Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Հետաքրքրական «Յուշեր»

Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի Կեանքէն (Գօգօն)


Գօգօն միջահասակ, լեցուն, կլոր երես եւ հաստաբազուկ երիտասարդ մըն էր: Խօշմաթի այս աներկիւղ զաւակը հարազատ քաջերու փառապանծ շարքերուն վրայ պանծալի դրուագ մը կ՛աւելցնէ իր կտրիճ կեցուածքով ու գործքով, թէեւ զինք յաճախ պակասամիտ կ՛անուանէին:

Գօգօն գիւղի մանգաղ շարժողներուն հետ գացած էր տան-Պալուն իր ցորենի հասկերը քաղելու. խուրձերուն մէկ մասը հոն թողած, մէկ մասն ալ իր աւանակներուն բեռցած գիւղ բերած էր: Իր բացակայութեան երեք բեռ ցորենի խուրձեր գողցուած էին: Ան կը հետապնդէ եւ գողոնը կը գտնէ մօտակայ փախուցի պարտիզպան Զիլֆոյին մօտ: Երբ կը պատրաստուի իր 36 խուրձերը փոխադրել իր արտը, ԶիլՖօն իր երկու տղոց հետ կը յարձակի Գօգօն դաշունահարելու համար:

Գօգօն քայլ մը ետ երթալով, իր երկժանի լախտով լաւ դաս մը կու տայ իր հակառակորդներուն: Պարտութեան լուրը հասնելով քիւրտ գիւղը, գիւղապետ Սաիտ աղան իր ճերմակ նժոյգն հեծած, կը հասնի կռւոյն վայրը: Տեսնելով քիւրտերուն արիւն լուայ վիճակը, սաստիկ զայրացած՝ ձին ուղղակի Գօգոյին վրայ կը քշէ, զայն ոտնակոխ ընելու նպատակաւ: Գօգօն իր երկար երկժանի փայտով հուժկու հարուած մը իջեցնելով Սաիտ աղայի գլխին, ձիէն վար կը գլորէ…:

Մօտակայ քիւրտեր վրայ կը հասնին, սակայն տեսնելով Գօգոյի զօրութիւնը, ետ կը փախչին:
Ժամեր յետոյ, քաղաքէն ձիաւոր ոստիկաններ գալով, կը ձերբակալեն հայ տղան: Գօգօն ճարպիկօրէն գողոնի խուրձերէն հատ մը վեր կ՛առնէ, հատ մ՛ալ իր արտին քովէն անցած պահուն առնելով, իր արիւնաթաթախ լախտով միասին կ՛երթան դատարան: Գօգօն դատաւորին ներկայանալով, երկու խուրձերուն նմանութիւնը փաստելով, կը պատմէ եղելութիւնը: Շնորհիւ ազդեցիկ խօշմաթցիներու միջամտութեան ու տուած կաշառքին, Գօգօն խենթ համարուելով ազատ կ՛արձակուի:

Գօգոյի Շէրիֆ Չավուշը Ծեծելը (Դաշտապահպան)

ՇէրիՖ Չաւուշ անուն թուրք մը, Ռուշտի Պէյի ծառան,  վարձուած էր գիւղին արտերը պահպանելու թշնամիներու ոտնձգութենէն (խորոճի):

Օր մը երբ Գօգօն իր եզները սահմանագլխին վրայ կ՛արածէ, Շէրիֆը կ՛ազդարարէ որ Գօգօն դադրեցնէ արածումը եւ օրէնքը յարգէ: Երբ Գօգօն կը դժկամի եւ կը տատամսի եզները ետ դարձնելու, Շէրիֆը աճապարէ՛ ըսելով հատ մը կը զարնէ եւ եզներն դարձնելով՝ մէկ մէկ հատ ալ կենդանիներուն կը չափէ: Գօգօն կ՛ըսէ, որ «Կը հաճիս անասուններուն մի՛ զարներ, եթէ անպատճառ զարնել կ՛ուզես, հատ մը եւս ինձ զարկ». այս անգամ Շէրիֆ ն աւելի ուժգին կերպով փայտի հարուած մը կ՛իջեցնէ Գօգոյին: Գօգօն յանկարծ հսկայ մարդը վերցնելով իր քովի փոսին մէջ կը նետէ երեսին վրայ, եւ ինքն ալ ետեւէն հասնելով՝ կը փորձէ խեղդամահ ընել զայն ցեխին մէջ…

Թուրքին պաղատանքին վրայ, Գօգօն կը խնայէ անոր կեանքին: Շէրիֆ Չաւուշ ելնելով մօտակայ առուակին մէջ հագուստները կը լուայ եւ ժամերով կը սպասէ ցամքելուն ու յետոյ հագուստներն հագած, իրիկունը գիւղ գալով, հրապարակին վրայ եղելութիւնը կը պատմէ ըսելով. «Գօգօն գերմարդկային ուժ ունի, անոր մատները պողպատէ շինուած են»:

*    *   *

1909ի վերջերը, Իթթիհատի կեղծ Սահմանադրութեան հետեւանքով, զինուորագրութիւնը պարտաւորիչ դարձած էր նաեւ հայոց համար: Գօգօն ալ զինուորական տարիքին մէջ ըլլալով, կը տարուի Բալու քաղաքը: Շնորհիւ իր լաւ դաստիարակութեան եւ թուրքերէնի բեղուն հմտութեան, ուսուցիչ կը կարգուի միւս զինուորներուն վրայ: Վեց ամսուան ընթացքին, հայ եւ թուրք անգրագէտ զինուորներուն Աւետարանն ու Գուրանը սահուն կերպով կարդալ սորվեցնելուն համար հրամանատարին մասնաւոր շնորհներուն կ՛արժանանայ: Գօգօն ամէն Կիրակի, քաղաքի եկեղեցիներէն մին երթալով, դպրաց դասուն մասնակցելէ եւ իր աղօթքն ընելէ յետոյ՝ զօրանոց կը վերադառնայ:

Քաղաքի Շէյխը լսելով Գօգոյի իմաստութեան մասին, անձամբ կ՛այցելէ եւ Գուրանէն կարգ մը հարցումներ ընելով կը տեսնէ, որ հայը շատ աւելի տեղեակ է Մուհամէտի սարքած օրէնքներուն, քան՝ ինք: Երբ Շէյխն իր հիացումն յայտնելով կ՛առաջարկէ որ Գօգոն իր քրիստոնէութիւնը թողելով մուհամետական ըլլայ եւ կը խոստանայ զինքը կրօնապետ մը ընելով զինուորութենէ ալ ազատել, միեւնոյն ատեն տալով իրեն առատ ռոճիկ եւ հարկ եղած գեղուհիները, Գօգոյին արիւնը գլուխը կը ցատկէ. ուժգին ապտակով մը գետին կը փռէ եւ կը հրամայէ որ դուրս նետուի եւ այդպէս ալ կ՛ըլլայ: Երբ այս անախորժ միջադէպը հրամանատարին ականջը կը հասնի, Գօգօն կանչելով կ՛ըսէ. «Տղա՛ս, դուն քու շինարար գործիդ նայէ, ուրիշներու կարեւորութիւն մի՛ տար»: Հակառակ կառավարութեան պաշտօնէից բողոքներուն, Գօգօն շնորհիւ իր հրամանատարին, անպատիժ կը մնայ:

*    *   *

Պատերազմական շրջանին, երբ Բալուի զինուորները Խարբերդի Դ.-րդ զօրաբանակին կը միանան, Կիրակի օր մը, ըստ սովորութեան Գօգօն կը փափաքի Մէզրէի հայոց եկեղեցիներէն մին այցելել: Պահակներու արգիլման դիմադրելով՝ երկուքն ալ գետին կը փռէ: Զօրանոցէն օգնական ուժեր հասնելով, Գօգօն ձերբակալելով հազարապետին կը ներկայացեն, իբր անհնազանդ զինուոր մը: Ի զուր կ՛ըլլայ հայ զինուորին բանաւոր իրաւասութիւններու բացատրութիւնը, թէ հայ զինուորներու պարտականութիւնն է տեղւոյն վրայ եղող եկեղեցիներն երթալով իրենց հոգեկան զգացումներու յագուրդ տալու են: Հազարապետը բարկացած այդ համարձակութեան վրայ, կը փորձէ ապտակել Գօգօն: Այս վերջինը խոյս տալով իր երեսի հակումով, ինք կ՛իջեցնէ ուժգին ապտակ մը գետին փռելով հազարապետը: Բժիշկներու օգնութեամբ երբ հազարապետը ոտքի կը կանգնի, կը հրամայէ որ Գօգօն զինուորական ատեանին առջեւ դատուելով իր օրինաւոր ծանր պատժոյն ենթարկուի: Եւ իրաւամաբ կարճ միջոցի մը մէջ Գօգօն դատուելով մահուան կը դատապարտուի:

Այս չարաշուք լուրը կայծակի արագութեամբ Խօշմաթ հասնելով, ազդեցիկ գիւղացիներ Պետրոս էֆ. Ֆէրմանեանի գլխաւորութեամբ կը դիմեն Բալուի զօրաբանակի հրամանատարին՝ խնդրելով անոր միջամտութիւնը, որ հիացող մը եղած էր Գօգօյի բարեմասնութեանց վրայ: Աղերսագիրը հրամանատարին ալ ստորագրել տալով, շուտով կը փութան Խարբերդ, ուր երեւելի փաստաբանի մը միջոցաւ կը դիմեն զինուորական բարձրագոյն ատեանին, ուր բարեբախտաբար կը յաջողին փաստել, թէ Գօգօն իր փոքր հասակէն սկսեալ ունեցած է մտային խանգարում եւ յաճախ նոպաներու մէջ իյնալով՝ յիմարական գործեր կ՛ընէ, ինչպէս եղած է հազարապետին ապտակելը…:
 
Այս փաստարկութեան հետեւանօք ներում կը շնորհուի Գօգոյին իբր խենթ եւ ան կ՛արձակուի բանակէն: Վեց ամիս բանտարկութենէ յետոյ, ան կու գայ Խօշմաթ: Տեղահանութեանց ընթացքին, երբ Խօշմաթի ժողովուրդը գիւղէն կը պարպուի, Գօգօն կը միանայ Միսաք Շաղուկեանի խումբին, որոնք օրերով կը կռոուին թշնամոյն դէմ փռելով տանեակ քիւրտերու եւ ոստիկաններու դիակներ ու վերջ ի վերջոյ փամփուշտի սպառման հետեւանօք, բոլորն ալ կ՛իյնան վերջի գնդակն իրենց բերնին մէջ պարպելով. Գօգօն ալ կը հետեւի իր քաջարի ընկերներուն…: Գրիգոր Խաչատուրեան ամուրի էր, լաւ զարգացում ունէր եւ լաւ հայրենասէր էր: