Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան


1882ին Տէր Ռէթէոս դեռ նոր ձեռնադրուած Պօլսոյ մէջ, եկած էր իր ծննդավայրը հոգեւոր պաշտօն կատարելու: Տէր Ռէթէոս կը պարապէր իր հօտին դաստիարակութեամբ:

1895ի արիւնոտ ջարդի ժամանակ, 300 հատի չափ խօշմաթցիներ, հետեւելով Տէր հօր, ապաստան կը գտնեն քիւրտաբնակ Խարաման գիւղը, ուր Տէր հայրն իր ընտանեօք կ՛ապաստանի Զըլօշ անուն քրտուհու մը բնակարանը: Հոս տեղին է քանի մը տողով յայտնել թէ բարեսէր, յանդուգն քրտուհի Չըլօշը, նախապէս հայուհի մը եղած է Զարմինէ անունով, որն իր փոքր հասակին քիւրտերու կողմէ առեւանգուելով Խարաման բերուած ու ամուսնացուած է բռնի կերպով: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, Զըլօշ հայերէնը սահուն կերպով կը խօսէր, յաճախ Խօշմաթ գալով կիներուն հետ հայերէն կը խօսէր: Զարմինէ իր փոքր հասակին կորսնցնելով իր հայրը՝ իր մականունն ու ծննդավայրն անգամ մոռցած էր:

Բալու քաղաքի կոտորածէն վերադարձող արիւն կզակ քիւրտեր լսելով խօշմաթցիներու բաւական թուով Խարամանն ապաստանիլը, փութացած էր զանոնք ալ կոտորելու: Խարաման գիւղը պաշարումի տակ առնելէ յետոյ, կը պահանջեն որ բոլոր հայերն ալ անխտիր դուրս գան իրենց թաքստոցներէն, թէ ոչ ամբողջ գիւղը կրակի պիտի տան…: Երբ քիւրտերը կը լսեն որ Խօշմաթի քահանան Զըլօշի գիւղը թաքնուած է, նախ անոր յանձնումը կը հետապնդեն՝ իր հօտին ներկայութեան սպաննելու եւ յետոյ իր ծուխերը…

Զըլօշ ամեհի մատակ առիւծի մը նման դուրս կը խոյանայ, յայտարարելով քիւրտերէն. «Նախ պէտք է իմ դիակս փռէք, յետոյ Տէր հօրը: Այս է իմ վերջին վճիռս»:
Քիւրտերը տան ետեւի կողմէն ներս մտնելով, Տէր Ռէթէոս ձեռնակապերու մէջ դուրս կը բերեն հրապարակի վրայ: Զըլօշ, իր յուսախաբութեան վերահաս ըլլալով, անմիջապէս Տէր Հօր քով փութալով, ականջին կը փսփսայ, թէ «Սուտէն մահմէտականութիւնն ընդունիր եւ դառնալով ամբոխին կը խնդրէ, որ պատեհութիւն տրուի Տէր հօր իր կրօնքը փոխելու…

Խարամանի Մոլլան հրճուած կը մօտենայ Տէր հօրը, կը յաջողի խուժանն հանդարտեցնել եւ կ՛առաջարկէ որ Տէր Սիմոնեան ընդունի ճշմարիտ եւ ուղղափառ մահմէտականութիւնը, որով պիտի փրկուի թէ իր, եւ թէ բոլոր ապաստան գտած հայերու կեանքը:

Տէր Ռէթէոս այրայլած այս տարօրինակ առաջարկին վրայ, քիչ մը տատամսելէ յետոյ, կ՛ըսէ Մոլլա Դահիրին.

«Ես պատրաստ եմ արիւնս թափելու իմ պաշտած Քրիստոսիս համար. ինչպէս ինք, իմ Տէրս նահատակուեցաւ. այլեւս լեցուած է բաժակը, ո՛վ Մուհամմէտի հետեւողներ, որ սուրով ու կրակով միայն յառաջ կը տանիք ձեր կրօնքը… Ահա իմ գլուխս, ազատ էք գլխատելու զիս ալ»: Եւ կ՛երկարէ իր վիզը…: Զըլօշ անմիջապէս Տէր հօրն ոտքերն իյնալով, սկսաւ դառնապէս լալ ու աղերսել անոր. «Տէ՛ր Հայր, յուշկի եկ, եւ խնայէ այս ժողովուրդին, անմեղ մանուկներուն». եւ սկսաւ ականջին փսփսալ. «Տէ՛ր հայր, Աս. կը ներէ բռնի կրօնափոխութիւնը»:

Տէր Ռէթէոս այս ահաւոր վտանգին առջեւ տեղի կու տայ, ընդունելով մահմէտականութիւնը: Զարմինէ խլելով ճերմակ կտաւի կտոր մը, Տէր հօրը գլուխը կը փաթթէ:

Մահասարսուռ մղձաւանջը վերցուած էր համախմբուող հայութեան վրայէն. Տէր Ռէթէոս եղած էր միակ նոխազը, փրկելով զանոնք սոսկալի ջարդէն, որոնց հրամայուած էր իրենց տուները վերադառնալ: Կրօնափոխ Ռէթէոս կ՛այցելէր քիւրտ գիւղերը իբր Մոլլահ, թէեւ ի սրտէ Քրիստոսի հետեւող մ՛էր:
 
Ճակատագրային այս բռնազբօսիկ ընթացքը տուն տուաւ մեր Տէր Ռէթէոսին ներքին յուզման եւ ընդվզման: Իր անբաժան ընկերներն եղած էին ատրճանակն ու դաշոյնը եւ գնդակով լեցուն փամփշտաւոր ասպարը:

Տէր Ռէթէոս, կեանքի դառնաւէտ դէպքերուն հետեւանքով, իր մօտ կը կրէր երկու գունաւոր տարբեր պայուսակներ, պարագաներու գործածութեան յարմարցնելու համար: Սեւ պայուսակը կը պարունակէր հայ կղերի մը վեղարը, խաչը եւ Աւետարանը, իսկ կարմիր պայուսակը կը պարունակէր թուրք մոլլայի մը վերաբերեալ պիտոյքները: Երբ հայ գիւղ մը կ՛այցելէր կատարեալ քահանայի մը համազգեստով կը ներկայանար, իսկ քիւրտ գիւղերուն երբ կը մօտենար, կատարեալ մոլլայի մը երեւոյթը կ՛առնէր:

Տէր Ռէթէոսի այս տէվրիտական կեանքը, գունափոխութիւնը, երկու նպատակի կը ծառայէր. նախ մոլի թուրքեր եւ քիւրտեր այլեւս չէին սպառնար իր կեանքին, երկրորդ՝ յաճախ կը յորդորէր զանոնք, որ բարի ըլլան հանդէպ հայերուն, վերջ դնելով իրենց թալանին, կողոպուտներուն եւ սպաննութեանց:

Տէր Ռէթէոսի երկդիմի ընթացքը տեւեց մինչեւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, որ ատեն պաշտօնապէս վար առաւ իր ճերմակ փաթթոցը, Մայր Աստուածածնայ տաճարին առջեւ ծնկաչոք մեղայի գալով՝ կրկին օծուեցաւ Առաջնորդէն:

Ըստ Պր. Պաղտասար Տէրատուրեանի ականատեսութեան, Տէր Ռէթէոս 1915ի եղեռնին դարձեալ իր ծուխին հետ քալեց դէպի գողգոթան, դէպի անիծապարտ Խարամանը, ուր աւա¯ղ, անլուր չարչարանքներով նահատակուեցաւ թուրք եւ քիւրտ խուժանին կողմէ:

Յարգանք իր լուսաշող հոգւոյն:

ՁՕՆ
ԱՐ. ՏԷՐ ՌԷԹԷՈՍ ՔՀ. ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Հեղինակէն

Ապրեցար կեանք մը, համակ զգայուն,
Կեանք մը փոթորկոտ, մահուան մը հանգոյն.
Իբր քահանայ պաշտօնիդ յատուկ,
Օրհնեցիր ծերեր, չափահաս, մանուկ:

Գիւղիս համակ լուրջ, երիտասարդութեան,
Ուսուցիր բողոքել ընդ դէմ դառնութեան,
Պատուական, վսեմ արժէքը զէնքին,
Կրցիր ներմուծել յարմար ատենին:

Ռուշտի, Իպրայիմ պէյերու գազան,
Ջարդ տուիր ճառով, զէնքով սրբազան.
Առաջնորդ եղար կռւոյն Խօշմաթի,
Փրկելով պատիւ գիւղիս հայրենի:

Եկան սեւ օրեր, ամպամած, մթին,
Ծածկեցին դաշտ, սար, լեռներու կողքին,
Ինկան նահատակ հայեր բիւրաւոր,
Թաղուեցան անվերջ, ոմանք վիրաւոր:

Ամեհի թուրքեր երբ պաշարեցին,
Փոխել հաւատքդ քեզ ստիպեցին,
Ակամայ հանգոյն համակերպեցար,
Ներքին խռովքով թէեւ յուզուեցար:

Ի սէր հայութեան Յիսուսդ ուրացար,
Առ երես գաղտնի զԱյն պաշտեցիր յար:
Սիմոն Պետրոսն ալ խորոզի կանչին,
Չուրացա՞ւ Տէրը ի մէջ գաւիթին:

Յազկերտի առջեւ Մամիկոն Վարդան,
Առ երես պաշտեց արեւ ու մեհեան,
Հայ սպարապետ ու նախարարներ
Չերկրպագեցի՞ն կրակի բոցեր:

Տղմուտի սակայն ափից երկայնքին,
Սըփռեցին պարսից դիակներ անգին,
Տիզբոն սարսռաց, Միհըրներսէ գոռա¯ց…
Բայց հաւատքը հայու միշտ անխախտ մնաց:

Վրէժը կուրծքիդ, ինկար շնչասպառ,
Վայրագ խուժանին զոհը անսպառ,
Թողելով կտակ սերունդ Խօշմաթի,
Լուծելով վրէժ յանուն հայ ցեղի:

Հանգչին ոսկորներդ, Տէր հայր Ռէթէոս,
Որ պարծանքն եղար գիւղիս, դու հերոս.
Յարգանքով յիշուի անունն քո յաւէտ,
Հոգիդ բողբոջի, առ Աստուած, վէտ, վէտ: