Յուշեր, Արմէն Տատեան (1894-1975) - Տատեան Արմէն

Գլուխ 2 (Երկրորդ մաս)՝

Տարտանէլի պատերազմին տեսածներս


Այդ օրերուն շատ շատերուն կեանքը այդ էր, մանաւանդ հայերուս եւ մասամբ նոյնիսկ շատ մը թիւրքերու համար, որոնք դէմ էին օրուայ կառավարութեան ռազմավարութեան, բայց անզօր՝ զայն կասեցնելու: Անուղղակի ճամբով մեր ականջին կը հասնէր Էրզրումի ճակատին վրայ Էնվէրի յարձակումներուն ձախողման մասին, բայց չէի ենթադրէր որ այդ ձախողանքը պիտի վերագրուէր հայ դաւադիրներու: Այս Էնվէրը պատրաստուած էր կովկասեան ճակատը ճեղքել, բուռն յարձակողականով մը, սակայն ըստ իրեն, հայերու միջոցաւ յարձակողականի ծրագիրն ու պատրաստութիւնները գաղտնի փոխանցուած էին ռուսական հրամանատարութեան ու յարձակողականը ձախողած էր: Ո՞վ կրնար ըլլալ դաւադիրը, եթէ ոչ հայը: Զինուորականութեան մէջ ամէնէն բարձրաստիճան հայը տեղակալ կամ շատևշատ հարիւրապետ էր, որովհետեւ հայուն զինուորական ասպարէզ մտնելը հազիւ 3-4 տարի կ’ընէր, անանկ որ ոչ մէկ հայ զինուորական նման ծրագիրներու ծանօթանալու եւ թշնամիին հաղորդելու միջոցն ու դիւրութիւնը չունէր: Նման ծրագիրներ չափազանց գաղտնի կը պահուէին եւ անկարելի էր նորակոչ հայ սպայի մը ձեռքը անցնիլը: Ո՞վ ըսաւ որ Պոլիս կամ ռազմաճակատներու վրայ օտար կամ նոյնիսկ թիւրք գաղտնի գործակալներ չկային, բայց քաւութեան նոխազ մը պէտք էր եւ յարմարագոյնը հայն էր, մանաւանդ որ հայը Թուրանի ճամբուն վրայ իբր զանգուած, խոչընդոտ մըն էր: Ուստի Սայիտ Հէլիմ (վարչապետ), Թալաթ (ներքին գործոց նախարար), Էնվէր (պատերազմական նախարար), Պէհաէտին Շաքիր եւ Ազմի եւ նման գազաններ վճռեցին հայ ժողովուրդի տեղահանութիւնը, որուն մասին օտար եւ նոյնիսկ թիւրք բազմաթիւ վկաներ, այպանողներ եղան: Ես ի հարկէ իբր պարզ քաղաքացի եւ նորակոչ զինուորական եւ շրջապատուած պարզ զինուորներէ եւ զինուորականներէ եւ հեռու Պոլսէն, գրեթէ ոչ մէկ դիւրութիւն եւ կարելիութիւն ունէի վերոգրեալ դէպքերու մասին բան մը իմանալու: Իմ պարտականութիւնս կը կատարէի առանց քծնելու եւ (sabotage) խանգարումներ ստեղծելու, որովհետեւ եթէ ուզէի, նոյնիսկ ի վիճակի չէի, քանի որ խիստ պարզ եւ անկարեւոր, աննշան սպայ մ’էի. դեռ ճակատէն բաւական հեռու այդ իսկ պատճառաւ հազարապետս համակրանքով կը դիտէր զիս, սակայն հանգիստ եւ անվտանգ պաշտօն մ’ունենալուս, կրնար նախանձ շարժել նորակոչ սպաներուն: Ահա այս իսկ պատճառաւ, նորակոչ սպաներէն մին օրին մէկը իմ մասին չարախօսեց հարիւրապետին: Ըստ զինուորական օրէնքի, հարիւրապետներէն մին պարտականութիւն ունէր զօրանոցէն ներսի հսկողութեան եւ հրահանգներու գործադրութեան, կարգով պատասխանատու կ’ըլլայինք եւ հրամանները երբեմն նորակոչ սպայի մը միջոցաւ գործադրելու կը դրուէր. այսպէս, օրին մէկը, պատասխանատու սպան ինձ հրաման ղրկած էր, որպէսզի յաջորդ օրը մի քանի կառքերով եւ ձիերով Մարիձա գետին եզերքէն հաւաքուած խոտերը բերեմ. երբ այդ նորակոչ սպան այդ հրամանը ինծի հաղորդեց, ըսի որ երթալու կարգը իմինը չէր, բայց քանի որ հարիւրապետը հրամայած է, կ’երթամ: Բայց այդ նորակոչ սպան, որ ինծի պէս պարզ յիսնապետ մըն էր, եւ յաճախ իրարու հետ կը տեսնուէինք իբր սպայի թեկնածու մարզանքներու եւ դասաւանդութեանց պահերուն, խեղաթիւրելով պատասխանս, հարիւրապետին կ’ըսէ՝ որ ես կը մերժեմ իր հրամանին ենթարկուիլ: Զինուորական օրէնքով, հրաման մը գործադրելու մերժումը պատիժի արժանի է, համաձայն հրամանի կարեւորութեան: Ըստ օրէնքի, պէտք է հրամանը կամ հրահանգը գործադրել եւ եթէ ապօրէն է տրուած անոր դէմ, վերին մարմնին կամ հրահանգը տուող սպային մեծաւորին բողոքել, անիրաւ կամ ապօրէն հրաման մը տուած ըլլալուն համար: Այս է զինուորական կարգապահական օրէնքը, եւ այդ բողոքն ալ՝ աստիճանական բարձրացումով պիտի հասնի առ որ անկէ:

Հարիւրապետը ինձ կանչեց եւ խիստ կոշտութեամբ դիտողութիւն ըրաւ, որ ինչպէս համարձակած էի իր հրամանին գործադրման հակառակիլ: Ըսի, որ ես հրամանին չի հակառակեցայ, այլ ըսի՝ որ թէեւ իմ կարգս չէ, բայց պիտի գործադրեմ հրամանը: Սակայն հազիւ իմ պատասխանիս մէկ մասը լսած՝ ոտքի ցատկեց եւ զիս ապտակել փորձեց միւս սպաներուն եւ զինուորներուն դիմաց: Ներկայ սպաները զինքը անմիջապէս բռնելով, արգելք եղաւ զարնելուն, բայց ինք «հայրենիքի դաւաճան, խային ուաթան» յորջորջելով հրամայեց զինուորներուն դուրս առնել եւ զիս սենեակի մը մէջ արգելափակել:

Ըստ զինուորական օրէնքի՝ ինք ալ քանի որ ի պաշտօնէ զիս կ’ընդունէր եւ կը հարցաքննէր ու կը պատժէր, պարտաւոր էր սուրը կապած եւ հագուստը հագած ըլլար եւ բնաւ ապտակելու իրաւունք չունէր, յետոյ հայրենիքի դաւաճան ալ ըսելու իրաւունք չունէր, մանաւանդ թերի հագուած ըլլալէն զատ, նստած ուրիշ սպաներու ներկայութեան օղի կը խմէր եւ այլն: Իր պարտականութիւնն էր անմիջապէս հրամանը ինծի փոխանցող նորակոչ սպան տեղւոյն վրայ հարցաքննել եւ եթէ իրօք իր հրամանին հակառակ վերաբերմունք ցոյց տուած էի, սուրս առնել եւ զիս արգելափակել եւ յաջորդ առաւօտ (քանի գիշեր էր) պատերազմական ատեանին յանձնել: Այդ գիշեր փակուած մնացի: Յաջորդ առաւօտ հազարապետը, որ պատերազմական ատեանի ալ նախագահն էր, զիս անպաշտօն կերպով իր ներկայութեան կանչեց եւ լուսաբանուիլ ուզեց. ես դէպքը նոյնութեամբ պատմեցի։

Միջանկեալ ըսեմ, որ հարիւրապետը դժբախտաբար Հալէպի շրջանէն արաբ մըն էր, ինք զիս հայրենիքի դաւաճան կը կոչէր այն օրերուն, երբ թագաւորազուն Ֆէյսալ (որ յետոյ եզակի թագաւոր եղաւ) եւ կարգ մը արաբ ցեղապետներ թուրքերուն դէմ ըմբոստացած կը կռուէին Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի փոխարքայ Ճէմալ փաշայի դէմ:

Հազարապետը զիս լսելէլ յետոյ ըսաւ. «Այս բոլորը ծանրօրէն կ’ամբաստանեն եւ կը դատապարտեն հարիւրապետը, եւ նոյնիսկ կրնանք զինք պաշտօնէն արձակել, բայց նկատի առած որ տարիքը առած եւ ամուսնացած մարդ է, մեղք է: Եթէ համաձայն ես, կանչեմ զինքը եւ ձեզ հաշտեցնեմ: Ես որ իրաւաբանութիւն կ’ուսանէի, եւ մէկ տարի յետոյ պիտի ըլլայի օրէնքի մարդ, արդարութիւն ու իրաւունք պաշտպանէի, անշուշտ որ այս զիջողութեան դէմ ներքնապէս կ’ըմբոստանայի, սակայն հայ էի ես եւ քաղաքական կացութիւնը սկսած էր չափազանց աննպաստ դառնալ հայերուն հանդէպ: Հազարապետին առաջարկը ընդունեցի, նկատի ունենալով պարագաները եւ պատերազմական ատեանի առջեւ ունկնդրուելիք վկաներուն՝ ոմանց արաբ, ոմանց ալ թիւրք ըլլալու պարագան, խոհեմութիւն սեպեցի հազարապետին թելադրանքին գոհացում տալ, մանաւանդ որ ան լաւ մարդ էր եւ զինք կը յարգէի: Կանչել տուաւ հարիւրապետը եւ մեզ հաշտեցուց ու հարցը փակեց:

Բայց հարցը փակուելէն 2-3 օր յետոյ, պաշտօնս փոխելով ինձ ռազմամթերք փոխադրող տեղակալին օգնական սպայ նշանակեցին: Այս փոփոխութիւնը շատ հաւանական է որ գնդապետի հրահանգով եղաւ, որուն օգնական սպան ալ հալէպցի արաբ մ’էր եւ մանաւանդ գնդապետը կրօնամոլ էր եւ թերեւս չէր ուզեր հայ սպայ մը ունենալ ուղղակի իր հրամանին տակ եւ շփում ունենալ կեավուրի մը հետ, կամ թերեւս դէպի ռազմաճակատ երթալնիս մօտալուտ էր, ռազմամթերքի փոխադրութիւնը խիստ կարեւոր էր:

Այսպէս 2-3 օր յետոյ խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Կալիփոլիի թերակղզին, այսինքն ռազմաճակատ: Ձիաքարշ թնդանօթներն ու ռազմամթերքի կառքերը ամբողջ գիշերը առանց դադարի դէպի հարաւ-արեւելք ճամբորդելով յաջորդ օրուայ կէսօրուան մօտ, այսինքն ժամը 10-ին հասանք առաջին կայանը Ուզուն Քէօփրի, այսինքն երկար կամուրջ ըսուած աննշան գիւղաքաղաքը: Այս կամուրջը հաւանաբար բիւզանդական կայսրութեան օրերէն մնացած 13-14 կամարնոց եւ քարէ կամուրջ մըն էր շինուած ճախճախուտ գետի մը եւ լայն ձորի մը վրայ: Թնդանօթներն ու ձիերը այնքան չի տառապեցան որքան մեր բեռնակառքերը, որոնք հին ու չորցած էին, մանաւանդ անիւները, այդ անկանոն ու խորտ-բորտ ճամբուն վրայ ապակիի պէս կը փշրուէին ռազմամթերքի ծանրութեան տակ. նորոգել կարելի չըլլալուն հաստ գերան մը կը կապէինք անիւին տեղ եւ քսուելով կը յառաջանայինք դէպի նոր կայանը: Մինչեւ լոյս այս քիչ մը տաժանելի ճամբորդութենէն յետոյ, առաւօտուն խիստ փոշիի ամպերու ծուէններու մէջ, հեռուն դիմացնիս բարձրացաւ բլուր մը, թեւաբաց քանի մը հողմաղացներով: Չեմ գիտեր այդ հողմաղացները մեզի բարի գալու՞ստ կը մաղթէին, թէ երթաք՝ չվերադառնաք, որովհետեւ տարիէ մը աւելի է որ այդ ճամբան հարիւր հազարներով մարդիկ գացած եւ շատ քիչերը յաջողած էին ողջ ու առողջ վերադառնալ: Կալիփոլիի թերակղզիին վրայ մղուած պատերազմը, առաջին ընդհանուր ամենաբուռն կռիւները կը պատկերացնէր Թուրքիոյ համար:

Վերջապէս այդ բլուրը բարձրանալով հասանք Քէշան կոչուած գիւղաքաղաքը. այդ անապատային շրջաններուն մէջ. քաղաքը թրքաբնակ էր եւ բացի այդ հողմաղացներէն քանի մը սեւ ու ճերմակ քարերով շինուած խոշորկեկ եւ քանի մը գիւղական շէնքեր ունէր միայն:

Մինչեւ երեկոյ մնացինք վրաններուն տակ եւ երեկոյեան դարձեալ ճամբայ ելանք դէպի թերակղզին: Գիշերուայ մութին այդ արահետ ճամբաներուն վրայ յառաջացանք մինչեւ առաւօտեան մօտ. անցանք մէկ-երկու գիւղերու մէջէն եւ խիտ անտառէ մը կոտրտուած անիւներով. ողբալի կառքերով եւ մանաւանդ ողբալի ձիերով եւ ջորիներով ու հասանք նորաշէն խճուղի մը, որ կը բարձրանար ուրիշ բլուր մը. քանի մը վայրկեան յետոյ հասանք ուրիշ բլուր մը բիրտ զարիվայրով մը, որ մեզ պիտի իջեցնէր թերակղզիին պարանոցը, այսինքն խորունկ ու մութ ձոր մը, որ կը միանար եգէական ծովախորշին: Քանի մը քիլոմեթր հեռուն՝ եւ Մուտրոս կղզիին արեւելեան ծովեզերքը խարսխած անգլիական ծովուժի լոյսերը հեռուէն սկած էին տեսնուիլ: Հոն մեր կարաւանը պահ մը կանգ առաւ լուռ ու անշարժ: Բարձր խօսիլն ու սիկարէթ ծխելը արգիլուեցաւ բոլորին համար:

Սոսկալի մութին մէջ մահուան ուրուականը կը թափառէր այդ ծովախորշին եւ խորունկ ձորին մէջ, որուն արեւելեան ծայրը կը վերջանար բաւական հեռու Մարմարա ծովու արեւելեան ծովեզրը: Անգլիական զրահաւորները պզտիկ կասկածով մը կրնային մեզ բզքտել իրենց հսկայ ռումբերով քանի մը վայրկեանի մէջ, որովհետեւ հոն ձիերուն, կառքերուն եւ զինուորներուն համար ոչ մէկ ապաստանարան կար:

Խճուղին կը շարունակուէր եւ ծովեզրէն կը բարձրանար դէպի վեր եւ ըստ երեւոյթին կը վերջանար կիրճի մը մէջ ծովէն 60-70 մեթր բարձունքներուն մէջ, վարագոյրի նմանող, բայց պատառոտուն հողմաղացներով գոցուած: Պոլայըր գիւղն էր վերը կիրճի մը մէջ զետեղուած եւ կիսափուլ: Լոյսը բացուծ ըլլալով, մէկ կոմէն կը պարզուէր Եգէական ծովը, եւ մեր անցած խորոնկ, ապառաժոտ բարձունքներն ու վայրի ոստերով զարդարուած ձորը. այդ խճուղին նոր շինուած էր, հաւանաբար հայ անզէն զինուորներու կողմէ: Մեր գունդի թնդանօթները եւ ռազմակառքերուն մէկ մասը մաս մը զինուորներով շարունակեց ճամբան, թերակղզիին խորքերը, չորցած այգիներու եւ ամայի դաշտերու եւ բլուրներու մէջէն: Մարդիկ եւ նոյնիսկ թռչունները փախուստ տուած էին դէպի հիւսիսային հողմաղացները: Թերակղզիին արեւմտեան ծովեզերքը դարձած էր ռազմադաշտ՝ մեծաւ մասամբ: Բայց մենք տակաւին 8-10 քիլոմեթր յառաջացանք հասնելու համար Կալիփոլիի գիւղաքաղաքը հաստատուած Մարմարա ծովու արեւմտեան եզերքը եւ նեղուցի մուտքին մօտ: Քաղաքը քանդուած էր զրահաւորներու ռումբերէն նետուած Մուտրոս կղզիի մօտէն, այսինքն թերակղզիին բարձունքներուն գագաթները ոտնակոխելով, քանի մը 38 սանթիմնոց մարդահասակ ռումբեր դեռ կը մնային թերակղզիին դաշտերուն մէջ իբր յիշատակ:

Հասանք խորունկ ձոր մը, որուն եռանկիւնի ետին կը շարուէին ծովեզրին վրայ Անաֆարթա [Պիւյիւք Անաֆարթա], [Քոճա] Չեմէն Թէփէ, Առը Պուռնու եւ Սէտ իւլ Պահր ռազմադիրքերը, այսինքն անգլիական ցամաքահանման վայրերը, որոնք կռուող կողմերուն քանի մը հարիւր հազար զինուորները խլած էին:

Այս ձորերուն մէջ երկու ամիսի մօտ մնացի, որպէս պահեստի ուժերու սպայ: Յետոյ հրաման ստացայ անկէ 5-6 քիլոմեթր հեռու հաստատուած զինուորական կայան մը մեկնելու.. 2-3 օր հոն կեցայ, մինչեւ հրաման ստացայ ճակատ մեկնելու: Բարեբախտաբար պատերազմը իր թափը կորսնցուցած էր եւ դարձած խրամային:
Այդ օրերուն արդէն հակահայ շարժումը իր թափը ստացած եւ տեղահանութիւնը սկսած ըլլալուն, հայ սպաներու հանդէպ կասկածն ու անվստահութիւնը սկսած էր զօրանալ: Ես ալ իբր հայ սպայ, կասկածելի դառնալ սկսած էի, բայց սպայի շատ կարիք կար, ուստի նոր հրամանի մը համաձայն ուզեցին պաշտօնի կոչել ռազմաճակատի վրայ եւ նշանակեցին ծովեզերքի դիրքի մը պատասխանատու տեղակալի մը օգնական:

Ես իմ ձիս ունէի ամէն ճամբորդութեան օգտագործելու համար: Ուստի ձիաւոր զինուոր մը եկաւ եւ զիս առաջնորդեց այդ տեղակալին երկու թնդանօթնոց ջոկատին, որ կը գտնուէր Եգէական ծովուն եզերքը թեթեւ բարձունքներէն թիւ 40 բարձունքին կողքին: Հոն ձիս զինուորին յանձնելով խրամի մը մէջէն յառաջացայ եւ հասայ այս դիրքը:

Տեղակալս զիս տեսնելով հեռուէն, ինձ հրաւիրեց որպէսզի յառաջանամ դէպի իրեն: Ժպտադէմ՝ բարի գալուստ մաղթելով ըսաւ. «Երանի քանի մը վայրկեան առաջ գայիր եւ մասնակցէիր մեր եւ անգլիացիներուն թնդանօթային մենամարտին»: «Ո՞ւր տեղի ունեցաւ այդ մենամարտը». հարցումիս ի պատասխան «Հոդ» ըսաւ. իր հրամանին տրամադրուած 2 թնդանթներու եւ անգլիական 24 սանթիմնոց թնդանօթով մը տուած moteur-béos-ի  [հաւանաբար motorboat, խմբ.] մը միջեւ:

Այս մենամարտը գրեթէ ամէն օր մէկ երկու անգամ տեղի ունեցաւ մեր դիրքին հետ, սակայն կողմերուն համար գրեթէ անվնաս կերպով, քանի որ ան ծովեզրին շատ չէր մօտենար եւ մեր 7.5 սանթիմ ռումբերը մեծ վտանգ մը չէին կրնար ըլլալ անոր համար, իսկ իրենց ռումբերը մեր բոլորին վրայէն անցնելով կ’իյնային միւս բլուրներուն կողքին կամ գագաթին մեծ աղմուկով եւ հոն կը փշրուէին, բարձրացնելով բոցախառն հողի ու քարի կտորներով խառն հսկայ սիւներ եւ ռումբերու անհաշիւ կտորները կը թափէին ամէն կողմ մեզ տալով բզզոցներու եւ զնգոցներու համերգ մը, շատ քիչ անգամ թափելով մեր վրայ եւ թնդանօթներուն: Իրականին մէջ մեր սարսափը այդ կտորներուն տեղատարափն էր, որովհետեւ անոնք կրնային թեւ մը, ոտք մը կամ գլուխ մը խլել առանց դժուարութեան, եւ այդ սովորական էր բուռն մենամարտի օրերուն:

Մեր դիրքէն 5-6 հարիւր մեթր դէպի հարաւ հաստատուած էր բարձր լերան մը կռնակը Ֆէրիք Մուստաֆա Քէմալի բանակատեղին, որը դեռ փաշայի տիտղոսին մէկ աստիճան ունէր, բայց այդ ռազմավայրերու ընդհանուր հրամանատարն էր իր սպայակոյտով: Այդ բարձունքը յաճախ ենթակայ էր բուռն եւ ծովային հսկայ զրահաւորներու ռմբակոծման: Հոն նետուած ռումբերը միշտ 24-32-38 սանթիմնոց ռումբեր էին եւ բլուրը, որ կը կոչուէր Քիրէճ թէփէ (կրաբլուր) եւ Արսլան թէփէ այսինքն առիւծաբլուր, կը կորսուէր իր հսկայ զանգուածովը բոցի, հողի, քարի եւ ռումբի կտորներու վարագոյրով մը: Սակայն դարձեալ մեծ վնաս մը չէր կրնար հասնիլ, որով ծովային հսկայ թնդանօթներուն ռումբերը չէին կրնար լերան ճիշդ կռնակը հաստատուած բանակատեղիին վրայ իյնալ. հոն ալ վտանգը միայն ռումբերու կտորները եւ քարի կտորներն էին:

Իմ տեղակալս քառասունի շուրջ քիչ մը խոշոր պեխերով միամիտ եւ անուս մարդ մըն էր ու կը խմէր իրիկունները, բայց չէր գինովնար եւ զինուորները չէր ծեծեր, իսկ ինծի հետ միշտ յարգանքով կը վարուէր եւ որեւէ հակահայ արտայայտութիւն չէր ունենար. քաղաքական հարցերով չէր հետաքրքրուեր եւ ի հարկէ չէր ալ հասկնար: Ո՛չ կրօնամոլ էր եւ ո՛չ ալ ազգայնամոլ. ունէր միամիտ կատակներ, առանց վիրաւորանքի կամ արհամարհական շեշտի:

Հոն փոստով հասաւ քարթ մը՝ գրուած մեծ եղբօրս կողմէ, որ աքսորած են եղեր Ռաքքա: Չէի գիտեր որ զինուորին եւ մանաւանդ սպաներուն ընտանիքները զերծ էին տեղահանութենէ. լերան գլուխը ուրկէ՞ կրնայի իմանալ նման օրէնքի մը գոյութիւնը. ո՛չ ճամբորդ կար եւ ո՛չ ալ թերթ: Իբր նիւթական օժանդակութիւն եղբայրներուս, տասը օսմանական ոսկի դրամ ղրկեցի քաղաքի մեծահարուստի մը հասցէով, որ երեսփոխաններէն մին էր մեր քաղաքի (Ուրֆա,) բայց ո՛չ ետ դարձուցին ըստ օրէնի եւ ո՛չ ալ կրցի հասկնալ թէ այդ գումարը իր հասցէին հասա՞ւ: Այդ գումարով կրնային 3-4 ամիս ապրիլ: Սակայն շատ հաւանական էր որ կամ փոստի պաշտօնեան գրպանեց, կամ երեսփոխան մեծահարուստը, որուն աչքերը կուրցան հետագային եւ շատ թշուառ մնաց. իսկ իր խիստ արժէքաւոր մէկ ագարակը որ Ռագգայի մօտ էր (Թէլ Ապիատ) յետոյ գրաւուեցաւ հայերու կողմէ ֆրանսացիներու բարեացակամութեամբ, իբր սուրիական հող:

Մեր ամսականները զինուորականութիւնը կանոնաւոր կը վճարէր ամէն ամսեգլխուն կերակուրի բաժինը զեղչելով, իսկ զինուորին կերածը օրական մէկ քիլօ հաց եւ ձաւարի ապուր, կամ հոտած ձիթաիւղով եփուած լուբիան, կամ բակլա, կամ բացառաբար եզան միսով եփած բանջարեղէն մը: Արդէն թերակղզիին վրայ կար իբր կանաչեղէն միայն պարզ խոտ: Հակառակ այս զրկուած կեանքին, թիւրք զինուորը լաւ կը կռուէր եւ կը զոհուէր իր թագաւորին եւ իր մարգարէի փոխանորդին համար դրախտ երթալու ակնկալութեամբ. շատ շատերը իրենց գիւղին մէջ ասկէ լաւ չէին կերակրուիր:

Զինուորը կը ստանար նաեւ պզտիկ քանակութեամբ օճառ իր լուացքին համար եւ լուացքն ալ յաճախ պարզ ջուրով: Շաքարի բաժինը չէր տեսներ, նոյնիսկ մենք սպաներս վերջերս շաքար չունենալնուս, սուրճը՝ ես քանի մը անգամ եփեցի ռուբով (փէքմէզ, տըպըս) բայց անհամ ըլլալուն՝ հրաժարեցայ: Սպաներուն ամսականը յաճախ գերմանական սնտուկէն կը վճարուէր, որովհետեւ պատերազմը դարձած էր գերմանական, իսկ թրքական բանակը անոնց վարձկան:
Օրին մէկը Քէմալի հրահանգը ստացանք, որ մեզ կը թելադրէր ռումբը խնայողութեամբ գործածել. սպառելու վտանգը կար:

Իրաւ ալ՝ մեզի տուին ֆրանսական պելճիքական ռումբեր, որոնք մեր թնդանօթներուն վրայ փորձեցինք եւ վտանգաւոր գտանք, որովհետեւ տրամագծի պզտիկ տարբերութեամբ կրնար ըլլալ որ թնդանօթը պայթեցնէին եւ կամ գոնէ թնդանօթներուն մէջի օձապտոյտ փողերուն գիծերը աւրէին եւ անգործածելի դարձնէին զայն, քանի դեռ Պուլկարիա պատերազմի չէր մասնակցած. ռազմամթերքի պակասը զգալի էր, բայց այդ ամիսներուն Պուլկարիա-Գերմանիա-Աւստրիական զինակցութեան մէջ մտնելով, ոչ միայն Թուրքիոյ ռազմամթերքը շատցաւ, այլ պատերազմը մօտաւորապէս երկու տարի եւս երկարեցաւ, գոնէ թուրքին ի նպաստ եւ մանաւորաբար հայուն ի վնաս, որովհետեւ Պուլկարիոյ ռազմադաշտ իջնելու իբր հետեւանք Գերմանիա կրցաւ աւելի դիւրութեամբ Թուրքիոյ օգնել դրամով, ռազմամթերքով եւ նոյնիսկ զինուորով ու զինուորականներով: Հայկառակ պարագային Թուրքիա պիտի ստիպուէր զէնքը վար դնել եւ սկսած գաղթը եւ հայահալածութիւնը դադրեցնել:

Պուլկարիոյ պատերազմի մուտքը դիւրացուց նաեւ Ռումանիոյ գրաւումը, Աւստրօ-Գերամանիոյ կողմէ եւ նոյնիսկ թրքական զօրամասեր տանիլ հոն եւ պատերազմին երկարելուն մեծապէս օգնել եւ Թուրքիան ալ վերակենդանացնել կովկասեան ճակատի ուժերը տկարացնելու հետեւանքով: Գուցէ այդ պատճառով ալ այդ ուժերը մինչեւ Տիգրանակերտ մօտեցող եւ Ճապաղ ջուր հասնելով ռուսական ուժերու նահանջները տեղի ունեցան եւ հայերուս մեծապէս վնասեցին: Ի հարկէ այն պատճառաւ, այսինքն պատերազմի երկարելուն հետեւանքով, Ռուսիոյ ներքին կեանքին մէջ եռեւեփող յեղափոխական շարժումը աւելի զօրացնելով. ձարական փտտած ու նեխած կառավարութիւնը տեղի տուաւ «մէնշէվիք» ռուս քաղաքական զօրաւոր կուսակցութեան եւ այդ կուսակցութեան ալ մեղմ գործելակերպը դիւրացուց «պօլշէւիկ» կուսակցութեան ռազմավարութիւննն ու երկիրը նետեց այդ վայրագ կուսակցութեան գիրկը եւ Արեւելեան Եւրոպան եւ Արեւմտեան Ասիան  դարձուց խառնարանի մը, որմէ վնասուեցաւ ամենէն աւելի անպաշտպան եւ անօգնական հայ ժողովուրդը՝ նախ Թուրքիոյ մէջ՝ եւ յետոյ Կովկասի մէջ:

Քաղաքական դէպքերը յաճախ իրար շարահարուած կ’ընթանան ու կ՚ոտնակոխեն ու կը բզքտեն ժողովուրդներ՝ որոնք դերակատարներ չեն, այլ միմիայն զոհ: Ի հարկէ այդ հսկայ գոյամարտին մէջ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէին մեզի պէս ժողովուրդները: Թիւրքին համար առիթ մ’էր անվախօրէն հայկական հաարցը վերջնականօրէն եւ առանց վտանգի ու մեծ վնասի լուծել իր ուզած ձեւով, նոյնիսկ հակառակ Գերմանիոյ քաղաքական եւ տնտեսական շահերուն: Ու յաջողեցաւ, որովհետեւ ոչ ոք կրցաւ իր ոճրագործ ծրագրին արգելք ըլլալ: Անշուշտ Գերմանիան ալ չէր կրնար հակառակիլ թիւրքին:

Ի՞նչ շահեցաւ Պուլկարիա: Ափ մը հող Մարիձա գետին եզերքին եւ Գարա-աղաճ կայարանը, բուռ մը տուներով եւ պարտէզներով եւ մի քանի շքանշաններ Ֆէրտենանտ թագաւորը, որ ծնունդով գերմանացի էր, եւ Պուլկարիան պիտի շահէր վրէժը լուծելու համար Սերպիայէն եւ Յունաստանէն, որոնք պալքանեան պատերազմին զէնքը ղրկած էին Տէտէ-ապաճի նաւահանգիստէն եւ մակեդոնական դաշտերէն: