Նեմրութ լեռ (7000 ոտք), Արեւելեան Տաւրոսի ամենաբարձր գագաթներէն մէկը՝ նկարուած 10-րդ օդազօրային ջոկատի «Albatros C.III» օդանաւերէն մէկէն։

Հայկական բարձրավանդակի եզակի օդալուսանկարներ - Օդային պատերազմը Արեւելեան նահանգներուն մէջ, 1916-1917

Հեղինակ՝ Փիթըր Տայ, 20/10/21 (վերջին փոփոխութիւն՝ 20/10/21), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան-Արծրունի

Այս յօդուածը ծնած է Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան նահանգներու երկվեցեակ մը լուսանկարներու բախտի բերմամբ կատարուած գնումէն։ [1]

Լուսանկարներու պատմութեան ուսումնասիրութիւնը նոր տուեալներ ի յայտ բերաւ օսմանեան եւ ռուսական բանակներու բախումներուն մասին (որոնք հազուադէպօրէն յիշատակուած են Առաջին համաշխարհային պատերազմի ոչ գիտական պատմագրութեան էջերուն մէջ) ինչպէս նաեւ նոր մանրամասնութիւններ Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան նահանգներու հայ համայնքները պատուհասած ողբերգութեան մասին։ Բազմաթիւ նկարներ կը պատկերեն լքուած գիւղեր՝ անտանիք մնացած տուներով եւ սպաննուած կամ տեղահանուած բնակչութեամբ։ Աւերուածութեան տարողութիւնը զգաստացնող է. զգաստացնող է նաև լեռնոտ բնաշխարհի գեղեցկութիւնը՝ իր խորդուբորդութեամբ, բարձրադիր լեռնաշղթաներով, զառիթափ լանջեր ունեցող հովիտներով եւ արագահոս գետակներով։ Ձմեռը շուտ կը հասնի Հայկական բարձրավանդակ եւ կը յամենայ մինչեւ ուշ գարուն։ Ճանապարհներու կամ մեծ քաղաքներու թիւը փոքր է, բայց կարելի է տեսնել հովիտներուն ու բարձրադիր դաշտերուն մէջ ցանցառօրէն ծուարած բազմաթիւ պզտիկ բնակավայրեր։ Ամբողջ տարածքին վրայ կ’իշխեն Եփրատ գետը եւ անոր հարկատուներն ու վտակները, որոնք լեռներէն կը հոսին դէպի արեւմուտք՝ Տաւրոսեան լեռնաշղթայի հիւսիսէն, ապա կը դառնան դէպի հարաւ՝ դէպի Սուրիա եւ Իրաք։ Դժուար է հաւատալ, որ հոս պատերազմ մղուած է, կամ որ այս պատկերները այս հեռաւոր ու դժուարամատչելի շրջանի առաջին օդալուսանկարներն են, որոնք եզակի արձանագրութիւն մըն են 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան հետ անհետացած բնաշխարհին ու կենցաղին։

Այս տպագրուած լուսանկարներուն մեծ մասը անմակագիր է, եւ անոնցմէ ոչ մէկը թուական կը կրէ։ Արբանեանակային արդիական լուսանկարչութեան հնարաւորութիւններուն շնորհիւ մի քանի տեղանք կարելի եղաւ նոյնականացնել, բայց շատերը կը մնան «անյայտ»։ Տարածաշրջանը մեծապէս ձևափոխուած է վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին. տնտեսական արագ զարգացումը (եւ, ցաւօք, բնական աղէտները) բառացիօրէն կերպարանափոխած են հողաշերտը։ Կը յուսանք, սակայն, որ այս յօդուածը կարդացող գոնէ մէկ հոգի պիտի կարենայ ճշդել որոշ տեղանքներու ինքնութիւնը։ Իսկ այն փաստը, որ բնակավայրերու անունները փոխուած են վերջին տարիներուն ընթացքին, աւելի կը բարդացնէ այս ճշգրտումը։ Խնդիրը աւելի կը դժուարացնէ այն իրողութիւնը, որ Հայկական բարձրավանդակի բազում գիւղեր մի քանի տարբեր անուններով յայտնի էին՝ նայած ինչ համայնքի կապուած էին եւ ինչ լեզուով էր յիշատակումը։ Ուր որ կարելի եղած է, նշուած են թէ «սկզբնական» եւ թէ ժամանակակից անունները։

1916-ի սկիզբները պատերազմին ընթացքը ի նպաստ Օսմանեան կայսրութեան չէր։ Ճիշտ է որ Դաշնակիցները ստիպուած եղած էին զիջիլ Կալիփոլիի իրենց ռազմայենադաշտը եւ զօրքը ետ քաշել ի դէմ օսմանեան վայրագ պաշտպանութեան, որ Միջագետքի մէջ բրիտանացիները պաշարուած էին Կութի մէջ (Պաղտատի հարաւը) եւ շուտով պիտի յանձնուէին, սակայն օսմանեան զօրքին Կովկասի մէջ՝ ռուսերուն եւ Եգիպտոսի մէջ՝ բրիտանացիներուն դէմ սկզբնական յարձակումները սուղ արժած ձախողումներ եղած էին։ Թէեւ օսմանեան բանակը հզօրացուած էր գերման սպայակոյտի բարձրաստիճան սպաներու կցումով, ան չունէր օդային ժամանակակից սպառազինութիւն։ Հետեւաբար, նեցուկ կանգնելու համար օսմանեան փոքրաթիւ օդուժին, Գերմանիան հետզհետէ աւելի մեծ թիւով օդանաւեր եւ օդուժ պիտի տրամադրէր, իսկ 1916-էն սկսեալ՝ ամբողջական տորմիղներ։ «Փաշա» կոչուող այս օդային զինուորական ջոկատները անգնահատելի օգտակարութիւն պիտի ունենային, հակառակ անոր որ Գերմանիայէն Կովկաս մատակարարման երկար շղթաները կը բարդացնէին անոնց գործունէութիւնը։

Դաշնակից զօրքերու Կալիփոլիէն քաշուիլը օսմանեան բարձրագոյն հրամանատարութեան առիթ տուաւ ամրացնելու իր դիրքերը արեւելեան նահանգներուն մէջ։ Արդէն փորձառու օսմանեան 2-րդ բանակը Տարտանէլէն փոխադրուելով ստանձնեց ռազմաճակատի հարաւային մասը, մինչ օսմանեան 3-րդ բանակը կը փորձէր հիւսիսի մէջ կասեցնել ռուսերուն յառաջխաղացքը։ Օսմանեան հրամանատարութիւնը կը յուսար որ օսմանեան 2-րդ բանակը կողքէն պիտի ճեղքէր ռուսական որեւէ հետագայ յարձակում, սակայն օսմանեան զօրամիաւորումներուն մեծ մասը իրենց դիրքերուն մէջ չէին երբ ռուսերը լայնածաւալ յարձակման անցան Տրապիզոնէն Վանայ լիճ երկարող գիծին վրայ՝ բազմաթիւ կեանքեր խլելով օսմանեան 3-րդ բանակէն։ Ռուսերը Էրզրումը գրաւեցին 1 մարտ 1916-ին, ապա՝ Տրապիզոնը 15 ապրիլին, Երզնկան (այսօրուան Էրզինճան) 25 յուլիսին։ Արդէն վտանգ կար, որ ռուսերը իրենց հետագայ յառաջխաղացումներով Միջագետքի մէջ միանային բրիտանացիներուն։

Թէեւ օսմանեան 3-րդ բանակը կրցեր էր «7nci Tayyare Böluk»-ը (7-րդ օդազօրային ջոկատը) գործի դնել օդային հետախուզութեան համար, 2-րդ բանակին կը պակսէր օդուժին աջակցութիւնը։ Պոլսոյ մէջ կազմուեցաւ նոր զօրամիաւորում մը՝ «10ncu Tayyare Böluk»-ը (10-րդ օդազօրային ջոկատը), որ պիտի գործէր արեւելեան նահանգներու օդային տարածքին մէջ։ Ջոկատը ռազմաճակատ մեկնեցաւ 1 սեպտեմբեր 1916-ին՝ զինուած հինգ Albatros C.III զինուորական օդանաւերով։ Գրեթէ երկու ամիս տեւեց մինչեւ Ռաս ըլ Այնի եւ Մարտինի ճամբով հասաւ Տիարպեքիր։ Անձնակազմը միայն եօթը հոգիէ բաղկացած էր՝ երեք գերմանացի օդաչու (տեղակալ Վեստֆալ և տասնապետեր Եակոպ ու Ֆրանքլ) եւ օսման չորս դէտ՝ (տեղակալներ Ահմետ Մուզաֆեր, Նուրի, Մազլում եւ Պահատտին)։ Ի վերջոյ անոնք 9 նոյեմբեր 1916-ին հասան 2-րդ բանակի կեդրոնակայան, վայրէջքի տարածքը տեղակայեցին Սուրսուրու (այսօր՝ Օլկունլար) գիւղին մէջ՝ Մեզրէ/Մամուրէթ ուլ Ազիզ (այսօրուան Էլազիկ) քաղաքին մօտիկ, Խարբերդէն հարաւ գտնուող հովիտին մէջ։ Զօրամիաւորումը շուտով սկսաւ հետախուզական թռիչքներ կատարել, հակառակ անոր որ իր ունեցած օդանաւերու թիւը փոքր էր (16 նոյեմբերին տեղի ունեցած վայրէջքի արկածէ մը ետք մնացած էր չորս օդանաւ) եւ պահեստամասերու լուրջ պակաս կար, ներառեալ օդապտուտակներու եւ անիւներու։

Ցարական Ռուսիոյ օդուժն ալ Հայկական բարձրավանդակին օդային տարածքին մէջ գործունեայ եղած է՝ ի գործ դնելով կրկնապատիկ թիւով օդանաւեր, որոնց մէջ նաեւ միատեղանի կորածնիչներ։ Երկու կողմերն ալ կեդրոնացած են հետախուզական առաջադրանքներ կատարելու վրայ, բայց նաեւ զինուորական բանակավայրերու եւ պահեստներու ռմբակոծում կատարած են։ Օդային մարտեր հազուադէպ տեղի ունեցած են, եւ առհասարակ առանց վճռական աւարտի։ Այս գործողութիւններուն ընթացքին միայն մէկ մեքենայ անգործածելի դարձած է՝ 7-րդ օդազօրային ջոկատին պատկանող Albatross CIII օդանաւ մը խոցուած է Երզնկայի վրայ իր թռիչքին ընթացքին 8 հոկտեմբեր 1917-ին։ Այս յաղթանակը կը վերագրուի հարիւրապետ Միխայիլ Մաչաւարիանիին, որ «Nieuport XXI» ռազմական օդանաւի մը ղեկին էր։ Օսման անձնակազմը՝ աւագ տասնապետ Վեհիճի Հուրքուսը եւ տեղակալ Պահատտինը (որ նոր տեղափոխած էին 10-րդ օդազօրային ջոկատէն) երկուքն ալ գերի ինկած էին, հակառակ անոր որ կրցեր էին վայրէջքի ատեն այրել իրենց օդանաւը։

Այսքան լեռնային, խորդուբորդ շրջանի մը վրայէն օդանաւ քշելու ատեն դիմագրաւուած մարտահրաւէրները նկարագրելու ատեն չափազանցելը դժուար բան է։ Եղանակը յաճախ անբարենպաստ էր եւ միշտ անկանխատեսելի։ Անձնակազմերը պէտք էր որ իրենց օդանաւը բաւակա՛ն մեծ բարձրութեան հասցնէին որպէսզի կարենային կտրել զիրար խաչող լեռնաշղթաները՝ դիմադրելով սաստիկ ցուրտին եւ թթուածինի պակասին։ Պահեստամասերու սահմանափակ թիւը օդանաւերը սարքին վիճակին մէջ պահելու տեւական խնդիրներ կը ստեղծէր, անբարեյոյս շարժիչներն ալ, բայց շատ քիչ տեղեր կային, ուր կարելի էր ապահով վայրէջք կատարել։ Խղճուկ քարտէսները, օդային յարձակումի վտանգները, ինչպէս նաեւ կանոնաւոր կերպով ցամաքային կրակոցներու թիրախ դառնալը (երկու բանակներուն ալ կողմէ) երկու կողմի օդաչուներուն ապրած պրկուած վիճակը աւելի կը ծանրացնէր։

Մեզրէ/Մամուրէթ ուլ Ազիզէն մեկնող առաջին մարտական թռիչքը տեղի կ’ունենայ 20 նոյեմբերին, երբ տասնապետ Եակոպը եւ տեղակալ Մուզաֆերը կը ստանան տեղանքի հետախուզութիւն կատարելու առաջադրանք՝ 2-րդ բանակին նախապատրաստման մէջ եղող յարձակումին սատարելու նպատակով։ Թռիչքէն քիչ անց պարտադիր վայրէջքով կ’աւարտի ան սակայն։ Տասնապետ Եակոպը եւ տեղակալ Մեհմետ Նուրին աւելի յաջող թռիչք մը կը կատարեն 28 նոյեմբերին եւ կը հասնին Կէօյնիւք (Օկնութ)։ Եւս երկու թռիչք տեղի կ’ունենան 30 նոյեմբերին եւ 8 դեկտեմբերին։ Ձմեռուան գալուստը եւ պահեստամասերու բացակայութիւնը կը նշանակէին որ այլեւս թռիչքներ կատարելը կարելի չէր, եւ միւս օդանաւերը լքուած եկեղեցիի մը մէջ ապահով կը տեղաւորեն։

Նախորդ տարուան ընթացքին զօրքին կրած ծանր կորուստներուն բերումով օսմանեան 2-րդ եւ 3-րդ բանակները 1917-ի սկիզբները կը միացուին իրարու եւ կը կազմեն «Արեւելեան բանակներու խումբը»՝ Ահմետ Իզզէթ փաշայի հրամանատարութեան տակ, որ գարնան ռուսերուն դէմ յարձակումի մը կը նախապատրաստուէր։ Սակայն եղանակային անբարենպաստ պայմանները, զօրքին մարտունակութեան կորուստը եւ թիւին նուազումը (ներառեալ օդանաւային արկածի հետեւանքով տեղակալ Նուրիի մահը) ինչպէս նաեւ պահեստամասերու բացակայութիւնը պատճառ կ’ըլլան, որ 1917-ի մարտին ամբողջ ռազմաճակատին վրայ ոչ մէկ սարքին օդանաւ ըլլայ։ Մայիսին փոխարինող օդանաւեր կը ղրկուին Պոլիսէն, 10-րդ օդազօրային ջոկատը կը ստանայ չորս հատ նոր «Albatros C.III» օդանաւ, որոնք ցամաքային ճամբուն փոխարէն օդային ճամբով Մարաշի (այսօր՝ Քահրամանմարաշ) եւ Մալաթիոյ վրայով կը բերուին Մեզրէ/Մամուրէթ ուլ Ազիզէն։ Օժանդակ ուժերուն մէջ էին նաեւ երեք օդաչու եւ երեք դէտ։ Այս յօդուածին մէջ բերուած բոլոր օդալուսանկարները այդ ատեն նկարուած են եւ կրնան թուագրուիլ 1917-ի մայիսէն նոյեմբեր։

Տրուած ըլլալով որ զօրամիաւորումը պէտք էր որ Երզնկայէն մինչեւ Վանայ Լիճ երկարող մօտաւորապէս 400քմ ռազմաճակատին օդային ծածկապաշտպանութիւնը ապահովէր՝ վայրէջքի առաջադիր տարածքներ տեղակայուեցան Սեքերաթի (Եասիպասի) եւ աւելի ուշ Կարիփի մէջ։ Եւ քանի որ այս տեղերը մատակարարում հասցնելը դժուար էր, Մեզրէ/Մամուրէթ ուլ Ազիզը մնաց 10-րդ օդազօրային ջոկատի կեդրոնակայանը տարուան մնացած ամիսներուն ընթացքին։ Օդային մարտական գործողութիւնները շուտով վերսկսան, ներառեալ հետախուզական թռիչք մը ի Կէօյնիւք տասնապետ Քլայնըհայքի եւ տեղակալ Զիկըյի կողմէ 5 մայիս 1917-ին։ Վերջիններս զեկուցեցին, որ Վարդոյէն Մշոյ դաշտ տանող ճանապարհներուն վրայ թշնամի չէր երեւեր, հակառակ անոր որ Կէօյնիւք գիւղին շուրջը ռուսական զօրք կար։ Ցաւօք, օդանաւը կը փճանայ վերադարձի թռիչքին ատեն իւղի հոսակորուստի պատճառով, անձնակազմն ալ կը վիրաւորուի։

Այս կայքէջին մէջ նշուած տեղանուններ. Schwarzes Meer/Սեւ ծով, Trapezunt/Տրապիզոն, Batum/Պաթում, Kars/Կարս, Erzingjan/Երզնկա, Mamachatoun/Մամախաթուն, Erzerum/Էրզրում, Malatia/Մալաթիա, Mezre/Մեզրէ/Մամուրէթ ուլ Ազիզ, Kharput/Խարբերդ, Sekerat/Սագրաթ, Garip/Կարիփ, Tchabaktchour/Ճապաղջուր/Պինկէօլ, Goynuk/Կէօյնիւք, Goumgoum/Կումկում/Վարդօ, Euphrat/Եփրատ գետ, Musch/Մուշ, Khinis/Խնուս, Akhlat/Ախլաթ, Bitlis/Պիթլիս, Wan See/Վանայ լիճ, Melezguerd/Մանազկերտ, Wan/Վան, Bachkale/Բաշկալէ, Diarbekir/Տիարպեքիր, Sert/Սղերդ, Mardin/Մարտին, Ras el-Ain/Ռաս էլ Այն։

16 յունիս 1917-ին Վարդոյէն Խնուս (Հինիս/Հընըս) օդային հետախուզական գործողութենէ մը վերադարձին կը զեկուցեն, որ Վարդոյի մէջ կար ռուսական զօրաբաժանում մը՝ վրանային բանակատեղիներով, Խնուսի մատոյցներուն տեղակայուած զօրամիաւորումով ու օդանաւարանով եւ չորս օդանաւի տարողութիւն ունեցող օդանաւավրանով։ Այս հետախուզական թռիչքին ընթացքին օդային մարտ մը տեղի ունեցած էր ռուսական երկու օդանաւերու դէմ, առանց յստակ յաղթողի։ Մանազկերտի (Մանզիկերտ/Մալազկիրթ) ուղղութեամբ կատարուած օդային հետախուզութեան այլ գործողութիւն մը բացայայտած էր, որ Պուլանըխի (Քոփ/Կոփ) շուրջը տեղակայուած էին բազմաթիւ վրաններ, երկու օդանաւարան եւ մօտաւորապէս երեք զօրագունդ։ 28 յունիս 1917-ին օդանաւ մը թռիչք առած էր Կարիփի վայրէջքի առաջադիր տարածքէն՝ հետախուզելու համար Կէօյնիւքի եւ Մշոյ շրջակայ տեղանքները։ Յաջորդ օրը առանձին-առանձին թռիչքներով օդանաւեր կը հասնին մինչեւ Մամախաթունի (Թերճան) եւ Էրզրումի ռուսական կեդրոնակայանները ։

Օդային հետախուզութիւնը պիտի շարունակուէր 1917-ի մնացեալ ամիսներուն ալ, բայց ռուսական յեղափոխութեան ստեղծած անորոշ կացութեան բերումով ցամաքային մարտերուն սաստկութիւնը մեղմացած էր։ 10-րդ օդազօրային ջոկատը շարունակեց հետախուզական տուեալներ հաւաքել՝ ներառեալ 10 յուլիսին Մանազկերտ եւ Պուլանըխ եւ շաբաթ մը ետք Մամախաթուն կատարուած թռիչքներով։ 2-րդ բանակը կը շարունակէր սերտօրէն հետաքրքրուած մնալ Կէօյնիւքի հովիտին մէջ թշնամիին ընդհանուր կացութեամբ, որովհետեւ այս հովիտը միակ ուղղակի ճամբան էր դէպի Էրզրում։ 13 օգոստոսին կը հարուածուին Երզնկայի շուրջ գտնուող թիրախներ՝ պաշտպանական ամրութիւններ, հրետանիի կրակային դիրքեր, զինամթերքի պահեստատեղիներ եւ քաղաքին հիւսիսային կողմը գտնուող թռիչքադաշտը։ Չորս օդանաւ եւ անոնց յարակից օժանդակ շինութիւններն ու սարքաւորումները կը ռմբակոծուին, եւ ռուսական կործանիչի մը դէմ առանց յստակ յաղթողի օդային մարտ մը տեղի կ’ունենայ։ Թէեւ այն ատեն այս յարձակումը որպէս յաջողութիւն շեփորուած էր, ռուսական ժամանակակից հաշուետուութիւնները կը պնդեն, որ «ռումբերը» 20քկ հակահետեւակային բեկորային ձեռնառումբեր էին, որոնք վրիպած էին եւ թիրախներուն շատ քիչ վնաս պատճառած։ 1917-ի օգոստոսին Կէօյնիւքի շուրջը կատարուած հետախուզական թռիչքի մը ընթացքին զօրագունդի տարողութիւն ունեցող բանակավայր մը տեսնուած էր Կէօյնիւքի վտակին քով։

1 սեպտեմբեր 1917-ին միաւորումը պարտականութիւն ստացած էր ուսումնասիրելու թշնամիին կացութիւնը Եփրատի հունով դէպի Երզնկա երկարող տարածքին մէջ։ Հետագայ հետախուզական թռիչքին ընթացքին, որ մեկնարկած էր Կարիփի մօտակայ վայրէջքի առաջատար տարածքէն, Եփրատին մօտիկ տեղակայուած ռուսական երեք վաշտ տեսնուած էին, երկու օդանաւարան, Երզնկայի հիւսիսը գտնուող դպրոցին քովերը՝ երկու օդանաւ եւ գումարտակային բանակատեղի մը՝ զօրանոցին քով։ Ռուսական կործանիչ օդանաւի մը յարձակումը ետ կը մղուի նախքան անձնակազմին ապահով վերադարձը։ Սեպտեմբերի մնացեալ օրերուն ընթացքին օդային հետախուզութեան բազմաթիւ գործողութիւններ կը կատարուին Երզնկայի, Մշոյ, Պիթլիսի, Մանազկերտի եւ Բաշկալէի շուրջ։ Թռիչքները կը շարունակուին հոկտեմբերին եւ նոյեմբերին ալ՝ հասնելով աւելի հեռուները՝ մինչեւ Վանայ լիճ։

Արեւելեան նահանգներուն մէջ ռուսական հետագայ գործողութիւնները բոլորը կասեցուեցան երբ պատահեցաւ բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը։ Շուտով ռուսական զօրքը քաշուեցաւ արեւելեան նահանգներէն եւ անոր տեղը առաւ հայկական անկանոն զօրքը։ 10-րդ օդազօրային ջոկատը լրջօրէն ներգրաւուած էր ռուսական նահանջը վերահսկելու գործին մէջ՝ երկար թռիչքներ կատարելով բաւական հեռու՝ մինչեւ Պիթլիս, Մանազկերտ, Մուշ, Սղերդ եւ Վան։ Նոյեմբերին թռիչքները քիչ էին՝ եղանակը անբարենպաստ էր, թէեւ առիթէն օգտուելով ռուսական դիրքերուն վրայ քարոզչական թռուցիկներ նետուած էին օդէն։ Նոյեմբեր 29-ին զօրամիաւորումը հրաման ստացած էր Տիարպէքիրի ճամբով Սիլուան վերադառնալու, եւ անկէ ետք ոչ մէկ յանձնարարութեան կատարումի ձեռնարկած էր։ Բայց եւ այնպէս, օդանաւերը այնքան հինցած ու մաշած էին, որ զօրամիաւորումը այլեւս չէր կրնար գործունէութիւն ծաւալել։ Եւ քանի որ փոխարինում չկար, 10-րդ օդազօրային ջոկատը գործնականին մէջ կազմալուծուած էր։ 3 մարտ 1918-ին ռուսական նոր՝ Յեղափոխական կառավարութեան հետ ստորագրուած խաղաղութեան դաշնագիրէն ետք օսմանեան 3-րդ բանակը կը վերատիրանայ Տրապիզոնին, Էրզրումին, Կարսին, Վանին եւ Պաթումին։

Յաւելուած

«Ein Aufklärungsflug im Kaukasus» (Հետախուզական թռիչք մը Կովկասի վրայ) վերնագրուած այս տեղեկագիրը լոյս տեսած է գերմանական «Flugsport» մասնագիտական հանդէսին մէջ 31 յունուար 1917-ին։ Կը թուի թէ հեղինակը տեղակալ Վեսթֆալն է, որ 1916-ին 10-րդ օդազօրային ջոկատին հրամանատարն էր։

Ռաս ուլ Այնէն (Քաղցր ջուրի գլուխը), որ Պաղտատի երկաթուղիին վերջին կայարանն է, ճանապարհը սուրիական մեծ անապատին նախալեռներուն մէջէն կ’անցնի, նախապէս խոշոր հայկական քաղաք, իսկ այժմ քարերու կոյտի մը վերածուած Թել Էրմէէն անցնելով կը տանի Հայկական Տաւրոսի նախալեռներ, ուր փռուած է Մարտին քաղաքը։ Ռաս ուլ Այնի եւ Մարտինի միջեւ կապը պահպանող ինքնաշարժերու շարասիւնի մը տուեր էինք օդանաւերու կրող մակերեսներ, պահեստամասեր եւ այլ օժանդակ իրեր, եւ մենք իրենցմէ առաջ անցնելով տարեր էինք օդանաւը, որ կապած էինք մեր երկու ձիաուժ (եզնաուժ) ունեցող փոխադրավակոններուն։ Նախօրէին տեղացած անձրեւին պատճառով հողը փափուկցած էր եւ անանցանելի դարձած։ Ուրեմն պէտք էր մենք ալ դուրս ելլէինք եւ օգնէինք հրելու։ Ա՛ս ալ մաս կը կազմէր ճամբորդութեան։ Մենք կրնայինք օդային ճամբով տանիլ սարքերը, բայց օդի տեսչութիւնը արտօնութիւն չէր տուած։ Կեանքի քնարերգութիւնը եւ սրամտութիւնը ամենամեծ յաղթանակները կը փառաբանեն ամենէն ճակատագրական կացութիւններուն մէջ։ Գլխիվայր դարձուցած վակոններ, սնտուկներ ու սնտուկներ ամեն կողմ, կոտրած անիւներ, կաղացող եզներ, զառիվերէն վար գլորած քարիւղի տակառներ,որոնք միայն ամենամեծ դժուարութեամբ կարելի էր զառիվերէն ետ վեր տանիլ... այս բոլորը հազար անգամ աւելի զուարճութիւն կը պատճառէին, քան եթէ ամեն ինչ ըստ ծրագիրի ընթացած ըլլար։ Վերջապէս հասանք Մարտին, բայց փոխադրամեքենաները ճամբուն ընթացքին իրենց վիճակը չէին բարելաւած… Աւստրիացի վարորդներու շարասիւն մը քշեց Մարտինէն Տիարպէքս [Տիարպէքիր], եւ մեզ ալ քաշքշելով հասցուց հոն։ Տիարպէքս… ինչպէս արաբական հին առածը կ’ըսէ՝ սեւ շուներու, սեւ պատերու եւ սեւ սիրտերու քաղաքը։ Իր գոց գոյնի երկաթաքարէ պատերով ու պարիսպներով, դարպասներով եւ աշտարակներով, ինչպէս այսօր եւս կանգուն է, կը թուագրուի բիւզանդական ժամանակաշրջանի, շինուած է 6-րդ դարուն, այն օրերուն, երբ պարսիկները պատերազմով գրաւած էին տակաւին Ռաիա-Ամիտ կամ Ամիտա կոչուող Տիարպէքսը եւ զայն դարձուցած կայսրութեան արեւելեան գլխաւոր սահմանային բերդաքաղաքը։ Հոս էր, հայկական բարձրավանդակի այս սկզբնական մասերուն, որ գերմանացի օդաչուները իրենց օդանաւերով ապշեցուցեր էին բնակչութիւնը։ Հիւսիսային դարպասին՝ այսպէս կոչուած Խարբութ [Խարբերդ] դարպասին ետեւը, ընդարձակ գերեզմանատան մը քովը լարեցինք մեր վրանները։ Մի քանի օրուան ընթացքին կրցանք փորձնական թռիչքներ կատարել, եւ չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, որ բնակիչները, որոնք իրենց կեանքին մէջ թռչող մեքենայ չէին տեսած, երբեք չէին լսած մարդու՝ թռչելու արուեստին մասին, երբ լսեցին 160 ձիաուժ Մերսետես շարժիչին մռնչոցը, ամբոխ առ ամբոխ փութացին դէպի հրապարակները։ Ծեր ու երիտասարդ, այր, կին եւ մանուկ, ով ոտք ունէր վազեց դուրս տեսնելու գերմանացի օդաչուները։ Գոյներու պարս մը, որ միայն Արեւելքը կրնայ ստեղծել։ Գլուխը եւ դէմքերը քօղով ամբողջութեամբ ծածկած կանայք ու աղջիկներ՝ կարմիր, դեղին, կանաչ, կարմիր, սեւ լաչակներով, երկար պատմուճաններով եւ ճերմակ «պուռնուս»-ներով այրեր։ Գոյնզգոյն պատ մը շրջապատեց դաշտը։ Արեւելքցիներուն բնորոշ ստոյիկ հանդարտութեամբ անոնք առտուընէ կէսօր կը նստէին՝ տեսնելու համար մեծ թռչունը։ Կէսօրէն քիչ առաջ ես առաջին անգամ ըլալով թռիչք կատարեցի եւ պտոյտ մը ըրի պատկառելի հին քաղաքին վրայ, որուն տափարակ տանիքներուն վրայ մրջնաբոյնի եռուզեռ կը տիրէր։ Տիգրիսի պղտոր, դեղին ջուրերը յուլօրէն կը հոսէին քաղաքէն դուրս, որ տապին տակ կը խոկար։ Քաղաքին հիւսիսը վեր կը խոյանային Հայկական պարի եւ Հայկական տաւրոսի ձիւնածածկ հսկայ լեռնագագաթները, հեռուն կը պսպղար լեռներուն մէջ թառած Կէօլճիք (Կօլու) լիճին մակերեսը։ Ի՞նչ պիտի ըսէին հին պարսիկները եթէ տեսնէին օդին մէջ սաւառնող այս ահարկու թռչունը։ Եւս երեք անգամ թռիչք մեկնարկեցի, որպէսզի իսկապէս փորձած ըլլամ շարժիչը, որ երկար ճամբորդութենէն վնասներ կրած էր, աղտոտ էր եւ փոշոտ։ Ամեն անգամ որ վայրէջք կատարէինք, «հանդիսատեսները» ճիչերով եւ ծափերով կ’ողջունէին, եւ ես վառօրէն կը վերյիշէի անցած օրերը, երբ մեր հին, մետաղալարեայ օդանաւերով հազիւ քանի մը մեթր կը բարձրանայինք գետինէն, մինչ ներկաները խելացնոր կը ցնծային։

Յաջորդ առտու թռիչքային մեկնարկ կատարեցի դէպի մեր «Մ» [Մեզրէ] տեղանքը, որ Տաւրոսի հակառակ կողմը կը գտնուէր։ 4000մ բարձրութեան վրայ կտրեցի լեռները. սաստիկ ցուրտ էր, սառնամանիք։ Լեռներէն վեր օդանաւս մի քանի անգամ շատ «թփրտաց», հաւանաբար հակառակ ուղղութեամբ փչող հովերուն պատճառով։ Կէօլճիք լիճը, մօտաւորապէս 2000մ բարձրութեան վրայ, եզրերուն արդէն սառոյցի հաստ շերտով պատուած էր։ Մէկ ու կէս ժամ թռիչքէ ետք ես տեղ հասայ Խարբուդի վրայով, հովիտին մէջ փռուած «Մ»-ի վրայ մի քանի պարուրաձեւ պտոյտ ալ ըրի եւ վայրէջք կատարեցի քաղաքէն ոչ հեռու պզտիկ գիւղի մը մէջ, ուր որ փայլփլուն վրաններով տեղն էր։ Իզզէթ փաշան՝ օսմանեան 2-րդ բանակի հրամանատարը, այդ պահուն կ’անցնէր կեդրոնակայանէն եւ անձամբ ներկայ էր իր սպայակոյտին հետ վայրէջքի պահուն։ Սպաներուն մէջ ալ կային մարդիկ որոնք երբեք օդանաւ չէին տեսած, ուրեմն սկսանք մեր ձանձրալի բացատրութիւններուն։ Անկէ ետք ալ պէտք եղաւ որ մի քանի տարածական թռիչք կատարեմ որպէսզի փաստեմ մեր պարոններուն, թէ թռչիլը որքան ապահով է, իսկ ես արջի պէս անօթի էի եւ մսած, բայց համբերութեան այս փորձարկումն ալ վերջ գտաւ։ Ամուր ձեռնասեղմումներ, սպաներուն մեծ մասը սահուն գերմաներէն կը խօսէր, «ցտեսութիւն»-ներ կեդրոնակայանին մէջ, «յաջողութիւն»-ներ… «Մ» մեր մուտքը բարձրակէտին հասեր էր։ Յաջորդ օրը եւ անոր յաջորդող օրը զինակիցներս ալ եկան, չորս օդաչու էինք, երեք գերմանացի եւ թուրք մը, որ Տիրապէքսէն մեկնելէ ետք բնաւ չտեսայ։ Ան սկսած-չսկսած իր «Albatros»-ը քշեր էր եղէգներուն մէջ եւ արդէն Կ. Պոլիս վերադարձի ճամբուն վրայ էր [Տեղակալ Սատեթին]։ Յաջորդող օրերուն մենք յաջողեցանք ձմեռուան գալուստէն առաջ մի քանի յաջողած թռիչք կատարել դէպի ռազմաճակատի առաջնագիծերը եւ մեր վերադարձին, որ կեդրոնակայան վայրէջք կատարելու հետ կապուած էր, մեզ պարգեւատրեցին «Երկաթեայ մահիկ»-ով։ Շուտով լրացուցիչ մանրամասնութիւններ կը ղրկեմ ձեզի Մշոյ դաշտի վրայով թռիչքներուն մասին։

Մի քանի շաբաթ է որ հասաած ենք տեղ՝ Հայկական տաւրոսի հակառակ կողմը։ Լեռնաշղթան մեր «Albatros» օդանաւով կտրեցինք մէկ ժամ քառասուն վայրկեանի մէջ։ Օսմանեան 2-րդ բանակի բարձրագոյն հրամանատարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէր մեր ժամանումին, եւ բանակի հրամանատարը շնորհաւորեց մեզ մեր ժամանումին առիթով։ Վրանները շատոնց արդէն լարուած էին առաջուընէ ղրկուած յատուկ խումբի մը կողմէ, եւ ռազմաճակատի մարտերը սկսան յաջորդող քանի մը օրերուն ընթացքին։ Կ’ուզէի խօսքս սկսիլ ըսելով, որ այս մարտերը շատ դժուար էին, այն իմաստով որ 150քմ տարածութեան վրայ վայրէջքի յարմար տեղեր չկան, որովհետեւ լեռները լեռներուն կը յաջորդեն։ --- դեկտեմբերի առաւօտեան ես մեկնումի կազմ ու պատրաստ կեցած էի վրանին առջեւ։ Սկիզբէն պէտք եղած ցուցումները տուած էի թուրք դէտիս, որ մօտիկ ընկեր էր։ Մենք թռանք թրքական քարտէսներու հիման վրայ, բայց անձամբ ես գաղափար չունէի, որովհետեւ հակառակ անոր որ լեզուն բաւական սորվեր էի, գրուածէն բան չէի կրնար վերծանել։ Դաշտին վրայ նստած թեթեւ մշուշը եւ եղեամը կ’աւետէին ձմեռուան ուշացած գալուստը։ Ամբողջութեամբ բեռնուած օդանաւը դանդաղօրէն բարձրացաւ դէպի իր տարերքը։ 2500մ բարձրանելէ ետք դաշտը եզերող գագաթներուն վրայով գացի արեւելք։ Արեւը դեռ լրիւ չէր բարձրացած լեռնահսկաներուն ձիւնածածկ գագաթներուն վրայ, Կէօլճիք լիճը՝ եզրերը արդէն սառցակալման նշոյլներով, խաղաղ փռուած էր լեռներուն միջեւ։ Եփրատը, իր զարմանալիօրէն կանաչ, փայլփլուն ջուրերով անմիջապէս դուրս կը բխէր Մեզրէն արեւելքէն եզերող լեռնաշղթային ետեւէն։ Գետի հոսանքին հետեւելով՝ վաթսուն վայրկեանէն հասանք Բալու, որ կը գտնուի հզօր ժայռադարպասի մը վրայ։ Հոս Եփրատը տարածք մը կը մտնէ, ուր մարդու ոտքը քիչ կոխած է, միակ անդնդախոր ձորը, որ դէպի արեւելք ճիւղաւորուելով անհամար հովիտներ կը ծնի, ապա գալարուելով ժայռազանգուածներէն ընդմէջէն կը հոսի Չապակեհուրի (Ճապաղջուրի) [Պինկէօլ] դաշտով։ Աստիճանաբար հասանք 4000մ բարձրութեան։ Բալուի մէջ լեռները 2800-էն 3000մ բարձրութիւն ունին։ Երեք քառորդ ժամ անց մենք կտրեր էինք այս լերկ լեռնաշղթան եւ կը սաւառնէինք Չապակեհուրի (Ճապաղջուրի) դաշտին վրայ։ Աչքդ որքան կտրէ՝ միայն լեռներ են, լերկ, անանցանելի տեղանք, մառախուղի ճերմակ, փափուկ ամպեր, որոնք դանդաղ սահող նաւերու պէս կու գան արեւելքէն, Մշոյ հոյակապ դաշտէն։ Ամպերը կը ծփան լեռներուն երկու կողմերուն, անոնցմէ վեր՝ շրջապատող լեռներուն կատարները եւ գագաթները եւ պարզ երկինքին մէջ յստակօրէն ուրուագծուող 4000մ Սիփանայ սարը [Սիւփհան]։ Արեւը ելաւ լեռներէն վեր, եւ ձիւնը շողաց հազար ու մէկ ադամանդներու փայլքով։ Մեր աչքերուն առջեւ հրաշալի տեսարան էր։ Բոցավառ կրակ, կարծես աշխարհի ամբողջ ոսկին լեցուած էր հսկայ կաթսայի մը մէջ եւ կը յորդէր եզրերէն։ Չապակեհուրէն (Ճապաղջուրէն) [Պինկէօլ] մենք գացինք հիւսիս-արեւելք, Կիւնեքի [Կէօյնիւք վտակի] հոսանքն ի վեր։ Այս գետը կը հոսի Կիւնեքի դաշտն ի վար, կը կտրէ Չապակեհուրը (Ճապաղջուրը) եւ դաշտի հարաւային ծայրը կը միանայ Եփրատին։ Դանդաղ բարձրացող մշուշը այժմ կը լուսաւորուէր տիրական դարձող արեւով՝ միաժամանակ արծաթափայլ ու դալուկ՝ քարէ աշտարակներուն վրայ վեհապանծ ճախրելով։ Ոչ մէկ ծառ, ոչ մէկ թուփ կար հողը զարդարող։ Ձիւնածածկ կատարները շողշողուն տանիքներու պէս կեցած էին ամբողջին վրայ։ Կամաց-կամաց միգամածները ձուլուեցան ի չիք, եւ երկինքը բռնկեցաւ անբիծ շափիւղայագոյնով։ Մենք աստիճանաբար աւելի կը մօտենանք ռազմաճակատին. արմուկի մեղմ հպում մը զիս կը սթափեցնէ, դուրս կու գամ խորասուզումներէս եւ կը յիշեմ իմ մինչ այդ լուռ մնացած դէտիս ներկայութիւնը։ Թերմոսը կը հանենք, եւ տաք թէյը մեր ներսի մարդ արարածին հոգ կը տանի։ Աւելի ու աւելի կը մօտենանք ռազմաճակատին։ Օֆունցը [Օկնոթ]՝ ռուսական մասի առաջին տեղանքը, մեր վարն է։ Մենք այս գիտէինք նաեւ մեր երկու կողմը բաւական հեռու յայտնուող պզտիկ ամպիկներէն, որոնք գնդակներու անցնիլը կը վկայեն։ Բայց անոնք շատ հեռու են։ Մեր հոգը չէ։ Մենք կը շարունակենք մեր ճամբան դէպի Կիւնէք-Քալա [Հինիս] (Խնուս)։ Հոն մեր բախտը կը բերէ. վրաններու տեսքը եւ ձեւը ցոյց  կու տան, որ միայն օդանաւարան վրաններ կրնան ըլլալ անոնք։ Մենք յայտնաբերած էինք այն թռիչքադաշտը, ուրկէ ռուսերուն ծառայող ֆրանսական օդանաւի թռիչքը մեկնած էր եւ ապարդիւն ռմբակոծած Փոլան։ Աչք մը կը նետեմ վառելանիւթի սլաքին. ան կը զգուշացնէ, որ պէտք է վերադառնալ, եւ մենք ապահով կը վերադառնանք մեր մեկնակէտը 5½ ժամուան թռիչքէ մը ետք։

[1] Յատուկ երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Ճորճ Աղճայեանին եւ Վահէ Թաշճեանին այս յօդուածի շարադրանքին ընթացքին իրենց աջակցութեան եւ նեցուկին համար։ Արեւելեան նահանգներու տարածքին ընթացած օդային պատերազմի պատմութեան գերմանական, ռուսական եւ թրքական տարբեր աղբիւրներ գործածած եմ, որոնց շարքին են ‘Ein Aufklärungsflug im Kaukasus’, Flugsport, 31 յունուար 1917, էջ 56-58, W. Allen & P. Muratoff, Caucasian Battlefields - A History of the Wars on the Turco-Caucasian Border 1828-1921 (Cambridge: Cambridge University Press, 1953), M. Machavariani, Eyes to the South (Tbilisi: State Publishing House, 1969), T. Darcey, A. Durkota & V. Kulikov, The Imperial Russian Air Service (Mountain View: Flying Machine Press, 1995), E. Erickson, Ordered To Die, A History of the Ottoman Army in the First World War (Westport: Greenwood Press, 2001), A. Blume, The Russian Military Air Fleet in World War I, Volumes 1 & 2 (Atglen: Schiffer, 2010), O. Nikolajsen & B. Yilmazer, Ottoman Aviation 1909-1919 (Cahors: Nikolajsen, 2012); S. Averchenko & V. Kushnerev, ‘Russian Aviation on the Caucasian Front 1914-1918’, Military History Journal, 2014, No 8, էջ 10-18 & 2014, No 9, էջ 11-21։