Գարեգին Բ. Տէր Զօրի նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին, 1985։

Վոլֆկանկ Քունցի լուսանկարներու հաւաքածոյ - Սուրիա - 1985

17/07/25 (վերջին փոփոխութիւն՝ 17/07/25)

Նախաբան

Armenier – Woher/Wohin [Հայեր – Ուրկէ՞/Դէպի ո՞ւր]։ Այս պիտի ըլլար Վոլֆկանկ Քունցի՝ 1985-1986 տարիներուն պատրաստուած նկարազարդ գիրքին վերնագիրը։ Յայտնի լուսանկարիչը 1983-էն 1985 յաջորդաբար այցելած էր Խորհրդային Հայաստան, Թուրքիա, Լիբանան, Սուրիա, դարձեալ Խորհրդային Հայաստան։ Այս երկիրներու բազմաթիւ քաղաքներու եւ վայրերու մէջ ան հարիւրաւոր լուսանկարներ առած էր։

Քունցի եւ հայերու (ու անոնց պատմութեան) միջեւ կապը կը սկսի 1970-ականներուն, երբ Թպիլիսի կեցութեան մը ընթացքին անոր առիթ կը ներկայանայ քանի մը օրով այցելելու Խորհրդային Հայաստան։ 1984-ին ան Թուրքիա կը մեկնի գերմանական GEO պարբերաթերթին համար հայոց վերաբերող յօդուած մը պատրաստելու նպատակով։ Քունց յօդուածին միայն լուսանկարիչն էր, յօդուածագիրը այլ անձ մըն էր։ GEO-ի 1986-ի Փետրուար-Մարտի թիւին մէջ լոյս տեսած սոյն յօդուածը ժամանակին աղմուկ կը ստեղծէ գերմանահայ համայնքին մէջ, նկատի ունենալով որ յօդուածագիրը Ցեղասպանութեան հարցով իւրացուցած էր թրքական պետութեան ժխտողական տեսակէտները։ Համպուրկի հայերը – այն քաղաքը ուր այդ ժամանակ կ’ապրէր ու կը գործէր Քունց – փոքր ցոյց մըն ալ կը կազմակերպեն GEO-ի յօդուածագիրին դէմ։ Սա կ’ըլլայ նոր առիթ, որ Քունց աւելի մօտէն հետաքրքրուի հայերով ու հայոց պատմութեամբ։ Այնուհետեւ, նոյն GEO պարբերաթերթի ֆրանսական տարբերակը, դարձեալ Քունցի լուսանկարներով եւ հայոց մասին, կը հրատարակէ Քլոտ Մութաֆեանի յօդուածը։ Հայերը այս անգամ բողոքելու պատճառ չունէին․ ընդհակառակը՝ կատարուածը Ցեղասպանութեան ուրացումին դէմ յաղթանակ մըն էր։

1984-ի Նոյեմբեր կամ Դեկտեմբերին Քունց Համպուրկի մէջ հանդիպում մը կ’ունենայ պաշտօնական այցով Արեւմտեան Գերմանիա գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ. Սարգիսեանի (1932-1999) հետ։ Վեհափառը լուսանկարիչին կ՚’առաջարկէ յաջորդ տարուայ Ապրիլին այցելել Լիբանան եւ Սուրիա, ուր կրնայ աւելի մօտէն ծանօթանալ հայութեան եւ անձամբ ներկայ ըլլալ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Ծրագիրը կը խանդավառէ Քունցը։ Նոյն տարի ան Համպուրկի մէջ կը հանդիպի կօշիկի գործարանատէր եւ վաճառական լիբանանահայ Ժէրար Պարսումեանի, որ այդ քաղաքն եկած էր «Փորշ» մակնիշի իր ինքնաշարժին համար արագաչափ գնելու։ Պարսումեանն ալ կը քաջալերէ լուսանկարիչը Լիբանան այցելելու եւ կը յայտնէ այս ճամբորդութիւնը դիւրացնելու իր աջակցութիւնը։

18 Ապրիլ 1985-ին, Քունց Պերլինի օդակայանէն արեւելագերմանական Interflug օդանաւով կը մեկնի Պէյրութ, երբ Լիբանան տակաւին կը գտնուէր քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ։ Նոյն ճամբորդութեան ընթացքին Քունց կ’այցելէ նաեւ Սուրիա։

Գիրքի ծրագիրին համար լուսանկարչական բոլոր նիւթերը պատրաստ էին։ Քունց այնուհետեւ կը ձեռնարկէ գիրքի զանազան գլուխներուն պատրաստութեան։ Այս գծով ան կը գործակցի գերմանացի գիտաշխատող Թեսսա Հոֆմանի հետ։ Քունց կը գրէ գիրքին երեք գլուխները, Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան վերաբերող առանձին բաժինները, մինչ Թեսսա Հոֆֆման կը հեղինակէ Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ Խորհրդային Հայաստանին վերաբերող գլուխները։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ գերմաներէնով գրուած այս բոլոր գլուխները անգլերէնի թարգմանելու եւ հրատարակութեան իր մասնակցութիւնը բերելու։

Գիրքին առանցքային թեման Ցեղասպանութիւնն էր։ Եթէ Թեսսա Հոֆֆմանի գրած գլուխներէն մէկը ուղղակի կը քննէ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, մնացեալ գլուխները, յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ վերաբերող բաժինները առաջին հայեացքով կը նմանին ճամբորդական տպաւորութիւններու վրայ հիմնուած պատումներու։ Բայց խորքին մէջ, այս գլուխներուն մէջ ալ 1915-ը հիմնական ներկայութիւն է. Քունց կը փորձէ հայկական գաղութային կեանքը քննել Ցեղասպանութեան ու անոր յիշողութեան պրիսմակէն։ Զուգադիպութիւն չէ որ 1985-ի Լիբանան եւ Սուրիա այցելութիւնները տեղի կ’ունենան Ապրիլ ամսուն, երբ կ’ոգեկոչուէր Ցեղասպանութեան 70-ամեակը։ Սուրիոյ մէջ Քունց կ’այցելէ Տէր Զօր, ուր այդ օրերուն հիմնարկէքը կ’ըլլար Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիին։

Սուրիա - 1985

Հայոց ցեղասպանութեան 70-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի ձեռնարկներուն ներկայ ըլլալէ ետք, գերմանացի լուսանկարիչ Վոլֆկանկ Քունց 27 Ապրիլ 1985-ին ցամաքի ճամբով Այնճարէն կ’ուղղուէր դէպի Սուրիա։ Իր կեցութեան առաջին եւ կարեւորագոյն հանգրուանը Հալէպ քաղաքն էր։ Ան իրեն հետ բերած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին յանձնարարագիրը, զոր կը յանձնէ Հալէպի հայոց առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանին։ Այս ձեւով ան կը դառնար Սուրիոյ հայ առաքելական համայնքին պաշտօնական հիւրը։

Սուրիոյ մէջ եւս Քունցի այցելութիւններու եւ հանդիպումներու մեծ մասին խորքը Հայոց ցեղասպանութիւնն էր։ Ան կը լուսանկարէր այս նիւթին առնչուած խորհրդանշական վայրեր եւ կը հաւաքէր վկայութիւններ։ Սուրիա իր կեցութեան օրերուն կարեւորագոյն իրադարձութիւնը – ինչպէս պիտի տեսնենք – տեղի պիտի ունենար Տէր Զօրի մէջ, ուր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր ուխտագնացութիւն մը եւ տեղի պիտի ունենար նոր եկեղեցիի մը հիմնարկէքը։ Այս բոլորը կ’ըլլային այն ժամանակներուն, երբ Սուրիոյ մէջ կը տիրէր Հաֆէզ ալ-Ասատի եւ անոր գլխաւորած «Պաաս» կուսակցութեան բռնատիրական վարչակարգը։ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները լարուած վիճակ ունէին, ինչ որ ենթադրել կու տայ, թէ Քունցի այցելութեան տարին սուրիական իշխանութիւնները յարաբերաբար հանդուրժողական վերաբերում կը ցուցաբերէին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն նկատմամբ։

Գերմանացի լուսանկարիչը Հալէպ հասնելով կ’իջեւանի «Օթէլ Պարոն»։ Տեղւոյն Ազգ. Սահակեան վարժարանի տնօրէն Ժիրայր Ռէիսեանի ընկերակցութեամբ կ’այցելէ քաղաքին հայկական հին եւ նոր թաղամասերը։ Այս այցելութիւնները պիտի շարունակուէին նաեւ յաջորդող օրերուն ու պիտի ընդգրկէին Ճտէյտէն, Սալիպէն, Սիւլէյմանիէն, Շէյխ Մաքսուտը, Սէպիլը եւ Մէյտանը (ալ-Միտան, Նոր գիւղ)։ Այդ օրերուն առնուած լուսանկարներուն մէջ կ’երեւի Նոր գիւղի մէջ 1927-ին հիմնուած Ազգ. Սահակեան վարժարանը։ Վերջինիս վայրին կից դանիացի միսիոնարուհի Քարէն Եփփէ 1922-ին հիմնած էր այրիանոց-որբանոց մը, որ պատմական նշանակութիւն ունեցած է Սուրիոյ հայութեան համար։ Եփփէ այդ տարիներուն կը վարէր Ազգերու Լիկայի՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Կիներու եւ Աղջիկներու Պաշտպանութեան Յանձնակատարի պաշտօնը։ Բազմաթիւ հայուհիներ, որոնք Ցեղասպանութեան տարիներուն պարտադրուած էին ապրիլ Սուրիոյ անապատներու արաբական եւ քրտական ցեղախումբերու մէջ, Եփփէի խումբին ջանքերով կը տեղափոխուին Հալէպ եւ կ’ապրին անոր հիմնած ապաստարանին մէջ։ Աւելի ուշ այս որբանոց-այրիանոցը կը փակուի, 1947-ին նոյն վայրին մէջ կը հիմնուի Քարէն Եփփէ ազգ. Ճեմարանը։ Իբրեւ յիշատակ՝ նախկին այրիանոց-որբանոցէն, Ճեմարանի շրջափակին մէջ կը պահուի փոքր հատուած մը։ Զայն կը տեսնենք Քունցի լուսանկարներուն մէջ։

Գերմանացի լուսանկարիչին այցելած հայկական դպրոցներու շարքին էր նաեւ Ազգ. Հայկազեան վարժարանը Ճտէյտէ թաղամասին մէջ։ 1985-ին այս վարժարանը կը գործէր Ղազալէ ընտանիքի՝ 17-րդ դարուն կառուցուած ապարանքին մէջ։ Մինչեւ 1918 այս շէնքին մէջ գոյութիւն ունեցած է Հալէպի գերմանական վարժարանը։ Քունցի այցելութիւններուն մաս կը կազմէր նաեւ Պոսթան Փաշա թաղամասին մէջ գտնուող հայկական ծերանոցը (հաստատութեան տնօրէնն էր Գրիգոր Շահինեանը), ուր հանդիպումներ կ’ունենայ ցեղասպանութենէն վերապրողներու հետ։

Ապրիլ 29-ին Քունց կը հանդիպի տոքթ. Ատոլֆ Փոխըի, որ Հալէպ ծնած էր եւ եղած է Աւստրօ-հունգարական կայսրութեան հպատակ։ Այդ ժամանակ ան 90 տարեկան էր ու կը վարէր Հալէպի մէջ Պելճիքայի պատուոյ հիւպատոսի պաշտօնը։ Տոքթ. Փոխըէն նոյնպէս վկայութիւններ կը քաղէ ցեղասպանութեան տարիներէն։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք ան եղած էր անդամ Հալէպի մէջ գործող առողջապահական առաքելութեան մը, որ պայքար մղած է, յատկապէս, քաղաքին մէջ խմբուած հայ գաղթականներու շարքերուն մէջ տարածուած համաճարակներու դէմ։

Մայիս 1-ին, Քունց թաքսիով կ’ուղղուի Քեսապ։ Անոր կ’ընկերակցէր քիմիագիտութեան ուսանող, բնիկ քեսապցի, Քարէն Եփփէ ազգ. Ճեմարանէն շրջանաւարտ Կարօ Մանճիկեանը։ Հայաբնակ այս աւանին մէջ, Քունց կը հանդիպի Կարոյի մեծ մօրը՝ 1907-ին ծնած եւ 1915-ին դէպի Մեսքենէ տարագրուած Վիքթորիա Մանճիկեանի։ Ան վկայութիւններ կու տայ ծանրագոյն կենսապայմաններու մէջ իր վերապրումին, ապա արաբ շէյխի մը տան մէջ իր կեանքին մասին, մինչեւ որ ընտանիքի անդամներ կը գտնեն իր հետքը եւ զինք պահող ընտանիքին չորս էշ նուիրելով՝ կը վերադարձնեն ընտանեկան բոյնը։

Մէկ գիշեր Քեսապ մնալէ ետք, Քունց թաքսիով կը վերադառնայ Հալէպ, ուր կը հանդիպի ցեղասպանութենէն այլ վերապրողի մը՝ Պօղոս Գարագաշեանին։ Երզնկացի այս հայը շատ փոքր տարիքին կը տարագրուի իր հայրենի քաղաքէն, կը հասնի մինչեւ Սուրիա, կը վերապրի ու կը խնամուի արաբական ցեղախումբի մը կողմէ։ Աւելի ուշ Ռաս ուլ-Այնի մէջ կ’ամուսնանայ իրեն նման իսլամացած հայուհիի մը հետ։ Կ’ունենան վեց զաւակ։ 1940-ին կը հաստատուին Հալէպ, ուր կը վերամուսնանան հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ վեց զաւակներն ալ կը մկրտուին։

Կ’այցելէ նաեւ Սալիպէ թաղամասին մէջ գտնուող Ազգային պատսպարանը, որ, փաստօրէն, մանուկներ եւ պատանիներ խնամող որբանոց էր։

Մայիս 3-ին՝ Մկօ Մինասեանի եւ Յակոբ Դաւիթեանի հետ, Քունց ինքնաշարժով կ’ուղղուի դէպի սուրիական անապատ։ Կը հանգրուանին Մեսքենէ, ապա Ռաքքա։ Յաջորդ օրը կ’ուղղուին դէպի Տէր Զօր։ Կ’այցելեն այստեղի հայկական մատուռը, որուն քանդումը նախատեսուած էր եւ կը ծրագրուէր նոյն վայրին մէջ կառուցել նոր եկեղեցի մը։ Տէր Զօրէն ետք կ’այցելեն Սուար եւ Շետտատէ գիւղերը։ Խապուր գետի հովիտին մէջ գտնուող այս երկու գիւղերը հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մէջ խորհրդանշական իմաստ ունին. այս վայրերուն մէջ կատարուած են հայ տարագիրներու զանգուածային ջարդերը։ Քունցի հաւաքածոյին մէջ կան բազմաթիւ լուսանկարներ, ուր կ’երեւի Շետտատէի մէջ բլուրի մը վրայ գոյացած հսկայ խոռոչ մը։ Ըստ վկայութիւններու, բազմահազար հայեր բռնօրէն նետուած են այս անդնդախոր խոռոչէն վար, վրանին վառելանիւթ թափուած է եւ կրակի տրուած։

Տէր Զօր վերադառնալէ ետք, Մայիս 5-ին Քունց կը հանդիպի պետեւիի տարազով 77 տարեկան Ապտալլային, որ զէյթունցի իսլամացած հայ մըն էր, աւազանի անունով Կարապետ։ Ան կ’ապրէր Տէր Զօր քաղաքին մօտակայ՝ Հաթթլայի մէջ։ Մարկատէի ջարդերուն ընթացքին երեխայ Կարապետ երկու օր շարունակ դիակներու տակ ողջ կը մնայ։ Պետեւիներ զայն կը գտնեն, իրենց հոգածութեան տակ կ’առնեն եւ զայն Ապտալլա կը կոչեն։ Ան երկու անգամ կ’ամուսնանայ, երկու կիներն ալ իրեն նման իսլամացած հայեր էին։ Քունց բազմաթիւ լուսանկարներ ունի Ապտալլայէն եւ անոր ընտանիքէն։ Լուսանկարներէն շատերու մէջ Ապտալլան կը տեսնենք իր 18 տարեկան թոռնուհիին՝ Իմանին հետ։

Դարձեալ Հաթթլայի մէջ Քունց կը հանդիպի ցեղասպանութենէն վերապրած 84 տարեկան կնոջ մը՝ Սրբուհի Փափազեանին, որմէ նոյնպէս բազմաթիւ լուսանկարներ կը գտնենք լուսանկարիչի հաւաքածոյին մէջ։ Սրբուհի Ռոտոսթօ/Թեքիրտաղէն էր։ Յաճախած էր քաղաքի Սուրբ Խաչ թաղամասին հայկական վարժարանը։ 1915-ին, ընտանիքին հետ տարագրուած էր եւ քալելով հեռաւոր Թեքիրտաղէն հասած Տէր Զօրի շրջան։ Կը վերապրի Շետտատէի ահաւոր սպանդէն եւ ապաստան կը գտնէ շրջանին մէջ գտնուող արաբական ցեղախումբի մը մէջ։ Զայն կ’ամուսնացնեն տեղացի արաբի մը հետ։ Երբ Քունց կը հանդիպի Սրբուհիի, ան կ’ապրէր իր արդէն երրորդ արաբ ամուսինին հետ (միւս երկուքը մահացած էին), որ մահամերձ պառկած էր տան մէկ սենեակին մէջ։ Սրբուհիին արաբացած սերունդը արդէն կը հաշուէր 105 անդամ։ Մամուրէթ ուլ-Ազիզի (ներկայիս Էլազըղ) մէջ յայտնի մետաքսագործ Ֆապրիքաթորեան եղբայրներուն քոյրը հարս գացած էր Թեքիրտաղ եւ ամուսնացած Սրբուհիի հաւանաբար հօրեղբօր հետ։ Հաթթլայի իր տան պատէն կախուած էր Ֆապրիքաթորեան հինգ եղբայրներուն պատկերը։ Սրբուհի տակաւին լաւ կը յիշէր հայերէն երգեր. Մկօ Մինասեանի խնդրանքով, ան կ’երգէ ֆետայապետ Անդրանիկի նուիրուած երգ մը։

Սուրիական անապատ Քունցի այս առաջին հանդիպումը վերջ կը գտնէր։ Իրենց ինքնաշարժը կ’ուղղուի դէպի հիւսիս՝ դէպի Ռաս ուլ-Այն։ Ճամբուն վրայ կանգ կ’առնեն Խապուր գետի ափին գտնուող Շետտատէ գիւղը։ Ռաս ուլ-Այնէն ետք կը վերադառնան Հալէպ։

Մայիս 9-ին Լիբանանէն Հալէպ կը հասնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շքախումբը՝ Գարեգին Բ.ի գլխաւորութեամբ։ Վեհափառ հայրապետին կ’ընկերակցէին Ներսէս արք. Բախտիկեանը, Վարուժան ծ. վրդ. Հերկելեանը, Սեպուհ վրդ. Սարգիսեանը, Արշաւիր վրդ. Գաբուճեանը, Նազարէթ Սարգիսեան (հետագային Շահան արք. Սարգիսեան) եւ Սարգիս Աբէլեան սարկաւագները։ Զանոնք հալէպահայութիւնը կը դիմաւորէ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Հոս խօսք կ’առնէ կաթողիկոսը եւ կը յայտնէ թէ այցելութեան նպատակն է երթալ Տէր Զօր իբրեւ ուխտաւոր եւ հիմնաքարը դնել նոր եկեղեցիի մը կառուցման։ Ուրբաթ եւ Շաբաթ երեկոները կաթողիկոսը կ’այցելէ Հալէպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիները, ուր տեղի կ’ունենան ժամերգութիւններ հաւատացեալներու հոծ ներկայութեամբ։ Շաբաթ առտու կ’այցելէ Քարէն Եփփէ ազգ. ճեմարան, որու բակի պարտէզին մէջ զետեղուած է Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կիսանդրին։ Վոլֆկանկ Քունց ընկերակցած է Գարեգին Բ.ին այս բոլոր վայրերուն մէջ եւ լուսանկարած է այս պահերը։

Հալէպէն դէպի Տէր Զօր ուխտագնացութիւնը ինքնաշարժներով ծայր կ’առնէ կիրակի օրը Մայիս 12-ին, առտուայ ժամը 5։30-ին։ Մեծ թիւով հայեր միացած էին կարաւանին։ Շքախումբին մաս կը կազմէին նաեւ Հալէպի առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեան եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեան։ Ուխտաւորներու այս խումբին մէջ էր նաեւ Վոլֆկանկ Քունց, որ լուսանկարչական սարքի իր ոսպնեակով մեզի ժառանգ ձգած է պատմական այս իրադարձութենէն բազմաթիւ պատկերներ։

Տէր Զօր հաւաքուած էին բազմահազար հայեր Հալէպէն, Գամիշլիէն, Ռաս ուլ-Այնէն Ռաքքայէն, Հասաքէէն, Լաթաքիայէն եւ այլ վայրերէ։ Գարեգին Բ. նախ կ’այցելէ քաղաքին հայկական հին մատուռը՝ Ս. Հռիփսիմէն։ Երբ կը հասնի մատուռի շրջափակին, մինչեւ աղօթատեղիին մուտքը ան կը յառաջանայ ծունկի եկած։ Շրջափակին մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցէ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Նորայր վրդ. Աշըգեան։ Ապա տեղի կ’ունենայ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք Գարեգին Բ. խօսք կ’առնէ եւ կը կատարէ նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքը։ Կաթողիկոսը իրեն հետ բերած էր բուռ մը հող եւ պատառիկ մը ժայռ Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ բուռ մը հող Անթիլիասի Եղեռնի յուշարձան-մատրան կողէն։ Զանոնք կը խառնէ հիմքի շաղախին եւ կ’օծէ հիմնաքարը։ Օծումէն ետք քահանայ հայրեր Ս. Հաղորդութիւն կը բաշխեն ժողովուրդին։

Տէր Զօրի այս հին մատուռն էր, որ պիտի քանդուէր եւ անոր փոխարէն պիտի կառուցուէր նոր եկեղեցի մը, որուն օծումը պիտի կատարուէր 1991-ին։ Նորակառոյցը պիտի կոչուէր Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիր (ճարտարապետ՝ հալէպահայ Սարգիս Պալմանուկեան)։ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին եկեղեցին պիտի աւերուէր։

Տէր Զօրի եկեղեցւոյ հիմնարկէքէն ետք, Գարեգին Բ. եւ ուխտաւորները կ’ուղղուին քաղաքէն 15 քմ. հեռաւորութեամբ անապատային վայր մը։ Հոս եւս կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Ապա խօսք կ’առնէ վերապրող Ներսէս արք. Բախտիկեան, որ վկայութիւններ կու տայ տարագիրի ու որբի իր փորձառութենէն։ Այնուհետեւ ամբողջ ժողովուրդը ծունկի կու գայ եւ հաւաքաբար կ’երգեն «Տէ՜ր, ողորմեա՜»ն։ Գարեգին Բ. եւ Սուրէն արք. Գաթարոյեան պատգամներ կ’ուղղեն ուխտաւորներուն։ Արարողութեան աւարտին բոլոր ներկաները կ’երգեն «Կիլիկիա» եւ «Սարդարապատ» երգերը։

Ուխտագնացութիւնը վերջ գտած էր։ Քունց թաքսի մը կը նստի եւ կ’ուղղուի դէպի Լիբանան, ուրկէ քանի մը օր ետք պիտի վերադառնար Պերլին, հոնկէ ալ Համպուրկ։ Ան Սուրիա կեցութեան վեց ամսուայ վիզա ունէր։ Բայց չէր նկատած, թէ վիզային վրայ նշուած էր, որ Սուրիոյ մէջ 15 օրէն աւելի մնալու պարագային, պէտք է ներկայանար ոստիկանութեան եւ իր կեցութեան մասին տեղեկութիւններ հաղորդէր։ Երբ կը հասնի Լիբանանի սահման, ան 17 օրէ ի վեր սուրիական տարածքին մէջ կը գտնուէր։ Սուրիացի սահմանապահները զայն վար կը դնեն։ Հայ վարորդը կը միջամտէ եւ կաշառք վճարելով կը լուծէ խնդիրը։

Հալէպ

Սալիպէ թաղամասէն համայնապատկեր։ Լուսանկարելու համար՝ Քունց հաւանաբար բարձրացած է Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ զանգակատունը։ Կ’երեւին կողք-կողքի եկեղեցիներ։ Առաջին շարքի վրայ է հայոց նախկին առաջնորդարանը եւ նախկին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (հետագային՝ Զարեհեան գանձատուն) մուտքը։ Ձախին՝ մարոնիներու նախկին եկեղեցին է, որ հետագային վերածուած է տպարանի։ Խորքին՝ յոյն կաթողիկէներու եկեղեցին եւ զանգակատունը։

Նոր գիւղ (Մէյտան). Ազգ. Սահակեան վարժարանի դասարաններէն մէկուն մէջ։
Նոր գիւղ (Մէյտան). Ազգ. Սահակեան վարժարանի դասարաններէն մէկուն մէջ։
Նոր գիւղ (Մէյտան) . Քարէն Եփփէ ազգ. ճեմարանի բակը։
Նոր գիւղ (Մէյտան), Քարէն Եփփէի այրիանոց-որբանոցէն փոքր հատուած մը, որ կը գտնուի Քարէն Եփփէ ազգ. ճեմարանի շրջափակին մէջ։

Մայիս 11։ Նոր գիւղ (Մէյտան), Քարէն Եփփէ ազգ. ճեմարանի բակի պարտէզին մէջ գտնուող Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կիսանդրիին շուրջ հաւաք, ուր խօսք կ’առնէ Գարեգին Բ.։ Անթիլիասի միաբանները, ձախէն աջ՝ Վարուժան ծ. վրդ. Հերկելեանը, Գարեգին Բ., Սարգիս սարկաւագ Աբէլեան, Սուրէն արք. Գաթարոյեան։ Ամէնէն ձախի կինը՝ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի մանկապարտէզի պատասխանատու Արփի Ասլանեան-Սապունճեան։

Հալէպի Վիլլաներ հայահոծ թաղամասի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս Գարեգին Բ. պատգամ կ’ուղղէ ժողովուրդին։

Հալէպի Վիլլաներ հայահոծ թաղամասի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս։

Ազգային պատսպարանը (որբանոց), Սալիպէ թաղամաս։
Ազգ. Հայկազեան վարժարանի տղոց բաժինը, Ղազալէներու ապարանք, Ճտէյտէ թաղամաս։
1985-ին Քունց կ’այցելէ նաեւ Հալէպի հայոց գերեզմանատունը Շէյխ Մաքսուտի շրջանին մէջ։ Հոս կը տեսնենք հոն թաղուած Քարէն Եփփէի տապանագիրը։
Պոսթան Փաշա թաղամասի հայկական ծերանոցին մէջ։ Հոս կ’ապրէր Պօղոս Գարագաշեան։ Նկարին մէջ կ’երեւի նաեւ անոր դուստրը՝ Մարիամ Գարագաշեան-Գեւոնեանը։ Պօղոս Երզնկայէն էր։ Տարագրութենէն եւ ջարդերէն կը վերապրի եւ կեանքը կը շարունակէ արաբական ցեղախումբի մը մէջ։ Ձեռքին վրայ ան տակաւին կը կրէր այդ օրերէն մնացած դաջուածքներ։
Պոսթան Փաշա թաղամասի հայկական ծերանոցին մէջ։ Հոս կ’ապրէր Պօղոս Գարագաշեան։ Նկարին մէջ կ’երեւի նաեւ անոր դուստրը՝ Մարիամ Գարագաշեան-Գեւոնեանը։ Պօղոս Երզնկայէն էր։ Տարագրութենէն եւ ջարդերէն կը վերապրի եւ կեանքը կը շարունակէ արաբական ցեղախումբի մը մէջ։ Ձեռքին վրայ ան տակաւին կը կրէր այդ օրերէն մնացած դաջուածքներ։

Տէր Զօր

Սրբուհի Փափազեան։ Ծնած էր Ռոտոսթօ/Թեքիրտաղ։ Ցեղասպանութեան տարիներուն ան իր ընտանիքէն միակ փրկուածն էր: Որդեգրուած էր արաբական ընտանիքէ մը։ Կ’ապրէր Տէր Զօրի մօտակայ Հաթթլայի մէջ։ Նկարուած է 84 տարեկանին։

Սրբուհի Փափազեան Հաթթլայի իր տան առջեւ։ Մամուրէթ ուլ-Ազիզի (ներկայիս Էլազըղ) մէջ յայտնի մետաքսագործ Ֆապրիքաթորեան եղբայրներուն քոյրը հարս գացած էր Ռոտոսթօ/Թեքիրտաղ եւ ամուսնացած Սրբուհիի հաւանաբար հօրեղբօր հետ։ Սրբուհին հոս կը տեսնենք Ֆապրիքաթորեան հինգ եղբայրներու պատկերին հետ, որ կախուած էր տան պատէն։

Տէր Զօրի մօտակայ Հաթթլա գիւղը ապրող 77 տարեկան Ապտալլան եւ իր ընտանիքը։ Ան զէյթունցի հայ մըն էր Կարապետ անունով։ Ցեղասպանութենէն կը վերապրի եւ կ’ապրի պետեւիներու շրջապատի մէջ։
Տէր Զօրի մօտակայ Հաթթլա գիւղը ապրող 77 տարեկան Ապտալլան եւ իր ընտանիքը։ Ան զէյթունցի հայ մըն էր Կարապետ անունով։ Ցեղասպանութենէն կը վերապրի եւ կ’ապրի պետեւիներու շրջապատի մէջ։

Տէր Զօրի մօտակայ Հաթթլա գիւղը ապրող 77 տարեկան Ապտալլան եւ իր ընտանիքը։ Ան զէյթունցի հայ մըն էր Կարապետ անունով։ Ցեղասպանութենէն կը վերապրի եւ կ’ապրի պետեւիներու շրջապատի մէջ։

Պատկերներ Տէր Զօրի անապատէն։

Տէր Զօր քաղաքէն 15 քմ. հեռաւորութեամբ անապատային վայրի մը մէջ հաւաքական հոգեհանգիստ։ Խօսք առած է Ներսէս արք. Բախտիկեան, որ վկայութիւններ կու տայ տարագիրի եւ որբի իր փորձառութենէն։

Գարեգին Բ. հաւաքուածներուն կ’ուղղէ իր խօսքը եւ կը կատարէ նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Կաթողիկոսը իրեն հետ բերած էր բուռ մը հող եւ պատառիկ մը ժայռ Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ բուռ մը հող Անթիլիասի Եղեռնի յուշարձան-մատրան կողէն։ Զանոնք կը խառնէ հիմքի շաղախին եւ կ’օծէ հիմնաքարը։

Հիմնարկէքի արարողութեան ներկաները Ս. Հաղորդութիւն կը ստանան։
Հիմնարկէքի արարողութեան ներկաները Ս. Հաղորդութիւն կը ստանան։
Գարեգին Բ. նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին։
Հիմնարկէքի արարողութեան ներկաները Ս. Հաղորդութիւն կը ստանան։
Հիմնարկէքի արարողութիւնը։
Գարեգին Բ. նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին։
Հիմնարկէքի արարողութիւնը։
Հիմնարկէքի արարողութիւնը։

Տէր Զօր քաղաքէն 15 քմ. հեռաւորութեամբ անապատային վայրի մը մէջ հաւաքական հոգեհանգիստ։

Գարեգին Բ. ծնկաչոք կը յառաջանայ մինչեւ հին մատուռին մուտքը, ուր կը կատարուի նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Կաթողիկոսի ետին կանգնած հոգեւորականները, ձախէն աջ՝ Տէր Զարմայր աւ. քհնյ. Հինտոյեան, Տէր Մեսրոպ քահանայ (Հասաքէէն), Սուրէն արք. Գաթարոյեան, Տէր Արամ աւ. քհնյ. Քեհեայեան։
Գարեգին Բ. ծնկաչոք կը յառաջանայ մինչեւ հին մատուռին մուտքը, ուր կը կատարուի նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Կաթողիկոսի ետին կանգնած հոգեւորականները, ձախէն աջ՝ Տէր Զարմայր աւ. քհնյ. Հինտոյեան, Տէր Մեսրոպ քահանայ (Հասաքէէն), Սուրէն արք. Գաթարոյեան, Տէր Արամ աւ. քհնյ. Քեհեայեան։

Մեսքենէ

Շետտատէ եւ Սուար

Շետտատէ։ Բլուրի մը վրայ գոյացած հսկայ խոռոչ մը։ Ըստ վկայութիւններու, բազմահազար հայեր բռնօրէն նետուած են այս անդնդախոր խոռոչէն վար, վրանին վառելանիւթ թափուած է եւ կրակի տրուած։

Շետտատէ։ Բլուրի մը վրայ գոյացած հսկայ խոռոչ մը։ Ըստ վկայութիւններու, բազմահազար հայեր բռնօրէն նետուած են այս անդնդախոր խոռոչէն վար, վրանին վառելանիւթ թափուած է եւ կրակի տրուած։

Եփրատ գետը

Եփրատ գետը

«ալ-Ասատ» հսկայ ջրամբար-լիճը, Մեսքենէ։
«ալ-Ասատ» հսկայ ջրամբար-լիճը, Մեսքենէ։
«ալ-Ասատ» հսկայ ջրամբար-լիճը, Մեսքենէ։
«ալ-Ասատ» հսկայ ջրամբար-լիճը, Մեսքենէ։

Ռաս ուլ-Այն

Ռաս ուլ-Այն։ «Պաղտատպահն»ը (Պերլին-Պաղտատ երկաթուղագիծը)։

Քեսապ

Այլ

Վոլֆկանկ Քունց - Կենսագրութիւն

Վոլֆկանկ Քունց ծնած է Աուկսպուրկի մէջ՝ 1942-ին։ Ան երրորդ զաւակն էր գեղանկարիչ Քարլ Քունցի եւ պատմագէտ Իլզէ Քունցի։ 25 Փետրուար 1944-ին, Աուկսպուրկ քաղաքի ռմբակոծման ժամանակ կը քանդուի իրենց ընտանեկան տունը եւ կ’ոչնչանայ նաեւ հօր գեղանկարներուն մեծ մասը։ Այս աղէտէն ետք, մայրը կը մտնէ ուսուցչութեան ասպարէզ՝ ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար, իսկ հայրը այս ձեւով կարելիութիւնը կ’ունենայ ազատ աշխատող արուեստագէտի իր գործը շարունակելու։

1953-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի Վայլպուրկ (Հեսսէնի երկրամասին մէջ), ուր 1959-ին Վոլֆկանկ Քունց կ’ամբողջացնէ իր միջնակարգ ուսումը։ 1960-ին կը փոխադրուի Ֆրանքֆուրթ քաղաքը, ուր կ’ապրի հօր հետ, որ 1957-էն ի վեր հոն արուեստանոց մը վարձած էր։ Վոլֆկանկի նպատակն էր էջադրող դառնալ, հետեւաբար կը սկսի հետեւիլ գրաշարութեան արհեստին ու կը դառնայ աշկերտ։ Այս տարիներուն Ֆրանքֆուրթի Städelschule-ի (արուեստի դպրոց) մէջ կը հետեւի գիշերային դասընթացներու ու կը սորվի մերկանկար եւ անշունչ բնանկար գծել։ Միեւնոյն ատեն, ան իր նոր գնած լուսանկարչական մեքենայով կը սկսի լուսանկարել։ Վոլֆկանկ Քունց անմիջապէս կը հմայուի իրեն համար ամբողջովին նոր այս գործիքով։

Լուսանկարչութիւնը մուտք գործած էր Վոլֆկանկ Քունցի աշխարհէն ներս։ Հօր արուեստանոցի կողքին գտնուող անոր սենեակը աւելի շատ կը վերածուի լուսանկարչական մութ սենեակի՝ հոն քնանալու յարմարութեամբ օժտուած։ Ան աւարտին կը հասցնէ գրաշարութեան եռամեայ աշկերտութեան ընթացքը, բայց կը շարունակէ կախարդուած մնալ լուսանկարչութեամբ։ Վոլֆկանկ Քունց օթօսթոփ-ով կը մեկնի Փարիզ, Պրըթանեը, ապա կը հասնի Իրլանտա, ուր մեծ ոգեւորութեամբ կը կիրառէ լուսանկարչութեան արուեստը։ Ան ներշնչուած էր Օթթօ Շթայներթի subjektive 2 նկարազարդ գիրքէն։ 1963-ին Վոլֆկանկ Քունց կ’ընդունուի Էսսէն քաղաքի Folkwangschule (համալսարան), ուր կը դասաւանդէր Շթայներթ։ Բայց Վոլֆկանկ համոզուած էր, որ իր ինքնուրոյն ուղին պէտք էր գտնել, ուստի մէկ տարի ետք կը ձգէ համալսարանը։ Արուեստի քննադատ Հաննօ Ռէօյթեր կը նկատէ անոր տաղանդը, անոր մասին կը գրէ եւ առիթ կը ստեղծէ որ Վոլֆկանկ Քունցի լուսանկարները հրատարակուին «Ֆրանքֆուրթեր ռունդշաու» Frankfurter Rundschau օրաթերթին մէջ։

1965-ին Քունց առիթ կ’ունենայ ծանօթանալու հանրայայտ լուսանկարիչ Թոմաս Հէօփքերին. միջոց մը կ’աշխատի անոր մութ սենեակին մէջ եւ մօտէն կը սերտէ արհեստավարժ լուսանկարիչին գործերը։

1966-ին Վոլֆկանկ Քունց կը գնէ «Լայքա» մակնիշի լուսանկարչական մեքենայ մը, ձեռք կը ձգէ Լոնտոն մեկնելու դրամաշնորհ մը եւ ամբողջ տարի մը կը լուսանկարէ բրիտանական մայրաքաղաքին երիտասարդական յեղափոխական մշակոյթը (Swinging London)։ Համպուրկ վերադառնալէ ետք, ան կը միանայ «Շթեռն» (Stern) պարբերաթերթի լուսանկարչական խումբին։ Երեք տարի հոս աշխատելէ ետք այս անգամ կը միանայ նոր հիմնուած «Ցայթ» (Zeit) պարբերաթերթի անձնակազմին։ Վերջաւորութեան սակայն, կը նախընտրէ որդեգրել ազատ աշխատողի կարգավիճակը եւ կը խուսափի մնայուն պաշտօններ ստանձնելէ։ Համպուրկէն իր լուսանկարչական մեքենայով կը մեկնի աշխարհի զանազան կողմերը. յաճախ կը լուսանկարէ տագնապալի վայրեր, ինչպէս Հիւսիսային Վիեթնամ, Հարաւային Վիեթնամ, Հիւսիսային Իրլանտա, Նամիպիա, առանց մոռնալու անշուշտ հայկական թեմայով լուսանկարչական իր առաքելութիւնները դէպի Թուրքիա, Խորհրդային Հայաստան, Լիբանան եւ Սուրիա։

1983-ին Վոլֆկանկ Քունց Համպուրկի մէջ 14 գործընկերներու հետ կը հիմնէ «Պիլտերպերկ» (BILDERBERG) լուսանկարչական գործակալութիւնը։ Գերմանիոյ վերամիացումէն ետք, ան 1995-էն 1999 լուսանկարչութիւն կը դասաւանդէ Պերլինի Վայսընզէյի արուեստի համալսարանէն ներս։ Այդ տարիներէն ի վեր ան կ’ապրի Պերլինի մէջ։