Յուշեր, Արմէն Տատեան (1894-1975) - Տատեան Արմէն

Մեծ հայրիկիս…

Հերա Նաճարեան


Մո՞մ, խո՞ւնկ, թէ՞ ծաղկեփունջ պիտի ուզէի դրած ըլլալ իր հանգչած քարին վրայ։

Հարազատներ, որոնք կը մեկնին տունէն առյաւէտ, բայց որոնց յիշատակը, շունչը կը մնայ. անոնցմէ մէկն է իմ աննման մեծ հայրիկս Արմէն Տատեանը, որուն հանդէպ երախայական սէր, գուրգուրանք տածած եմ. միա՛յն առանց գիտնալու, առանց պեղելու իր հոգիին խորքը։

Այս գրքոյկին յուշերուն հրատարակութիւնը անսահման գոհունակութեան եւ գերերջանկութեան զգացումը տուաւ ինծի։ 1974-ին իր աչքերուն, նայուածքին մէջ պարապ մը նկատեր էի, այս յուշերուն հրատարակութիւնը այդ պարապը լեցուց։

Ջարդի 100-ամեակի առիթով էր, հետաքրքիր, մեր քով մնացած իր ձեռագիրը բացի… ի՛ր յուշերն էին… ընթերցեցի շատ արագ, յուզուած, միաժամանակ սքանչացած իր ոճին՝ պարզ ու համեստ, բառամթերքին՝ մաքուր ու անաղարտ… Վերընդօրինակեցի հարազատութիւնը պահելով, առանց բան մը փոխելու, ամէն մէկ տողին հետ իր հանդարտ շեշտը մտաբերելով, լսելով հեռուէն եկող ձայնը ու կարօտս անսահման դարձաւ. ուրեմն ինչո՞ւ այս հրատարակութիւնը, այն անսահման սիրոյն համար որ ունէի քեզի հանդէպ մեծ հայրիկ, իսկական մեծ հայրիկ էիր, բարի, ներողամիտ ու գուրգուրոտ, համբերատար. վերյիշեցի ամառները ձեր գալը Հալէպէն Պէյրութ, ամրան կիսուն Կաղանդ կը բերէիք մեր տունը ու գինեգոյն ճամպրուկը կը բացուէր … ու Հալէպի մանիշակագոյն շաքարները, պիստակները, քաղցրաւենիները, շաքարածեպ սիսեռները, սակառներով թուզ եւ Նանիին պատրաստած թել պանիրները, անուշները եւ, եւ, եւ ո՞ր մէկը հաշուեմ, կախարդական ճամպրուկ մըն էր… Հալէպի բարկ հոտը դուրս կու գար, շէնցնելով մեզ բոլորս։ 

Հոգեկան ահաւոր պարտք մը քառասուն տարիներու երկար լռութենէ մը դուրս ժայթքող արտայայտութեան մը արգասիքն է այս գրքին հրատարակութիւնը, կը յիշեմ տկար լոյսի մը տակ նստած ցած սեղանիկի մը վրայ հակած, առաւօտեան ժամը չորսին, գաւաթ մը սուրճը քովը, անքուն գիշերներ նստիլը ու մինչեւ առաւօտ գրելը, ականատես եմ եղած, բայց ինչո՞ւ հարցումներ չունէի, ի՞նչ աշխատանք էր, որո՞ւ համար. գիտէինք միայն թրքական բանակին մէջ ծառայած ըլլալը եւ ատոր ի լուր եղբօրս ու իմ պատանի հոգիներու միամիտ ընդվզումը։ Ինչո՞ւ մեզի հետ չէր բաժներ իր անցեալի կեանքին դրուագները։

Հիմա դեղնած էջերուն ընդմէջէն կը լսեմ ձայնը որ մեզի արաբերէն ուղղագրութեան պարտականութիւնները կը թելադրէր։ Պէյրութէն մեկնած օրերուն ալ իր ափերուն պարպած դահեկաններուն խշրտուքին ձայնը՝ շրթներուն ծայրը ուրուագծուող գոհունակ ժպիտով մը. 1 ոսկի, 25 ղրուշ, 50 ղրուշ, 2 ոսկի. կը զգար որ անսահմանօրէն ուրախ ենք։ Բայց ափսո՛ս, շա՛տ ափսոս, ահա հիմա այս էջերուն մէջ միայն կը գտնէր իր երազկոտ ու անշարժ պահերու զգացած զարմանքիս պատասխանը՝ պատերազմ, դիակ, արիւնլուայ անդամահատուած ընկերներ, անձնասպանութեան ծրագիր, կարօտ հայրենիքին՝ Ուրֆային, հարազատներու, լռութեան…

Այդ բոլորը կը տողանցէին այդ անշարժ ակնակապիճներուն առջեւէն…

Թոռնիկդ՝ Հերա Նաճարեան