Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Մեր Բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիի Բարեխօսութիւնը 1896-ին


Անձնական Յուշեր

Սբ. Մանկիկ(11) այս տողերուն գրողին վրայ անմոռանալի ազդեցութիւն մը թողուցած է:

1895ի չարաբաստիկ կոտորածէն վերջ, խօշմաթցիներ ամէն ինչ կորսնցնելով կեանքի անողոք պայքարին մէջ էին, այնպէս որ հարուստ կամ աղքատ հաւասարած էին: Լուսահոգի հայրս Յակոբ, ջարդի նախօրեակին, երիտասարդ հասակին, դժբախտաբար թոքատապի զոհերէն մին եղած էր: Հազիւ կը յիշեմ զինք: Կոտորածէն քանի մը ամիս վերջ, մայրս ճարահատ որոշած էր մեզ քալելով տանիլ Խարբերդ, այն յոյսով թէ պիտի կարենար յանձնել եղբայրս ու զիս Որբանոցի խնամատրութեան:

1896ի գարնան լուսաշող առաւօտ մը, ծրար մը չոր հացով, հրաժեշտ կու տայինք գիւղին: Արեւմտեան կալերուն ու սարերուն ստորոտէն դէպի վար իջնելով հասած էինք Սբ. Մանկիկի քարերը, որ մեզի ծանօթ է իբր զօրաւոր սրբավայր…: Մայրս կ՛ըսէ որ «Կանգ առնենք հոս եւ ծնրադիր աղօթենք, որպէսզի Սբ. Մանկիկ մեր ճամբու երկայնքին մեզի հետ ըլլայ»: Եղբայրս՝ Պօղոս ծալլապատիկ նստած, մանկական հետաքրքրութեամբ կը դիտէ պահ մը Սբ. Մանկիկի գորշ ու հսկայ քարը, որուն խորշերուն մէջ վառուած մոմերու կտորներով լեցուն են:

Ես «Հայր մեր»ը ջուրի պէս կ՛արտասանեմ. երեսս խաչակնքելէ յետոյ մէկ կողմ ելնելով կը դիտեմ ծնկաչոք մայրս եւ կը լսեմ իր աղօթքի, մրմունջի ու բաղձանքի բառերը հատիկ, հատիկ. թէեւ ան գրել կարդալ չէր գիտեր, սակայն շատ բարեպաշտ եւ Աստուածավախ կին մ՛էր: «Է¯հ, բարի լոս, բարի Մանկիկ, խուրպան ըլլիմ քու զօրութեանը. ահա էրկու (երկու) որբուկներուս հետ առջիդ (առջեւդ) ծունկ չոքած (ծնկադիր) քու բարսութենէդ (բարձրութիւնէդ) կը խնդրեմ աղի արցունքով, որ մեզի օգնես եւ տէր ու պաշտպան ըլլիս (ըլլաս) Ասու (Աստծոյ) բարեխօսես մեզի համար: Ըսկէ (ասկէ) էկող (եկող) գացողին մուրազը (մուրատը, բաղձանքը) դուն միշտ տուած ես. գիտեմ, մեր ալ ճամբան պիտի բանաս ու խատա պալայէ ազատես (թշնամիներէն փրկել), առանց փորձանքի տեղերնիս հասցնես: Սբ. Մանկիկ, դուն խնտացնես (խնդացնես) աս որբուկներս ու ողորմիս իրենց: Ո՛վ Տէր Ած. այս որբուկներուս գթաս, ուրիշին ձեռքը չի թողես (թողուս): Դո՛ւն ես որբին եւ որբեւայրիին հայրը, դուն մեզի ապաւէն ու օգնական եղիր, թող քու պայպան (պահապան) հրեշտակներդ առաջնորդեն միզի (մեզի): Դո՛ւն, Սբ. Մանկիկ, բարեխօս եղիր որ էրթալիք նոր աշխարնուս մէջ աջողութիւն (յաջողութիւն) գտնենք: Է¯հ, Սբ. Մանկիկ, որբերս ալ քեզի կը յանձնեմ ու ես ալ էտէվնուն (իրենցմէ յետոյ) կ՛երթամ: Սբ. Մանկիկ, նորէն հեղ մի տա (անգամ մը եւս) բարեխօսէ մեր Յիսուս Քրիստոսին: Օրհնեալ ըլլի Ասսու (Աստուծոյ) կամքը, ամէն»:

Ոտքի ելանք, խաչակնքելով երեսնիս շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի անծանօթ աշխարհը…: Յետադարձ ակնարկ մը նետեցի ծննդավայրիս վրայ, հոգիս համակ դառնութեան մէջ էր, որովհետեւ կը բաժնուէի Խօշմաթէն եւ աւա¯ղ, այդ վերջին ակնարկս եղաւ, որուն մէջ պարփակուած էին մանկութեանս բոլոր յուշերը:

Խոր համոզումն ունիմ թէ, բարձեալն Ած. լսեց այդ օր մեր մօր Սբ. Մանկիկի աղօթքը եւ կատարեց անոր սրտաբուխ ըղձանքները, ո՛չ միայն այդ ճամբու ընթացքին, այլ 55 տարիներու գնացքին: Նոյնիսկ 1915ի մեծ արհաւիրքի օրերուն, պահելով մայրիկս, եօթն անգամ մազապուր ազատելով մահուանէ, կարելի դարձուց զայն ազատութեան ափունքը փոխադրել, ուր վայելելով կեանքը տղուն, թոռնիկներուն, իրենց զաւակներուն, հարսին ու հարսներուն ներկայութեան: Մայրս 1948 Հոկբ. 16ին իր դամբանին մէջ հանգչեցաւ յաւիտենապէս 80 տարեկանին մէջ, ի Շիքակօ:

Խօշմաթէն մեր ճամբան շարունակելով, արեւի յետին ճառագայթներու շաղին տակ հասանք Արմճան մօրեքրանցս տունը, ուր քանի մը օր կազդուրուելէ յետոյ, առաւօտ մը ընկերացանք Բալուէն Խարբերդ մեկնող Պր. Թադէոս եւ իր ընկեր ջորեպաններուն: Քալելով, երկու օրէն հասանք Խարբերդ քաղաքը, ուր մեծ դժուարութեամբ կարելի եղաւ փոքր եղբայրս Պօղոսը դնել Որբանոցին մէջ, որովհետեւ շատ ուշ մնացած էինք ու բազմաթիւ որբերու դիմումներ ստիպեալ աննկատ կ՛առնուէին:

Մայրս որ յուսահատիլ չէր գիտեր, չարքաշութեամբ մաքառելով թշուառութեան դէմ, յաջողեցաւ Ածոյ. առաջնորդութեամբ զիս ալ Եփրատ Գոլէճի վարի կարգերը զետեղել շնորհիւ փրոՖ. Յ. Թէնէքէճեանի, որը Բալուէն առնելով իր ընտանիքը, մերժած չէր Բալուցի որբեւայրիի մը թախանձանքը: Լուսահոգի ՓրոՖ. Թէնէքէճեան կարգադրեց նաեւ որպէսզի դպրոցի ժամերէն դուրս ծառայեմ Միսիոնարներուն եւ թէ դպրոցի մաքրութեան հոգ տանիմ: Այս բարեբաստիկ պատեհութենէն օգտուելով մինչեւ Գոլէճի բարձրագոյն կարգերուն հասանք:

Եւ օր մ՛ալ պարագաներու բերումով մենք զմեզ Ամերիկայի մէջ գտնելով, հետեւեցանք մասնագիտութեան մը: Շատ կարճ գործաւորական կեանքէ մը յետոյ, յաջողեցանք մտնել Այովայի նահանգային համալսարանը: Ինքնօգնութեամբ, չափազանց ծանր աշխատութեամբ եւ խօշմաթցիի տոկունութեամբ ու յամառութեամբ կարող եղանք դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւններուն: Տէրոջը կամքով յաջողեցանք աւարտել կրկնակ տիտղոսներով «Պսակաւոր գիտութեանց» B.S. եւ ատամնաբուժութիւն D.D.S. յաճախելով State University of Arts and Science of St. Louis, Mo. ուրկէ ստացանք մեր տիտղոսները 1914 Յունիս 6ին:

Մայրիկիս յանդգնութեան, զոհողութեան ոգին անմոռաց պիտի մնայ ո՛չ միայն իր զաւկին, այլ բոլոր զինք ճանչցող խօշմաթցիներու եւ խարբերդցիներու սրտին մէջ:

Այս բացառիկ եւ արկածախնդիր Մայր Աննա (Կիւլիստան) Չագոյեանի խնկելի յիշատակը յաւէտ յարգանքի հաւաստիքներով պիտի յաւերժանայ իր միակ ապրող զաւակին կողմէ, որը ականատես եղած է անոր տաժանագին աշխատութեանց, զրկումներուն եւ այսօր իր զաւակը կը զգայ ու քաջ կ՛ըմբռնէ, թէ այսօր ինք ինչ որ է, կը պարտի իր տոկուն, չարքաշ եւ հաստատակամ մօր:

Օրհնեալ ըլլայ իր ըղձանուշ յիշատակը: