Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Քէօր Ապտուլլա Պէյ


Քէօր Ապտուլլա Պէյ Սագրանդի ապարանքէն իր արբանեակներով Խօշմաթ կու գայ գիւղին Մելիքին այցելութեան եւ կառավարութեան տասանորդը գնելու: Երբ գիւղին մեծ պողոտային իրարու կը հանդիպին, քիւրտերն առանց գիտնալու Ապտուլլա Պէյին ո՛վ ըլլալն, առանց բարեւելու արագօրէն կ՛անցնին:

Ապտուլլա Պէյն անպատուուած զգալով ինքզինք, անմիջապէս կը հրամայէ իր արբանեակներուն ձերբակալել տէրսիմցիները: Շղթայակապ քաղաք տանելով անգթօրէն կեռ շիշերէ կախել տալէ յետոյ մարմիննին, գետը նետել կու տայ այս անզէն խեղճ ու կրակ քիւրտերը, որոնք չեն հաւատար զէնքով ուխտագնացութեան:

Այս անմարդկային դէպքին լուրը երբ Տէրսիմ կը հասնի, տէրսիմցիներ Հօշէյի կրօնապետին (Մօլլա) միջոցաւ տոպրակ մը դեղին ոսկի կը ղրկեն Բալուի գիւղերը, որպէսզի բողոքագրեր պատրաստուին այս հրէշին արարքներուն դէմ: Երբ Բալուի բոլոր հայ թէ քիւրտ գիւղերը սարսափի ազդեցութեան տակ կը մերժեն ստորագրելը, Խօշմաթը միակը կ՛ըլլայ յայտնի գրագէտ (թրքրն.) Ստեփան Մնուշեանի միջոցաւ ազդու բողոքագիր մը կը պատրաստէ եւ Մնուշեանի ձեռքով Կ. Պօլիս ղրկել կու տայ:

Երբ խօշմաթցի գրագէտ Ստեփան Մընուշեան եւ Հօշէյի Մոլլան բողոքագիրը Պէլիս կը տանին, Քէօռ Ապտուլլահ Պէյ հեռագրով հոն կը կանչուի դատի, սակայն ան իր ազդեցութեան շնորհհիւ դատը կը շահի եւ կը պատրաստուի յոխորտանօք Բալու վերադառնալու: Այս առթիւ պալատական փաշաներուն վերջին անգամ մնաս բարեաւի այցելութիւն մը կու տայ: Նախօրոք Պր. Մընուշեան եւ Մոլլան կ՛երթան իրենց ու Բալահովիտի ժողովուրդին ցաւն յայտնելու այս անարդար դատի վերջաւորութեան համար եւ դարման մը խնդրել թագաւորին շատ սիրելի վառօդապետ պօլսեցի Յովհաննէս Պէյ Տատուրեանէ: Տատուրեան Պէյ կը յորդորէ որ յաջորդ օր իրենք պալատ վերադառնան եւ իրեն սպասեն որոշեալ ժամուն: Յովհաննէս Պէյ իր համազգեստով եւ թագ. նշանով երբ պալատ կը մտնէ, նրբանցքի երկու կողմի մարդիկ բարեւի կը կանգնին: Քէօռ Ապհուլլա Պէյն ալ շարքին ծայրը գտնուելով, այս վեհաշուք կերպով քալողին հայ մը ըլլալը երբ կը հասկնայ՝ կը ջղագրգռուի:

Երբ Յովհաննէս Պէյն իր քովէն կ՛անցնի, ո՛չ միայն չի բարեւեր, այլ կը սկի նախատել, աւելցնելով թէ՝ «Երբ Բալու հասնի 15 տարեկանէն վեր եղող հայ տղամարդիկ սուրէ պիտի անցընէ. իրեն Ապտուլլա Պէյ կ՛ըսեն»: Յովհ. Պէյ Տատուրեան երբ կը լսէ, քմծիծաղով մը կը յառաջանայ. ներկայանալով վեհափառ Սուլթան Մահմուտի իր վրայի բոլոր թագաւորական նշանները սեղանին վրայ դնելով կ՛ըսէ հանդարտօրէն. «Վեհափա՛ռ Տէր, ես անկարող եմ կրելու Ձեր վեհափառութեան պարգեւած նշանները, քանի որ Քէօռ Ապտուլլա ՊԷյին կողմէ պիտի նախատուիմ հրապարակաւ»:

Սուլթան Մահմուտ իրողութիւնն հասկնալով կը հրամայէ Քէօռ Ապտուլլան ձերբակալել եւ ղրկել Թագիր տաղի կեդրոնական բանտը եւ հոն գլխատել տալ: Եւ այդպէս ալ կ՛ըլլայ…: Այս անիծապատ Ապտուլլա գազանին կը յաջորդեն իր երկու արիւնարբու տղաքները՝ Ռուշտի եւ Իպրահիմ Պէյերը, Բալուի, մանաւանդ Խօշմաթի պատուհասները: Մընուշեան ապահովութեան համար կ՛անցնի Պուլղարիա: Իր աղջիկը՝ Եղիսաբէթ Փափազեան ներկայիս Փրավիտէնս է: