը միանայ «Շթեռն» (Stern) պարբերաթերթի լուսանկարչական խումբին։ Երեք տարի հոս աշխատելէ ետք այս անգամ կը միանայ նոր հիմնուած «Ցայթ» (Zeit) պարբերաթերթի անձնակազմին։ Վերջաւորութեան սակայն, կը նախընտրէ որդեգրել ազատ աշխատողի կարգավիճակը եւ կը խուսափի մնայուն պաշտօններ ստանձնելէ։ Համպուրկէն իր լուսանկարչական մեքենայով կը մեկնի աշխարհի զանազան կողմերը. յաճախ կը լուսանկարէ տագնապալի վայրեր, ինչպէս Հիւսիսային Վիեթնամ, Հարաւային Վիեթնամ, Հիւսիսային Իրլանտա, Նամիպիա, առանց մոռնալու անշուշտ հայկական թեմայով լուսանկարչական իր առաքելութիւնները դէպի Թուրքիա, Խորհրդային Հայաստան, Լիբանան եւ Սուրիա։
1983-ին Վոլֆկանկ Քունց Համպուրկի մէջ 14 գործընկերներու հետ կը հիմնէ «Պիլտերպերկ» (BILDERBERG) լուսանկարչական գործակալութիւնը։ Գերմանիոյ վերամիացումէն ետք, ան 1995-էն 1999 լուսանկարչութիւն կը դասաւանդէ Պերլինի Վայսընզէյի արուեստի համալսարանէն ներս։ Այդ տարիներէն ի վեր ան կ’ապրի Պերլինի մէջ։