Զէյթուն, 1913. Արթին աղա Չոլագեան, սանթուր նուագելու պահուն (Աղբիւր՝ Մաշթոց քհնյ. Ոսկերիչեան, Զէյթուն – ալպոմ, Պէյրութ, 1960)

Երգարան (Բ.)

Խմբագիրի ծանօթագրութիւն

Յուշամատեանի նպատակն է առաւելագոյն չափերով փորձել հասկնալ ու ծանօթացնել խայտաբղէտ ու տարրատեսակ օսմանեան հայկական աշխարհը՝ կայսրութեան տարածքին գտնուող հայաբնակ բոլոր վայրերուն մէջ։ Մեզի համար պարզ է որ օսմանեան հայերուն մօտ մշակութային տարբերութիւնները յաճախ մեծապէս նկատելի են մէկ տարածքէն միւսը։ Չենք ձգտիր համայնքային նոյն խումբին մօտ գոյութիւն ունեցող այս այլազանութիւնները անտեսել։ Այլ ընդհակառակը զանոնք կը համարենք օսմանեան հայերու ժառանգութեան մաս կազմող բաղադրիչ տարրեր, եւ այս իմաստով ալ մեզի համար անոնք անխտիր կը հանդիսանան ուսումնասիրութեան նիւթեր։

Պարագան նոյնն է երգարուեստի մարզին մէջ։ Ամէն տեղ չէ որ օսմանեան հայերը հայերէն խօսած կամ հայերէն երգած են։ Կայսրութեան տարածքին կը գտնենք աշխարհագրական գօտիներ, ուր տեղաբնիկ հայերը, ի տարբերութիւն մանաւանդ Հայկական Բարձրաւանդակի շատ մը վայրերուն, նուազ մեկուսացած ապրած են կամ դարերու ընթացքին գտնուած են փոքրամասնութեան մը կարգավիճակին մէջ։ Ընկերային միջավայրն ու մշակութային ազդեցութիւնները երկար շունչի վրայ իրենց դրոշմը դրած են նաեւ հայերու այս խմբաւորումներուն գործածած լեզուին ու անոնց երգարուեստին վրայ։ Այս իսկ պատճառով գոյութիւն ունեցած են հայաբնակ շրջաններ ու քաղաքներ, ուր տեղաբնիկ հայերուն մայրենի լեզուն եղած է թրքերէնը, անոնց կողմէ երգուած ու յօրինուած երգերը եղած են նոյնպէս թրքերէն։

Նոյն բանը կարելի է ըսել նաեւ օսմանեան հայերու կողմէ գործածուող երաժշտական շարք մը գործիքներուն մասին։ Անոնցմէ ոմանք, ինչպէս օրինակ ուտը, գրեթէ տեղ չունին հայկական արդի երաժշտութեան մէջ։ Բայց, ինչպէս արդէն նշեցինք, Յուշամատեանի նպատակը այս տարբերութիւնները սրբել ու անտեսել չէ։ Կը ձգտինք վերականգնել անցեալ մը իր կարելի հարազատութեամբ։ Այս սկզբունքով ալ պիտի փորձենք օսմանեան հայը ներկայացնել այնպէս ինչպէս որ էր, հեռու մնալով գաղափարական, գեղագիտական կամ քաղաքա-մշակութային այլազան ազդեցութիւններէ։

Ստորեւ ներկայացուած երգացանկը կը կարծենք որ լաւապէս կը դրսեւորէ օսմանեան հայերու մշակութային բազմազանութիւնը։ Այնտեղ կը գտնենք հայկական դասական երգեր, որոնք մինչեւ այսօր ալ կը լսուին հայկական բեմերու վրայ։ Բայց նաեւ կը գտնենք այլ երգեր, որոնց նուագը, այնտեղ լսուող երաժշտական գործիքները կրնան խորթ համարուիլ հայկական արդի երաժշտութեան երկրպագուներուն կողմէ։ Մէկ խօսքով ներկայացուած հաւաքածոյին երգերն ու երգիչները յաճախ անյարիր են եւ դժուար պիտի ըլլար զանոնք տեղադրել ընդհանուր թեմայի մը տակ։ Բայց մեր դիտանկիւնէն այս երգերը ունին նաեւ հասարակաց յայտարար մը. անոնք ունկդրուած ու երգուած են օսմանեան հայերուն կողմէ՝ իրենց ծննդավայր քաղաքներուն կամ գիւղերուն, կամ հետագային ալ, 1920-ական թուականներուն՝ Օսմանեան կայսրութենէն դուրս՝ Սփիւռքի նորահաստատ գաղթօճախներուն մէջ։ Այս կը նշանակէ անշուշտ որ այսպիսի երգեր ընկերակցած են օսմանեան հայուն, մաս կազմած են անոր առօրեային։ Իսկ մեր նպատակն է բոլոր այսպիսի երգերուն տեղ տալ մեր կայքէջի էջերուն մէջ, քաջ գիտնալով որ անոնք բոլորն ալ իրենց տեղը ունին օսմանեան հայերու ընդհանուր ժառանգութեան մէջ։

Ծովը

(Խօսք՝ Գարեգին Սրուանձտեանց, երգասաց՝ Թ. Պապիկեան)

Յովհաննէս Այվազովսկի, Ալիքներու մէջ, 1898 (Աղբիւր՝ ivan.evart.ru/jivopis/storm/pictures/sredi_voln)

Գարեգին Սրուանձտեանց.- ծնած է 1840-ին, Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ։ Աւազանի անունով Օհաննէս։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Վանի մէջ։ 1857-ին կը մտնէ Վարագայ վանքի ժառանգաւորաց դպրոցը։ 1864-ին կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ պաշտօնի կը կոչուի Վանի մէջ։ 1878-ին, ռուս-թրքական պատերազմին աւարտէն ետք, Սրուանձտեանց կը շրջագայի կայսրութեան հայաբնակ տեղավայրերը։ Այս այցելութիւններուն տպաւորութիւնները հետագային լոյս կը տեսնեն իր գրած «Թորոս Աղբար» (1878, 1879) երկհատոր գիրքին մէջ։ 1885-ին հոգեւոր Առաջնորդ կ՚ընտրուի Տրապիզոնի հայոց թեմին։ Իր գործունէութիւնը դժգոհութիւն կ՚առաջացնէ կառավարական շրջանակներուն մէջ, որոնց ճնշումին տակ ալ կը կանչուի Պոլիս, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը՝ 1892-ին։ Հեղինակն է նաեւ հետեւեալ գործերուն. Գրոց-բրոց (1874), Մանանա (1876), Համով-հոտով (1884), Հնոց-նորոց (1874)։ Իր գործերուն մէջ Սրուանձտեանց վեր կ՚առնէ գաւառներու հայերու առօրեայ կեանքը, սովորութիւնները, բանահիւսութիւնը։

  1. Ծովը յոգնած փըրփուր բերնին,
  2. Ափին ընկած կը հեւայ,
  3. Ժէռ ափերից մէկը մըթին
  4. Ծովի վըրայ կը սողայ։
  5. Վէրքը սըրտիս անքուն-անտուն
  6. Կեանքից հեռու եմ փախեր,
  7. Կ՚ուզեմ ապրեմ վայրի ափում,
  8. Ապրեմ մենակ, անընկեր։
  9. Աստղունք մէկ-մէկ ելան բազման
  10. Երկնի փէրուզ աթոռքում,
  11. Աստղերի պէս երգերս ելան
  12. Հոգուս մըռայլ խորքերում։
  13. Սըրտիս լարերն տրտում-տրտունջ
  14. Կեանքըս թօշնած երգեցին,
  15. Հովը հեւաց մունջ ու մըրմունջ,
  16. Աստղունք վըրաս լուռ լացին։
  17. Ամպերն ընկան ծովի վըրէն
  18. Հազար բերնով ջուր խըմին,
  19. Թըռաւ որորն խոլոր ծովէն,
  20. Ծըւաց, նըստաւ թուխ քարին։
  21. -Ես է՛լ քեզ պէս, մենիկ որո՛ր,
  22. Աչերս արցունք ու տըրտում,
  23. Կը թափառիմ ոլո՜ր-մոլո՜ր,
  24. Կեանքի հեռո՜ւ ափերում…

Անցիր սեւ ամպ / Ինչո՞ւ Բինգէօլը մտար

Զիրար յաջորդող երկու երգեր։ Անոնցմէ առաջինը «Անցիր սեւ ամպ»ն է, որուն խօսքին հեղինակը Յովհաննէս Յովհաննէսեանն է (1864-1929)։ Իսկ երկրորդը ժողովրդական երգ մըն է՝ «Ինչո՞ւ Բինգէօլը մտար»։

(Երգասաց՝ Թ. Պապիկեան)

  1. Անցիր սեւ ամպ

  2. Անցի՛ր սեւ ամպ իմ սըրտից,
  3. Բացւի՛ր երկինք կապուտակ,
  4. Տըխուր խաւար թուխպի մէջ՝
  5. Ցոլա՛ գարնան արեգակ։
  6. Թող պատառւի ցուրտ ձըմրան
  7. Սըգոյ հանդերձ տաղտկալի,
  8. Եւ շողշողայ բընութեան
  9. Ոսկէ ժըպիտ ցանկալի
  10. Ինչո՞ւ Բինգէօլը մտար
  11. Ինչո՞ւ Բինգէօլը մտար,
  12. Բաղի բըլբուլը գըտար։
  13. Դըլէ՛, Մեկօն, դէ,
  14. Ափօն թըխկօ՛նտէ.
  15. Թըխկօ՛ն, թըխկօ՛ն, թըխկօ՛ն դէ՛,
  16. Ափօ՛ն կո՛նդէ, թը՛կօնդէ։
  17. Սուսամ սըմբուլ,
  18. Բաղի բըլբուլ,
  19. Ինչո՞ւ Կարոյին առար,
  20. Անտէր ու գերի դառար։

(Աղբիւր՝ gallica.bnf.fr / Bibliothèque nationale de France)

Կիլիկիա

(Խօսք՝ Նահապետ Ռուսինեան, երաժշտութիւն՝ Գաբրիէլ Երանեան, երգասաց՝ Արմենակ Շահմուրատեան)

  1. Երբոր բացուին դռներն յուսոյ
  2. Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ.
  3. Չքնաղ երկիրն մեր Արմենիոյ՝
  4. Երբ փայլին իւր քաղցրիկ օրեր.
  5. Երբոր ծիծառն իւր բոյն դառնայ,
  6. Երբոր ծառերն հագնին տերեւ.
  7. Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,
  8. Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ։

  9. Տեսի դաշտերը Սիւրիոյ,
  10. Լեառն Լիբանան եւ իւր մայրեր.
  11. Տեսի զերկիրն Իտալիոյ,
  12. Վենետիկ եւ իւր կոնտոլներ.
  13. Կղզի նըման չիք մեր Կիպրեայ,
  14. Եւ ոչ մէկ վայր է արդարեւ
  15. Գեղեցիկ քան զիմ Կիլիկիա,
  16. Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ։

  17. Հասակ մը կայ մեր կենաց մէջ՝
  18. Ուր ամենայն իղձ կ՚աւարտի,
  19. Հասակ մը՝ ուր հոգին ի տենչ
  20. Յիշատակաց իւր կարօտի.
  21. Յորժամ քնարն իմ ցրտանայ,
  22. Սիրոյն տալով վերջին բարեւ,
  23. Երթամ ննջել յիմ Կիլիկիա,
  24. Աշխարհ՝ որ ինձ ետուր արեւ։

Նահապետ Ռուսինեան ծնած է 1819-ին Կեսարիոյ գաւառի Էֆքէրէ գիւղին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը գիւղական դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, 1828-ին ընտանեօք կը գաղթեն Պոլիս եւ կը հաստատուին Սկիւտարի մէջ։ 1840-ին կը մեկնի Փարիզ՝ համալսարանական կրթութիւն ստանալու համար, եւ 1849-ին կը տիրանայ բժշկական վկայականի։ 1851-ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ իր մասնկացութիւնը կը բերէ Օսմանեան կայսրութեան հայոց Ազգային Սահմանադրութեան մշակման աշխատանքներուն։ Ռուսինեան անձնական բժիկն էր օսմանեան բարձրաստիճան պաշտօնակատար՝ Մեհմէտ Ֆուատ փաշայի, որ թանզիմաթի ժամանակաշրջանին գլխաւոր բարեփոխականներէն էր։ Խրիմի պատերազմի (1853-1856) տարիներուն ան Ֆուատ Փաշային կ՚ընկերանայ յունական ճակատին վրայ։ Իսկ 1860-ին, Ֆուատ Փաշան յատուկ առաքելութեամբ կ՚ուղարկուի Լեռնալիբանան, ուր տեղի ունեցած էին միջ-համայնքային բախումներ, որոնց ընթացքին մարոնիներ ջարդուած էին տիւրզիներու կողմէ։ Ռուսինեան դարձեալ Ֆուատ Փաշային կողքին է լիբանանաեան այս ճանապարհորդութեան ամբողջ տեւողութեան։ Այս ընթացքին է որ ան կ՚այցելէ, Լիբանանի լեռները, Կիպրոս եւ Կիլիկիա, որմէ ետք կը գրէ իր անունին կապուած ժողովրդական յայտնի երգին բառերը՝ Կիլիկիա։ Կը մահանայ 1876-ին, Պոլիս։

Գաբրիէլ Երանեան ծնած է 1827-ին, Պոլիս։ Հրատարակիչներէն է հայկական առաջին երաժշտական պարբերականին՝ «Քնար հայկական» հանդէսին, որ լոյս տեսած է 1857-1858։ Հետագային հրատարակած է «Քնար արեւելեան»ը (1861-1862)։ Հեղինակն է նաեւ «Հայաստան, երկիր դրախտավայր», «Արիք, Հայկազունք», «Հայ ապրինք, եղբայրք» երգերուն երաժշտութեան։ Կը մահանայ Պոլիս, 1862-ին։

Արմենակ Շահմուրատեան ծնած է Մուշ 1878-ին, հայրը արհեստով դարբին էր։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի ժառանգաւորաց դպրոցին մէջ, ապա՝ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան ու Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը։ Ծանօթ էր «Տարօնի սոխակը» անունով։ Շահմուրատեան եղած է Կոմիտաս վարդապետին աշակերտը, ապա մօտիկ բարեկամը։ Ան երաժշտական բարձրագոյն ուսում առած է Փարիզի մէջ։ Կը մահանայ Փարիզ, 1939ին։

Կիլիկիան պատշաճեցում-թարգմանութիւն մըն է Ֆրետերիք Պէրայի (1801-1855) “Ma Normandie” (My Normandy).(Իմ Նորմանտիս) երգին։

Արմենակ Շահմուրատեան, 1878-1939 (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի արխիւներ)

Ախ իմ աղուոր մէկ հատիկ

(Երգասաց՝ Մ. Տուզճեան)

  1. Ախ իմ աղուոր մէկ հատիկ,
  2. Կը վառի կոր իմ սրտիկ,
  3. Հայ աղջիկ, սիրուն աղջիկ,
  4. Ինչ կ՚ըլլայ տուր մի պաչիկ։

  5. Սիրտիս խորէն խօսեցար,
  6. Մինչեւ հիմա ինչ կեցար,
  7. Այ տղայ, սիրուն տղայ,
  8. Մէկ պաչիկով ինչ կ՚ըլլայ։

  9. Դուն այրեցիր ինձ աչով,
  10. Մարէ սիրտս մի պաչով,
  11. Եթէ մայրդ դրամը տայ,
  12. Սէրը կ՚օրհնէ (…)։

  13. Եկուր ուզէ ինձ մօրմէս,
  14. Չի տա փախչինք դու եւ ես,
  15. Երկու եղինք մի մարմին,
  16. Լսողն ալ կ՚ըսէ ամին։

(Աղբիւր՝ gallica.bnf.fr / Bibliothèque nationale de France)

Աման, աման Մարիցա

(Երգասաց՝ Մ. Տուզճեան)

  1. Խնձոր մ՚ունիմ խածած է,
  2. խածած տեղն ալ արծթած է,
  3. Ախպարս ուզեց չտուի,
  4. Այս իմ եարիս տուածն է։
  5. Աման աման աման Մարիցա,
  6. Ես քու տարտէդ այրեցայ,
  7. Աման աման աման Մարիցա,
  8. Ես քու տարտէդ վառեցայ։
  9. Ելայ բարձր լեռները,
  10. Սրտիս ցաւը բռներ է,
  11. Երկու սիրած եարերը,
  12. Իրար չեն տար մարերը։
  13. Աման աման աման Մարիցա,
  14. Ես քու տարտէդ վառեցայ,
  15. Աման աման աման Մարիցա,
  16. Ես քու տարտէդ վառեցայ։
  17. Թութին ծառը պոյոքը
  18. Թութ չի կերայ օռոքդ
  19. (…) տուն տարի,
  20. Եար չի տեսայ օրօքդ

  21. Աման աման աման Մարիցա,
  22. Ես քու տարտէդ վառեցայ,
  23. Աման աման աման Մարիցա,
  24. Ես քու տարտէդ վառեցայ։

  25. Ելեր եմ բարձր սարը,
  26. Կը դիտեմ վարի ձորը,
  27. Թեւեր չունիմ որ թռչիմ,
  28. Պիտ տանիմ եարիս քովը։

  29. Աման աման աման Մարիցա,
  30. Ես քու տարտէդ վառեցայ,
  31. Աման աման աման Մարիցա,
  32. Ես քու տարտէդ վառեցայ։

(Աղբիւր՝ gallica.bnf.fr / Bibliothèque nationale de France)

Ուսկէ կու գաս վերի Վանայ

(Երգասաց՝ Ռաճըր Մկրտիչեան, Gomidas Band)

  1. Ուսկէ կու գաս վերի Վանայ(?)
  2. Տէրտդ եմ (…)
  3. Պաչիկ մը տուր մարդ չիմանայ,
  4. Եար կիւլիւմ ճան է,
  5. Եար կիւլիւմ ճան է, սիրեր եմ ես քեզ,
  6. Եար կիւլիւմ ճան է, պիտի առնեմ քեզ։

  7. Ուսկէ կու գաս ուշիկ մուշիկ,
  8. Ուսկէ կու գաս ուշիկ մուշիկ,
  9. Ոտքդ մտեր վարդի փուշիկ,
  10. Դուն պզտլիկ պաչ անուշիկ,
  11. Եար կիւլիւմ ճան է,
  12. Եար կիւլիւմ ճան է, սիրեր եմ ես քեզ,
  13. Եար կիւլիւմ ճան է, պիտի առնեմ քեզ։

  14. Ուսկէ կու գաս վերի Վանայ,
  15. Ես դիւանայ դուն դիւանայ,
  16. Աստուած մեզի դուռ մի բանայ,
  17. Եար կիւլիւմ ճան է,
  18. Եար կիւլիւմ ճան է, սիրեր եմ ես քեզ,
  19. Եար կիւլիւմ ճան է, պիտի առնեմ քեզ։

Տարի մըն է չեմ տեսեր, չեմ կրնար դիմանալ

(Երգասաց՝ Հերրի Միրիճանեան, Gomidas Band)

  1. Տարի մըն է չեմ տեսեր, չեմ կրնար դիմանալ,
  2. Տարի մըն է չեմ տեսեր, չեմ կրնար դիմանալ,
  3. Դուն հոնտեղ, ես հոստեղ (…) դիմանամ,
  4. Դուն հոնտեղ, ես հոստեղ (…) դիմանամ։

  5. Նամակ մը չես գրեր, ինչպէս դիմանամ,
  6. Նամակ մը չես գրեր, չեմ կրնար դիմանալ,
  7. Դուն հոնտեղ, ես հոստեղ (…) դիմանամ,
  8. Դուն հոնտեղ, ես հոստեղ (…) դիմանամ։

  9. Դաշկընակդ չես ղրկեր որ ես լուանամ,
  10. Դաշկընակդ չես ղրկեր որ ես լուանամ,
  11. Դուն իմ սիրտս կոտրեցիր, ինչպէս դիմանամ,
  12. Դուն իմ սիրտս կոտրեցիր, չեմ կրնար դիմանալ։

  13. Աչքերդ սեւ մազդ երկայն, երազիս քեզ կը տեսնամ,
  14. Աչքերդ սեւ մազդ երկայն, երազիս քեզ կը տեսնամ,
  15. Դուն հոնտեղ, ես հոստեղ, ինչպէս դիմանամ,
  16. Դուն հոնտեղ, ես հոստեղ, չեմ կրնար դիմանալ։


Ուսկէ կու գաս եւ Տարի մըն է երգերը առնուած են Ֆիլատելֆիոյ Gomidas Band-ին պատկանող "Rendezvous in Armenia" ալպոմէն (1963)։ Ուսկէ կու գասին երգիչն է Ռաճըր Մկրտիչեան, իսկ Տարի մըն էն կ՚երգէ Հերրի Միրիճանեան։ Gomidas band-ի բոլոր անդամները Միացեալ Նահանգներ ծնած են եւ մաս կը կազմեն հայ գաղթականներէ սեռած առաջին սերունդին։ Անոնք շարունակողներն են իրենց ծնողներուն երաժշտական ժառանգութեան, թէեւ իրենց մօտ աւելի նկատելի են ամերիկեան ազդեցութիւնները։ Gomidas band-ին մաս կը կազմէ նաեւ յայտնի ուտ նուագող՝ Ճորճ Մկրտիչեանը։ Անիկա Միացեալ Նահանգներ ծնած առաջին հանրայայտ ուտ նուագողներէն էր։ Անոր համբաւին ճամբով էր, որ այս նուագարանը առաջին անգամ մուտք գործեց Նիւ Եորքի երաժշտական դահլիճներէն ներս։
Թեքսթ՝ Հերրի Գըզըլեանի

Տարի լօ լօ, տարի լօ լօ, լօ լօ

(Երգասաց՝ Մայքըլ Սարգիսեան)

  1. Տարի լօ լօ, տարի լօ լօ, լօ լօ,
  2. Տանտիկին կլլեցուցինք, լօ լօ,
  3. Տարի լօ լօ, տարի լօ լօ, լօ լօ,
  4. Տանտիկին կլլեցուցինք, լօ լօ,

  5. Մեր հարսնիքը զուարճալի անցաւ,
  6. Տանտիկին վաղուան գործը շատցաւ։
  7. Մեր հարսնիքը զուարճալի անցաւ,
  8. Տանտիկին վաղուան գործը շատցաւ։
  9. Տարի լօ լօ, տարի լօ լօ, լօ լօ,
  10. Տանտիկին կլլեցուցինք, լօ լօ,
  11. Տարի լօ լօ, տարի լօ լօ, լօ լօ,
  12. Տանտիկին կլլեցուցինք, լօ լօ,

  13. Ամա՜ն,

  14. Տարի լօ լօ, տարի լօ լօ, լօ լօ,
  15. Տանտիկին կլլեցուցինք, լօ լօ,
  16. Տարի լօ լօ, տարի լօ լօ, լօ լօ,
  17. Տանտիկին կլլեցուցինք լօ լօ
  18. Ամուսինդ գործարանէն դարձաւ,
  19. Տանտիկինը հոբուր հոբուր դարձաւ։
  20. Ամուսինդ գործարանէն դարձաւ,
  21. Տանտիկինը հոբուր հոբուր դարձաւ։

  22. Տարի լօ լօ, տարի լօ լօ, լօ լօ,
  23. Տանտիկին կլլեցուցինք, լօ լօ,
  24. Տարի լօ լօ, տարի լօ լօ, լօ լօ,
  25. Տանտիկին կլլեցուցինք, լօ լօ,

  26. Ամա՜ն

Տարի լօ լօի երգասացն է Մայքըլ Սարգիսեան, որ ծնած է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ապրած է Լովել, Մասաչուսէցի։ Ասիկա լայն ժողովրդականութիւն ունեցող եղանակ մըն է ամերիկահայերու մօտ։ Մայրը՝ Չմշկածագէն Ցեղասպանութեան վերապրող մըն էր։ Մայք յայտնի էր հայկական, թրքական եւ յունական ժողովրդային երգերու իր կատակերգային մեկնաբանութիւններով։ Սոյն երգը մաս կը կազմէ 1958-ին արտադրուած "Armenian Wedding" ալպոմին։ Ալպոմին մէջ ջութակով հանդէս կու գայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ լիբանանցի եւ հայ ծնողներու ծնունդ Ֆրետտի Էլիասը։ Ան միջին արեւելեան ոճի ջութակ նուագել սորված է հայ վարպետէ մը՝ Հերրի Հասսէքեանէն, որ Մարաշէն եկած գաղթական մըն էր։
Թեքսթ՝ Հերրի Գըզըլեանի

Եար ունէի չինար պոյով

(Երգասաց՝ Ռուբէն Պապոյեան, ձայնագրուած Ֆրէզնօ, 1939-ին)

Ժողովրդական շրջանակներու մէջ շատ երգուող երգ մը։ Յայտնի չէ թէ որ թուականներէն անիկա սկսած է երգուիլ, բայց երգին գոյութեան մասին ակնարկութիւններ կան տակաւին 1920-ական թուականերուն սկիզբէն իսկ, Կովկասի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հայկական նորահաստատ գաղթօճախներուն մէջ։ Շահան Շահնուր իր «Նահանջը առանց երգի» գործին մէջ կը նշէ այս երգէն տուն մը։ Գրիգոր Շահինեան իր «Վերաքաղ» ինքնակենսագրական գիրքին մէջ կը նշէ որ այս երգը 1930-ական թուականներուն կ՚երգուէր Դամասկոսի հայկական շրջանակներէն ներս։ Երգը ունի այլ տարբերակ մը, որուն մէջ կը գտնենք հետեւեալ տողը. «պատից կախուած իմ ջութակը ընկաւ կոտրուեց (կամ փշրուեց)», իսկ վերջին տունն ալ կը սկսի հետեւեալ ձեւով՝

Վեց եար ունեմ չինար պոյով տեսքով աննման,
Երկու Պաքու, երկու Թիֆլիս, մէկն էլ Երեւան։

  1. Եար ունէի չինար պոյով տեսքով աննման,
  2. Սիրուններու թագուհին էր սիրուն անսահման,
  3. Սեւ աչերը, սեւ ու խոշոր սեւ սաթի նման,
  4. Երգեր երգում անուշ ձայնով պլպուլի նման,
  5. Ախ իմ անուշ եար, եար ունի ղուրպան,
  6. Թեւեր ա՛ռ ու եկ թռչունի նման։
  7. Ոնց դիմանամ ես այս ցաւին ապրիմ առանց քեզ,
  8. Որ ինձ համար էլ գին չունի կեանքը առանց քեզ,
  9. Երբ մինակ եմ այս աշխարհում հոգիս անընկեր,
  10. Տարտի ձեռքից աշուղ դարձայ սարերն եմ ընկեր,
  11. Ախ տուէք թեւեր, թեւեր որ թռչիմ,
  12. Հասնեմ իմ եարիս կարօտս առնեմ։
  13. Արար աշխարհ ես ման եկայ թէ գտնեմ եարիս,
  14. Ախ ի զուր կորաւ գնաց իմ երեսուն տարիս,
  15. Իմ ընկերը լարեր բաշխած գցեմ քնարիս
  16. Որ երգելով ու նուագով գտնեմ իմ եարիս,
  17. Ախ իմ անուշ եար, եար ունի ղուրպան,
  18. Թեւեր ա՛ռ ու եկ թռչունի նման։
  19. Վեց եար ունեմ չինար պոյով տեսքով աննման,
  20. Երկուս Պոսթոն, երկուս Նիւ Եորք, երկուս Ֆրէզնօ,
  21. Որին սիրեմ, որին թողնեմ, որին մոռանամ,
  22. Լաւ է բոլոր մէկէն սիրեմ սիրտս զովանայ,
  23. Ախ իմ անուշ եար, եար ունի ղուրպան,
  24. Թեւեր ա՛ռ ու եկ թռչունի նման։

(Աղբիւր՝ Library of Congress, American Folklife Center, WPA Sidney Robertson Cowell Collection)