Հալէպ, 1924. այնթապցի գաղթականներէ կազմուած պատանիներու խումբ մը երաժշտական տարբեր գործիքներով (Ս. Տէր Մկրտիչեանի հաւաքածոյ)
Հալէպ, 1924. այնթապցի գաղթականներէ կազմուած պատանիներու խումբ մը երաժշտական տարբեր գործիքներով (Ս. Տէր Մկրտիչեանի հաւաքածոյ)

Երգարան (Ա.)

17 Օգոստոս 2011 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 2 Ապրիլ 2013ին)

Խմբագիրի ծանօթագրութիւն

Յուշամատեանի նպատակն է առաւելագոյն չափերով փորձել հասկնալ ու ծանօթացնել խայտաբղէտ ու տարրատեսակ օսմանեան հայկական աշխարհը՝ կայսրութեան տարածքին գտնուող հայաբնակ բոլոր վայրերուն մէջ։ Մեզի համար պարզ է որ օսմանեան հայերուն մօտ մշակութային տարբերութիւնները յաճախ մեծապէս նկատելի են մէկ տարածքէն միւսը։ Չենք ձգտիր համայնքային նոյն խումբին մօտ գոյութիւն ունեցող այս այլազանութիւնները անտեսել։ Այլ ընդհակառակը զանոնք կը համարենք օսմանեան հայերու ժառանգութեան մաս կազմող բաղադրիչ տարրեր, եւ այս իմաստով ալ մեզի համար անոնք անխտիր կը հանդիսանան ուսումնասիրութեան նիւթեր։

Պարագան նոյնն է երգարուեստի մարզին մէջ։ Ամէն տեղ չէ որ օսմանեան հայերը հայերէն խօսած կամ հայերէն երգած են։ Կայսրութեան տարածքին կը գտնենք աշխարհագրական գօտիներ, ուր տեղաբնիկ հայերը, ի տարբերութիւն մանաւանդ Հայկական Բարձրաւանդակի շատ մը վայրերուն, նուազ մեկուսացած ապրած են կամ դարերու ընթացքին գտնուած են փոքրամասնութեան մը կարգավիճակին մէջ։ Ընկերային միջավայրն ու մշակութային ազդեցութիւնները երկար շունչի վրայ իրենց դրոշմը դրած են նաեւ հայերու այս խմբաւորումներուն գործածած լեզուին ու անոնց երգարուեստին վրայ։ Այս իսկ պատճառով գոյութիւն ունեցած են հայաբնակ շրջաններ ու քաղաքներ, ուր տեղաբնիկ հայերուն մայրենի լեզուն եղած է թրքերէնը, անոնց կողմէ երգուած ու յօրինուած երգերը եղած են նոյնպէս թրքերէն։

Նոյն բանը կարելի է ըսել նաեւ օսմանեան հայերու կողմէ գործածուող երաժշտական շարք մը գործիքներուն մասին։ Անոնցմէ ոմանք, ինչպէս օրինակ ուտը, գրեթէ տեղ չունին հայկական արդի երաժշտութեան մէջ։ Բայց, ինչպէս արդէն նշեցինք, Յուշամատեանի նպատակը այս տարբերութիւնները սրբել ու անտեսել չէ։ Կը ձգտինք վերականգնել անցեալ մը իր կարելի հարազատութեամբ։ Այս սկզբունքով ալ պիտի փորձենք օսմանեան հայը ներկայացնել այնպէս ինչպէս որ էր, հեռու մնալով գաղափարական, գեղագիտական կամ քաղաքա-մշակութային այլազան ազդեցութիւններէ։

Ստորեւ ներկայացուած երգացանկը կը կարծենք որ լաւապէս կը դրսեւորէ օսմանեան հայերու մշակութային բազմազանութիւնը։ Այնտեղ կը գտնենք հայկական դասական երգեր, որոնք մինչեւ այսօր ալ կը լսուին հայկական բեմերու վրայ։ Բայց նաեւ կը գտնենք այլ երգեր, որոնց նուագը, այնտեղ լսուող երաժշտական գործիքները կրնան խորթ համարուիլ հայկական արդի երաժշտութեան երկրպագուներուն կողմէ։ Մէկ խօսքով ներկայացուած հաւաքածոյին երգերն ու երգիչները յաճախ անյարիր են եւ դժուար պիտի ըլլար զանոնք տեղադրել ընդհանուր թեմայի մը տակ։ Բայց մեր դիտանկիւնէն այս երգերը ունին նաեւ հասարակաց յայտարար մը. անոնք ունկդրուած ու երգուած են օսմանեան հայերուն կողմէ՝ իրենց ծննդավայր քաղաքներուն կամ գիւղերուն, կամ հետագային ալ, 1920ական թուականներուն՝ Օսմանեան կայսրութենէն դուրս՝ Սփիւռքի նորահաստատ գաղթօճախներուն մէջ։ Այս կը նշանակէ անշուշտ որ այսպիսի երգեր ընկերակցած են օսմանեան հայուն, մաս կազմած են անոր առօրեային։ Իսկ մեր նպատակն է բոլոր այսպիսի երգերուն տեղ տալ մեր կայքէջի էջերուն մէջ, քաջ գիտնալով որ անոնք բոլորն ալ իրենց տեղը ունին օսմանեան հայերու ընդհանուր ժառանգութեան մէջ։

Այս էջին պատրաստութեան համար Յուշամատեանի խմբագրութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ յատկապէս Իան Նակոսքիին, որ մեր տրամադրութեան տակ դրաւ «Չինարի Եարս Աղջիկ» (երգասաց՝ Գ. Բրուտեան), «Քեռիին երգը» (երգասաց՝ Գ. Բրուտեան), «Անտունի» (երգասաց՝ Շահմուրատեան), «Հայ աղջիկ, չար աղջիկ» (երգասաց՝ Տուզճեան), «Թամզարա» (երգասաց՝ Տ. Պէրպէրեան), «Ուսկէ կու գաս» (երգասաց՝ Նշան Քելճիքեան), «Հոբբալա» (երգասաց՝ Ստեփան եւ Հայկազ), «Կռունկ» (երգասաց՝ Զապէլ Փանոսեան) երգերը։ Սոյն երգիչներուն կենսագրականները պատրաստելու ընթացքին նոյնպէս օգտուած ենք Նակոսքիի թեքսթերէն։ Նշենք որ բոլոր այս երգերը, ինչպէս նաեւ երգասացներուն հակիրճ կենսագրականները տեղ գտած են Նակոսքիի պատրաստած ու երեք խտասալիկներէ բաղկացած ալպոմին մէջ, որ կը կոչուի՝ To What Strange Place: The Music of the Ottoman-American Diaspora, 1916 – 1929, Sprawling 3CD set compiled by Ian Nagoski, 2011 (www.tompkinssquare.com)։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ www.excavatedshellac.com կայքէջին, որ մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Լեւոն Համբարձումեանի կատարողութեամբ՝ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» եւ Ա. Գէորգեանի կատարողութեանբ՝ «Կիկօ» երգերը։

Մութ զգեստովը՝ Երուանդ Տէր Կումսի Ֆիրքաթեան (կամ Տէր Կումսեան), լուսանկարուած 1917ի աշնան, Պանտըրմա (Աղբիւր՝ Archives de la Direction du patrimoine de la Ville de Saint-Martin-d’Hères)

Գարեգին Բրուտեան

Օսմանեան հայկական ժողովրդական երգերու յայտնի մեկնաբան մը՝ 1910ական եւ 1920ական թուականներուն։ Ուտ նուագող ու երգիչ Գարեգին Բրուտեան (ծնած Դեկտեմբեր 1884ին) Միացեալ Նահանգներ կը հասնի տաս տարեկան հասակին՝ մօրը հետ, միանալու համար իր հօր, որ կ՝ապրէր Ուըրսթըրի (Մասսաչուսէց) մէջ։ Ընտանիքը Սամսունէն էր։ 1916ին կ՝արձանագրէ 20 թրքերէն երգեր, որոնցմէ ոմանց կ՝ընկերակցի նաեւ Քեմանի Մինասը։ Երբ Նիւ Եորքի մէջ մօտաւորապէս 1920 թուականին կը հիմնուի «Մ. Կ. Բարսեղեան» ձայնագրութիւններու տունը, Բրուտեան կ՝ըլլայ այստեղ արձանագրուող առաջին երգիչը։ Ան հանդէս կու գայ 20 երգերով, բոլորն ալ հայերէն եւ անոնցմէ ոմանք յօրինուած Յովսէփ Շամլեանի կողմէ։ Բարսեղեանի արտադրութիւններուն մաս կազմող սոյն երգը կը կոչուի Չինարի եարս աղջիկ։

Չինարի Եարս Աղջիկ

Գարեգին Բրուտեանի յաջորդ երգածը Քեռիին նուիրուած յեղափոխական ծանօթ երգն է։ Քեռի, կամ Քաւթառ Արշակ Գալֆայեան, դաշնակցական ֆետայի, որ Ապտուլհամիտ Բ.ի գահակալութեան տարիներուն, 1903էն 1905 գործած է Սասունի եւ Վասպուրականի մէջ։ 1908-1912 դաշնակցական ականաւոր դէմքերէն Եփրեմ Խանի կողքին կը մասնակցի Պարսկաստանի ազատագրական շարժումին։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին բռնկումէն ետք, Քեռին կը ստանձնէ հայկական կամաւորական 4րդ գունդին հրամանատարութիւնը։ Մարտական այս միաւորը կցուած էր ռուսական բանակին եւ կը գործէր ռուս-օսմանեան ճակատին վրայ։ 1915ին, Ռեւանտուզի (ներկայիս Իրաքի մէջ) մէջ մղուող մարտերուն ընթացքին Քեռին կը զոհուի։ Սոյն երգն ալ յօրինուած է իր մահուան առթիւ։

Քեռիին երգը

Ձախէն աջ՝ Քեռի, Եփրեմ, Դաշնակցական Խէչօ։ Նկարուած 1908 եւ 1912ի միջեւ (Յակոբ Մանճիկեան, Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ալպոմ-ատլաս, Բ. հտր., Լոս Անճելըս, 2001)

Արմենակ Շահմուրատեան

Ծնած է Մուշ 1878ին, հայրը արհեստով դարբին էր։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի ժառանգաւորաց դպրոցին մէջ, ապա՝ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան ու Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը։ Ծանօթ էր «Տարօնի սոխակը» անունով։ Շահմուրատեան եղած է Կոմիտաս վարդապետին աշակերտը, ապա մօտիկ բարեկամը։ Ան երաժշտական բարձրագոյն ուսում առած է Փարիզի մէջ։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Շահմուրատեան գտնուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Սոյն երգը կոմիտասեան մշակում մըն է եւ արձանագրուած է 1917ին՝ Շահմուրատեանի ամերիկեան շրջագայութիւններուն ընթացքին։ Կրամոֆոնով օժտուած հայկական գրեթէ բոլոր տուներուն մէջ գոյութիւն ունեցած են Շահմուրատեանի ձայնագրութիւնները։ Կը մահանայ Փարիզ, 1939ին։

Քելէ, քելէ

(երգասաց՝ Ա. Շահմուրատեան, in CD, Երգում է Կոմիտաս Վարդապետը, Traditional Crossroads, 1995)

Հով արէք (մեներգիչը անծանօթ)

Սոյն երգը մեկնաբանողը կը կարծուէր ըլլալ Արմենակ Շահմուրատեանը, նկատի ունենալով որ այդպէս նշուած է արտադրուած խտասալիկին վրայ։ Բայց մասնագէտներու կարծիքին համեմատ (այս իմաստով մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Անդրանիկ Միքայելեանին ու անոր տուած խորհուրդներուն) այստեղ լսուող երգը չի համապատասխաներ Շահմուրատեանի ձայնին։ Իսկ թէ ո՞վ է «Հով արէք»ի իսկական մեներգիչը, անոր ինքնութիւնը տակաւին մեզի համար կը մնայ անծանօթ։

Հով արէք, սարեր ջան, հով արէք,

Իմ դարդին դարման արէք։

Սարերը հով չեն անում,

Իմ դարդին դարման անում։

Ամպեր, ամպեր, մի քիչ զով արէք,

Վարար անձրև թափէք, ծով արէք,

Գէշ մարդու օր-արևը

Սեւ հողի տակով արէք:

Մ. Տուզճեան

Գրեթէ ոչինչ գիտենք ուտ նուագող ու երգիչ Տուզճեանի մասին։ 1920ական թուականներու կէսերուն, ան «Բարսեղեան» եւ «Փարոս» ընկերութիւններուն մօտ ձայնագրած է 14 երգեր։ Կ՝ենթադրուի որ աւազանի անունն է Մկրտիչ, ծնած Մայիս 1896ին, Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1921ին եւ հաստատուած՝ Իւնիըն Սիթիի մէջ, Նիու Ճըրսի։ 1927ին ձայնագրուած սոյն երգը կը կոչուի «Հայ աղջիկ, չար աղջիկ»։

Հայ աղջիկ, չար աղջիկ

Տ. Պէրպէրեան

Շատ քիչ բան յայտնի է քլարինէթ նուագող այս արուեստագէտին մասին։ 1920ական թուականներու սկիզբները ան մաս կազմած է երգիչ եւ ջութակահար Վարդան Մարկոսեանին (1891-1965) խումբին, որուն մէջ կային նաեւ քանոն նուագող Պօղոս Պօղոսեանը եւ ուտ նուագող Յ. Քարակոսեանը։ Խումբը արձանագրած է մօտաւորապէս 20 երգեր, որոնք կարելի է դասել սիրուած երգերու շարքին։ 1920ականներու վերջաւորութեան Պէրպէրեան կ՝ապրէր Պրոնքսի մէջ (Նիւ Եորք) եւ ձայնագրութիւններ ունի բաւական անծանօթ Սոխակ ձայնագրային ընկերութեան համար։ Ունի նաեւ սկաւառակ մը, ուր կ՝ընկերակցի Ստեփան եւ Հայկազ Սիմոնեաններուն («Փարոս»ի արտադրութիւն)։ Թամզարան հայոց մօտ մեծապէս ժողովրդական պարերգ մըն է, որ կը կատարուի 9/8 չափով։

Թամզարա

Նշան Քելճիքեան

Նշան Մարտիրոս Քելճիքեան (Յուլիս 1886 կամ 1886 – Հոկտեմբեր 1962), Էլլիս Այլընտ կը հասնի Նոյեմբեր 1911ին, 25 տարեկան հասակին։ Ան կու գար Մեզրէէն (ներկայիս Ելազըկ)։ Քելճիքեան կը միանայ եղբօրը, որ կ՝ապրէր Չելսիի մէջ (Մասաչուսէց)։ Սկիզբը կ՝աշխատի իբրեւ սափրիչ, ապա՝ քննիչ Մետֆորտ քաղաքին մէջ։ Ան արձանագրած է միայն քանի մը երգեր, որոնց շարքին այս մէկը, մօտաւորապէս 1929ին, «Փարոս» ընկերութեան կողմէ, ընկերակցութեամբ երկու ջութակահարի, դաշնակահարի եւ թառ նուագողի մը։ Երգին մէջ յստակօրէն կ՝արտայայտուին Ամերիկա հասած հայ գաղթականներուն հոգսերը, Ամերիկայէն անոնց ակնկալութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց ապրած յուսախաբութիւնները։

Ուսկէ կու գաս

Ամերիկա սպաս կորաբաց
Նշանածս անդին մնաց
Թէեւ ունիմ պատառ մը հաց
Բերանս չոր, աչքերս թաց։

Ուսկից հանեցիր այս քո տան,
Մենք հոս եկանք անոնք ո՞ւր երթան,
Ի՞նչ տուն ունինք, ինչ ալ վարձանք
Շուարեցանք, մնացինք, կորցանք:

Ամերիկա դուն միայն կաս,
Հայերէն չի գար քեզ վնաս,
Երբ սկսինք խօսիլ ջախփաթ
Պատրաստենք մեզ melting pot:

Խրկեցիր դրամ, միսոնար,
Պրօտ ըրիր մեզ անկատար
Եկուր եղիր մեզ հոգատար
Մենք չենք ըլլար քեզի օտար։

Ստեփան եւ Հայկազ

Ջութակահար Ստեփան Սիմոնեան ծնած է Մեզիրէ։ Էլլիս Այլընտ (Միացեալ Նահանգներ) կը հասնի 1907-ին, երբ 20 տարեկան էր։ Կը հաստատուի Հավերհիլլի մէջ (Մասաչուսէց)՝ 16 տարեկան իր կնոջ՝ Սոֆիայի (Խարբերդ ծնած ասորի մը), ծնողներուն, քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ։ Պետական տոմարներուն վրայ մականունը գրուած է Ալեքսանեան, բայց հետագային Ստեփան այս անունը կը փոխէ եւ պաշտօնապէս կը դառնայ Սիմոնեան՝ ի յիշատակ իր հօր։ 1927-էն սկսեալ կը կատարէ ձայնագրութիւններ Columbia ընկերութեան համար։ Իր կողքին եղած է դաշնակի վրայ իր զաւակը՝ Հայկազ (Հենրի), իսկ իրբեւ երգասաց՝ Շմոն Արսլենը (հաւանաբար ասորի մը)։ Ստեփան եւ Հայկազ հետագային ձայնագրութիւններ կը կատարեն նաեւ հայու սեփականութիւն եղող Pharos Records ընկերութեան համար։  Սոյն ձայնագրութիւնը կը կոչուի Հոբ բալա, որ կը յատկանշուի իր արտասովոր կշռոյթով։
Թեքսթ՝Հերրի Գըզըլեանի

Հոբբալա

Լեւոն Համբարձումեան

Սոյն երգը ձայնագրուած է «Օտէոն» ընկերութեան կողմէ, հաւանաբար 1913ի եւ 1920ականներու միջեւ։ Երգիչն է Լեւոն Համբարձումեան եւ անոր կ՝ընկերակցին երկու ջութակահարներ։ Երգը կը կոչուի «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»։ Յօրինուած է 19րդ դարու վերջաւորութեան տեղի ունեցած Խանասորի արշաւանքին առիթով։ Այսպէս, 25 Յուլիս 1897ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատկանող մօտ 250 ֆետայիներ կը յաջողին պարսկական կողմէն անցնիլ օսմանեան սահմանը եւ յարձակում գործել Խանասորի դաշտին մէջ հաստատուած քրտական Մազրիկ ցեղին վրայ։ Կատարուածը պատժային հակադարձութիւն մըն էր, նկատի ունենալով որ Մազրիկ ցեղախումբի զինեալները մեծապէս մասնակից եղած էին 1896 թուականի Վանի հակահայ ջարդերուն։

Մենք անկեղծ զինուոր ենք

Խանասորի արշաւանքին մասնակցած հայ ֆետայիներէն խմբանկար մը։ Դրօշակին առջեւ ոտքի կանգնած, ձախէն աջ՝ Իշխան Յովսէփ Արղութեան (արշաւանքի փոխ-հրամանատար), Վարդան (արշաւանքի հրամանատար) (Աղբիւր՝ Յակոբ Մանճիկեան, Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ալպոմ-ատլաս, Ա. հտր., Լոս Անճելըս, 1992)

Ա. Գէորգեան

«Քոլումպիա» ընկերութեան սոյն երգերուն ձայնագրութիւնը տեղի ունեցած է 1929ին, Լոս Անճելըսի մէջ։ Երգիչին կ՝ընկերակցին ջութակ մը, ուտ մը եւ Մեսրոպ Թաքաճեան՝ քլարինէթով։ Նոյն խումբին կողմէ կատարուած այլ ձայնագրութիւններ արտադրուած են դարձեալ «Քոլումպիա» ընկերութեան կողմէ։ Առաջին երգը կը թուի ըլլալ ժողովրդական կարգ մը յայտնի երգերու երաժշտութեան վրայ հիմնուած եւ նոր բառերով ներկայացող երգ մը։ Երկրորդը նուիրուած է յայտնի ֆետայի Անդրանիկ Օզանեանին (1866-1927)։ Ան ծնած է Շապին Քարահիսար, 1897էն 1904 թուականներուն գործած է Վանի, Ախլաթի եւ Սասունի շրջաններուն մէջ։

Կիկօ

Առաջին տունին մէջ կ՝ըսուի.

Կիկօն էր, Կիկօն էր, մեր գիւղացի Կիկօն էր,
Նազ մի ընէր, նազ մի ընէր այ աղջիկ

Անդրանիկի քայլերգ

Անդրանիկ Օզանեան (Աղբիւր՝ Hratch Dasnabedian, History of the Armenian  Revolutionary Federation, Dashnaktsutiun, 1890-1924, 1989, Milan)

Թաթուլ Ալթունեանի անուան նուագախումբ (Արժանթին)

Այս ձայնագրութիւնները տեղի ունեցած են 1950ական թուականներուն։ Նուագախումբին ղեկավարն է Աւետիս Թոփչեան (1909-1975)։ Ծնած է Այնթապ, կը վերապրի աղետին, ապա իր ընտանիքին հետ կը հաստատուի Հալէպ։ 1926ին ընտանեօք կը գաղթեն Արժանթին։ Գորտոպայի մէջ կը դառնայ յայտնի լուսանկարիչ ու կը հիմնէ Թաթուլ Ալթունեանի անուան նուագախումբը, որուն մէջ ինք կը նուագէր քանոն։ Թոփչեան այս գործիքը սորված էր նուագել Արժանթինի մէջ այլ վերապրողէ մը՝ պարոն Սահակէն, որ օսմանեան տարիներէն արդէն քանոնի վարպետ մըն էր։ Կը պատմուի որ Ցեղասպանութեան տարիներուն ջարդարարները կը կտրեն անոր ձեռքի մատներուն նեարդները, որպէսզի չկարենայ մէյ մըն ալ իր սիրած գործիքը նուագել։ Այնուհետեւ անոր մատները միշտ սեղմուած կը մնային։ Բայց պարոն Սահակ վճռած էր քանոն վերստին նուագել։ Ան իր մատներուն քաուչուկէ յատուկ պատրաստուած մատնոցներ կը դնէր՝ մատները վերստին շարժելու համար, ու կամքի ուժով վերստին կը յաջողի քանոնի թելերը գեղեցիկ հնչեցնել իր հարուածներուն տակ։

Զղջում

Սոյն երգը մեծ ժողովրդականութիւն ունէր 1920ականներէն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած, նախկին օսմանեան քաղաքացիներէ կազմուած՝ յոյն եւ հայ գաղթական շրջանակներուն մէջ։

Եկուր, Եկուր

Զապէլ Փանոսեան

Զապէլ Փանոսեան (Մայիս 1893 – Յունուար 1986) 23 տարեկան էր եւ վեցամեայ աղջկայ մը մայրը, երբ կը կատարէ «Կռունկ» յայտնի երգը, մօտաւորապէս 1917 թուականին։ Սոյն երգը կ՝ենթադրուի որ յօրինուած է Միջնադարին։ 1912ին անիկա արդէն ձայնագրուած է Կոմիտասի կատարողութեամբ, Փարիզի մէջ։ Փանոսեան միայն 11 երգեր ձայնագրած է տաս ամիսներու ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Միացեալ Նահանգներ կը հասնի 1907ին, որոշ ժամանակ Պոսթընի մէջ կ՝ապրի, ապա Մանհաթընի 183րդ փողոցին վրայ։ 1920ականներուն կը տեղափոխուի Փարիզ։

Կռունկ