Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը 132

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա — Բալուի տխրահրչակ պէյերը


Սուլթան Մահմուտի, Սուլթան Մէճիտի եւ Սուլթան Ազիզի օրերուն հայ, ինչպէս նաեւ Օսմ. բոլոր հպատակ ազգեր, բաղդատաբար խաղաղ շրջան մը կ՛անցնէին: Ազատամիտ Սուլթան Ազիզ նոյնիսկ կը ծրագրէր որոշ իրաւունքներ շնորհել իր հպատակ ազգերուն: Դժբախտաբար կարգ մը նախարարներ արգելք եղան իր ծրագրին եւ ներքին դաւադրութիւններ սարքեցին թագաւորին դէմ…:

Սուլթան Ազիզ 1867ի Բարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսին ալ մասնակցած էր եւ Եւրոպական մեծ տէրութիւններէն վեհաշուք պատիւներով ընդունուած: Թուրք փաշաներն իրենք զիրենք յուսախաբ գտնելով՝ որոշած էին գահընկեց ընել թագաւորը: Առաւօտ մը երբ թագաւորը քունէն կ՛արթննայ թնդանօթներու դղրդագին ձայնէն, կը զարմանայ երբ կը լսէ թէ նոր թագաւորին Սուլթան Մուրատ Ե.-րդ.ի գահ բարձրանալու ուրախառիթ լուրն է որ ժողովուրդին կը հաղորդուի…: Նոյնիսկ նոր Սուլթան Մուրատ Ե.-րդ.ի օրով, թրքահպատակ հայեր մեծ առանձնաշնորհումներ կը վայելէին ամէն տեղ եւ նախարարական կազմին մէջ մէկէ աւելի հայեր կը գտնուէին:

Սակայն երբ 1876ին Համիտ գահ կը բարձրանայ, թրքական քաղաքականութիւնն ալ կը փոխուի հայոց հանդէպ: Սուլթան Համիտ կը կազմէ համիտական գունդեր աւազակներէ, հրոսակներէ բաղկացեալ, որոնց գործը կ՛ըլլայ կողոպտել, նեղել, յափշտակել հայ գեղջուկ ժողովուրդին վաստակը: Այլեւայլ պատրուակներով հայ եւ քիւրտ ժողովուրդը իրարու կը թշնամացնէ: Հայաջինջ քաղաքականութեան սեւ օրերուն էր որ ահա հայկական յեղափոխութեան կայծերը բռնկեցան 1887ին…: Բալահովիտի Պէյերը Համիտի թոյլտուութենէն օգտուելով, տիրապետելու, յափշտակելու մարմաջէն տարուած, սկսան սանձարձակ կերպով գրաւել հայ գիւղերն ու հողերը եւ ստեղծել Բալահովիտի մէջ առանձինն իշխանութիւն մը, որը վերջէն նոյնիսկ պատուհաս (...)։

Բալահովիտի ժողովուրդին պատուհաս եղող Պէյերը Համիտի թոյլտուութենէն օգտուելով սանձարձակ կերպով կը տիրապետեն կարգ մը գիւղերու…, որոնք փորձանք եղան նոյնիսկ կառավարութեան ալ: 365 հայ, թուրք եւ քիւրտ գիւղեր, ահ ու սարսափի մէջ էին այս գազաններուն ձեռքը. ինչո՞ւ միայն Խօշմաթը բացառութիւն պիտի կազմէր: Հետեւեալ միջադէպը ցոյց կու տայ Պէյերու ազդեցութեան չափանիշը:

1845ին Տերսիմէն 40 քիւրտեր, տակաւին պահելով իրենց նախնի բարեպաշտ երկիւղածութիւնը հանդէպ հայ սրբավայրերուն, կու գան Նըպըշի՝ ուխտի:
Երկու օր վերջ մնալէ յետոյ գոհունակ սրտով Խօշմաթէն կ՛անցնին տուն երթալու համար զոյգ զոյգ եւ առանց զէնքի իբր ուխտաւոր: Այդ օրերուն ալ Քէօռ Ապտուլլա Պէյ իր Սագրանթի ապարանքէն Խօշմաթ կու գայ գիւղին Մելիքին այցելութեան: Երբ գիւղին մեծ պողոտային վրայ իրարու կը հանդիպին, եւ առանց զիրար ճանչնալու, առանց բարեւելու արագօրէն կ՛անցնին…

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր