Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Արիւնահեղ Ընդհարումը


1897էն մինչեւ 1908 գիւղին (աշարը) հունձքի տասանորդը, Ռուշտի Պէյը կը գնէր աճուրդի մէջ, որով իր շահատակութիւններն ու սխրագործութիւններն աւելի մեծ չափով ու դիւրութեամբ յառաջ կը տանէր, պատեհութենէն օգտուելով: Պէյն իր օրինաւոր տասանորդն ստանալէն զատ, հարստահարուած գիւղացին ստիպուած էր տալ Պէյին գրագրին, ծառաներուն, անոնց ընտանեաց, բարեկամներուն, հիւրերուն, մանաւանդ կառավարութեան դաժան պաշտօնեաներուն:

Ռուշտի Պէյն դեռ ասով ալ չի գոհանալով, ղրկած էր տասը ձիեր դպրոցին ներքնայարկին մէջ պահուելու համար, ձիերուն եւ զանոնք խնամող ծառաներուն տարեկան ծախսերը խօշմաթցիներուն վրայ ըլլալով…:
Օր ըստ օրէ ձիերուն եւ ծառաներուն թիւը կը բարձանար: Ղարամանցի Զըլօշ, որը գրագիր Սուլէյման էֆ.ի սիրահարն էր, նոյն ատեն կատարեալ հայասէր մը, գաղտնապէս իմաց տուած էր թէ մօտ ատենէն Ռուշտի Պէյ տասը ձիեր եւս պիտի ղրկէ, այս անգամ եկեղեցւոյ բակին մէջ պահելու համար իբր անարգանք խօշմաթցիենրու իրեն հանդէպ վարմունքին:

Այլեւս համբերութեան բաժակը լեցուած էր, նուիրական գետինը ուր կը ննջեն Խօշմաթի կղերականները պիտի պղծուէր. այս անլուր նախատինքին ո՞վ կարող էրհամբերել…։ Խօշմաթցիներ կրկին հաւաքուեցան դպրոցի ընդարձակ բակին մէջ: Օրուան նախագահ տան ու տէր Յարութիւն Սիմոնեան եւ ատենապահ Պր. Համբարձում Ուլուսեան կը բացատրէ Ռուշտի Պէյի չար դիտաւորութիւնը:
Միթէ կարելի՞ է հանդուրժել նենգամիտ Պէյին անարգանքներուն: Պէտք է կռուիլ, բողոքել կառավարութեան եւ ի սպառ հեռացնել գիւղէն զայն: Տան ու տէր Հազարեան, Գլանեան, Չագոյեան, Խաբլոյեան եւ Միլիտոսեան խօսեցան հոգեբուռն եւ կտրուկ միջոցներուն վրայ…: Երիտասարդներ կը պատրաստուին այդ օրն իսկ յարձակիլ եւ ձիերը վանել գիւղէն, սակայն մեծերը կը զգուշացնեն եւ կը յորդորեն որ քիչ մը եւս սպասեն:

Ժողովականներ կ՛որոշեն ձիերը դպրոցի ներքնայարկէն դուրս հանել եւ Պէյին արբանեակներով միասին գիւղէն դուրս վանել: Երկրորդ, բռնի գրաւուած արտերն ու այգիները իրենց սեփական տէրերուն վերադարձնել: Այս պայմաններով բողոքագիր մը պատրաստելով կը յանձնուի Մանուկ Ամիրվարդեանի, Մարտիրոս Ծաղիկեանի, որոնք անմիջապէս Սաֆրաթ, Ռուշտի Պէյի ապարանքը տանելով՝ պատասխանի կը սպասեն: Պէյն այս անակնկալ պահանջին առջեւ կ՛ընկրկի եւ հայհոյելով զանոնք դուրս կը հանէ…: Պէյը երկու արագընթաց ձիաւորներու միջոցաւ լուր կը ղրկէ Խօշմաթի իր արբանեակներուն, որպէսզի մէկ մատնաչափ տեղի չտան, ի պահանջել հարկին կռուին իրենց արեան վերջին կաթիլը թափելով, եթէ հարկ ըլլայ…
Եւ այդ գիշեր իսկ 25 հատի չափ զինուած ձիաւորներ գաղտագողի դպրոցին ներքնայարկը կը ղրկէ կռուելու համար:

Գիւղին մէջ եռ ու զեռն, իրարանցումը, պատրաստութիւնը յատկանշական էր: Այդ օր որեւէ անձ դաշտ իջած չէր. երիտասարդներ իրենց յատուկ բիրերով, երկմատնիներով, դանակներով ու վեց հարուածով զինուած, խումբ, խումբ մարտահրաւէրի կ՛երթային դէպի Սիմոնեաններու եւ Խաբլոյեաններու կալերը, որոնք շատ մօտիկ եւ յարակից էին դպրոցին: Հետզհետէ խուժանին ստուարացումն ու երգերու ահագնագոչ կանչը, մտահոգութեան ու շփոթութեան մատնած էին Պէյին արբանեակները: Սուլէյման էֆ. ձիաւոր մը դուրս կը ղրկէ եղելութիւնն իմանալու: Խօշմաթցիներ ձիէն վար առնելով կը ձերբազատեն եւ ոտքով ետ ղրկելով կը պահանջեն որ ներս եղողներ բոլորն ալ զէնքերնին եւ ձիերնին թողած՝ կարգով դուրս գալով գիւղէն հեռանան. իրենք ալ կը խոստանան թէ՛ իրենց զէնքերը եւ թէ՛ ձիերը կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ ապահով իրենց յանձնել: Միեւնոյն ատեն կարգ մը երիտասարդներ դպրոցի դրան երկու կողմերը պատրաստ կը սպասեն:

Պէյին գրագիր Սուլէյման էֆ. այս պատասխանին ու պահանջին վրայ սասատիկ ջղայնացած, հրաման կ՛արձակէ ջարդելու խօշմաթցիներն անխնաօրէն եւ իբր օրինակ հանդիսանալով՝ գրոհ կու տայ հաւաքուած խումբերուն վրայ ցիր ու ցան ընելու, երկիւղի մատնելու նպատակաւ: Երիտասարդ Մելիք Ստեփան Միլիտոսեան ակնթարթի մը մէջ խոյանալով Սուլէյմանի ձիուն վրայ, թաւագլոր վար կը բերէ զայն եւ ոտից կից մը իջեցնելով թումբէն վար կը գլորէ:

Երկուստեք հրացանաձգութիւնը կը սկսի. գիւղացիներ կալերուն մէջ դիզուած ցորենի խուրձերուն տակ ապաստանելով, արձակուած գնդակներէն կը խուսափին: Իսկ դուռնէն դուրս ելնողները կ՛ըլլան առաջին հարուած ուտողները, որոնք մէկիկ մէկիկ թաւագլոր արիւնլուայ վիճակի մէջ վար կ՛իյնան: Աջէն ու ձախէն կը հարուածուին թէ ձիերը եւ թէ արբանեակները: Վերջինները ճարահատ փախուստի կը դիմեն դէպի ներխի գիւղի այգիները:

Խօշմաթցիներ հաւաքուելով, արիւնաթաթախ վիրաւոր Պէյին ծառաներն իրենց ընտանիքով գիւղէն դուրս կը հանեն, մաքրելով անոնց հետքը: Այս ահեղ կռւոյն մէջ յաղթական խօշմաթցիներ կ՛ունենան եօթը ծանր վիրաւորներ, որոնց անմիջապէս խնամք կը տարուի, իսկ Պէյի ծառաներէն 32 վիրաւորներ 12 ձիերու կաղալն ալ նկատելի կ՛ըլլայ…

Ահա հաւաքական ուժին արժէքը, որ պատճառ կ՛ըլլայ Ռուշտի Պէյի եւ իր մակաբոյծ թուլամորթներու գիւղէն բոլորովին հեռանալուն:

Ռուշտի Պէյ իր պարտութենէն վրդոված, առանց յուսահատելու, խորամանկութեան ճամբան կը բռնէ: Վերի Պուլանուխի քրտաբնակ գիւղի (Տուրմիշան) հրոսակապետ Եագոյին մօտ պատգամաւորութիւն մը ղրկելով, անորմէ կը խնդրէ որ խօշմաթցիներուն վրայ գիշերային յարձակում մը գործէ, վստահ ըլլալով թէ Եագոն պիտի պարգեւորուի մեծ նուէրով մը: Հերոսապետ Եագոն, իր սպաննութթիւններուն եւ ասպատակութեանց պատճառաւ Համիտական ոստիկաններէն ու զինուորներէն քանիցս հետապնդուած, բռնուած ու բանտարկուած էր, սակայն միշտ ալ շուտով իր ազատութիւնը ձեռք ձգած էր շնորհիւ Ռուշտի Պէյի միջամտութեանց…:

Աւազակապետ Եագոն իր երախտագիտական զգացումներէն դրդուած՝ պատեհ առիթը կը համարէ Պէյին փոխարինելու: Հետեւաբար խօսք կու տայ քանի մը օրէն յարձակիլ Խօշմաթի վրայ եւ անմիջապէս կը սկսի պատրաստուիլ ասպատակելու Խօշմաթը…:

Խօշմաթցի հիւսն մը Խաչիկ Կիրիցեան, որ այդ քիւրտ գիւղին մէջ տուն մը շինելով կը զբաղէր եւ հմուտ էր քիւրտերէնին, կը լսէ ամէն ինչ, տեղեկանալով յարձակման ծրագրին: Նոյն գիշերն իսկ ուղղակի Խօշմաթ գալով, եղելութիւնը կ՛իմացնէ Մելիք Ստեփան Միլիտոսեանի եւ կրկին կը վերադառնայ քիւրտ գիւղը: Դեռ արշալոյսը չծագած կը մտնէ իր անկողինը:

Անմիջապէս երեք հոգինոց պատգամաւորութիւն մը կը հասնի Խօշմաթէն Եագոյի քով յանձին քաջ Նազարի, Սահակ Չագոյեանի եւ Սերոբ Խաբլոյեանի, յայտնելով Խօշմաթի Մելիքին եւ մեծերուն խնդրանքը, որպէսզի ետ մնայ իր մտադրութենէն, քանի որ հին բարեկամներ են: Եագոն տեսնելով առիւծասիրտ հայերու քաջութիւնը, կը յայտնէ թէ երկու օր վերջ յիսուն ձիաւորներով եւ երկու հարիւր հետիոտն քիւրտերով պիտի յարձակէր Խօշմաթի վրայ, սակայն մեր սերտ բարեկամական կապն անխախտ պահելու համար, երկու տղոցս վրայ երդում կ՛ընե, որ այդ քայլը պիտի չառնեմ եւ Խօշմաթն ազատ ձգեմ:

Ռուշտի Պէյ իր ծրագրին ելքի անյաջողութեան տեղեկանալով, կը դիմէ Վարի Պուլանուխի աշիրաթապետ Ալի Զուրնայի, որը սոսկալի ասպատակիչ մ՛էր եւ յաճախ իր տրամադրութեան տակ ունէր չորս հարիւրի չափ կռուող քիւրտեր, որովհետեւ ստէպ կառավարութեան կամ միւս քիւրտ աշիրապետներու դէմ մեծ կռիւներ կ՛ունենար:

Ռուշտի Պէյը մեծաքանակ ոսկի խոստացած էր Ալի Զուրնայի. խնդրած էր որ խօշմաթցիներ ծունկի բերէ: Ալի Զուրնա կը խոստանայ 15 օրէն Խօշմաթը մոխրակոյտի վերածել: Կարնոյ գիւղերը առեւանգուած քահանայի մը աղջիկը Էլմաս, որ բռնի կերպով ամուսնացած էր քիւրտի մը հետ այդ գիւղին մէջ եւ կը կոչուէր «Ըլէ» ամէն բան կը լսէ պատրաստութեան մասին: Հայ աղջիկն անձամբ Խօշմաթ գալով, եղելութիւնը կը պատմէ, վերահաս ընելով գիւղացիները կանխահաս վտանգին…: Խօշմաթցիներ անմիջապէս կը սկսին գիւղին չորս կողմը խրամներ բանալ եւ պահակներ կարգել, պատրաստ կռուելու:

Երկու անձերէ բաղկացեալ պատգամաւորութիւն մը կը ղրկեն Տէրսիմի ամիրապետին՝ Թամիրա Պէյին, անոր պաշտպանութիւնը խնդրելով Ալի Զուրնայի դէմ: Հոս ալ կը յաջողին յաղթանակի դափնին խլել, որովհետեւ ասպնջական Տէրսիմի ամիրապետ Թամիրա Պէյ իր կարգին անմիջապէս լուր կը ղրկէ Ալի Զուրնայի, որ իր տեղը հանգիստ նստի եւ խօշմաթցիներու մէկ մազին չի դպչի… Յիշեցնելով նաեւ Ռուշտի Պէյի հօր գազան Քէօռ Ապտուլլայի խժդժութիւնը հանդէպ 40 տէրսիմցի քիւրտերուն, թէ ինչպէս անոնք շամփուրին անցընելով մեռցուցած է…: Ալի Զուրնան պատգամաւորները հիւրասիրելով իր խոնարհութիւնն ու հպատակութիւնը կը յայտնէ, աւելցնելով թէ իր լաճերը ՄԵծ Ամիրային տրամադրութեան տակ են այսուհետեւ:

Ռուշտին կրկին պարտութեան մատնուելով յուսախաբ կ՛ըլլայ…: