Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն)  - Արիւնոտ Յուշերէն Նօթագրուած


Մկրտիչն ալ նոյնպէս արհաւիրքի օրերուն գտնուելով Խօշմաթ, ականատեսի յուշերէն կը ղրկէ մեզ իր յիշողութեան յուշերէն: Յատկանշական են կարգ մը դէպքեր. ակնյայտ են. կ՛արժէ հոս արձանագրել: Տարագրութիւնը, թալանը, զանգուածային ոճիռները գրեթէ ամէն տեղ միեւնոյն ձեւով տեղի ունեցած են եւ ակնատեսներու պատմածներն ալ համանման են:

Երբ խմբովին Մաման գիւղ կ՛երթան ապաստան գտնելու, գիւղին ստորոտը կը հանդիպին քիւրտերու, որոնք շատ անգամ կռիւ ըրած են եղեր Սահակ Չագոյեանի հետ, որն այդ խումբին մէջ կ՛ըլլայ: Զայն դուրս քաշելով կը սպաննեն անխիղճօրէն տեղն ու տեղը…:

Նոյն գիշեր Սարգիս Սիմոնեան եւ Գէորգ Նիկողոսեան արիւնլուայ(15) վիճակի մէջ Խօշմաթէն փախչելով կը հասնին Մաման, պատմելով թէ դիակներուն մէջէն մարմիննին քարշ տալով հասած էին քիւրտ գիւղը: Քանի մը օր վերջ, յիսնեակ մը զինուորներ Մաման գալով, կը հաւաքեն տղամարդիկը եւ ձեռնկապ վիճակի մէջ կը տանին Բալու: Վերջէն յայտնի կ՛ըլլայ անոնց սպաննումն ու Արածանիին մէջ նետուիլը…:

Մկրտիչ փոքր ըլլալով, կը մնայ իր մօր քով: Երկու շաբաթ յետոյ, մայր ու որդի կ՛իջնեն Խօշմաթ, ուր կը հանդիպին իրենց Տօնապետին ու Նիկողոսին, որոնք Սբ. Մանկիկի քարերուն մէջ պահուըտելով ազատած էին: Մկրտիչ կ՛աւելցնէ. «Ցերեկին կը վազեմ դպրոցը գտնելու յոյսով. երբ դուռը կը բանամ, սոսկումով ետ կը քաշուիմ… ամբողջ շէնքը նեխած դիակներու կոյտի մը վերածուած էր»:

Մկրտիչին մայրը կը յայտնէ, թէ ըստ իր հօր պատուէրին, թռչուններուն բոյնին մէջ դրամ պահուած է եղեր»: Մկրտիչ անմիջապէս մօրը ուսերուն վրայ բարձրանալով կը գտնէ 47 դեղին օսմ. ոսկի, որը իր ազատութեան պատճառ կ՛ըլլայ: Մկրտիչ երկար ատեն քիւրտի մը քով կը ծառայէ, իր մայրն ու ազգականները աքսոր քշուելէ վերջ:

Օր մ՛ալ, զինադադարէն յետոյ, փախչելով մինչեւ Խարբերդ կ՛երթայ՝ որբանոցը մտնելու յոյսով, սակայն դժբախտաբար կը մերժուի: Մկրտիչ ստիպեալ թուրք աղայի մը քով ծառայութեան կը մտնէ եւ օր մըն ալ դրացի տղու մը կողմէ կը դաշունահարուի, անկենդան փռուած վիճակի մէջ:

Բարեբախտաբար հայ վարժուհի մը այդ ճամբայէն անցնելով եւ հայ տղեկին մահամերձ վիճակը տեսնելով, կը տանի զայն որբանոց, ուր կը մնայ ժամանակ մը, գտնելով նաեւ իր խօշմաթցի խաղընկերները…

Որբերուն Հալէպ փոխադրուելէն յետոյ, Մկրտիչ բարեբախտութիւնը կ՛ունենայ գտնելու իր մայրը, քոյրերն ու եղբայրները, ինչպէս նաեւ իր մօրաքոյրն իր զաւակներով:

(Նախապէս ոստիկանը խաբած է եղեր զինք ըսելով, թէ իրեննները բոլորն ալ ջարդուած են):

Հետաքրքրական Դիպուած մը

Մկրտիչ կ՛աւելցնէ, թէ «Օր մը ,երբ Հալէպի փողոցներուն մէջ ընկերներով ուղտերը դիտելու ելած էինք, ուշադրութիւնս գրաւեց երիտասարդ ուղտապան մը, որուն դիմագիծին երկու կողմերէն թեթեւ փուշիներ կախուած էին, սակայն իր սեւ աչքերը եւ ծնօտը ծանօթի մը հանգամանքը կը կրէր:

Աւելի մօտենալով կը քննեմ անոր դիմագիծը եւ յիշողութեանս կ՛ուզեմ բերել՝ թէ ո՞ւր տեսած եմ այդ երիտասարդը: Պահ մը մտաբերելէ յետոյ, յանկարծ վիզը կը փաթթուիմ ու կը պոռամ. Կարապե՛տ, դո՞ւն ես: Այո՛, դուն ես. ես ալ մօրաքոյր որդիդ Մկրտիչն եմ: Կարպապե՛տ, ա¯խ Կարապետ…:

Ուղտապանը զայրացած, զիս մէկ կողմ հրելով, կ՛ըսէ արաբերէնով, թէ «Ինքը մուսլիման է եւ թէ չուզեր որ որեւէ կեավուռ իրեն դպչի»: Սակայն Մկրտիչ հաստատօրէն անոր թեւէն բռնելով կը բերէ մօտակայ պանդոկը (խանը), սենեակ մը տանելով դուռը կը կղպէ ներսէն եւ կ՛աղաչէ ու կը պաղատի Կարապետին, որ իրեն ընկերանայ տանելու իր մօր քով, որ հազիւ քանի մը փողոց հեռու է:

Կարապետ բացարձակապէս կը մերժէ երթալու:

Մկրտիչ ճարահատ դաշոյնը հանելով կ՛երդնու զինք սպաննել, եթէ քիւրտ կամ արաբ է, իսկ եթէ հայ է, պէտք է առանց այլեւայլի ընկերանայ իրեն: Ասոր վրայ Կարապետ կը հաւանի երթալ հայ տղոց հետ, որոնք դուրսի կողմը կը սպասէին:

Երբ տուն կը հասնին, մայր ու տղայ իրարու հետ կը գրկընդխառնուին, շնորհիւ աչալուրջ Մկրտիչ Թարայեանի: Մկրտիչ Հալէպէն կու գայ Մարսէյլ, Ամերիկա գալու նպատակաւ, սական աննպաստ պայմաններու բերումով, կը ստիպուի մնալ Մարսիլիա մինչեւ այսօր: Հոն ամուսնանալով կը կազմէ տիպար խօշմաթցի ընտանիք մը: