Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Փարոյի Արեւանգումը


(Ուխտեալներու Խումբը)

Յատկանշական դէպք մըն է այս, որը տեղի ունեցած է 1885 Օգոստոս 26ին, ամառնային տօթագին օրերուն: Այս յեղակարծ եւ հետաքրքրական միջադէպը ցոյց կու տայ խօշմաթցուն վճռական ոգին, թէ ի՞նչ կրնայ ընել անզուգական պարագաներու պարտադրանքին տակ:

Խօշմաթցի որբուկ երիտասարդ մը, յանձին Պր. Խաչատուր Ճանիկեանի, նշանուած կ՛ըլլայ Իսապէկ գիւղի  օր. Փարիզի (Փարօ) հետ եւ հակառակ իր անձուկ պարագաներուն, հարսանիքի պատրաստութիւն կը տեսնէ աշնանամուտին:

Հաւաւ գիւղացի հարուստ ու զարգացեալ երիտասարդի մը մայրը Հաճի Խանըմ դիպուածով մը տեսնելով Փարոյի գեղեցկութիւնը, իր համոզիչ ու սրտագրաւ լեզուով աղջկան միտքը փոխել կը յաջողի իր տղուն առնելու համար եւ խնդիրը աւելի ապահով տեղը կապելու համար, տղուն մեծանուն հօր ազդեցութեան շնորհիւ կը կարգադրեն, որպէսզի աղջիկը ձիաւորներու հսկողութեան տակ քաղաք տանելով Առաջնորդին ձեռամբ պսակուին:

Երբ լուրը Տօնապետ Ասլանեանի միջոցաւ Խօշմաթ կը հասնի՝ թէ 18 ոստիկան ձիաւորներ Իսապէկ կը մեկնին Փարօն քաղաք տանելու նպատակաւ, Խօշմաթի մէջ ահազանգը կը սկսի: Եկեղեցւոյ հսկայ զանգակը ցերեկ ատեն կը սկսի հնչել: Կարճ ժամանակի ընթացքին խօշմաթցիներէն արդէն իսկ 30 կտրիճներ ճամբայ ելնելով դէպ՛ Իսապէկ կը մեկնին արագ, արագ: Սակայն մեկնելէ առաջ, Տէր Յարութիւն Քհն. Խօճոյեան զգեստաւորուած, եկեղեցւոյ Սբ. տաճարէն կը յայտարարէ. «Տղա՛ք, կամ բոլորդ կը մեռնիք եւ կամ Փարօն Խօշմաթ պիտի բերէք. ես զգեստաւորուած պիտ՛ աղօթեմ ձեր յաջողութեան համար. կամ ձեր թաղումը եւ կամ Փարոյի պսակը պիտ՛ ընեմ: Գացէ՛ք, Տէրը ձեր հետ ըլլայ»: Դառնալով իր աւագ որդւոյն. «Անտո՛ն, առաջնորդէ այս յանդուգն ընկերներդ, բայց առանց Փարոյի չի վերադառնաք»:

Հիասթափումը կատարեալ պիտ՛ ըլլար, եթէ խմբապետ երիտասարդ, հուժկու Նազար Նազարեան անմիջապէս չազդարարէր. «Կամ բոլորդ կը մեռնիք, եւ կամ Փարօն Խօշմաթ պիտի գայ, ըսաւ մեր Տէր պապան»: Խօշմաթի քաջերն յուսադրուած, կը հասնին Ապրանք գիւղի Կանճի աղբիւրները, ուրկէ պիտ՛ անցնէին Փարօն, զինեալ քիւրտերու, զինուորներու կարաւանով: Միլիտոսեաններու ճերմակ ձին բերած էին Փարոյին համար, որուն առեւանգումն յանձնուած էր Սահակ Վարդեանի եւ Խաչատուր Չագոյեանի, որոնց երկրորդական պահպանները պիտ՛ ըլլային Անտոն Խօճոյեան  եւ Պօղոս Սարոյեան:

Կռուի պահուն դաշոյն կամ վեց հարուած արգիլուած էր գործածելու, այլ միայն երկմատնի (չաթալ-փայտը), իսկ երբ իրենցմէ որեւէ մէկը յանկարծօրէն սպաննուէր, այն ատեն ազատ էին անխնաօրէն ջարդել դէմինները: Այս էր խմբապետին կարճ ու կտրուկ եւ ազդեցիկ հրամանը:

Եւ իրօք հարսնցուին կարաւանը մօտենալով  աղբիւրին, շատեր կը սկսին թէ իրենք ջուր խմել եւ թէ կենդանիները, ձիերը եւ ջորիները ջրել: Անվեհեր, Ն. Նազարեան դուրս գալով թաքստոցէն, յառաջանալով դէպի քիւրտ աւազակապետ Գէգոյի կը յարէ. «Մենք հաղորդուած ենք, երդուած ենք, կամ Փարօն Խօշմաթ տանիլ եւ կամ բոլորս հոս մահանալ. լաւ կ՛ըլլայ որ ձեր մտադրութենէն ետ մնաք եւ մեր հին բարեկամութիւնը շարոնակենք»:

Մինչ այդ, արդէն իսկ Փարօն ճերմակ ձիուն վրայ դրուած դէպի Խօշմաթ կ՛երթային սրընթաց: Միեւնոյն պահուն տասնեակ մը ձիերու դիակներ գետին փռուած էին: Քիւրտ աւազակապետը տեսնելով խօշմաթցիներու անդրդուելի որոշոմն ու անվեհեր խոյանքը, կը հրամայէ որ քըրմըցի քիւրտեր ետ դառնան:

Հաւաւցիներ արդէն իսկ ուղղուած էին դէպ իրենց գիւղը, արիւն հեղութենէ զերծ մնալու համար: Միայն ոստիկաններն էին որ կը հետապնդէին առեւանգիչները, ան ալ կէս սրտով… Երբ ոստիկաններէն մին պատեհութենէն օգտուելով սուրը բարձրացուցած [էջ 257] կը յարձակէր Նազարեանի վրայ զայն երկու կտոր ընելու,Գրիգոր Թարայեան մէկ հարուածով թաւագլոր վար կը բերէ ոստիկանը: Հերոս խօշմաթցիներ աղջիկն ու մայրը ապահով կերպով գիւղ հասցնելով կը տանին Թարայեաններու տունը, ուր բոլոր գիւղացիներ խրախճանքի կը հաւաքուին: Ոստիկանապետ կրօնափոխ Կարապետ նախապէս տեղեակ ըլլալով խօշմաթցիներու հաստատամտութեան, Իսապէկէն ոլորածուն ճամբով մը ձիով հասած էր քաղաք՝ իր հետ 60ի չափ նոր ոստիկաններով՝ եկած էր Թարայեաններու տունը Փարօն քաղաք տանելու:

Սակայն խօշմաթցի մատակ առիւծ տիկիններ, շրջապատելով հարսնցուն կը սկսին փայտահարել ոստիկանները, քանի քանիներու գլուխներ պատռելով, մինչեւ որ տիկ. Խաբլոյեանի (Արղնցոնց մրզացին) թելադրութեան վրայ, աղջիկը՝ Փարօն ոստիկաններուն կը սաստէ, որ զինքը հանդարտ ձգեն, ինք արիւնահեղութեան պատճառ չ՛ուզեր ըլլալ, այլ իր նախկին նշանածը կը նախընտրէ եւ թէ կ՛ուզէ անոր հետ ամուսնանալ:

Հերուսուհի տիկիններ Մարթա Խաբլոյեան, Ալթուն Շաղուկեան, Թուրվանտա Թառայեան, Պաղտատ Սիմոնեան, Արզուն Չագոյեան եւ շարք մը ուրիշ տիկիններ, ձեռքի փայտերնին մէկ կողմ նետելով կը սկսին պար բռնել բոլորակ հարսնցուին շուրջ, քանի որ աղջիկն իր հաւանութիւնը տուած էր Ճանիկեանի հետ ամուսնանալու: Զինուորներն ալ այս արտասովոր փոփոխութեան վրայ զարմացած՝ երբ եղելութիւնը կ՛իմանան, իրենք ալ կը մասնակցին ուրախութեան:

Հերոսուհիներ՝ Փարօն շրջապատած, առօք փառօք եկեղեցի կը տանին. ժողովուրդն ալ հետեւելով իրենց, ուր արդէն փեսացուն, կնքահայրն ու ծերունի քահանան կը սպասէին: Պսակադրութենէն յետոյ, խանդավառ հարսանիքը տեղի կ՛ունենայ յաղթական խօշմաթցիներով: Յարափոփոխ եւ ճակատագրային դէպքերու բերումով, Խաչատուր Ճանկեան իր տիկնոջ Փարոյի եւ զաւակներուն հետ Քանատա կը փոխադրուին, անկից ալ Լօս Անճէլս, ուր կ՛ունենան բազմաթիւ զաւակներ ու թոռնիկներ: Փարօն իր մահկանացուն կը կնքէ 1949 Մարտ 15ին խոր ծերութեան մէջ: