Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Խմբագրական ծանօթագրութիւն


Խօշմաթի մասին այս անտիպ յուշամատեանը բաժնուած է բազմաթիւ գլուխներու։ Զանազան պատճառներով հեղինակը չէ կրցած զայն հրատարակել իր կենդանութեան տարիներուն։ Յայտնի է նաեւ որ հեղինակը մինչեւ վերջ ալ չէ դադրած անոր վրայ աշխատելէ՝ յաւելումներ կամ փոփոխութիւններ կատարելով։ Մեր ձեռքը անցած տարբերակին մէջ գլուխներու բաժանումը այնքան ալ յստակ չէր։ Այս պատճառով ալ վերջնական բաժանումը մենք կատարեցինք։


Մեր կայքէջին մէջ լոյս տեսած այս ընդհանուր գործէն դուրս ձգած ենք հեղինակին ձեռագիրէն քանի մը հատուածներ։ Անոնք մեծ մասամբ գլուխներ են, որոնք կը վերաբերին Բալուի շրջանի նախնադարեան եւ ընդհանրապէս հին պատմութեան, ուր երկար եւ մեր կարծիքով ոչ-հետաքրքրական մէջբերումներ կան եւրոպացի հեղինակներէ։ Բնատիպ (հայերէն) տարբերակին մէջ հեղինակին լեզուն հարազատ պահած ենք։ Խմբագրութեան կողմէ միջամտութիւններ եղած են ուղղագրական սխալները սրբագրելու համար։ Անգլերէն թարգմանութիւնը ստացած ենք բնատիպ տարբերակին հետ միասին։ Այլ խօսքով, թարգմանութիւնը չէ կատարուած Յուշամատեանի խումբին կողմէ։


Այս գործին պատրաստութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մարթին Չագոյեանի, որ հեղինակին թոռն է եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ խմբագրութեան աշխատանքներուն։ Յատուկ շնորհակալութիւններ մանաւանդ Ճանէթ Էվընս Հաուսերի, որ նոյնպէս ծագումով խօշմաթցի է եւ Խօշմաթի յուշամատեանին հրատարակութեան գլխաւոր դերակատարը հանդիսացաւ։


Հոս մէջբերում մը կը կատարենք Ճանէթ Էվընս Հաուսերի մէկ նամակէն, ուր տեղեկութիւններ կու տայ «Խօշմաթի պատմականը» գործին հրատարակութեան զանազան փուլերուն մասին.


«Մեծ հայրս՝ Մարտիրոս Յ. Չագոյեանը սկսաւ այս գործը գրի առնել 1939-ին։ Ծրագիրին հովանաւորն էր Փրովիտընսի (Ռոտ Այլընտ) Խօշմաթի Դպրոցասիրաց Միութիւնը։ Այս քաղաքին մէջ կ՚ապրէին խօշմաթցիներու մեծաթիւ համայնք մը։ Միութիւնը հիմնուած է 1903-ին՝ Խօշմաթի Օժանդակ Ընկերութիւն անունին տակ. անիկա այս տեսակ ընկերութիւններէն առաջիններէն էր Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Մեծ հայրս այս գիրքի ծրագիրին վրայ աշխատեցաւ խօշմաթցի այլ գաղթականներու հետ գործակցաբար։ 1952-ին, երբ ձեռագիրը ամբողջացած էր, անհամաձայնութիւն մը կը ծագի Խօշմաթի ընկերութեան ղեկավարներու դասին մէջ եւ անոնք կը մերժեն գիրքին հրատարակութիւնը։ Մեծ հայրս կը մահանայ նոյն տարուան Մայիսին։ Ձեռագիրը կը փաթթուի սրճագոյն թուղթի մը մէջ եւ կը դրուի պահեստի մէջ։ Աւելի ուշ կը փոխանցուի մօրս՝ Էլէանորին (մեծ հօրս միակ դուստրը), որ զայն կը պահէ մինչեւ իր մահը՝ 2015-ին, որմէ ետք կը փոխանցուի ինծի։ Բնատիպ ձեռագիրը ներկայիս կը պահուի Սէաթթլի մէջ (Ուաշինկթըն), Մարթին Չագոյեանի քով, որ հեղինակին երէց թոռնիկն է»։