Սամաթիա թաղամասի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կից Սահակեան-Նունեան վարժարան-մանկապարտէզէն ներս։

Վոլֆկանկ Քունցի լուսանկարներու հաւաքածոյ - Թուրքիա

25/02/25 (վերջին փոփոխութիւն՝ 25/02/25)

Նախաբան

Armenier – Woher/Wohin [Հայեր – Ուրկէ՞/Դէպի ո՞ւր]։ Այս պիտի ըլլար Վոլֆկանկ Քունցի՝ 1985-1986 տարիներուն պատրաստուած նկարազարդ գիրքին վերնագիրը։ Յայտնի լուսանկարիչը 1983-էն 1985 յաջորդաբար այցելած էր Խորհրդային Հայաստան, Թուրքիա, Լիբանան, Սուրիա, դարձեալ Խորհրդային Հայաստան։ Այս երկիրներու բազմաթիւ քաղաքներու եւ վայրերու մէջ ան հարիւրաւոր լուսանկարներ առած էր։

Քունցի եւ հայերու (ու անոնց պատմութեան) միջեւ կապը կը սկսի 1970-ականներուն, երբ Թպիլիսի կեցութեան մը ընթացքին անոր առիթ կը ներկայանայ քանի մը օրով այցելելու Խորհրդային Հայաստան։ 1984-ին ան Թուրքիա կը մեկնի գերմանական GEO պարբերաթերթին համար հայոց վերաբերող յօդուած մը պատրաստելու նպատակով։ Քունց յօդուածին միայն լուսանկարիչն էր, յօդուածագիրը այլ անձ մըն էր։ GEO-ի 1986-ի Փետրուար-Մարտի թիւին մէջ լոյս տեսած սոյն յօդուածը ժամանակին աղմուկ կը ստեղծէ գերմանահայ համայնքին մէջ, նկատի ունենալով որ յօդուածագիրը Ցեղասպանութեան հարցով իւրացուցած էր թրքական պետութեան ժխտողական տեսակէտները։ Համպուրկի հայերը – այն քաղաքը ուր այդ ժամանակ կ’ապրէր ու կը գործէր Քունց – փոքր ցոյց մըն ալ կը կազմակերպեն GEO-ի յօդուածագիրին դէմ։ Սա կ’ըլլայ նոր առիթ, որ Քունց աւելի մօտէն հետաքրքրուի հայերով ու հայոց պատմութեամբ։ Այնուհետեւ, նոյն GEO պարբերաթերթի ֆրանսական տարբերակը, դարձեալ Քունցի լուսանկարներով եւ հայոց մասին, կը հրատարակէ Քլոտ Մութաֆեանի յօդուածը։ Հայերը այս անգամ բողոքելու պատճառ չունէին․ ընդհակառակը՝ կատարուածը Ցեղասպանութեան ուրացումին դէմ յաղթանակ մըն էր։

1984-ի Նոյեմբեր կամ Դեկտեմբերին Քունց Համպուրկի մէջ հանդիպում մը կ’ունենայ պաշտօնական այցով Արեւմտեան Գերմանիա գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ. Սարգիսեանի (1932-1999) հետ։ Վեհափառը լուսանկարիչին կ՚’առաջարկէ յաջորդ տարուայ Ապրիլին այցելել Լիբանան եւ Սուրիա, ուր կրնայ աւելի մօտէն ծանօթանալ հայութեան եւ անձամբ ներկայ ըլլալ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Ծրագիրը կը խանդավառէ Քունցը։ Նոյն տարի ան Համպուրկի մէջ կը հանդիպի կօշիկի գործարանատէր եւ վաճառական լիբանանահայ Ժէրար Պարսումեանի, որ այդ քաղաքն եկած էր «Փորշ» մակնիշի իր ինքնաշարժին համար արագաչափ գնելու։ Պարսումեանն ալ կը քաջալերէ լուսանկարիչը Լիբանան այցելելու եւ կը յայտնէ այս ճամբորդութիւնը դիւրացնելու իր աջակցութիւնը։

18 Ապրիլ 1985-ին, Քունց Պերլինի օդակայանէն արեւելագերմանական Interflug օդանաւով կը մեկնի Պէյրութ, երբ Լիբանան տակաւին կը գտնուէր քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ։ Նոյն ճամբորդութեան ընթացքին Քունց կ’այցելէ նաեւ Սուրիա։

Գիրքի ծրագիրին համար լուսանկարչական բոլոր նիւթերը պատրաստ էին։ Քունց այնուհետեւ կը ձեռնարկէ գիրքի զանազան գլուխներուն պատրաստութեան։ Այս գծով ան կը գործակցի գերմանացի գիտաշխատող Թեսսա Հոֆմանի հետ։ Քունց կը գրէ գիրքին երեք գլուխները, Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան վերաբերող առանձին բաժինները, մինչ Թեսսա Հոֆֆման կը հեղինակէ Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ Խորհրդային Հայաստանին վերաբերող գլուխները։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ գերմաներէնով գրուած այս բոլոր գլուխները անգլերէնի թարգմանելու եւ հրատարակութեան իր մասնակցութիւնը բերելու։

Գիրքին առանցքային թեման Ցեղասպանութիւնն էր։ Եթէ Թեսսա Հոֆֆմանի գրած գլուխներէն մէկը ուղղակի կը քննէ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, մնացեալ գլուխները, յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ վերաբերող բաժինները առաջին հայեացքով կը նմանին ճամբորդական տպաւորութիւններու վրայ հիմնուած պատումներու։ Բայց խորքին մէջ, այս գլուխներուն մէջ ալ 1915-ը հիմնական ներկայութիւն է. Քունց կը փորձէ հայկական գաղութային կեանքը քննել Ցեղասպանութեան ու անոր յիշողութեան պրիսմակէն։ Զուգադիպութիւն չէ որ 1985-ի Լիբանան եւ Սուրիա այցելութիւնները տեղի կ’ունենան Ապրիլ ամսուն, երբ կ’ոգեկոչուէր Ցեղասպանութեան 70-ամեակը։ Սուրիոյ մէջ Քունց կ’այցելէ Տէր Զօր, ուր այդ օրերուն հիմնարկէքը կ’ըլլար Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիին։

Գիրքին գլուխները հարուստ են Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններով։ Այդ տարիներուն հայկական զինեալ կազմակերպութիւններ Եւրոպայի տարածքին ահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարէին թրքական թիրախներու դէմ։ Քունց կլանուած էր հայկական կեանքով եւ պատմութեամբ. իր գրութիւններուն մէջ կը տեսնենք որ ան կը ցաւի, կ’ուրախանայ, կը հպարտանայ, կը դառնանայ, կ’ըմբոստանայ հայու մը նման, կ’արտայայտուի ինչպէս 1980-ականներու հայ մը պիտի ընէր։ Կարծես թէ ան որդեգրած է հայութիւնը, կարծես թէ հայութիւնն ալ զայն որդեգրած է։

Այսպիսի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, կը կարծուէր թէ Քունցի գիրքի ծրագիրը հեզասահ պիտի ընթանար եւ բարեյաջող աւարտ ունենար։ Դժբախտաբար այդպէս չըլլար։ Անոր արխիւներուն մէջ գոյութիւն ունի բազմակողմանի թղթակցութիւն մը, որուն ընդմէջէն կը տեսնենք որ գիրքի հրատարակութեան ծրագիրը սկիզբը ամուր հիմերով կը յառաջդիմէ, ապա կը կաղայ ու վերջաւորութեան գիրքը երբեք լոյս չի տեսներ։ Թղթակցող գլխաւոր կողմերն են հեղինակ/լուսանկարիչ Քունցը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դիւանապետը ու Արեւելեան Ա․ Մ․ Ն․ի կիլիկեան թեմի առաջնորդարանը (Նիւ Եորք)։ Գարեգին Բ.ի նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորքի առաջնորդարանը յանձն կ’առնէ ամբողջ գործին անգլերէն թարգմանութիւնը։ Միքայէլ Փափազեան գերմաներէնէ անգլերէնի կը թարգմանէ բոլոր գլուխները, ինչպէս նաեւ լուսանկարներուն մակագիրները։ Գիրքը պիտի բաղկանար 220 էջէ եւ 228 լուսանկարէ։ Անգլերէն թարգմանութիւնը կարդալէ ետք, Գարեգին Բ. կաթողիկոսարանի դիւանապետին միջոցով որոշ վերապահութիւններ կը յայտնէ Քունցի գիրքի կարգ մը հատուածներուն նկատմամբ եւ կ’առաջարկէ ոմանց ջնջումը, ուրիշներու ալ փոփոխութիւնը։ Քունց իր համաձայնութիւնը կու տայ։ Թղթակցութենէն այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, թէ գիրքը նախատեսուած էր հրատարակել Գերմանիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը պատրաստակամութիւն յայտնած է նիւթապէս աջակցելու տպագրական ծախսերուն։

Թղթակցութիւնը կը կատարուի 1986-էն 1991-ի միջեւ։ Այս ընթացքին կը պատահի Լենինականի աղետալի երկրաշարժը, ծայր կ’առնեն Երեւանի համաժողովրդային ցոյցերը, կը բռնկի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը։ Կարելի է ենթադրել թէ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի հայկական կեանքին մէջ յառաջացած այս արմատական փոփոխութիւնները պատճառ կ’ըլլան, որ Քունցի գիրքին ծրագիրը պահ մը անտեսուի, յետոյ ալ մոռցուի։

2024-ին, Վոլֆկանկ Քունց իր յառաջացած տարիքին պատճառով կ’որոշէ լուսանկարչական իր հարուստ հաւաքածոն – որոնց շարքին՝ հայկական թեմայով լուսանկարները – նուիրել Պերլինի պետական գրադարանին (bpk Fotoarchiv, Staatsbibliothek zu Berlin Preußischer Kulturbesitz)։ Այս հաստատութեան պատասխանատուներէն եւ «Յուշամատեան»ի գործընկերներէն Մելինէ Փեհլիւանեան Քունցին կ’առաջարկէ հայկական թեմայով լուսանկարները հրատարակել մեր կայքէջին մէջ։ Քունց իր համաձայնութիւնը կու տայ։ Եւ այսպէս ծայր կ’առնէ լուսանկարիչին հետ մեր գործակցութիւնը ու այս էջերուն պատրաստութիւնը։

Թուրքիա – 1984

1984-ին երբ Վոլֆկանկ Քունց հայկական կեանքի եւ հայկական յիշողութեան հետքերով կ’այցելէր Թուրքիա, վերջինս խիստ ոստիկանական պետութիւն մըն էր։ Երկրին կ’իշխէր 1980-ի պետական հարուածին ղեկավար Քենան Էվրենը, քաղաքական հալածանքները կը շարունակուէին։ Միեւնոյն ժամանակ արեւելեան նահանգներուն մէջ ծայր առած էր քրտական ըմբոստութիւնը։ Արեւմուտքի մէջ թրքական թիրախներու դէմ հայկական զինեալ կազմակերպութիւններու ահաբեկչական արարքները հայոց եւ Հայ Դատին նկատմամբ ստեղծած էին ընդհանուր հետաքրքրութիւն մը։ Թրքական պետական ներքին հակադարձութիւնը շատ խիստ էր․ հայոց ցեղասպանութեան եւ հայոց պատմութեան ամէն ակնարկութիւն կամ նոյնիսկ «հայ» բառի հրապարակային նշում կրնար ոճիր նկատել եւ խնդրոյ առարկայ անձ(եր)ը բանտ առաջնորդել։ Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ Պաղ պատերազմի մթնոլորտը․ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիա շատ երկար սահման ունէր Խորհրդային Միութեան հետ եւ սահմանամերձ տարածքի բազմաթիւ վայրեր կը համարուէին զինուորական գօտի։ Այս պատճառով Մասիս բարձրանալու արտօնութիւն չէր տրուած Վոլֆկանկ Քունցին, իսկ Անիի աւերակներ այցելելու թոյլտուութիւն ստացած էր առանց լուսանկարելու արտօնութեան։

Ահա այսպիսի երկրի մը մէջ Վոլֆկանկ Քունց որոշած էր լուսանկարել հայկական կեանքն ու հայկական ներկայութեան հետքերը։ Ան Անգարայի մէջ նախ կ’այցելէ Արեւմտեան Գերմանիոյ դեսպանատուն, ուր իրեն յստակ կը հասկցնեն՝ «ընտրած ես վտանգաւոր թեմա մը»։ Արեւելեան նահանգներու մէջ իր շրջագայութիւններուն ընթացքին Վոլֆկանկ Քունց յաճախ կը հանդիպի զինուորական արգելքներու։ Ան նաեւ կը նկատէ, թէ պետական վերահսկողութենէ զերծ վայրերու մէջ տեղացիները, յատկապէս քիւրտերը, հայերու մասին կը խօսին առանց թապուի․ անոնց խօսքերուն մէջ հայը պետական վարչամեքենային ստեղծած չարի տիպարը չէ միայն։ Պոլսոյ, Մուսա Լեռան եւ Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) հայոց իր այցելութիւնները կը յատկանշուին իրենց ջերմութեամբ, լուսանկարիչը կ’ընդունուի գրկաբաց։ Բայց Վոլֆկանկ Քունցի հայ խօսակիցները չափազանց զգոյշ էին իրենց քաղաքական արտայայտութիւններուն մէջ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ անոնք կը խուսափէին հայոց պատմութենէ եւ քաղաքականութենէ խօսելէ։ Վոլֆկանկ Քունց մեծապէս կը փափաքէր հանդիպիլ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Շնորհք արք․ Գալուստեանին (1913-1990, պատրիարք՝ 1961-1990), անոր հետ հարցազրոյց կատարել, հարցնել կրօնաւոր այս ղեկավարի՝ ցեղասպանութենէն վերապրած հայ որբի անոր փորձառութեան եւ կեանքի ուղիին մասին։ Բայց այս հարցազրոյցը տեղի չունենար։ Իրեն կ’ըսուի, թէ կրնայ լուսանկարել պատրիարքը, բայց հարցազրոյցի առաջարկը կը մերժուի։ Պարզ է, որ ժամանակուայ ճնշիչ պայմաններուն մէջ, Շնորհք պատրիարք որդեգրած էր չափազանց զգուշութիւն եւ չէր ուզեր որեւէ ձեւով վտանգել իր համայնքը։

Պոլիս/Իսթանպուլ

Հայ ոսկերիչներ Պոլսոյ Գոց շուկային մէջ։ Վոլֆկանկ Քունց կը գրէ, թէ իր այցելութեան ժամանակ անոնք կը կազմէին Գոց շուկայի ոսկերիչներու ընդհանուր թիւին 80 առ հարիւրը։

Գնալը կղզիի հայկական կազդուրման կայանը։ Ան կը գտնուի հայոց եկեղեցիին դիմացը եւ կը կառավարուի Գարակէօզեան դպրոցի խնամակալութեան կողմէ։ Ամառները այս վայրը կու գային Գարակէօզեան եւ Գալֆայեան վարժարաններու գիշերօթիկի աշակերտները։ Առ այսօր գործող այս կեդրոնի տնօրէնուհին 1984-ին Շաքէ Վարդերեսեանն էր, որ կ’երեւի նկարներէն մէկուն մէջ։

Սամաթիա թաղամասի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կից Սահակեան-Նունեան վարժարան-մանկապարտէզէն ներս։

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս․ Պատարագ կը մատուցուի Շնորհք պատրիարքի հանդիսապետութեամբ։ Պատրիարքը քարոզի պահուն։ Աջին երեւցող ակնոցաւոր անձը Տէր Պօղոս քհն. Պարոնեանն է։

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս․ Պատարագ կը մատուցուի Շնորհք պատրիարքի հանդիսապետութեամբ։

Տիարպեքիր

Տիարպեքիրի հոգեւոր հովիւ Վարագ քհն. Պէյլէրեան լուսանկարուած է հայկական եկեղեցւոյ առջեւ՝ Տիարպեքիր ապրող հայերու հետ։ Հովիւի իր պաշտօնին բերումով ան տարեկան 1-2 անգամ կ’այցելէր Մալաթիա, Խարբերդ (Էլազըկ), Տէրիք, Շըրնաք, ուր տակաւին կ’ապրէին հազուագիւտ հայեր։

Վագըֆ գիւղ (Մուսա Լեռ)

Մասիսը (Արարատ լեռ)

Մասիսը։ Առաջին կարգի վրայ կ’երեւին քիւրտ քոչուորներ եւ իրենց վրանը։

Մասիսը։

Արարատ լեռան մօտակայ Իսհաք Փաշա պալատը (Պայազիտի/Տողուպայազըթի շրջան)

Վանի շրջան

Վան. հին քաղաքին աւերակները։ Կանգուն կը մնան միայն մզկիթները։ Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն հին քաղաքը մեծամասնութեամբ բնակեցուած էր հայերէ։ Նոր քաղաքը կառուցուած է մերձակայ վայրի մը մէջ։

Վանի շուկային մէջ հայկական պղնձեղէնի եւ արծաթեղէնի վաճառք։

Վանայ լիճի Ախթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին։

Վանի բերդը։

Վանի բերդը։

Վանայ լիճի հարաւը գտնուող Եմիշլիք (Yemişlik)/Նարեկ գիւղին մէջ (պատմական Գեաւաշ/Ոստան շրջանին մէջ)։ Քրտաբնակ այս գիւղին մէջ գտնուած է Նարեկայ վանքը, որ աւերուած էցեղասպանութենէն ետք։ Քրտուհի մը կ’աւլէ հայկական խաչքար մը, որպէսզի Վոլֆկանկ Քունց զայն լուսանկարէ։

Վանայ լիճի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Հանելմալը (Hanelmalı)/Խնձորգին գիւղը։ Կը գտնուի Դատվան քաղաքի հարեւանութեամբ։ Լուսանկարին մէջ կ’երեւի նախկին հայաբնակ գիւղի Ս. Խաչ եկեղեցին, որ յարդանոցի վերածուած է։

Վանի շրջանին մէջ ագարակի վերածուած հայկական եկեղեցիի մը աւերակները։ Լուսանկարին մէջ երեւցող անձը ցոյց կու տայ եկեղեցւոյ խորանը։

Վանայ լիճի հիւսիսային ափին՝ Ատիլճեւազ (Adilcevaz)/Արծկէ եւ Էրճիշ (Erciş)/Արճէշ քաղաքներուն միջեւ գտնուող հայկական գերեզմանատուն։

Եփրատ գետ, Քեմախ/Կամախի եւ Երզնկայի շրջան

Եփրատ գետը Քեմախ/Կամախի մէջ։ Քունց հոս եկած է հայոց ցեղասպանութեան հետքերով, նկատի ունենալով որ այս վայրը հայ տարագիրներու համար վերածուած էր սպանդանոցի։ Ան կը գրէ. «Շատ հեռուներէն եկայ մինչեւ հոս։ Պայուսակիս մէջ կայ քարտէս մը, ուր այս վայրը ընդգծուած է եւ շրջանակի մէջ առնուած՝ կարծես բան մը փաստելու համար։ Կը կարծուի թէ հոս սարսափի բազմաթիւ վայրերէն մէկուն տեսանելի խորհրդանիշն է։ Ան տակաւին չէ թաղուած հողին տակ, ինչպէս է պարագան այլ շատ վայրերու, այլ կը պահպանուի շնորհիւ քարի ուժին։ (…) Ան ինծի կը ներշնչէ նոյն այն զգացումը, զոր ունեցայ Պիրքենաուի [Նացի Գերմանիոյ համակեդրոնացման ամենամեծ ճամբարը] մէջ։ Անմարդկայնութիւնը մարդակերտ է։ Երեւակայութեանս մէջ մնացած է գետին՝ դիակներով լեցուած պատկերը»։

Եփրատը Երզնկայի շրջանին մէջ։

Կարսի շրջան (Անի, Բագնայր, Կարս քաղաք)

Անի պատմական քաղաքը։ Վոլֆկանկ Քունցի կ’արտօնուի Անի այցելել, բայց անոր կ’արգիլուի լուսանկարել՝ վայրին զինուորական գօտի ըլլալու պատճառաբանութեամբ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քունցի արխիւին մէջ կայ Անիի միայն այս լուսանկարը։

Անիէն եօթը քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք Քոզլուճա (Kozluca) գիւղը։ Հոս կը գտնուի 10-րդ դարուն կառուցուած Բագնայրի վանքը։

Քրտուհիներ իրենց աւանդական տարազով Բագնայրի վանքին առջեւ։

Կարս քաղաքի համայնապատկերը՝ նկարուած Կարսի բերդէն։

Էրզրում

Էրզրում։ 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի յիշատակին նուիրուած կոթող։

8 տարեկան քիւրտ հովիւ մը Էրզրումի շրջանին մէջ։

Շապին Գարահիսար

Շապին Գարահիսար։ Վոլֆկանկ Քունց կարդացած է, որ այս քաղաքին մէջ հայերը 1915-ին դիմադրութիւն կազմակերպած են։ Այդ նպատակով ալ իր շրջագայութիւններուն մէջ ան ընտրած է նաեւ այս քաղաքը, որու հանդիպակաց բլուրին վրայ կայ Աթաթիւրքի արձանը։ Այս մասին ան կը գրէ. «Ներկայիս մտածկոտ Աթաթիւրք մը կանգնած է բերդի քարերուն վրայ, կողքին՝ թնդանօթ մը։ Արդեօ՞ք այս մէկը յուշարձան է աժան յաղթանակի մը՝ անզէններու եւ անմեղներու դէմ անհաւասար մարտի մը ընթացքին։ Արձանէն դէպի վար կ’երեւի աղքատ հողատարածք մը, զրկուած այն ժողովուրդէն, որ կրնար այս վայրը կրկին բարգաւաճ դարձնել»։

Տարագրութեան ուղիներ

Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին, Վոլֆկանկ Քունց յաճախ լուսանկարած է ճանապարհներ, որոնք կը խորհրդանշեն 1915-ի հայ տարագիրներուն ուղիները։ Ան կը գրէ. «Տարագրութեան ուղիները անվերջանալի էին։ Ճամբու վրայ տարագիրները կը յափշտակուէին իրենց «պահակ»ներուն կողմէ, աւազակներ նոյնպէս կը յարձակէին այս անպաշտպան զանգուածին վրայ։ Այս ուղիներուն վրայ սովածները, բռնաբարուածները եւ ուժասպառները կ’իյնային ու կը մեռնէին։ Պարզ է, որ այս պայմաններուն մէջ հայ տարագիրները ոչ մէկ առիթ ունէին վայելելու Հայկական բարձրաւանդակի հիանալի (նոյն ժամանակ՝ ողբալի) գեղեցկութիւնը։ Ստիպուած էին վերջնականապէս լքել իրենց հայրենիքը, որ իրենցն եղած էր մօտաւորապէս երեք հազար տարիէ ի վեր։ Հայաստան առաջին իսկ օրերէն բռնակալութիւններու եւ օտար տիրապետութիւններու թատերաբեմ եղած էր։ Բայց ո՛չ մէկ ատեն կացութիւնը այսքան սպառնական եղած էր եւ հայերու բնաջնջումը այսքան համատարած, որքան 1915-ի ամռան»։

Արաքսի հովիտը։

Վանի շրջան։ Վոլֆկանկ Քունցի լուսանկարներու մակագիրներուն մէջ այս նկարներուն համարնշուած է, որ երեւցող անձերը ասորի գիւղացիներ են։ Անոնք կը գործածեն գոմէշներով քաշուող աւանդական սայլեր։

Էրզրումի շրջանի ճամբաներուն վրայ։

Վոլֆկանկ Քունց - Կենսագրութիւն

Վոլֆկանկ Քունց ծնած է Աուկսպուրկի մէջ՝ 1949-ին։ Ան երրորդ զաւակն էր գեղանկարիչ Քարլ Քունցի եւ պատմագէտ Իլզէ Քունցի։ 25 Փետրուար 1944-ին, Աուկսպուրկ քաղաքի ռմբակոծման ժամանակ կը քանդուի իրենց ընտանեկան տունը եւ կ’ոչնչանայ նաեւ հօր գեղանկարներուն մեծ մասը։ Այս աղէտէն ետք, մայրը կը մտնէ ուսուցչութեան ասպարէզ՝ ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար, իսկ հայրը այս ձեւով կարելիութիւնը կ’ունենայ ազատ աշխատող արուեստագէտի իր գործը շարունակելու։

1953-ին ընտանիքը կը տեղափոխուի Վայլպուրկ (Հեսսէնի երկրամասին մէջ), ուր 1959-ին Վոլֆկանկ Քունց կ’ամբողջացնէ իր միջնակարգ ուսումը։ 1960-ին կը փոխադրուի Ֆրանքֆուրթ քաղաքը, ուր կ’ապրի հօր հետ, որ 1957-էն ի վեր հոն արուեստանոց մը վարձած էր։ Վոլֆկանկի նպատակն էր էջադրող դառնալ, հետեւաբար կը սկսի հետեւիլ գրաշարութեան արհեստին ու կը դառնայ աշկերտ։ Այս տարիներուն Ֆրանքֆուրթի Städelschule-ի (արուեստի դպրոց) մէջ կը հետեւի գիշերային դասընթացներու ու կը սորվի մերկանկար եւ անշունչ բնանկար գծել։ Միեւնոյն ատեն, ան իր նոր գնած լուսանկարչական մեքենայով կը սկսի լուսանկարել։ Վոլֆկանկ Քունց անմիջապէս կը հմայուի իրեն համար ամբողջովին նոր այս գործիքով։

Լուսանկարչութիւնը մուտք գործած էր Վոլֆկանկ Քունցի աշխարհէն ներս։ Հօր արուեստանոցի կողքին գտնուող անոր սենեակը աւելի շատ կը վերածուի լուսանկարչական մութ սենեակի՝ հոն քնանալու յարմարութեամբ օժտուած։ Ան աւարտին կը հասցնէ գրաշարութեան եռամեայ աշկերտութեան ընթացքը, բայց կը շարունակէ կախարդուած մնալ լուսանկարչութեամբ։ Վոլֆկանկ Քունց օթօսթոփ-ով կը մեկնի Փարիզ, Պրըթանեը, ապա կը հասնի Իրլանտա, ուր մեծ ոգեւորութեամբ կը կիրառէ լուսանկարչութեան արուեստը։ Ան ներշնչուած էր Օթթօ Շթայներթի subjektive 2 նկարազարդ գիրքէն։ 1963-ին Վոլֆկանկ Քունց կ’ընդունուի Էսսէն քաղաքի Folkwangschule (համալսարան), ուր կը դասաւանդէր Շթայներթ։ Բայց Վոլֆկանկ համոզուած էր, որ իր ինքնուրոյն ուղին պէտք էր գտնել, ուստի մէկ տարի ետք կը ձգէ համալսարանը։ Արուեստի քննադատ Հաննօ Ռէօյթեր կը նկատէ անոր տաղանդը, անոր մասին կը գրէ եւ առիթ կը ստեղծէ որ Վոլֆկանկ Քունցի լուսանկարները հրատարակուին «Ֆրանքֆուրթեր ռունդշաու» Frankfurter Rundschau օրաթերթին մէջ։

1965-ին Քունց առիթ կ’ունենայ ծանօթանալու հանրայայտ լուսանկարիչ Թոմաս Հէօփքերին. միջոց մը կ’աշխատի անոր մութ սենեակին մէջ եւ մօտէն կը սերտէ արհեստավարժ լուսանկարիչին գործերը։

1966-ին Վոլֆկանկ Քունց կը գնէ «Լայքա» մակնիշի լուսանկարչական մեքենայ մը, ձեռք կը ձգէ Լոնտոն մեկնելու դրամաշնորհ մը եւ ամբողջ տարի մը կը լուսանկարէ բրիտանական մայրաքաղաքին երիտասարդական յեղափոխական մշակոյթը (Swinging London)։ Համպուրկ վերադառնալէ ետք, ան կը միանայ «Շթեռն» (Stern) պարբերաթերթի լուսանկարչական խումբին։ Երեք տարի հոս աշխատելէ ետք այս անգամ կը միանայ նոր հիմնուած «Ցայթ» (Zeit) պարբերաթերթի անձնակազմին։ Վերջաւորութեան սակայն, կը նախընտրէ որդեգրել ազատ աշխատողի կարգավիճակը եւ կը խուսափի մնայուն պաշտօններ ստանձնելէ։ Համպուրկէն իր լուսանկարչական մեքենայով կը մեկնի աշխարհի զանազան կողմերը. յաճախ կը լուսանկարէ տագնապալի վայրեր, ինչպէս Հիւսիսային Վիեթնամ, Հարաւային Վիեթնամ, Հիւսիսային Իրլանտա, Նամիպիա, առանց մոռնալու անշուշտ հայկական թեմայով լուսանկարչական իր առաքելութիւնները դէպի Թուրքիա, Խորհրդային Հայաստան, Լիբանան եւ Սուրիա։

1983-ին Վոլֆկանկ Քունց Համպուրկի մէջ 14 գործընկերներու հետ կը հիմնէ «Պիլտերպերկ» (BILDERBERG) լուսանկարչական գործակալութիւնը։ Գերմանիոյ վերամիացումէն ետք, ան 1995-էն 1999 լուսանկարչութիւն կը դասաւանդէ Պերլինի Վայսընզէյի արուեստի համալսարանէն ներս։ Այդ տարիներէն ի վեր ան կ’ապրի Պերլինի մէջ։