Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Մարտիրոս Շահին Շագոյեանի Քաջագործութիւնը

(Շարադրողին անուանատէրը)

(Պատմուած հանգուցեալ Պր. Թորոս Գլանեանի ականատեսութեամբ)

Մարտիրոս իր եղբայրներուն նման յաղթանդամ, բարձահասակ, երկար ծնօտով եւ կտրիճի մը բոլոր յատկութիւններով օժտուած մարդ մըն էր: Իր երիտասարդ օրերուն եղած էր կեանքոտ ու կրարկոտ:

Խիզախութեան ու անձնուիրութեան ոգին կը պարզուի հետեւեալ դէպքին մէջ: Խօշմաթի հարւ. արեւելեան կողմը, ուրկէ մանուածապատ Արածանին կը հոսի դէպի արեւմուտք, կտրելով թաւ ու խիտ անտառներ, ընդարձակ տարածութեան մը վրայ կը գտնուին կանաչազարդ անտառներ, թաւուտ թուփեր ու բարձր կաղնիներ, որոնք շրջակայ գիւղերուն վառելանիւթ կը հայթայթեն:

Խօշմաթցիներ ալ յաճախ կ՛երթան այս հեռաւոր վայրէն վառելանիւթ կտրել, բերելու, սակայն միշտ ալ դժուարութեանց կը հանդիպին քիւրտ հրոսակներու կողմէ:

Աշնան մռայլ առաւօտ մը, երբ տասնեակ մը խօշմաթցիներ աւանակներով միեւնոյն անտառէն փայտ բերելու կ՛երթան, Թիմասոր քիւրտաբնակ գիւղէն Համօ անուն հսկայ քիւրտ մը, լախտը ձեռին, իր զինուած քիւրտ հետեւորդներով, խօշմաթցիներուն առաջքը կտրելով, անոնց առաջնորդին ով ըլլալը կը հարցնէ:

Մարտիրոս Չագոյեան ամիջապէս յառաջ նետուելով, իր երկմատանի փայտը վեր կը բարձրացնէ՝ պատրաստ Համոյի գլխին իջեցնելու: Համօն այլայլած կ՛ըսէ. «Կեցի՛ր, կնքահա՛յր, կռուելու եկած չենք, այլ հասկցողութիւն մը կնքելու. դաշինքի մը համար եկած ենք»:

Քիւրտը կրկին խօսելով կ՛ըսէ. «Դուք քաջ գիտէք, թէ այս անտառը մեր պապերէն սերունդէ սերունդ մեզի ժառանգ ձգուած է եւ դուք գարնան ու աշնան եղանակներուն, առանց հրամանի կու գաք, փայտերը կտրելով կը տանիք եւ շատ անգամ ալ արիւնահեղութիւններ տեղի կ՛ունենան: Արդ, լաւ կ՛ըլլայ որ մի անգամ ընդմիշտ վերջ մը տանք ասոր, այն համաձայնութեամբ որ երկուստեք ընտրենք մէյ մէկ քաջեր եւ թող անոնք հաւասար չափով էջ 204  կտրուած փայտերով կռուին հրապարակաւ. որ կողմը որ յաղթող հանդիսանայ, թող միայն այդ կողմի մարդիկ շահագործեն այս անտառը»:

Խօշմաթցիներ ուրախութեամբ կը համաձայնին այս անօրինակ առաջարկին եւ կ՛ընտրեն իրենց առաջնորդը՝ Մարտիրոս Շ. Թագոյեան: Միւս կողմէն յառաջ կու գայ հսկայ, այլանդակ ու յաղթանդամ քիւրտ մը, որ նախապէս պատրաստած են եղեր, երկու համաչափ կտրուած փայտերով ու վահաններով…:

Այս հսկայ քիւրտը մեծ համբաւ հանած է եղեր լեռնականներուն մէջ իբր քաջ կռուող:
Փայտին մէկը եւ վահանը երկարելով, Մարտիրոսին հեգնանքով կ՛ըսէ. «Կնքահա՛յր, վերջին աղօթք ըրէ… եւ այս անտառին բնութեան լաւ մը եւս նայէ, տո՛ւր նաեւ քու հրաժեշտդ պատուական ընկերներուդ, որոնք քանի մը վայրկեան վերջը քու ջախջախուած մարմինդ իշու մը բառցած Խօշմաթ պիտի տանին, փոխանակ(9) տեւի»:

Մարտիրոս երեսը կը խաչակնքէ եւ յառաջ կը խոյանայ: Անօրինակ կռիւը կը սկսի. քիւրտն աւելի մոլեգնաբար խոյանքներ կու տայ եւ շատ աւելի ճկուն ու վարժ կերպով կը պաշտպանէ ինքզինք: Կէս ժամէն աւելի կռիւը կը շարունակուի: Հանդիսատես քիւրտեր ուրախութեան աղաղակներ կ՛արձակեն, իսկ խօշմաթցիներ մտատաանջութեան կը մատնուին պահ մը:

Մարտիրոս նկատելով քիւրտին յոգնութիւնը, վայրկեանին կացութիւնն ըմբռնելով, արագ ոստումով մը կրկին կը վազէ եւ ուժգին լախտի հարուած մը կ՛իջեցնէ անոր ծոծրակին՝ գետին փռելով հսկայ քիւրտը եւ դառնալով քիւրտ հանդիսականներուն մաքուր քիւրտերէնով մը կ՛ըսէ. «Անգամ մ՛ալ մի՛ փորձէք խօշմաթցիներուն եհտ չափուիլ, այլեւս այս անտառը մե՛րն է»:

Ցաւերու մէջ տանջուող քիւրտը կը յարէ. «Տէ՛ր իմ, անտառը թող ձեզի ըլլայ, միայն մեր բարեկամութիւնը կարեւոր է այսուհետեւ…: Այնուհետեւ խօշմաթցիներ երկար տարիներով, ազատ համարձակ, առանց պատահարի, կը վայելեն այդ անտառին բարիքները: Խօշմաթցիներ երբ իրենց գիւղին կը մօտենան, Մարտիրոսը կեցցէներով ուսամբարձ, առօք, փառօք տուն կը տանին: