Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ


Խօշմաթի դարաւոր եւ փառապանծ պատմութեան մէջ կարճատեւ, գրեթէ աննշան եղաւ իմ դերը, չեմ ուզեր սակայն մերժել ինձ տրուած հրաւէրը՝ գտնելով զայն թելադրուած անձիս հանդէպ բարեացակամութենէ եւ փոքր վաստակս իսկ չանտեսելու եւ անթերի գործ մ՛ ի լոյս ընծայելու տենչէն:

1906-1907 դպրոցական տարուան սկիզբն էր: Երկու անծանօթ անձեր, հաւաւցի բարեկամի մ՛ընկերակցութեամբ, ինձ այցելեցին: Խօշմաթցի էին, Բալուայ Ուսումնական Խորհրդոյ յանձնարարոութեամբ, տնօրէն-ուսուցչի պաշտօնին հրաւիրելու զիս: Եւ որովհետեւ Խօշմաթ իր բնակչութեան թուով՝ գաւառին երկրորդ հայաբնակ գիւղն էր, ըսին թէ պիտի ունենայի երկու օգնականներ: Համաձայնեցանք եւ յաջորդ շաբթուն իսկ ձեռնարկեցի գործի. պաշտօնակիցներս էին Պ. Պ. Յարութիւն Վարդեան եւ Բեթլեհէմ Շաղուկեան: Երեքս ալ պատանի:

Ինձ թողուած էր կատարել աշխատութեանց բաժանումը, զոր ըրի երկու պաշտօնակիցներուս եւ խնամակալութեան դիւանին հետ խորհրդակցաբար: Ծննդավայրիս, Հաւաւի վարժարանը տարիներէ ի վեր որդեգրած էր Խարբերդ-Մեզրէի Կեդրոնականին ուսմանց ծրագիրը: Ուրեմն, ըստ այսմ ընտրուեցան դասագրքեր. տեղի ունեցաւ կարգերու բաժանումը եւ գծուեցաւ դասաւանդութեանց ժամանակացոյցը: Ուշիմ էին աշակերտներն ընդհանրապէս, իսկ երկու գործակիցներս, որոնց հետ միշտ եղբայրական մնացին յարաբերութիւններս, խղճամիտ, ճշդապահ եւ անձիս հանդէպ յարգալիր: Դժբախտաբար ձմրան կիսուն կողատապի հիւանդութիւն մը գամեց զիս անկողնին եւ հարկադրեց ձեռնթափութեան:

Խօշմաթ մօտ հարիւր տունէ բաղկացեալ գիւղ մ՛էր, բլուրի մը արեւելան կողերուն վրայ տարածուած, առողջարար օդով եւ զուլալ, պաղ ջրով: Ունէր քարաշէն սիրուն եկեղեցի մը,որուն գմբէթը կը շողար արեւին ճաճանչներուն տակ: Իսկ դպրոցը երկյարկանի շէնք մը՝ դասարանական բաժանումներով, եկեղեցւոյ դիմաց, գիւղին հարաւային արեւելեան  ծայրը: Տեղացիք կը զբաղէին երկրագործութեամբ, շատերն՝ իրենց սեփական հողերուն վրայ, փոքր մասը՝ դիւածին Ռուշտի պէկին մարաբայ:

Գիւղին մաքուր հայկականութիւնը կը խանգարէին երեք թուրք ընտանիք: Մին Ռուշտիին ծառան ու փոխանորդն էր՝ գիւղին մէջ բոյն դրած տարիներէ ի վեր: Միւս երկուքը վաշխառուներ, որոնք կ՛ապրէին իրենց դրամական փոխատուութեանց ամեհի տոկոսներով, որովհետեւ աղքատ էին գիւղացիք առ հասարակ եւ փոխառութեամբ միայն կրնային վճարել կառավարական, կողոպուտի համազօր տուրքերը: Այս վերապահութեամբ, կրնար ըսուիլ թէ երեք մահմետական տուներու ներկայութիւնը տանելի էր՝ շնորհիւ խօշմաթցիին ընդածին ազատասիրութեան եւ քաջութեան, որոնց ծանօթ էին այս ինքնակոչ հիւրերը եւ մերձակայ մահմետական գիւղերն ընդհանրապէս:

Ինձ հանդէպ բարեացակամ եւ ազնիւ էին բոլորն ալ, բայց մասնաւոր յիշատակում մը կը պարտիմ խնամակալութեան ատենադպրին, Յակոբ Ուլուսեանի: Բաւական զարգացած անձնաւորութիւն մը, ծանօթ Հայոց պատմութեան եւ մասամբ մեր գրաբար մատենագրութեան, որուն կարեւոր երկերն ունէր եւ կը պահէր տարօրինակ սիրով: Յաճախ միասին կը կարդայինք Հայկ Դիւցազնէն գլուխներ եւ միասին կը տանջուէինք անոր քերականութեան ու բառագանձի մութ բաւիղներուն մէջ: Նա ալ, շատերու նման, զոհ գնաց սպանդին:

Իսկ քաջարին Խօշմաթ ո՛չ եւս է իբր հայ գիւղ, եւ այսօր բուեր կը վայեն անոր դպրոցին եւ գեղակերտ եկեղեցւոյ աւերակներուն վրայ…

Դիտրոյիտ, 7 Դեկտ. 1949                                             
ՏԻՐԱՆ ՓԱՇԱԼԵԱՆ