Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Նախըրճուն Միջադէպը


Օր մը սովորականին պէս երբ նախըրճին կը սպասէր գիւղի կենդանիներու հաւաքման վայրը եւ նախիրն արձակելու վրայ էր, քիչ մը հեռուէն նշմարեց որ ծերուկ Մընուշ պաճին կաղալով լանկըրլունկըր ծռած, փայտի մը վրայ յենած, կամաց կամաց կը քալէր իր միակ այծին ետեւէն, որ ան ալ իր կարգին համրընթաց կը յառաջանար դէպի նախիրը: Չարաճըճի տղաք Մընուշ քորոն նեղացնելու համար իր այծը քարոտելով ճամբան փոխել կու տային:

Մընուշ քորոն անէծքի տոպրակին բերանը բանալով պէտուայ կ՛ընէր տղոց ըսելով. «Ծօ՛, չառած օրեր ըլլիք, խեղճ օխչըրիս մինէ ի՞նչ կ՛ուզէք, հը¯: Մեղայ Տէր, գիտէոքի հէչ օխչար տեսած չեն, խաճապուռ էլլաք պարէ, դուռերնիդ ու բըրըշակնիդ գոցուի օղուլ, հէ, հէյ, հէյ, գնաց գնաց կորսըվաւ, օխչարըս կորսըվաւ»:

Այդ պահուն նախըրճին ձայն տալով նախիրին հօ՛, հէ¯յ, հէ¯յ, հայտէ՛ գացէք, հիմա ես կու գամ ըսելով, իր բոլոր ուժով [էջ 9] ետ քալելով կը հանգստացնէ յուզուած ծեր կինը, տուն ղրկելով ինք կը հետապնդէ այծը եւ գտնելով՝ նախիրին ետեւէն կը հասնի եւ նկատելով այծին դանդաղաքայլը կը խորհի թէ լաւ չզգար եւ կը մեղքանայ իր վրայ եւ այդ օր նախիրն իսկ հեռաւոր դաշտավայրեր չի տանիր, այլ գիւղին շրջակաները կ՛արածէ:

Երեկոյեան մայրամուտին, երբ կենդանիներու գլուխները դէպի գիւղ կը դարձնէ, կը տեսնէ որ Մընուշ քորոյին այծը նստած է անտարբեր եւ կը տքայ, բերնին շողիկներն սկսած են վազել եւ աչքերը կիսաբաց յաճախ գլուխը կ՛երերէ:
Երբ Սարգիս այծին կոտոշները կը բռնէ վեր հանելու, յանկարծ խոշոր ճիչ մը կ՛արձակէ այծը մը¯ևըևըևը. նախըրճին անմիջապէս կը նկատէ ուլիկ մը կանաչին վրայ փռուած իր բարակ մաշկին մէջ: Անմիջապէս մաշկը պատռելով նաղտը (ընկերը) կը բաժնէ ուլէն եւ պորտը երկար մը կտրելով խոտի բարակ ծուէններով կը կապէ ամուր մը, մինչ այդ արդէն այծը ոտքի ելած անհագաբար կը լզէր ու կը մաքրէր իր ուլիկը: Սարգիս իր դայեակի դերը կատարելէ յետոյ, ուլը գրկած կը քալէ, [էջ 10] այծն ալ ետեւէն: Կը հասնին նախիրին, որոնք արդէն գիւղ հասած եւ մասամբ ցրուած էին երթալով իրենց տուները: Ուղղակի Մընուշ քորոյին տունն երթալով կ՛ըսէ. «Մուտաս ի՞նչ ը, Մընո՛ւշ քորոյ, հա, քեզի ուլ եմ բերեր, աչխդ լօս»: Ծեր կինը աճապարանօք դիմաւորելով կը յարէ. «Լուսով կինաս, տղա՛ս, Ասված չաղաներդ պէյը և Շուշօն ըլ օխչըրիս պէս մէկ ձայնով ազատի, հըմ դայէկ նըլ ես պիտի ըլլիմ հա»:

Նախըրճին. «Շատ լաւ, շնորհակալ եմ Մընուշ քորոյ, զաթի դուն ես մեր դայեկը, ժաժուն տարիէն ըսդին, զիս ըլ դու բերած ես աշխարհ չը, չե՞ս յիշեր»: Մընուշ քօրոն. «Քա մեղա¯յ, մտքէս չէր անցնիր քի ինծի պէս ծերացած, տարիքն առած օխչարս ըլ հեղ մի տայ պիտի ծնի, էս գիտեմ օր խեղճ կենդանին առտուն տեղէն չէր կրնար էրէրար, էկուր տես օր մայր օտոք է եղեր: Է, առտուանց քիչ մը թէզ (շուտ) էկուր տը՛ պարէ քիչ մը խէր տամ (առաջի սերը) օր ուտես»:

Եւ իսկապէս երեք ամիս յետոյ Մընուշ քօրոն ալ իր կարգին ու դայեակի պաշտօնին բերումով նախըրճի Սարգիսին տղայ զաւակ մը եւս աշխարհ կը բերէ, որը Կարապետ կը կոչուի: Ազատելով 1915ի արիւնի նախճիրներէն, ներկայիս իր ընտանեօք Հայաստան կը գտնուի: Իսկ նախըրճի Սարգիս 1915ի սուգի, թախիծի եղերական օրերուն, Խօշմաթի կտրիճներուն հետ զինաթափ եղած ու պարաններով կապուած, քիւրտաբնակ Խարաման գիւղի շրջակաները, ձորակի մը մէջ նահատակուած է Տէր Ռէթէոսի խումբին հետ: Ճակատագրային ի¯նչ հեգնանք...։