Կը ներկայացնենք Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ տարբեր վայրերու ՊԱՐԵՐ։ Ընտրեցէք վարը նշուած ձեր ուզած աշխարհագրական վայրը եւ պիտի բացուի պարերուն մասին յօդուածը։
Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։