Սուրիական Ճեզիրէ, 1930-ի շուրջ։ Ցեղասպանութեան տարիներուն զոհուած հայերու ոսկորներ անապատին մէջ։ Աջին կանգնած անձը Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանի նախկին անդամ Վահան Փափազեանն է (Աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսէնի հաւաքածոյ)։

Պետրոս Ալահայտոյեան հծոյ | Եղերերգաշար

Այս էջով ներկայացուած բոլոր երգերն ու պարեղանակները հաւաքուած եւ ձայնագրուած են երաժշտագէտ-երգահաւաք Պետրոս Ալահայտոյեանի կողմէ։

1980-ականներէն սկսեալ ան շրջած է տարբեր երկիրներու հայաշատ քաղաքները, հանդիպումներ ունեցած է Ցեղասպանութեան վերապրած հայերու հետ եւ անոնցմէ հաւաքած՝ իրենց հայրենի քաղաքներէն եւ գիւղերէն ժառանգ մնացած երգեր եւ յուշեր։

Այս էջերուն խմբագրութիւնը եւ երգերուն նօթագրութիւնն ու թուայնացումը գործն է Դոկտ. Ծովիկ Մարգարեանի։

Եղերերգաշար

Հեղինակ՝ Պետրոս Ալահայտոյեան

Այս երգաշարը, ճիշդ է որ հաւաքածոյիս միւս երգերուն նման Յուշամատեանի որդեգրած աշխարհագրական բաժանումի օրէնքին չի հետեւիր, սակայն ան յատուկ ոճով մը կը բնորոշէ Եղեռնի անվերջ եւ անգութ արարքներու իրավիճակը։

Այսպէս՝ հետեւեալ հինգ երգերը իրենց դիտակին տակ կ՚առնեն Տէր Զօրի անապատները՝ նկարագրուած յայտնի կոյր երգիչին բերնով, յետոյ կ՚անցնին Սասունի եւ Կիլիկիոյ շրջաններու ջարդերուն, եւ վերջապէս ժողովրդականէն եւ անհատականէն անդին՝ ապագայ սերունդներուն կ՚ուղղուի սարսռալի ազդարարութիւն մը՝ բանաստեղծ Աւետիս Ահարոնեանի խօսքով։

Տասը տարուան երգահաւաքումէն ետք, տարիներ վերջ երբ կը վերանայէի երգերու հաւաքածոս, նկատեցի որ այս հինգ երգերը կամարաձեւ շարունակականութիւն մը կը ներկայացնեն։  Երկու տարիներու վրայ երկարող ջարդերը, Տէր Զօրի ճամբուն վրայ տեղի ունեցած հոգեմաշ  յուսահատութիւնները, պատմութիւններ զոհերու մահէն առաջ, կամ վերապրողներու ականատեսի տեղեկութիւնները երգի միջոցով պատմուած, եւ պահպանուած են։  

Մէկ կողմէն՝ կոյր երգիչ մը Տէր Զօրի անապատներու ճամբուն վրայէն անցնող կարաւաններուն «տարտ»-երը կը լսէ ու կ՚երգէ. այդ կոյրին երգերը կը փոխանցուին մահուան կարաւանի անդամներուն։

Միւս կողմէն՝ Սասնոյ ջարդերուն ի տես, յուսահատութեան փոխարէն՝ ջարդուող ժողովուրդը արշալոյս կը սպասէ, կարծես ան չէր հաւատար որ ամբողջ ազգ մը կրնար ջարդուիլ...եւ վերջապէս բանաստեղծի յղած անէծքը ապագայ սերունդներուն ուղղուած, եթե յանկարծ անոնք մոռնան իրենց դէմ կատարուած պետական ոճիրը:

Հայ վերապրողներ գտնուած Սալթի մէջ (Յորդանան) Ապրիլ 1918-ին եւ փոխադրուած Երուսաղէմ (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ)։

Քանի մը խօսք երգասացներուն մասին

Սարգիս Պօղոսեան Մալաթիա ծնած է, վերապրող եղած է, սկզբնական շրջանին Ֆրանսա ապրած է ընտանիքին հետ ուր սորված է այս երգը, յետոյ տեղափոխուած է Ֆրէզնօ եւ իր հարստութիւնը նուիրած՝ Առաքելական եկեղեցւոյ։  «Տէր Զօր Չէօլլէրի» երգը ուրիշներէն լսած եւ սորված է։  Պետրոս Ալահայտոյեանի հետ իր հանդիպումը ինչպէս նաեւ այս երգի ձայնագրութիւնը տեղի ունեցած է Ֆրէզնոյի հայկական ծերանոցին մէջ, 1986-ին։

«Մայրիկ» Ղամպարեան վերապրող եղած է, ամուսինը ապրած ըլլալով քիւրտերու մէջ, բոլոր ընտանիքը փրկուած է։ Այս երգին արձանագրութիւնը տեղի ունեցած է Միրիպէլ քաղաքին մէջ (հարաւային Ֆրանսա), ուր մայրիկը կը բնակէր, եւ հոն ան Պետրոս Ալահայտոյեանին յայտնած է իր կեանքի տարտը, ըսելով որ ան չորս աղջիկ զաւակներ ունեցած է եւ բոլորն ալ օտարներու հետ ամուսնացած են։ Եւ մայրիկը կ՚ըսէ, «Ես որո՞ւն համար ապրեցայ ուրեմն...»

Եղսօ Յովհաննէսեան
հանրայայտ երգչուհի եղած է ֆրանսական շեշտով։ Ան վերապրող չըլլալով հանդերձ այս երգերը սորված է իր ընտանիքէն։ Պ. Ա. հանդիպած եւ արձանագրած է Ե. Յովհաննէսեանի երգերը երբ այս վերջինս Մարսէյլ քաղաքէն եկած է հիւսիսային Ֆրանսա, ուր Պետրոս Ալահայտոյեան կը գտնուէր 1985-87 տարիներուն ենթացքին։

Մարօ Նալպանտեան
ծնած է Հալէպ, բալուցի վերապրող ծնողներէ։ Այս երգը Հալէպ արձանագրուած է, ուր Նալպանտեանները հաստատուած էին։

Հասան Պէյլի, 1909. Ատանայի շրջանին մէջ տեղի ունեցած հակահայ ջարդերէն վերապրած տեղացի հայ կիներու խումբ մը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)։

Երգացանկ՝

1) Տէր Զօր Չէօլլէրի (թրքերէն) - Սարգիս Պօղոսեան (Ձայնագրուած Ֆրէզնոյի մէջ)
2) Տէր Զօր Չէօլլէրի (հայերէն)  - “Մայրիկ” Ղամպարեան (Ձայնագրուած Միրիպէլի մէջ, Ֆրանսա)
3) Ծագէ Արշալոյս - Սասնոյ ջարդերը - Եղսօ Յովհաննէսեան (Ձայնագրուած հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ)
4) Կիլիկիոյ ջարդը - Մարօ Նալպանտեան (Ձայնագրուած Հալէպի մէջ)
5) Կոյր աշուղը - Եղսօ Յովհաննէսեան (Ձայնագրուած հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ)

Տէր Զօր, լուսանկարիչ՝ Ռաֆֆի Չէրչեան։

Տէր Զօր Չէօլլէրի (թրքերէն)

Պիմտէն պեթէր
Տին պիր ուղրունա
Կիտէն եավրուլար

Քէմա Պողազընտա
Քիւթթունար աքար
Եաղլըտըր կուրշունլար
Ճիկէրիմ եաքար
Շիմտի պէնիմ անամ
Եոլումա պաքար
Նազլի եարըմ տույսա
Քօնաղի եաքար

Քէմա Պողազընը
Կէչթիմ օ եանա
Պիր եիկիտ օթուրմուշ
Պաքըեօր պանա
Սէրմա թէլ փէնչէսի
Թէօքմիշ պիր եանա
Ճան կէրէք քի
Հասրէթինէ տաեանա

Հայ վերապրողներ գտնուած Սալթի մէջ (Յորդանան) 1918-ի սկիզբը, փոխադրուած Երուսաղէմ եւ այստեղ ալ լուսանկարուած (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ)։

Տէր Զօր Չէօլլէրի (հայերէն)

Բարձիրէն կ՚երեւի Եփրատի գետը
Քալէ հայրիկ, մայրիկ, Տէր Զօրի չէօլը
Հրամանը ընողը գարշելի թուրքը
Վրէժնիս լուծեցէք ողջ (դուք) մնացողներ

Երկինքը կապոյտ է, գետինը մութ է
Կորսնցուցի մայրս, չեմ գիտեր ուր է
Մեզ էսպէս ընողը վատ թշնամին (գարշելի թուրքն) է
Վրէժնիս լուծեցէք հայու որդիներ (ողջ մնացողներ)

Տէր Զօրի չէօլերը պառկիմ քնանամ
Մայրիկ էս ցաւին ինչպէս դիմանամ
Կաթիլ մը ջուր տուէք հանգիստ հոգի տամ
Այսքան չարիք թող աչքերս չտեսնան

1) Հայ որբեր Մեզիրէի (Մամուրէթուլ-Ազիզ) որբանոցին մէջ (Աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսէնի հաւաքածոյ)։

2) Սասունի ջարդերէն հայ վերապրողներ, 1904-ի շուրջ (Աղբիւր՝ Պոտիլ Պիոռնի հաւաքածոյ)։

Ծագէ արշալոյս - Սասնոյ ջարդերը

Ծագէ արշալոյս
Ծագէ արուսեակ
Ծագեց մեր վրայ
Չլինի կորուստ

Թուրքն յարձակեցաւ
Բազում զօրքերով
Սասուն լեցուեցաւ
Լաց ու կոծերով

Ոմանք կիսամեռ
Ինկած կամարին
Օգնութեան համար
Երկինք կը նային

Ախ Սասուն Սասուն
Աւերակ դարձար
Հայրենեաց հողին
Արեամբ զոհուեցար

Ատանա 1909. հրկիզուած եւ աւերուած հայկական թաղամասէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)։

Կիլիկիոյ ջարդը

Իմ Կիլիկիոյ մէջ
Պատահած դէպքը
Սասունն ալ մոռցուց
Մեր սրտին վէրքը
Սասունն ալ մոռցուց
Մեր սրտին վէրքը

Պատճառն էր մերին
Չարաչար մեղքը 
Ո(ով) Տէր իմ Աստուած
Դու հասիր մեզի
Ո(ով) Տէր իմ Յիսուս
Ողորմէ մեզի

Իսկ Երկուշաբթի
Դեռ ժամն էր չորսը
Ամբողջ հայերն ալ
Գործով կը զբաղէին

Ախ Հայկ էֆէնտին
Ճերմակ փաթթեցին
Սուրերնին առած
Շուկայ վազեցին
Շուկային քարերը
Արնով ներկեցին

Տէրութեան թելեր   
Բոլոր կտրեցին
Հարսեր աղջիկներ
Լեռներ փախցուցին

Ոմանք մորթեցին
Ոմանք քերթեցին
Շատ կիներուն ալ
Ծծերը կտրեցին

Ո(ով) տէր իմ Աստուած
Դու հասիր մեզի
Ո(ով) տէր իմ  Յիսուս
Ողորմէ մեզի

Ատանա 1909. հրկիզուած եւ աւերուած հայկական թաղամասէն տեսարաններ (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)։

Կոյր աշուղը

հեղինակ՝ Աւետիս Ահարոնեան

Սեւ խաւարը իմ ընկերս է անբաժան,
Ես չգիտեմ ինչ ըսել է պայծառ օր,
Բայց այսօրուան խաւարն է խոր, հոգեհան,
Դիակները փսփսում են ահաւոր
Եւ պատմում են իրենց ցաւերն անպատում,
Որից Աստուած գուցէ դողայ երկնքում։

Անցիր մէկ-մէկ դիակների վրայով,
Լիզիր վէրքեր ու հաւաքիր հառաչներ...
Կոյր աշուղը, մրրկաշունչ խօլ քամին,
Կը պատմեն ձեզ տառապանքներն աշխարհին։
Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ Հային կարդայ նախատինք։
 

Աւետիս Ահարոնեան, 1866-1948 (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ)