Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Դրուագ մը Սարգիս Շահին Չագոյեանի Կեանքէն


(Ականատեսութիւն՝ Յովհ. Սիմոնեան եւ Սիմոն Գլանեանի)

Սարգիս Շ. Չագոյեան Ամերիկեան կամարակապ երկնքի տակ իր հանդարտ ու խաղաղ կեանքը թողելով 1913ին, իր սիրակարօտ հոգեհատորները տեսնելու, իր անպատում ծննդավայրին տենչավառ, կ՛երթայ երկիր եւ ուղղակի Խօշմաթ, տանելով իր հետ ընտիր վեց հարուածեայ մը հարիւրաւոր փամփուշտներով միասին:

1915ի չարաբաստիկ օրերուն, երբ գիւղի պաշարման շղթան կը սկի, արիւնարբու թուրք (ճէնտէրմէ) ձիաւոր պաշտօնեաներու եւ արիւն կզակ քիւրտերու կողմէ, Սարգիսն ալ ընտանեօք իրենց մօտէն ծանօթ Մաման գիւղացի Հիւսէյն աղայի տունը ապաստան կը գտնէ, ինչպէս նաեւ շատ մը խօշմաթցիներ: Սակայն շուտով իրերը կը փոխուին. Հիւսէյն աղային տղաքը նախապէս գիտնալով Սարգիսին Ամերիկայէն վերադարձը եւ լսելով անոր պահեստի դրամին մասին, կը ստիպեն որ Խօշմաթ երթան, որպէսզի պահած դրամին վայրը ցոյց տայ: Ճակատագրային այս ստիպումին առջեւ երկուութիւն չկար այլեւս: Սարգիս ճարահատ Խօշմաթ գալով կը հանէ պահածոյ ոսկէ դրամներու տուփը եւ կը յանձնէ աղային ճիւաղ տղոց, որոնք գոհ սրտով Մաման կու գան Սարգիսին հետ:

Քիրտ տղոց մէջ վէճ ծագելով դրամի բաժանման պահուն, կը ստիպեն որ Սարգիս այլեւս տունէն դուրս ելնէ հակառակ իրենց հօր խրատներուն:
Սարգիսի պարագաներն ալ տեսնելով քիւրտ տղոց անդրդուելի որոշումը, իրենք ալ դուրս ելնելով կու գան Խօշմաթ. սակայն Սարգիս ինք առանց գիւղ մտնելու Խնտունի բնական քարանձաւներուն մէջ կը պահուըտի: Իր պարագաները ամէն օր կերակուր կը տանին իրեն:

Այսպէս, ժամանակ մը շարունակելէ յետոյ, գիշեր մը գիւղը կը մտնէ, ուղղակի դիմելով իրենց մարագը. պահած զէնքն իր փամփուշտներով առած դուրս կը սպրդի, լքելով Խօշմաթն ուղղակի կ՛երթայ Տան Պալուն, իր վերջի հրապոյրն ու կենսաւէտ մնաք բարեաւ տուած էր թէ իր սրտահատորներուն եւ թէ վաղեմի գեղածիծաղ ծննդավայրին: Ամբողջ ճանապարհին իւրաքանչիւր քար ու թուփ, լեռ ու ձոր իրեն ծանօթ էին արահետին վրայ: Ծանօթ Արղօշա դաշտավայրի ճանապարհին կից, սեւ ու գորշ մեծկակ քարերու ետին ապաստանած պահուն, երեք սպառազինուած քիւրտեր, անհոգ ու անտարբեր վիճակի մէջ ճամբորդութեան ընթացքին երբ քարերուն առջեւէն կ՛անցնին, Սարգիս  [էջ 276 ] յարձակելով, երեքն ալ անակնկալի բերելով՝ տեղն ու տեղը կը սպաննէ, զէնքերնին ու փամփուշտնին առնելով ուղղակի լեռը կը բարձրանայ, Կաթն աղիւրի զովապաղաղ ջուրէն խմելէ յետոյ կ՛անցնի Օմաշը պուրակը, ուր կը հանդիպի Պետրոս եւ Սիմօն Գլանեաններու, որոնք ամիսներով այդ թաւ ու խիտ անտառներուն մէջ հովանի գտած կ՛ըլլան, հասկերով ու վայրի պտուղներով կը սնանին եղեր:

Սարգիս երբ կը պատմէ քիւրտերուն անկենդան թողուլը ճանապարհին, իր ընկերները կը հետաքրքրուին տեսնել դիակները. երեքը միասին կ՛երթան, կը զննեն բորենիներուն դիակները աստղալոյս գիշերին մէջ, սակայն որեւէ դրամ չեն գտներ: Շարունակելով իրենց ուղին, կրկին դէպի Խօշմաթ-Սաղին մէջ (փոքր գետակ մը Խօշմաթի ստորոտը, որ ամառ ատեն ցամքած կ՛ըլլայ) կը հանդիպին Պետրոս Նազարեանի, որը կը զգուշացնէ Խօշմաթ մտնելու: Այդ միջոցին կը նշմարեն խումբ մը զովիացի արիւն կզակ թուրքեր, որոնք որսի ելած են հայ տղամարդ փնտռել սպաննելու համար դաշտերուն մէջ: Սարգիս արագաշարժութեամբ մը կը յարձակի թուրքերուն վրայ եւ չորս հոգի գնդակներով կը տապալէ Սաղին երկայնքին:

Մնացեալ թուրքեր սարսափահար կը փախչին հայ տղոց գնդակներէն խուսափելու համար: Յաջորդ օրը Պետրոս Նազարեան սպաննուած կը տեսնեն ճամբու եզերքին: Սարգիս Չագոյեան Պետրոսի մարմինը փոսի մը մէջ ամփոփելով, աղօթք մը կը մրմնջէ ու իր ընկերներէն հրաժեշտ առնելով լեռը կը բարձրանայ առանձինն, որով իր հետքը կը կորսուի այլեւս, տանելով իր հետ իր քաջագործութեանց վրէժխնդիր ոգին, հիւսելով անթառամ պսակ մը իր փառահեղ դրուագին: Իր ազատատենչ ընկերներէն Պետրոս Գլանեան կրկին Խօշմաթ կ՛երթայ: Աւա¯ղ, որ Փէնի էՖէնտուն դաշոյնին զոհ կ՛երթայ, իսկ Սիմոն Գլանեան դէպի Հաւաւ երթի պահուն, յանկարծ կը հանդիպի իրենց ծանօթ մըղարացի քիւրտ Մըստոյին, որն ազնուաբար Սիմոնը տանելով իր տունը կը պահէ մինչեւ զինադադարի օրերը, յետոյ Սիմոն Խարբերդ երթալով, տարագիրներուն հետ Հալէպ կ՛անցնի, աւելի վերջէն ալ կը յաջողի Ամերիկա գալ եւ հաստատուիլ Նիւեօրքի մէջ եւ պատմել ականատեսի իր տխուր օրերու յիշատակները:

Իսկ յաջորդ ականատեսը Յովհաննէս Սիմոնեանն ալ իր որդւոյն հետ Մաման կ՛ապաստանի: Պատերազմէն վերջ կը յաջողի Ֆրանսա հասնիլ: Աշխարհաւեր Երկրորդ Պատերազմին կը զինուորագրուի Ֆրանսական դրօշին տակ, որը զանազան ճակատներու վրայ կռուելէ վերջ՝ Գերմանիա կը տարուի իբր գերի, մինչեւ Պատերազմի վերջաւորութիւն: Ներկայիս հայր ու որդի կը մնան Մարսէյլ: