Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) Ականատեսութիւնը


Երբ թուրք զինուորներն ու քիւրտերը պաշարած կ՛ըլլան Խօշմաթը, Միրայմատցի (քրտաբնակ) Հաճի Ապտինի ճերմակ ձիով մը կտրելով պաշարման շղթան, Խօշմաթ կու գայ եւ բաւական իրեն ծանօթ ընտանիքներ (Մէջը ըլլալով Տէրատուրեանները) հաւաքելով, ապահով կերպով Միրայմատ կը տանի եւ քիւրտ ընտանիքներու մէջ կը բաշխէ ապահովութեան համար: Քանի մը օր վերջ, Ռուշտի Պէյի արիւնարբու ծառաները խումբ մը ոստիկաններով կու գան եւ պահուած հայերը կը սկին հաւաքել:

Սարգիս Մելիտոսեանն ալ երբ իր թաքստոցէն կը հանուի, յանկարծ Պէյին ծառաներուն կողմէ կը նշմարուի եւ կը ճանչցուի: Մին Սարգիսի ձեռքերը իրեն կապելէ յետոյ՝ յոխորտաբար կ՛ըսէ. «Դո՞ւն էիր որ Պէյին կնոջն ու կրօնքին հայհոյեցիր երկու տարի առաջ»: Սարգիս պաղարիւնութեամբ եւ յանդուգն կերպով կը պատասխանէ. «Ոչ  միայն այն ատեն, նոյնիսկ այս կապուած վիճակիս մէջ կը կրկնեմ ըսածներս: Եթէ վեհանձն քաջ մըն ես, քակէ՛ կապանքներս եւ չափուինք, իսկ եթէ երկչոտ անիծեալ թուրք մըն ես, գործադրէ՛ վատութիւնդ եւ մեռցուր զիս:

Դո՛ւք վատերդ, ձեր քաջութիւնը միայն անզէն ժողովուրդին վրայ ցոյց կու տաք:
Եթէ իսկապէս քաջ ու պատուախնդիր ես, նորէն կը կրկնեմ, վա՛ր դիր զէնքերդ, քակէ՛ ձեռքիս կապանքները, տղամարդու պէս դէմս ելիր ու ապա յոխորտայ…
Իսկ եթէ երկչոտ եւ արժանապատուութենէ ալ զուրկ ես, սպանն՛է զիս եւ ապացոյց տուր իմ բոլոր ըսածներուս»: Հասան այս անակնկալ անրագանքին ի տես՝ Սարգիսի ճակտին պարպելով իր զէնքը, տեղն ու տեղը կը սպաննէ բոլոր փախստական հայերու եւ Միրայմատցի քիւրտերու ներկայութեան առանց դոյզն ամօթխածութեան…:

Օր մ՛ալ Մաման քիւրտ գիւղն ապաստանող խօշմաթցիներ ձեռնակապերով կը բերեն Միրայմար գիւղը, որոնց մէջ կը գտնուին Պր. Պաղտասարին ծանօթներէն, իր ուսուցիչներէն Պր. Յակոբ Սիմոնեան, Պր. Տիգրան Պէտիկեան, ինչպէս նաեւ վերջնոյն հայրը Ղազարոս Պէտիկեան եւ Սարգիս Շարիկեան  [էջ 71]  (Խօշմաթի նախըրճին): Այս խումբին կը խառնեն կարգ մը խօշմաթցիներ եւս տուներու խուզարկութեամբ, որոնց մէջ կ՛ըլլայ նաեւ Արժ. Քհն. Խոճոյեան, որուն գրպանները պրպտելով երեւան կը հանեն փոքրիկ զմելի մը, որով անխղճօրէն կը կտրեն Տէր հօր ականջները…:

Այս խումբն ալ ձեռնկապ դէպի գողգոթայ տանելով, մօտակայ ձորի մը մէջ բոլորն ալ կը սպաննեն: Յետոյ կիներն ու մանուկներն ալ տանելով Բալու, գետամոյն կ՛ընեն…: Այս սրտաճմլիկ պատահարը կը նկարագրէ խօշմաթցի ականատես աղջիկ մը (Յունիս 13-1917 Պահակի մէջ) Պր. Երուանդ Թարայեանի գրչով. կրկին խօշմաթցի:

«Թէ ինչպէ՛ս Բալուի հայ գիւղերու ժողովուրդն հաւաքելով Մուրատ գետին եզերքը, ամէն գիշեր, տասն եւ հինգ օր շարունակ, ջարդելով սպանդանոցին մէջ, գետը կը նետեն եղեր անոնց հատակտոր մարմինները…:  Խեղճ աղջիկը գիշերուան մութէն օգտուելով կը փախչի Տէրսիմ, ուր ազատութիւնը կը գտնէ շնորհիւ ասպնջական քիւրտերուն…»:

Պաղտասար ամիսներ յետոյ Խօշմաթ երթալով, կը տեսնէ որ ամէն ինչ քաոսային դրութեան ենթարկուած է: Վառուած, կիսակործան շէնքերու քանդումներն ու աւերումները, համայնական փլուզումի պատկերը կը ներկայացնեն: Այս սրտաճմլիկ աւերակներուն վրայ չորս տարի կարգ մը ընկերներու հետ ապրելէ յետոյ, 1923ին Վարդան Շահրիկեանի, անոր եղբայր Կարապետին ու քրոջ Եթարին հետ Խարբերդ կու գան:

Օր մ՛ալ ծանօթ խօշմաթցիներու կարաւանով այս խումբը կը մեկնի Հալէպ, անկից ալ Մարսէյլ, ուր կը տեղաւորուին, կ՛ամուսնանան եւ տակաւին կը մնան հոն: Շատ իրաւամբ Պր. Պաղտասար կը գրէ մեզի, մէջբերումներ ընելով Քամառ Քաթիպայէն  [ճիշդը Աւետիս Ահարոնեան է, խմբ.]:

«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:

*   *   *

Թէեւ տակաւին շատ ականատեսներու նկարագրութիւններ ձեռքի տակ ունինք, սակայն կը գոհանանք միայն մէկ քանիներու պատմածով, տեղի անձկութեան եւ համանման նկարագրութեանց պատճառաւ: Քաջ գիտենք թէ հրաշքով վերապրողները վայրագ բռնակալներու անմեղ զոհերն են եղած…: