Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Դրուագ մը Կամաւորական Կեանքէ


1917ի Համաշխարհային Պատերազմի վերջաւորութեանց օրերուն, երբ հայ լէգէոնականներ Պէյրութ կը մնան բաւական ատեն, շատ վտանգաւոր դէպք մը կը պատահի, որուն արձանագրութիւնն անհրաժեշտ կը նկատենք, քանի որ դերակատարներէն մէկ քանին խօշմաթցներ կ՛ըլլան:

Կամաւոր Յովսէփ Ուլուսեան հարազատ կերպով ներկայացնելով դէպքը կ՛ըսէ, որ Օր մը հիւսէնիկցի Կարապետ Քըզիկեան, խօշմաթցիներէն ինք, Սիմոն Սարգիսեան եւ Կարապետ Ղազարեան շուկայ կ՛երթան գնումներ ընելու համար: Երբ իրենց խումբը նպարեղէնի թուրք վաճառականէն գնումներ ընելէ յետոյ ֆրանսական դրամ կ՛երկարեն, թուրք վաճառականը կը մերժէ եւ իր ապրանքին փոխարէն թրքական դրամ կը պահանջէ, նոյն ատեն աղմկալից վիճակի մէջ դուրս վազելով՝ թուրք սպայ մը կը կանչէ իր գանգատը յայտնելով: Մինչ այդ հինգ թուրք ոստիկաններ եւս վրայ հասնելով եղելութիւնը կ՛իմանան: Տղաքը կը յարեն, թէ իրենք Ամերիկայէն գալած ըլլալով եւ ֆրանսական դրօշին ծառայած ըլլալնուն համար անկարելի է թրքական դրամի տիրանալը, այլ միայն  ֆրանսական ֆրանքներ կը տրուի իրենց:

Սպան յոխորտանքով կը հրամայէ՝ որ կա՛մ թրքական դրամ վճարեն եւ կա՛մ գնած ապրանքները շուտով վերադարձնեն ու մեկնին…: Կարապետ Գըզիկեան անակնկալ եւ սարսռեցուցիչ ապտակ մը իջեցնելով՝ սպան վայրկենաբար գետին կը փռէ:

Յովսէփն ու միւս ընկերներն ալ հանդիսատես ոստիկաններուն վրայ յարձկելով՝ երեքը գետին կը տապալեն, իսկ մնացեալ երկուքը կը փախչին: Այդ իրարանցումին վրայ պահակները վրայ հասնելով կը ձերբակալեն հայ տղաքը, իսկ յոխորտացող թուրք սպան կէս ժամ վերջ կը մեռնի: Սպային դիակը հրապարակ փոխադրելով, արաբ հրամանատար մը ձիարշաւ վրէժխնդրութեան կը հրաւիրէ իսլամները, պարպելով առաջին ատրճանակը, որուն վրայ հաւաքուած թուրք խուժանն ու ոստիկանները կը յարձակին լէգէոնականներուն վրայ, ուր ծայր կը տրուի ահեկ կռւոյն:

Հրապարակի վրայ գտնուող բոլոր լէգէոնականներն ալ անմիջապէս օգնութեան կը փութան, մէկ քանիներն ալ բանակատեղին վազելով հրամանատարէն զէնք եւ զինուոր կը խնդրեն, սակայն հրամանատարը ոչ միայն կ՛արգիլէ տղոց վերադարձն ու օգնութիւնը, այլ փող հնչեցնելով դուրս եղող բոլոր լէգէոնականները ներս կը կանչէ…:

Այս ընդհանրումին մէջ հայ կամաւոր մը կը մեռնի, քանի մը հատ կը վիրաւորուին, խօշմաթցի Յովսէփ Ուլուսեանն ալ երկու ամիս հիւանդանոց կը մնայ: Աւա¯ղ որ խեղճ տղուն ձեռքը հաշմանդամ կը մնայ մինչեւ այսօր…: Իսկ թուրքերէն 75 եօթանասունհինգ անձի չափ կը մահանան, հարիւր հատի չափ ալ կը վիրաւորուին:

Յովսէփ Ուլուսեան, որ ներկայիս Փրավիտէնս կը մնայ, Կ. Ղազարեանի եւ Ս. Սարգիսեանի հետ կը գր,է որ 15 օր Արարայի ճակատը մնալով, խորտակեցինք թշնամոյն անառիկ դիրքերը, գերի բռնելով 45 հազար թուրք զինուորներ, Կիլիկիա գացինք, դժբախտաբար հոն մեր իղձերը չիրականացան…: