Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)


Շատ սրտառուչ եւ հետաքրքրական դիպոււածներէ անցնող մէկն եղած է Պր. Յակոբ Թաթիկեան: 1915ի ամառը Խօշմաթի մէջ գրեթէ ամէն շունչ մարած էր. գիւղը քանդուած ու կրակի տրուած էր. մարդկային շունչ չէր մնացած. շուներն անգամ անօթութեան չի կարենալ դիմանալով դաշտերն ինկած, գարշահոտ դիակներ կը փնտռէին…: Կեանքի, ապրելու տենչը շատ մը խոչընդոտներ դիմագրաւող անհատներ երեւան հանած է, եւ անոնցմէ մին եղած է նաեւ դրուագիս հերոս՝ խօշմաթցի Յակոբ Թաթիկեանը…:

Խօշմաթի թալանուած ու կիսակործան տուներէն մէկուն մարագի յարդերուն տակ պահուած էր Յակոբ Թաթիկեան, որուն մէջ ապրելու տենչը շատ աւելի զօրաւոր էր քան երբեք…: Երբ ահազարկն սկսած էր եւ որուն հետեւանք գիւղը պարպուած, Յակոբ սկիզբէն որոշած էր պահուիլ իրենց մարագին մէջ, եւ այնպէս ալ կ՛ընէ: Թաքստոցէն ելնելով կ՛երթայ կալերը, ուր կը տեսնէ որ կարգ մը քիւրտեր եկած են կամերը տանելու: Յակոբ պատեհութենէն օգտուելով, քիւրտերէն կ՛ըսէ, որ այդ երկու կամերը թո՛ղ տուէք, ինձ կը վերաբերին. եւ ես պիտի տանիմ ըսելով՝ կամին մէկը ուս առած, հետերնին գիւղէն դուրս կու գայ եւ կը հասնի Հոռ գիւղը:

Գիշեր մը, շողշողուն աստղերու լոյսին տակ, իր թաքստոցէն ելնելով կ՛երթայ կալերը. տեսնելով թէ քիւրտեր կամերը շալկած կը տանին, բարեպատեհ առիթ մը նկատելով, կամերէն մին ալ իր ուսերուն վրայ առած գիւղէն դուրս կու գայ. պարտէզներուն մէջ կամը մէկ կողմ շպրտելով արագ, արագ կը քալէ մինչեւ Հոռ քրտաբնակ գիւղը, ուր դեռ հազիւ առաւօտեան լուսափայլ աստղն իր վերջի շողերով կը լուսաւորէր այդ գիւղը: Ուղղակի իրենց տան բարեկամ Սահիտ աղային տունն երթալով, ապաստանարան կը խնդրէ: Սահիտ աղան ուրախութեամբ կ՛ընդունի Յակոբը, որն առաջի օրն իսկ կը սկսի պիտանի տնական անօթներու շինութեան: Չարաբաստիկ իրիկուն մը, երբ Յակոբ տնեցիներուն հետ նստած կը ճաշէր, յանկարծ եօթը դաժան ոստիկաններ ներս մտնելով կը ձերբակալեն խեղճ մարդը, յանդիմանելով Սահիտ աղան ալ, որ հայեր պահելու յանդգնութիւնը կ՛ունենայ:

Սահիտ աղայի խնդրանքներն ու կաշառի խոստումներն ի դերեւ կ՛ելլեն. հրամանը կտրուկ էր. Յակոբ Բալու պէտք է տարուէր ձեռնկապ: Յակոբի ձեռքերը կապելով՝ կը նետեն ոչխարներու գոմը, որպէսզի առաւօտուն զինք քաղաք տանին: Գոմը առանց պատուհանի մեծկակ ու երկար սրահ մըն էր, տանիքէն միայն մէկ լուսամուտով ճիշդ կեդրոնը եւ քարաշէն հաստ պատերով, կոպիտ երեւոյթով շէնք մըն էր: Գոմին դուռը դուրսէն կղպուած ըլլալէ զատ, ոստիկանին երկուքն ալ փոխն ի փոխ կը քնանային իբր պահակ, որովհետեւ այդ դուռն էր միակ գոմին ելքը: Յակոբ իր փախուստի մասին ամէն վայրկեան կը մտածէր. արդէն երբ քաղաք տարուէր ուղղակի մահուան դիմել ըսել էր, հետեւաբար ի՞նչ ունէր կորսնցնելիք իր փորձը, բացի անլեզու անասուններու ծաղրանքէն… Բռնելով եղջիւրաւոր այծ մը՝ կը սկսի զոհել, միեւնոյն ատեն իր ձեռնակապը շարունակ հպելով այծին սուր եղջիւրին. բաւական քսելէ յետոյ, կը յաջողի կտրել եւ մէջքի երկար գօտին քակելով կը շերտէ քովի փոքրիկ զմելիով. զանոնք իրար կը կապէ եւ [էջ 283] յետոյ լուսամուտին տակ երթալով կը բռնէ տասնեակ մը ոչխարներ եւ զանոնք իրենց եղջիւրներով զիրար կը կապէ եւ քանի մը ոչխարներ ալ այդ կապուած անասուններուն վրայ հանելով՝ իր բոլոր ուժովը կը նետուի անոնց վրայ մագլցելու հասնիլ լուսամուտին, որը բաւական բարձր էր:

Ոտքերուն տակի այծերուն, ոչխարներուն իրարանցումը, ուժգին կերպով մայելնին, իրեն օդին մէջ կախուիլը եւ դրան բացուիլը կու գային խափանելու Յակոբին անօրինակ փախուստի ծրագիրը…: Յակոբ վերջին ուժգին ճիգով մը կը յաջողի առաստաղին կոշտ ձողերը  ամուր մը բռնել երկու ձեռքով եւ մարմինը հետզհետէ վեր բարձրացնելով հասնիլ լուսամուտին կից տանիքին, ողջունելով արշայլոյսին ջինջ ցոլքերն իր մաքուր օդով: Տանիքին վրայէն սողալով դէպի բակը կրնար դիւրութեամբ վար իջնել, սակայն ոստիկաններ արդէն իրարանցումէն արթնցած էին եւ կը հետազօտէին…

Հիւս. կողմը բակին յարակից, բարձր պարիսպ մը կար եւ թէ հսկայ գամբռ շուներ գիշեր ատեն ազատ ձգուած էին: Ահազանգը կը հնչէր: Կը մնար միայն հարւ. կողմէն յուսոյ նշոյլ մը ունենալ: Ի՞նչ դժբախտութիւն. այդ կողմէն ալ բարձր պատին քովէն գետակ մը կը հոսէր, որուն խարխուլ կամուրջէն յաճախ անցած էր: Ազատութեան բոցավառ տենչը զինք կը մղէր արկածախնդրութեան մը:
Տանիքին վրայէն պիտի ցատկէր ուղղակի գետակին մէջ, որուն խորութեան մասին բնաւ գաղափար չունէր: Ծնկաչոք կ՛աղօթէ, որ նախախնամութիւնը խնայէ իր կեանքին եւ անվնաս գետակին միւս կողմէն ելնէ ողջ առողջ…: Այս պահուն, ոստիկաններ բարձր պատշգամէն կրակ կը բանան Յակոբի վրայ. սակայն ան արդէն վար ցատկած էր:

Յակոբ տասը վայրկեանի չափ անձայն լողալով, միայն գլուխը ջրկրիայի նման դուրս հանած, հասած էր գետեզրին միւս ակունքը եւ փառք կու տար Ածոյ. որ այս մահամերձ փորձանքէն ալ ազատած էր…: Ջրաթաթխ կը քալէ Թիմասարի անտառներուն մէջէն, հանդիպելով քիւրտ լծուարի մը կը պահուըտի եւ պատեհութեամբ մը [էջ 285] կը գողնայ անոր կողովով լեցուն հացն ու պանիրը, ինչպէս նաեւ անձրեւէն պատսպարուելու համար հագնելիք ապան (վերարկուն): Գիշերելով անտառին մէջ, յաջորդ օր երբ անտառէն դուրս կու գայ, մեծ կ՛ըլլայ իր զարմանքը. թրքական յառաջապահ պահազօրքին կողմէ կը ձերբակալուի:

Արածանիի կանաչազարդ եզերքներուն վրայ, Խարբերդի զօրաբանակը կը հանգստանար Երիզայի ճակատն երթալու համար: Այս անգամ ճողոպրուիլն ինքնին հրաշք պիտի ըլլար իրեն համար, սակայն քաջ գիտէր թէ հրաշքներու դարը շատոնց անցած է: Հազարապետի ներկայութեան Յակոբ կը յայտնէ, թէ ինք Հոռ քրտաբնակ գիւղէն կու գայ, երթալու Խարբերդ կօշիկ եւ հագուստ գտնելու իր լաճերուն, որովհետեւ անյաղթելի թուրք բանակը գրաւած է ամէն ինչ… Եւ պաղատագին կը խնդրէ որ հազարապետը զինք ազատ ձգէ ճամբան շարունակելու եւ Ալի պապային օրհնութիւններն առնելու…

Հազարապետն անոր հագուստներէն եւ խօսքերէն տեղեակօրէն դատելով թէ իսկական քիրտ մ՛է, կ՛առաջարկէ անոր [էջ 286] միանալու բանակին եւ կռուիլ հայրենիքին համար, ինչպէս շատեր թողելով իրենց տունն ու տեղը եւ մաս կազմած են իր բանակին: Յակոբին համար երկընտրանք չկար, ստիպեալ հագաւ հինամաշ թրք. զինուորական հագուստ մը: Անոր համբաւը շուտով կը տարծուի բանակին մէջ իր հիւսնութեան շնորհիւ:

1916ի աշնան մռայլ առաւօտ մը Վանայ լճին հանդիպակաց կողմը թրքական պարենաւորման նաւ մը ալեկոծութեան բռնուելով հակած էր մէկ կողմին եւ թրք. բանակէն շատ հեռու կը մնար: Յորդահոս անձեւի եւ սաստիկ հովի մը պատճառաւ բանակին մօտէն քշուած տարուած էր: Բանակին կորուստը մեծ էր եւ ոչ ոք կը համարձակէր այդքան հեռու երթալ եւ նաւակն ազատէր իր պարունակութեամբ: Ալի պապան իր կեանքի գնով երթալ յանձն կ՛առնէ հակառակ հազարապետին դժկամութեան: Օդ լեցնելով իր անդրավարտիքին մէջ, սրուգներէն ամուր մը կապելէ յետոյ՝ ջուրը կը նետուի: Երեք ժամ լողալէ յետոյ, մայրամուտին կը հասնի նաւակին:

Հետեւեալ առաւօտ արեւածագին պարենաւոր նաւակն հասած էր բանակին քով: Նաւապետին հրամանաւ ի նշան Ալի պապայի քաջութեան ու յանդգնութեան երեք թնդանօթ կ՛արձակուի… Սակայն Ալի պապան հիւանդանոց կը տարուի իր տկարութեան ու պաղառութեան հետաւանօք: Գիշերուան ժամերուն զառանցքի մը մէջ իր զաւակները ու եղբայրները կը կանչէ՝ Յովակիմ, Հայկուհի… Իրեն հոգատար հիւանդապահուհին քանի մը օր վերջ երբ իրեն կը յիշեցնէ Ալի պապան խորհելով թէ մատնուած է, կ՛ուրանայ Օրիորդն ինքնավստահ, համբուրելով անոր ճակատը իր ալ հայ օրիորդ մը ըլլալը կ՛իմացնէ ու կը ծանօթացնէ երեք հայ աղջիկներու եւ երկու հայ բժիշկներու եւս:

Յակոբ այս անակնկալ յայտնութեանց առջեւ արտասուաթոր կը պատմէ իր գլխուն եկածները…: Ալի պապան կազդուրուելէ յետոյ բանակ կը վերադառնայ, ուր կ՛արժանանայ մեծկակ նուէրի մը եւ ազատ արձակման հրամանագրին: Իր զինուորական տարազին մէջ կրկին կ՛ուղղուի դէպի Խարբերդ, հանդիպելով Խօշմաթ իր վերջին կարօտն առնելու համար:

Հասնելով Ղազարեաններու տան առջեւ ներսի աղմուկը, ժխորը պատճառ կ՛ըլլայ ներս մտնելու: Բալահովիտի նախկին պատուհաս գնչուն, գող, աւազակ արիւնաքամ Սէյլոյի սուր աչքերէն չեն վրիպիր նոր զինուորին մուտքը: Սէյլօն ակնթարթի մը մէջ կիսապատէն ցատկելով իր ձիուն վրայ կ՛անհետանայ…: Այս անակնկալին վրայ, հայ կիներ կը սոսկան Յակոբէն ալ իր տարազին համար, սակայն վերջինը գլխին Ֆէսը վար առած՝ ինքզինք կը յայտնէ եւ կը հանդարտեցնէ լեղապատառ կիները, որ կը չարչարուէին Սէյլոյի կողմէ…: Տիկ. Մարգրիտ Ղազարեան կը պատմէ համառօտ կերպով սրտաճմլիկ դէմքեր իբր ականատես նկարագրելով ահաւոր դէպքեր, խժդժութիւններ ու ապերասան ոճիռներ… Կը պատմէ Միսաքի խումբին քաջութեանց մասին եւ կ՛աւելցնէ. «Եթէ թուրք զինուորներ մեզ՝ հայ կիներս առջեւնին անցնելով իբր վահան չի գործածէին, անկարելի էր որ յաղթէին…: Աւելի յառաջ երթալով, կ՛աւելցնէ թէ ինչպէս իւրաքանչիւր քաջ խօշմաթցի կռուող վերջին փամփուշտն իրեն համար պահեց, անձնասպան եղաւ, վրէ¯ժ… վրէ¯ժ… գոչելով…

Եւ թէ ինչպէս մոլեգնած թուրքեր կիսամեռ տղոց վրայ յարձակելով անոնց շատերուն գլուխները իրաններէն բաժնեցին, եւ ինք քաջ Նազարի, Յակոբի եղբայրներուն՝ Յովակիմի եւ Ղազարոսի գլուխները միւս կիներուն օգնութեամբ գիշերով տարած թաղած է Սբ. Մանկիկի քարերուն մէջ… Յակոբ Թաթիկեան վրէժխնդրական սրբազան կրակով լեցուած, դուրս կը վազէ դէպի Սբ. Մանկիկի քարերը: Մէկ քանի հայ կիներ կը հետեւին իրեն եւ ցոյց կու տան կտրիճներու գլխի թաղուած վայրը: Յակոբ հանելով գլուխները կը համբուրէ ու կու լայ մանկան մը հանգոյն…

Երկար սպասելէ յետոյ, երեք գլուխները մեծկակ փոսի մը մէջ հաւաքելով, փոքր հողաբլուր մը կը կազմէ, փայտախաչ մ՛ալ կը դրոշմէ անշուք հողաբլուրին վրայ հետեւեալ վերտառութեամբ, որ ժամեր կ՛առնէ փորագրելը:

«Յովակիմ, Ղազար, ու հերոս նազար,
Կըտակեն վրէ¯ժ, խօշմաթցուն, հազար»:

Յակոբ նստելով սիւնի մը տակ իր խուզարկու աչքերով կը նայի ամէն տեղ: Կիներ կը մտածեն լաւ ծեծ մը քաշել այս խըռֆած զինուորին, մասամբ յագեցնելով իրենց փոխ վրէժը…:

Ահա յանկարծ յեղակարծ դէպք մը տեղի կ՛ունենայ. երկու նիհարակազմ փոքր աղջիկներ, պատառ մը չոր հաց բերաննին, երբ կու գան թուրք զինուորը դիտելու միւսներուն հետ, Յակոբ ակնապիշ կը նայի եւ ճանչնալով իր զաւակը, ակնթարթի մը մէջ աղջկան վրայ խոյանալով «Ա¯խ, հայկուհիս, Հայկուհիս» ըսելով կը համբուրէ: Խեղճ աղջիկն այլայլած ետ կը փախչի, որ ատեն կիներ արդէն սկսած էին դըբոցներ տեղացնել թուրք զինուորին, առանց տեղեակ ըլլալու իր ինքնութեան:

«Աղջի՛կս, Հայկուհի, մի՛ վախնար, ես հայրդ Յակոբն եմ: Ձա՛գս, ի՞նչպէս ես, ո՞ւր է մայրդ, եղբայրդ՝ Մանուկը, ո՞ւր են , ըսէ՛ շուտ, ըսէ՛…». եւ Հայկուհին կը փաթթուի հօր վիզը…

Ափ մը հող կապելով իր թաշկինակին ծայրը, հրաժեշտ տալով խօշմաթցի տիկիններուն, սրտի խոր թախիծով մը կը մեկնի դէպի Խարբերդ, այն յոյսով որ պիտի կարենայ գտնել գէթ իր սրտահատոր զաւակները…: Իր զինուորական զգեստի հանգամանքին տակ առանց դժուարութեան անցնելով «Արածանին» կը հասնի Խարբերդ, ուղղակի Ս. Յակոբայ թաղը, ուր հաւաքուած էին աքսորեալ վերապրողներ…:

Յակոբ արտասուաթոր աչքերով, իր թեւերը բարձրացուցած կը ձայնէ. «Ո¯հ, փառք քեզ Տէ՛ր, փառք քեզ, օրհնեալ ըլլաս եւ դու Սբ. Մանկիկ(13), որ առաջնորդեցիր ինձ Խօշմաթէն մինչեւ հոս, գտնելու Հայկուհիս… եւ քրոջս աղջիկը…

Յակոբ իր այս երկու հոգեհատորներն առած առաջի կարաւանով կը հասնի Հալէպ, պատմելով իր հետաքրքրական եւ դիւցազնական պատմութիւնն անձամբ տարագիր Պր. Սիմոն Գլանեանի, որը ներկայիս կը մնայ Նիւեօրքի մէջ: Քաջարի Յակոբ Թաթիկեան կը մեռնի 1945ին Հալէպի մէջ, իր 93 տարեկան հասակին մէջ: