Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի Քաջութենէն


Աշնան դալուկ առաւօտ մը, արշալոյսի բացման Խօշմաթի փայտահատերն իրարու լուր տալով, աւանակներն իրար խառնած կ՛աճապարէին հասնիլ Սուքիաս Տեփոյեանի, որն ամէնէն առաջ անցնելով լերան զիկ զակ ճամբան բռնած էր արդէն: Հետամնաց փայտահատներ կը հասնին Խնձոր աղբիւր, ուր Սուքիաս կը սպասէր իրենց: Բոլորը միասին կը յառաջանան դէպի լերկ լեռը, ուր կը բացուէր զիկ զակ բարակ արահետ մը միայն մէկ մարդու կամ կնդանիի մը համար քալելու անկէ: Երբ խօշմաթցիներու կարաւանը կը շարուի այս դարձդարձիկ լերան լանջքին վրայ, յանկարծ քիւրտերը կրակ կը բանան ծերպերէն ու խոռոչներէն եւ կը սպառնան բոլորն ալ սպաննել, եթէ անձնատուր չըլլան: Կարաւանին առաջնորդ Սուքիաս Տեփոյեան կը ձայնէ քիւրտերէնով, թէ «Ունեցածնիս տալու պատրաստ ենք, միայն իրենց կեանքը խնայելու է»:

Աւազակներն ուրախ զուարթ ժայռերու մէջէն դուրս կը ցատկեն գրաւելու խօշմաթցիներուն աւարն եղող աւանակները: Սուքիաս խռպոտ եւ հուժկու կերպով կը ձայնէ.«Բանն Ած. է, զարկէ՛ք»: (Ած. մեր հետը, փայտը «Չաթալը» գործածեցէք): Տղաքը կը սկսին հարուածել աջ ու ձախ, իսկ երբ Սուքիասին օգնութեան կու գան, արդէն տասը հատի չափ քիւրտեր փռուած կը տեսնեն…:

Խօշմաթցիներ հաւաքելով աւազակներուն զէնքերը, գիւղ կը վերադառնան եւ կը սկսին խրախճանքի:
Վիրաւոր քիւրտեր հասնելով իրենց գիւղը, կը պատմեն պատահարն իրենց մեծաւորին: Գիւղապետն իր կարգին քսան զինեալ քիւրտերու հետ, որոնք այդ կռւոյն մասնակցած էին, կու գայ ուղղակի Տեփոյեաններու դրան առջեւ եւ կ՛ուզէ տեսնել Սուքիասը: Վերջինը առանց փայտի դուրս կուգայ, անակնկալ կերպով կը սկսի վերէն վար կշռել եկուորները: Ասլան կը յարէ. «Դո՞ւն էիր որ իմ մարդիկս ջարդ ու փշուր ըրիր քու մարդիկներովդ»:

Սուքիաս առանց վայրկեան կորսնցնելու կը փութայ ներս, երկփայտն առած դուրս գալով կը պատասխանէ. «Աղա՛, ես չէի, այլ այս սրբազան սուրն էր որ ըրաւ խօշմաթցիներու ձեռքին մէջ… Եւ եթէ կ՛ուզէք ականատես ըլլալ, պատրաստ ենք փորձի ենթարկել»: Քիւրտ գիւղապետը դառնալով իր զինուած հրոսակներուն, թքելով անոնց երեսը, ձիէն վար կ՛իջնէ եւ կը համբուրէ Սուքիասին ճակատը եւ անոր փայտը (չաթալը), ըսելով. «Իրաւ որ օրհնեալ փայտ է եղեր». եւ հինգ ոսկի տալով Սուքիասին կ՛ըսէ. «Այսուհետեւ իմ մարդիկս բարեկամ պիտ՛ ըլլան խօշմաթցիներուն» (Քիրվայ):