Վոլֆկանկ Քունցի լուսանկարներու հաւաքածոյ - Լիբանան - 1985

16/04/25 (վերջին փոփոխութիւն՝ 16/04/25)

Նախաբան

Armenier – Woher/Wohin [Հայեր – Ուրկէ՞/Դէպի ո՞ւր]։ Այս պիտի ըլլար Վոլֆկանկ Քունցի՝ 1985-1986 տարիներուն պատրաստուած նկարազարդ գիրքին վերնագիրը։ Յայտնի լուսանկարիչը 1983-էն 1985 յաջորդաբար այցելած էր Խորհրդային Հայաստան, Թուրքիա, Լիբանան, Սուրիա, դարձեալ Խորհրդային Հայաստան։ Այս երկիրներու բազմաթիւ քաղաքներու եւ վայրերու մէջ ան հարիւրաւոր լուսանկարներ առած էր։

Քունցի եւ հայերու (ու անոնց պատմութեան) միջեւ կապը կը սկսի 1970-ականներուն, երբ Թպիլիսի կեցութեան մը ընթացքին անոր առիթ կը ներկայանայ քանի մը օրով այցելելու Խորհրդային Հայաստան։ 1984-ին ան Թուրքիա կը մեկնի գերմանական GEO պարբերաթերթին համար հայոց վերաբերող յօդուած մը պատրաստելու նպատակով։ Քունց յօդուածին միայն լուսանկարիչն էր, յօդուածագիրը այլ անձ մըն էր։ GEO-ի 1986-ի Փետրուար-Մարտի թիւին մէջ լոյս տեսած սոյն յօդուածը ժամանակին աղմուկ կը ստեղծէ գերմանահայ համայնքին մէջ, նկատի ունենալով որ յօդուածագիրը Ցեղասպանութեան հարցով իւրացուցած էր թրքական պետութեան ժխտողական տեսակէտները։ Համպուրկի հայերը – այն քաղաքը ուր այդ ժամանակ կ’ապրէր ու կը գործէր Քունց – փոքր ցոյց մըն ալ կը կազմակերպեն GEO-ի յօդուածագիրին դէմ։ Սա կ’ըլլայ նոր առիթ, որ Քունց աւելի մօտէն հետաքրքրուի հայերով ու հայոց պատմութեամբ։ Այնուհետեւ, նոյն GEO պարբերաթերթի ֆրանսական տարբերակը, դարձեալ Քունցի լուսանկարներով եւ հայոց մասին, կը հրատարակէ Քլոտ Մութաֆեանի յօդուածը։ Հայերը այս անգամ բողոքելու պատճառ չունէին․ ընդհակառակը՝ կատարուածը Ցեղասպանութեան ուրացումին դէմ յաղթանակ մըն էր։

1984-ի Նոյեմբեր կամ Դեկտեմբերին Քունց Համպուրկի մէջ հանդիպում մը կ’ունենայ պաշտօնական այցով Արեւմտեան Գերմանիա գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ. Սարգիսեանի (1932-1999) հետ։ Վեհափառը լուսանկարիչին կ՚’առաջարկէ յաջորդ տարուայ Ապրիլին այցելել Լիբանան եւ Սուրիա, ուր կրնայ աւելի մօտէն ծանօթանալ հայութեան եւ անձամբ ներկայ ըլլալ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Ծրագիրը կը խանդավառէ Քունցը։ Նոյն տարի ան Համպուրկի մէջ կը հանդիպի կօշիկի գործարանատէր եւ վաճառական լիբանանահայ Ժէրար Պարսումեանի, որ այդ քաղաքն եկած էր «Փորշ» մակնիշի իր ինքնաշարժին համար արագաչափ գնելու։ Պարսումեանն ալ կը քաջալերէ լուսանկարիչը Լիբանան այցելելու եւ կը յայտնէ այս ճամբորդութիւնը դիւրացնելու իր աջակցութիւնը։

18 Ապրիլ 1985-ին, Քունց Պերլինի օդակայանէն արեւելագերմանական Interflug օդանաւով կը մեկնի Պէյրութ, երբ Լիբանան տակաւին կը գտնուէր քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ։ Նոյն ճամբորդութեան ընթացքին Քունց կ’այցելէ նաեւ Սուրիա։

Գիրքի ծրագիրին համար լուսանկարչական բոլոր նիւթերը պատրաստ էին։ Քունց այնուհետեւ կը ձեռնարկէ գիրքի զանազան գլուխներուն պատրաստութեան։ Այս գծով ան կը գործակցի գերմանացի գիտաշխատող Թեսսա Հոֆմանի հետ։ Քունց կը գրէ գիրքին երեք գլուխները, Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան վերաբերող առանձին բաժինները, մինչ Թեսսա Հոֆֆման կը հեղինակէ Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ Խորհրդային Հայաստանին վերաբերող գլուխները։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ գերմաներէնով գրուած այս բոլոր գլուխները անգլերէնի թարգմանելու եւ հրատարակութեան իր մասնակցութիւնը բերելու։

Գիրքին առանցքային թեման Ցեղասպանութիւնն էր։ Եթէ Թեսսա Հոֆֆմանի գրած գլուխներէն մէկը ուղղակի կը քննէ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, մնացեալ գլուխները, յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ վերաբերող բաժինները առաջին հայեացքով կը նմանին ճամբորդական տպաւորութիւններու վրայ հիմնուած պատումներու։ Բայց խորքին մէջ, այս գլուխներուն մէջ ալ 1915-ը հիմնական ներկայութիւն է. Քունց կը փորձէ հայկական գաղութային կեանքը քննել Ցեղասպանութեան ու անոր յիշողութեան պրիսմակէն։ Զուգադիպութիւն չէ որ 1985-ի Լիբանան եւ Սուրիա այցելութիւնները տեղի կ’ունենան Ապրիլ ամսուն, երբ կ’ոգեկոչուէր Ցեղասպանութեան 70-ամեակը։ Սուրիոյ մէջ Քունց կ’այցելէ Տէր Զօր, ուր այդ օրերուն հիմնարկէքը կ’ըլլար Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիին։

Գիրքին գլուխները հարուստ են Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններով։ Այդ տարիներուն հայկական զինեալ կազմակերպութիւններ Եւրոպայի տարածքին ահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարէին թրքական թիրախներու դէմ։ Քունց կլանուած էր հայկական կեանքով եւ պատմութեամբ. իր գրութիւններուն մէջ կը տեսնենք որ ան կը ցաւի, կ’ուրախանայ, կը հպարտանայ, կը դառնանայ, կ’ըմբոստանայ հայու մը նման, կ’արտայայտուի ինչպէս 1980-ականներու հայ մը պիտի ընէր։ Կարծես թէ ան որդեգրած է հայութիւնը, կարծես թէ հայութիւնն ալ զայն որդեգրած է։

Այսպիսի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, կը կարծուէր թէ Քունցի գիրքի ծրագիրը հեզասահ պիտի ընթանար եւ բարեյաջող աւարտ ունենար։ Դժբախտաբար այդպէս չըլլար։ Անոր արխիւներուն մէջ գոյութիւն ունի բազմակողմանի թղթակցութիւն մը, որուն ընդմէջէն կը տեսնենք որ գիրքի հրատարակութեան ծրագիրը սկիզբը ամուր հիմերով կը յառաջդիմէ, ապա կը կաղայ ու վերջաւորութեան գիրքը երբեք լոյս չի տեսներ։ Թղթակցող գլխաւոր կողմերն են հեղինակ/լուսանկարիչ Քունցը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դիւանապետը ու Արեւելեան Ա․ Մ․ Ն․ի կիլիկեան թեմի առաջնորդարանը (Նիւ Եորք)։ Գարեգին Բ.ի նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորքի առաջնորդարանը յանձն կ’առնէ ամբողջ գործին անգլերէն թարգմանութիւնը։ Միքայէլ Փափազեան գերմաներէնէ անգլերէնի կը թարգմանէ բոլոր գլուխները, ինչպէս նաեւ լուսանկարներուն մակագիրները։ Գիրքը պիտի բաղկանար 220 էջէ եւ 228 լուսանկարէ։ Անգլերէն թարգմանութիւնը կարդալէ ետք, Գարեգին Բ. կաթողիկոսարանի դիւանապետին միջոցով որոշ վերապահութիւններ կը յայտնէ Քունցի գիրքի կարգ մը հատուածներուն նկատմամբ եւ կ’առաջարկէ ոմանց ջնջումը, ուրիշներու ալ փոփոխութիւնը։ Քունց իր համաձայնութիւնը կու տայ։ Թղթակցութենէն այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, թէ գիրքը նախատեսուած էր հրատարակել Գերմանիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը պատրաստակամութիւն յայտնած է նիւթապէս աջակցելու տպագրական ծախսերուն։

Թղթակցութիւնը կը կատարուի 1986-էն 1991-ի միջեւ։ Այս ընթացքին կը պատահի Լենինականի աղետալի երկրաշարժը, ծայր կ’առնեն Երեւանի համաժողովրդային ցոյցերը, կը բռնկի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը։ Կարելի է ենթադրել, թէ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի հայկական կեանքին մէջ յառաջացած այս արմատական փոփոխութիւնները պատճառ կ’ըլլան, որ Քունցի գիրքին ծրագիրը պահ մը անտեսուի, յետոյ ալ մոռցուի։

2024-ին, Վոլֆկանկ Քունց իր յառաջացած տարիքին պատճառով կ’որոշէ լուսանկարչական իր հարուստ հաւաքածոն – որոնց շարքին՝ հայկական թեմայով լուսանկարները – նուիրել Պերլինի պետական գրադարանին (bpk Fotoarchiv, Staatsbibliothek zu Berlin Preußischer Kulturbesitz)։ Այս հաստատութեան պատասխանատուներէն եւ «Յուշամատեան»ի գործընկերներէն Մելինէ Փեհլիւանեան Քունցին կ’առաջարկէ հայկական թեմայով լուսանկարները հրատարակել մեր կայքէջին մէջ։ Քունց իր համաձայնութիւնը կու տայ։ Եւ այսպէս ծայր կ’առնէ լուսանկարիչին հետ մեր գործակցութիւնը ու այս էջերուն պատրաստութիւնը։

Լիբանան – 1985

Վոլֆկանկ Քունց Լիբանան կը ժամանէ 18 Ապրիլ 1985-ին, առաւօտեան մօտաւորապէս ժամը 6։30-ին։ Ան կու գար Պերլինէն (արեւելեան), ուրկէ առած էր Interflug ընկերութեան օդանաւը։ Լիբանան կը գտնուէր զինեալ յաճախակի բախումներով յատկանշուող՝ լարուած, անկայուն եւ վտանգաւոր պատերազմական մթնոլորտի մը մէջ։

Քունցի ժամանման օրերուն Պէյրութի (արեւմտեան) մէջ տեղի կ’ունենային զինեալ ընդհարումներ։ Այս պատճառով, Անթիլիասի կաթողիկոսարանը լուսանկարիչին կը յանձնարարէ յետաձգել ճամբորդութիւնը։ Բայց Քունց վճռած էր մեկնիլ։ Ժերար Պարսումեան (կօշիկի Souliers Gérard գործարանի եւ վաճառատան սեփականատէրը) նախապէս թելէքսով տեղեկացուցած էր Քունցը, թէ իր վարորդը պիտի ուղարկէր Պէյրութի օդակայան՝ Քունցը դիմաւորելու եւ զայն իր տունը բերելու համար։ Քունց չէր փափաքած անհանգստացնել իր բարեկամը առտուան կանուխ ժամերուն եւ Համպուրկէն թելէքսով մը պատասխանած էր, թէ ինք թաքսի մը կ’առնէ օդակայանէն եւ կու գայ Պարսումեաններու տունը արեւելեան Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասին մէջ։ Այլ մանրամասնութիւններ չենք գիտեր։ Ապրիլ 18-ին Պարսումեանի վարորդը օդակայանին մէջ կը սպասէր Քունցը, սակայն այս վերջինը զայն չի նկատեր եւ թաքսի մը առնելով կ’ուղղուի Էշրեֆիէ։ Թաքսիին վարորդը վերջաւորութեան չափազանց բարձր փոխադրավարձ կը պահանջէ լուսանկարիչէն…

Լիբանանեան ծայրայեղ ժխտական եւ դրական փորձառութիւններ ապրելու էջը առաջին իսկ պահէն բացուած էր Քունցի համար։ Անոնք պիտի շարունակէին ընկերակցիլ լուսանկարիչին այս երկրին մէջ իր կեցութեան ամբողջ տեւողութեան։

Քունց օրական 50 գերմանական մարք արժող սենեակ մը կը վարձէ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի անմիջապէս կից մայրուղիին միւս կողմը գտնուող «Կոլտըն պիչ» (Golden Beach) պանդոկային համալիրին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս մօտիկութիւնը զուգադիպութիւն չէր։ Քունց Լիբանան ժամանած էր Գարեգին Բ. Սարգիսեան կաթողիկոսի հրաւէրով՝ ներկայ գտնուելու Հայոց ցեղասպանութեան 70-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի եւ Սուրիոյ գլխաւոր ձեռնարկներուն՝ նոր լուսանկարներով հարստացնելու հայոց մասին իր պատրաստելիք գիրք-ալպոմը։ Ան նախապէս այցելած էր Թուրքիա ու Խորհրդային Հայաստան եւ հայկական թեմայով արդէն իսկ ունէր լուսանկարներու ճոխ հաւաքածոյ մը։

Եթէ Լիբանան եւ Սուրիա Քունցի այցելութեան առանցքային թեման Հայոց ցեղասպանութիւնն էր, առանցքային դէմքը, անկասկած, Գարեգին Բ.ն էր (հետագային Էջմիածնի մէջ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոս)։ Գերմանացի լուսանկարիչը խորապէս տպաւորուած էր Համպուրկի մէջ Նոյեմբեր 1984-ին Վեհափառին հետ ունեցած իր զրոյցէն։ Կիլիկիոյ Աթոռին գահակալը պիտի շարունակէր առինքնող տիպար մը մնալ Քունցի համար իր այցելութեան ամբողջ տեւողութեան։ Քունց իր օրագիրին մէջ կը գրէ, թէ տպաւորուած էր Գարեգին Բ.ի պարզութենէն եւ հաղորդականութենէն, նոյն ժամանակ ալ կրօնական լայնածաւալ կառոյց մը ղեկավարելու անոր ընդունակութենէն։ Սիրած է անոր սրամիտ կատակները, մանաւանդ սեփական առողջական զգայուն վիճակին մասին։ Քունց կը գրէ թէ կաթողիկոսը նոր ապաքինած էր սրտի կաթուածէ մը, այդ պատճառով ալ պէտք է յատուկ սննդականոնի մը հետեւէր ան։ Այս մասին Գարեգին Բ. կատակով կ’ըսէ իրեն. «Բժիշկէս յաջողեցայ ձեռք ձգել օրական յետմիջօրէի մրափ մը, օրական մէկ գաւաթ ուիսքի խմելու եւ շաբաթական երեք սիկար ծխելու արտօնութիւնը»։ Ուրիշ անգամ, Քունց եւ Գարեգինը Բ. միասին վերելակին մէջ են եւ կը բարձրանան կաթողիկոսարանի այդ օրերու դիւանապետին բնակարանը, ուր հրաւիրուած են ընթրիքի։ Բնակարանը բարձր շէնքի մը վերին յարկերէն մէկը կը զբաղցնէր. այս մասին ալ կաթողիկոսը կը կատակէ. «Դիւանապետս ինձմէ աւելի մօտ է դրախտին»։

Լիբանան այցելութեան առաջին օրերու լուսանկարները ամէնէն աւելի կեդրոնացած են Անթիլիասի կաթողիկոսարանին եւ Կիլիկիոյ Աթոռին պատկանող կառոյցներու վրայ։ Քունց կաթողիկոսարանին մէջ կը լուսանկարէ Կիլիկիայէն բերուած միջնադարեան գանձեր եւ ձեռագիրներ, կ’այցելէ Պիքֆայայի դպրեվանք, Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն» հայկական որբանոցը, կը լուսանկարէ Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ գումարուած նիստ մը։ Ճոխ օր մըն է Կիրակի, 21 Ապրիլ 1985-ը։ Առտուն Քունց ներկայ կ’ըլլայ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին։ Այնուհետեւ կը լուսանկարէ Մեծ եղեռնի նահատակներու դամբարան-յուշարձանը։ Նոյն օրը յետմիջօրէին, Քունց կը լուսանկարէ մայր տաճարին մէջ պսակադրութիւն մը։ Իրիկունը, երբ վերադարձած էր «Կոլտըն պիչ»ի իր սենեակը, զինեալ ընդհարում մը կը բռնկի իր պանդոկին շատ մօտիկ։ Քունց իր օրագիրին մէջ կը նշէ․ «Պատշգամէս հետեւեցայ այս զինեալ բախումին»…

Ապրիլ 22-ին, Քունց կէսօրէ առաջ կ’այցելէ Ֆանարի շրջան, կը տեսակցի հոն գտնուող Ազգ. Խանամիրեան վարժարանի բարձր կարգերու աշակերտներու հետ եւ կը լուսանկարէ Ֆանարի Լէյլաւան կոչուող ժողովրդային տուները։ Կէսօրէ ետք զինք կը գտնենք Պուրճ Համուտի մէջ. հոն կը հանդիպի հայկական ծերանոցին մէջ պատսպարուած, ցեղասպանութենէն վերապրողներու հետ եւ հարցազրոյց կը վարէ անոնց հետ։

Յաջորդ օրը (Ապրիլ 23) առտուն տեղի կ’ունենայ ծանրակշիռ դէպք մը, որ կը ցնցէ լիբանանահայ գաղութը։ Պուրճ Համուտի մարզադաշտին մօտերը անծանօթ զինեալներ կը սպաննեն Լիբանանի մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ղեկավարներէն Սարգիս Ազնաւուրեանը։ Քունցի օրագիրին մէջ ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ այս ոճիրին մասին, բայց հետագային, երբ արդէն վերադարձած էր Գերմանիա՝ ան լուսաբանութիւններ կը խնդրէ (եւ կը ստանայ) լիբանանահայ իր մէկ ծանօթէն։ Ապրիլ 23-ին Քունց կ’այցելէ Պէյրութի Գարանթինայի շրջանը, ուր անցեալին գտնուած է Պէյրութի հայկական գաղթակայանը։ Դժբախտաբար իր հաւաքածոյին մէջ Գարանթինայէն ոչ մէկ լուսանկար կայ։ Այնուհետեւ կ’այցելէ Յակոբ Թոփագեանի գորգի վաճառատունը Պուրճ Համուտի մէջ։ Յակոբի կինը՝ Կերտան, գերմանացի էր։ Քունց անոր հետ հետագային թղթակցած է։ Կերտա յայտնապէս փորձած է օգտակար ըլլալ գիրք-ալպոմի հրատարակութեան իր ծրագիրին։ Յակոբի հայրը՝ Բարունակ Թոփագեանը, ծնած էր Կեսարիա (Քայսերի)։ Ան Քունցի կը պատմէ թէ ինչ պայմաններու մէջ ինք, եղբայրը եւ մայրը վերապրած են ցեղասպանութենէն։ Կէսօրէ ետք, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տեղի կ’ունենայ հայկական դպրոցներու բարձր կարգերու աշակերտներու հաւաք, որու ընթացքին կը հրկիզուի Թուրքիոյ դրօշը։ Երեկոյեան, Քունց կը լուսանկարէ նախ Պիքֆայայի դպրեվանքի շրջափակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 70-ամեակի առիթով հսկումը, ապա Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ուսանողական-երիտասարդական հսկումը։

Ապրիլ 24-ի առաւօտեան Քունց ներկայ կ՚ըլլայ կաթողիկոսարանի մայր տաճարին մէջ մատուցուած ծ պատարագին։ Անոր կը յաջորդէ Մեծ Եղեռնի նահատակներու դամբարան-յուշարձանին առջեւ Գարեգին Բ.ի արտասանած պատգամը։

Նոյն օրը կէսօրէ ետք տեղի կ’ունենայ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման գլխաւոր ձեռնարկը՝ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ ժողովրդային հաւաքը։ Հայկական թերթերը կը նշեն, որ 20 հազար հայեր ներկայ եղած են այս հաւաքին։ Քունց իր օրագիրին մէջ այս թիւը կը հասցնէ 30 հազարի։ Գերմանացի վաւերագրող լուսանկարիչը յայտնապէս տպաւորուած է այս հաւաքէն, ազդուած է հոն Գարեգին Բ.ի արտասանած հայերէն պատգամէն։ Վստահաբար, կարգ մը հատուածներ կամ ամբողջ պատգամը տեղւոյն վրայ թարգմանուած է Քունցի, նկատի ունենալով որ ան իր օրագիրին մէջ գերմաներէնով մէջբերումներ կ’ընէ կաթողիկոսի խօսքէն։ Լուսանկարիչին անձնական թուղթերուն մէջ կը գտնենք նաեւ հայերէն այս ճառը՝ ամբողջութեամբ։ Մեքենագրուած այս տարբերակը կրնայ ըլլալ որ այդ հանդիսաւոր օրուան ընթացքին Գարեգինի Բ.ի խօսքն է, մանաւանդ որ անոր վրայ կան նշումներ՝ շատ հաւանաբար կատարուած հեղինակին կողմէ (ժողովրդային հաւաքին Գարեգին Բ.ի խօսքը կարելի է տեսնել «Հասկ» ամսագիրին մէջ. 1985, թիւ 4-5, Ապրիլ-Մայիս, էջ 117-124)։

Յաջորդ օրը Քունց կը ձգէ Լիբանանի ծովափը եւ թաքսիով կ’ուղղուի Այնճար հայաբնակ գիւղը Պէքաայի դաշտին մէջ։ Հոն հասնելու համար պէտք էր կտրել Լեռնալիբանանի լեռնաշղթան եւ անցնիլ ճամբու երկայնքին հաստատուած սուրիական բանակի բազմաթիւ անցարգելներէն։ Սուրիական բանակը կարեւոր ներկայութիւն էր նաեւ Այնճարի մէջ, որ դարձած էր նստավայրը Լիբանանի մէջ այդ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարին։ Քունց իր օրագիրին մէջ կը նշէ, թէ Այնճարը, անոր համայնապատկերը, առօրեայ կեանքը լուսանկարելու իր աշխատանքը երբեմն կը կաշկանդուէր սուրիացի զինուորներու միջամտութիւններով։ Այդուհանդերձ, լուսանկարիչին հաւաքածոն հարուստ է Այնճարի նկարներով։ Մանաւանդ տպաւորիչ են 1915-ի Մուսա Լեռան դիմադրութիւնը տեսած ու ապրած հայ տարեցներու խմբանկարները։

27 Ապրիլին Քունց կը ճամբորդէ Սուրիա։ Թրիփոլիի ճամբով Մայիս 13-ին կը վերադառնայ Լիբանան, ուր դարձեալ սենեակ մը կը վարձէ «Կոլտըն պիչ»ի մէջ, Անթիլիաս։ Յաջորդ օրը կ’այցելէ Պարսումեան ընտանիքի Պուրճ Համուտի գործարանը եւ Ժերար Պարսումեանէն կ’իմանայ, որ վերջին օրերու ընդհարումներուն ընթացքին, Էշրեֆիէի իրենց տան վրայ երեք ռումբ ինկած է։ Նոյն օրը կ’այցելէ Էշրեֆիէի Հայաշէն թաղամասի Ազգ. Թորգոմեան վարժարան։

Անթիլիասի կաթողիկոսարանը կ’ապահովէ Քունցի վերադարձի թռիչքի տոմսը։ Բայց պէտք էր օդակայան հասնիլ, ինչը Պէյրութի այդ տարիներու պայմաններուն մէջ արկածախնդրութիւն էր, նկատի ունենալով որ պէտք էր անցնիլ մայրաքաղաքը հակամարտ կողմերը իրարմէ բաժնող սահմանագիծէն։ Այդ տեսակէտէն բարեբախտութիւն էր Ժերար Պարսումեանի հետ իր բարեկամութիւնը։ Պարսումեանները արեւմտեան Պէյրութի Համրա թաղամասին մէջ ալ ունէին կօշիկի վաճառատան մասնաճիւղ մը։ Քունցի մեկնումին նախորդ օրը Պարսումեանենց վարորդը Պուրճ Համուտէն կօշիկ պիտի փոխադրէր Համրայի մասնաճիւղ։ Կը համաձայնին որ Քունցն ալ վարորդին հետ Համրա երթայ։ Մայիս 15-ի համար Քունց իր օրագիրին մէջ կը գրէ, թէ միայն մէկ յարաբերաբար ապահով ճամբայ կար Պէյրութի սահմանագիծը կտրելու։ Ճամբուն ընթացքին քանի մը անգամ կրակոցներ կը լսուին, այդուհանդերձ Քունցը փոխադրող ինքնաշարժը բարեյաջող կը հասնի Համրա։

Արեւմտեան Պէյրութի մէջ Քունց գիշերը կ’անցընէ Համրայի «Մարպըլ թաուըր» (Marble Tower) պանդոկին մէջ եւ յաջորդ օրը (Մայիս 16) կը հասնի Պէյրութի օդակայան։ Հոն հաւաքուած էր ճամբորդներու խուռներամ բազմութիւն մը, այնքան շատ, որ Քունց կը սկսի մտահոգուիլ թէ անկարելի պիտի ըլլայ այդ խճողումը շրջանցել եւ հասնիլ թռիչքի իր դարպասը։ Բայց բախտը դարձեալ կը ժպտի իրեն։ Ի վերջոյ տեղ կը գրաւէ դէպի Գերմանիա (հաւանաբար Պերլին) ուղղուող Interflug օդանաւին մէջ։ Նոյն օրը ժամը 22-ին ան կը հասնի Համպուրկ՝ տուն։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան, Անթիլիաս, Լիբանան

1. / 3. Մեծ Եղեռնի նահատակներու դամբարան-յուշարձան Սուրբ Ստեփանոս մատուռէն ներս։

2. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը (աջին) եւ Մեծ Եղեռնի նահատակներու դամբարան-յուշարձան Սուրբ Ստեփանոս մատուռը (ձախին)։

Հայոց ցեղասպանութեան 70-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներ

Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 1985, Անթիլիաս։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր պատգամը կ’ուղղէ Մեծ Եղեռնի նահատակներու դամբարան-յուշարձան Սուրբ Ստեփանոս մատուռին առջեւէն։

Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 1985, Անթիլիաս։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր պատգամը կ’ուղղէ Մեծ Եղեռնի նահատակներու դամբարան-յուշարձան Սուրբ Ստեփանոս մատուռին առջեւէն։

4 Ապրիլ 1985։ Հաւանաբար հայկական ձայնասփիւռի կայանի մը թղթակիցը Անթիլիասի կաթողիկոսարանի շրջաբակին մէջ հարցումներ կ’ուղղէ ցեղասպանութենէն վերապրած հայ տարեցներու։

Պիքֆայա

Պիքֆայայի մէջ ցեղասպանութեան զոհերու 1965-ին զետեղուած յուշարձանը։ Քանդակագործ՝ Զաւէն Խտըշեան։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի շրջանին՝ 26 Հոկտեմբեր 1978-ին քրիստոնեայ ծայրայեղ աջակողմեան զինեալներ զայն պայթեցուցած էին։ Վոլֆկանկ Քունցի այցելութեան ժամանակ յուշարձանը տակաւին կիսաքանդ էր։ Ան պիտի վերանորոգուէր 1993-ին։

Պիքֆայայի դպրեվանքի սաները դասի պահուն։

24 Ապրիլ 1985. հայոց ցեղասպանութեան 70-ամեակի ոգեկոչման հաւաք Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ

Հայկական վարժարաններու աշակերտներ կ’ուղղուին դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտը։
Հայկական վարժարաններու աշակերտներ կ’ուղղուին դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտը։

Հայ աշակերտներ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ իր պատգամը արտասանելու պահուն։ Սոյն խօսքը վերնագրուած էր՝ «Եօթը ողջոյն նահատակաց եօթանասնամեակին»։

Ցեղասպանութենէն վերապողներ

Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ կոյր մը, լուսանկարուած է Պուրճ Համուտի ծերանոցին մէջ։
Ցեղասպանութենէն վերապրող Բարունակ Թոփագեան (ծնեալ Կեսարիա)։
Ցեղասպանութենէն վերապրող Բարունակ Թոփագեան (ծնեալ Կեսարիա)։
Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ կոյր մը, լուսանկարուած է Պուրճ Համուտի ծերանոցին մէջ։

Պսակի արարողութիւն Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ

Պսակի արարողութենէն ետք հարսնեւորները հաւաքուած են կաթողիկոսարանի շրջաբակին մէջ։

Ճիպէյլի (Պիպլոս) «Թռչնոց բոյն» հայկական որբանոցը

Այնճար

1915-ի դիմադրութեան ականատես վկայ, Այնճար ապրող հինգ մուսալեռցի հայեր։ Այդ թուականին Մուսա Լեռի գիւղերու բնակիչները լեռ կը բարձրանան՝ տեղահանութեան եւ ջարդի սպառնալիքէն ազատելու համար եւ կը դիմադրեն յարձակող թրքական զօրքին։ Ճերմակ կտորի վրայ կարմիր խաչ կրող այս դրօշը մուսալեռցիք պատրաստած են դիմադրութեան օրերուն։ Լեռան գագաթէն զայն կը պարզեն ֆրանսական մարտանաւերուն, որոնք զայն կը նկատեն, կը մօտենան ծովափին եւ ամբողջ ժողովուրդը կը տեղափոխեն Փոր Սայիտ (Եգիպտոս)։ Ձախէն աջ՝ Պետրոս Շաննագեան (Շաննագինց Պատըր), Հայրապետ Անտոնեան, Մովսէս Քենտիրճեան (Մուշթա Պապուկ), Կարապետ Սթամպուլեան, Աբրահամ Նգրուրեան (Ալաուի)։

Պետրոս Շաննագեան (Շաննագինց Պատըր) եւ Աբրահամ Նգրուրեան (Ալաուի)։

Պետրոս Շաննագեան (Շաննագինց Պատըր), Խըտըր Պէկ գիւղէն։ 1915-ին 15 տարեկան էր։ Կը յիշէ հայոց դիմադրութիւնը։ Ձեռքին բռնածը դիմադրութեան ընթացքին գործածուած հրացաններէն է։ Մուսա Լեռի գիւղերու բնակիչները լեռ կը բարձրանան՝ տեղահանութեան եւ ջարդի սպառնալիքէն ազատելու համար։ Անոնք սոյն կարմիր խաչով դրօշը ձեռքով կը հիւսեն եւ լեռան գագաթէն կը պարզեն ֆրանսական մարտանաւերուն, որոնք հետագային կը մօտենան ծովափին եւ ամբողջ ժողովուրդը կը տեղափոխեն Փոր Սայիտ (Եգիպտոս)։

Թոնիրի հաց՝ պատրաստուած Այնճարի մէջ։

Այնճարի համայնապատկերը։ Առաջին կարգի վրայ կ’երեւի Ս. Պօղոս եկեղեցին։ Խորքին կ’երեւին Լեռնալիբանանի բարձր գագաթները։
Այնճարի համայնապատկերը։ Առաջին կարգի վրայ կ’երեւի Ս. Պօղոս եկեղեցին։ Խորքին կ’երեւին Լեռնալիբանանի բարձր գագաթները։
Այնճարի համայնապատկերը։ Առաջին կարգի վրայ կ’երեւին իրենց հողը ձեռքով մշակող հայ գիւղացիներ։
Այնճար, «Յառաջ» նախակրթարանի աշակերտները, 25 Ապրիլ 1985։
Կոմս Հապէշեան (ձախին) եւ Սարգիս Գարիկեան (աջին)։

Վոլֆկանկ Քունցի Այնճար այցելութիւնը զուգադիպած էր Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման 70-ամեակի ձեռնարկներուն։ Այնճարի մէջ պատրաստուած է ցեղասպանութեան զոհերու Պիքֆայայի յուշարձանին կրկնօրինակը։

Ֆանարի մէջ (Լիբանան). Ազգ. Խանամիրեան վարժարան եւ Լէյլաւան

The construction of the public housing project called Leylavan in Fanar (Lebanon).
Ազգ. Խանամիրեան վարժարանի աշակերտներ։ Ձախէն աջ՝ Վերա Ջուլհաճեան, Յակոբ Կարապետեան, Մհեր Ջուլհաճեան, Սոնիա Սարըպոյաճեան։
Ազգ. Խանամիրեան վարժարանի աշակերտներ (Ֆանար), Ապրիլ 1985։ Վոլֆկանկ Քունց իր օրագիրին մէջ կը գրէ, թէ վարժարանն ունէր 452 աշակերտ։
Ազգ. Խանամիրեան վարժարանի աշակերտներ։ Ձախէն աջ՝ Մհեր Գարագաշեան, Սոնիա Սարըպոյաճեան, Սեւակ Փանոսեան, Փայլիկ Գրմոյեան, Յովհաննէս (մականունը՝ անծանօթ), Յակոբ Կարապետեան, Վերա Ջուլհաճեան։

Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն այլազան լուսանկարներ

Գարեգին Բ. կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի գանձեր (Անթիլիաս)

Կիլիկիայէն բերուած ձեռագիրներ, որոնք կը պահուին Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ։

Այլազան լուսանկարներ

Հայաշէնի Ազգ․ Թորգոմեան վարժարանին մէջ։

Վոլֆկանկ Քունց - Կենսագրութիւն

Վոլֆկանկ Քունց ծնած է Աուկսպուրկի մէջ՝ 1942-ին։ Ան երրորդ զաւակն էր գեղանկարիչ Քարլ Քունցի եւ պատմագէտ Իլզէ Քունցի։ 25 Փետրուար 1944-ին, Աուկսպուրկ քաղաքի ռմբակոծման ժամանակ կը քանդուի իրենց ընտանեկան տունը եւ կ’ոչնչանայ նաեւ հօր գեղանկարներուն մեծ մասը։ Այս աղէտէն ետք, մայրը կը մտնէ ուսուցչութեան ասպարէզ՝ ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար, իսկ հայրը այս ձեւով կարելիութիւնը կ’ունենայ ազատ աշխատող արուեստագէտի իր գործը շարունակելու։

1953-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի Վայլպուրկ (Հեսսէնի երկրամասին մէջ), ուր 1959-ին Վոլֆկանկ Քունց կ’ամբողջացնէ իր միջնակարգ ուսումը։ 1960-ին կը փոխադրուի Ֆրանքֆուրթ քաղաքը, ուր կ’ապրի հօր հետ, որ 1957-էն ի վեր հոն արուեստանոց մը վարձած էր։ Վոլֆկանկի նպատակն էր էջադրող դառնալ, հետեւաբար կը սկսի հետեւիլ գրաշարութեան արհեստին ու կը դառնայ աշկերտ։ Այս տարիներուն Ֆրանքֆուրթի Städelschule-ի (արուեստի դպրոց) մէջ կը հետեւի գիշերային դասընթացներու ու կը սորվի մերկանկար եւ անշունչ բնանկար գծել։ Միեւնոյն ատեն, ան իր նոր գնած լուսանկարչական մեքենայով կը սկսի լուսանկարել։ Վոլֆկանկ Քունց անմիջապէս կը հմայուի իրեն համար ամբողջովին նոր այս գործիքով։

Լուսանկարչութիւնը մուտք գործած էր Վոլֆկանկ Քունցի աշխարհէն ներս։ Հօր արուեստանոցի կողքին գտնուող անոր սենեակը աւելի շատ կը վերածուի լուսանկարչական մութ սենեակի՝ հոն քնանալու յարմարութեամբ օժտուած։ Ան աւարտին կը հասցնէ գրաշարութեան եռամեայ աշկերտութեան ընթացքը, բայց կը շարունակէ կախարդուած մնալ լուսանկարչութեամբ։ Վոլֆկանկ Քունց օթօսթոփ-ով կը մեկնի Փարիզ, Պրըթանեը, ապա կը հասնի Իրլանտա, ուր մեծ ոգեւորութեամբ կը կիրառէ լուսանկարչութեան արուեստը։ Ան ներշնչուած էր Օթթօ Շթայներթի subjektive 2 նկարազարդ գիրքէն։ 1963-ին Վոլֆկանկ Քունց կ’ընդունուի Էսսէն քաղաքի Folkwangschule (համալսարան), ուր կը դասաւանդէր Շթայներթ։ Բայց Վոլֆկանկ համոզուած էր, որ իր ինքնուրոյն ուղին պէտք էր գտնել, ուստի մէկ տարի ետք կը ձգէ համալսարանը։ Արուեստի քննադատ Հաննօ Ռէօյթեր կը նկատէ անոր տաղանդը, անոր մասին կը գրէ եւ առիթ կը ստեղծէ որ Վոլֆկանկ Քունցի լուսանկարները հրատարակուին «Ֆրանքֆուրթեր ռունդշաու» Frankfurter Rundschau օրաթերթին մէջ։

1965-ին Քունց առիթ կ’ունենայ ծանօթանալու հանրայայտ լուսանկարիչ Թոմաս Հէօփքերին. միջոց մը կ’աշխատի անոր մութ սենեակին մէջ եւ մօտէն կը սերտէ արհեստավարժ լուսանկարիչին գործերը։

1966-ին Վոլֆկանկ Քունց կը գնէ «Լայքա» մակնիշի լուսանկարչական մեքենայ մը, ձեռք կը ձգէ Լոնտոն մեկնելու դրամաշնորհ մը եւ ամբողջ տարի մը կը լուսանկարէ բրիտանական մայրաքաղաքին երիտասարդական յեղափոխական մշակոյթը (Swinging London)։ Համպուրկ վերադառնալէ ետք, ան կը միանայ «Շթեռն» (Stern) պարբերաթերթի լուսանկարչական խումբին։ Երեք տարի հոս աշխատելէ ետք այս անգամ կը միանայ նոր հիմնուած «Ցայթ» (Zeit) պարբերաթերթի անձնակազմին։ Վերջաւորութեան սակայն, կը նախընտրէ որդեգրել ազատ աշխատողի կարգավիճակը եւ կը խուսափի մնայուն պաշտօններ ստանձնելէ։ Համպուրկէն իր լուսանկարչական մեքենայով կը մեկնի աշխարհի զանազան կողմերը. յաճախ կը լուսանկարէ տագնապալի վայրեր, ինչպէս Հիւսիսային Վիեթնամ, Հարաւային Վիեթնամ, Հիւսիսային Իրլանտա, Նամիպիա, առանց մոռնալու անշուշտ հայկական թեմայով լուսանկարչական իր առաքելութիւնները դէպի Թուրքիա, Խորհրդային Հայաստան, Լիբանան եւ Սուրիա։

1983-ին Վոլֆկանկ Քունց Համպուրկի մէջ 14 գործընկերներու հետ կը հիմնէ «Պիլտերպերկ» (BILDERBERG) լուսանկարչական գործակալութիւնը։ Գերմանիոյ վերամիացումէն ետք, ան 1995-էն 1999 լուսանկարչութիւն կը դասաւանդէ Պերլինի Վայսընզէյի արուեստի համալսարանէն ներս։ Այդ տարիներէն ի վեր ան կ’ապրի Պերլինի մէջ։