Յուշեր, Արմէն Տատեան (1894-1975) - Տատեան Արմէն

Խմբագիրի խօսք


Արմէն Տատեան ծնած է Ուրֆա 1894-ին, Իրաւաբանութիւն ուսանելու համար կը մեկնի Պոլիս, ուր Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբն ալ կը զինուորագրուի օսմանեան բանակին մէջ եւ կը ղրկուի Կալիփոլիի ճակատ։ Ռազմական գործողութիւնները երբ վերջ կը գտնեն այս ճակատին վրայ կ՚ուղարկուի Էտիրնէ, ուր յայտնի կը դառնայ որ Ուրֆա ապրող ընտանիքը տարագրուած է։ Արմէն Տատեան կ՚որոշէ դուրս գալ Օսմանեան կայսրութենէն, դասալիք կ՚ըլլայ ու կը փախի Պուլկարիա, ուր կը մնայ մինչեւ պատերազմին աւարտը, որմէ ետք կրկին կը վերադառնայ Պոլիս, կ՚աւարտէ կիսատ ձգած ուսումը եւ կը վկայուի իբրեւ փաստաբան։ Այնուհետեւ զինք կը գտնենք Հալէպ, ուր կ՚ապրէին Ցեղասպանութենէն վերապրած քոյրերը։ Այստեղ ալ կ՚ամուսնանայ Աստղիկ Պալեանի հետ եւ կ՚ունենան զաւակներ։ Արմէն Տատեան կը մահանայ Հալէպի մէջ 1975 թուականին։

Յայտնի չէ թէ Արմէն Տատեան երբ սկսած է իր յուշագրութիւնը, բայց յստակ է որ մինչեւ իր կեանքին վերջը ան աշխատած է անոր վրայ։ Յուշերը կ՚ընդգրկեն նաեւ սկսզբնական հատուած մը, որ յուշագրական չէ, այլ այստեղ հեղինակը գրի կ՚առնէ Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնը հիմնադրման թուականներէն սկսեալ։ Այս հատուածը զերծ ըրած ենք սոյն հրատարակութենէն։

Արմէն Տատեան Կալիփոլիի ռազմաճակատին վրայ կը մնայ 3-էն 4 ամիս, եւ ակնյայտ է որ կարճատեւ թուացող այս ժամանակաշրջանը անջնջելի հետք մը ձգած է իր ներաշխարհին վրայ։ Այն աստիճան որ, ինչպէս իր թոռնուհին կը վկայագրէ, այս յուշագրութիւնը դարձած էր յետագայ իր կեանքի նպատակներէն մէկը, որուն իրականացման համար մինչեւ վերջն ալ աշխատած է։ Իսկ Արմէն Տատեանի կեանքի աւարտին կը տեսնենք որ ան աշխատանքը այնպէս ալ չէր կրցած ամբողջացնել։

Կալիփոլիի պատերազմին ահաւորութեան մասին վկայագրութիւնները չեն պակսիր։ Արմէն Տատեանի յուշերը նոյնպէս հարուստ են մարդկային այս ողբերգութեան նկարագրութիւններով։ Ռումբերու եւ սպաննութիւններու ահաւոր տեսարանները շարունակած են հալածել յուշագիրը յետագայ իր կեանքի ընթացքին, այնքան որ անոնք մղձաւանջերու վերածուած կը վերայայտնուէին իր երազներուն մէջ։ Տպաւորիչ է յուշագիրին խօսքը, երբ կը գրէ.

«Կարելի՞ է նման տեսարանի մը ականատես ըլլալ առանց յուզումի եւ անտարբեր, ինչ ազգի ալ պատկանին անոնք, եւ ինչ կրօնքի ու դաւանանքի ալ խնկարկեն»:

Արմէն Տատեանի զինուորականի յուշերը այլ տարողութիւն կ՚առնեն, երբ նկատի առնենք որ օսմանեան բանակի այս սպային ռազմաճակատային ծառայութեան ընթացքին միեւնոյն օսմանեան պետութեան հրամանով կը բնաջնջուէր ազգային իր խումբը, որուն շարքին Ուրֆա ապրող իր սեփական ընտանիքի անդամներ։ Ընտանիքին ճակատագրիրին մասին աւելի յստակօրէն կ՚իմանայ երբ արդէն վերադարձած էր ռազմաճակատէն։ Այս մասին կը գրէ.

«Այս սոսկալի լուրը աւելի ահաւոր էր քան ռազմաճակատի ռումբերը: Ուրեմն այս երկրին հետ այլեւս ո՛չ բարոյական եւ ո՛չ ալ նիւթական կապ չէր մնար ինձ համար այս ոճրագործ կառավարութեան մօտ»:

Յուշագրութեան մէջ տեղ գտած դէպքերուն յետագայ ընթացքը կարելի է հասկնալ միայն երբ ի մտի ունենանք որ Արմէն Տատեան ինք եւս մէկ մասնիկն էր նոյն այս ժամանակաշրջանին Ցեղասպանութեան մը զոհ գացած հայկական խումբին։ Օսմանեան հայրենիքին համար Կալիփոլիի պատերազմին հերոսական մասնակցութիւն բերած հայ սպան ծանր մտատանջութիւններ ապրելէ ետք ի վերջոյ որոշում կ՚առնէ դասալիք ըլլալու եւ կայսրութենէն փախուստ տալու։

Այս բոլոր դրուագները հաւանաբար Արմէն Տատեանի կեանքի ամէնէն ծանրակշիռ եւ հոգեմաշ պահերն էին, զորս անպայման ուզած է գրի առնել եւ փոխանցել իր շրջապատին։

Ահաւասիկ այս աւանդն է որ իրական կը դառնայ սոյն յուշերուն հրատարակութեամբ։