Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները 63

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

ՄԱՍ 3

Գլուխ Զ - Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները


Դպրոցասիրացն իր ծագումէն մինչեւ 1915ի տխուր օրերուն, զօրավիգ հանդիսացած է գիւղին դպրոցին մասնաւոր տարեթոշակ մը յատկացնելով, ինչպէս յիշուած է Միութեան հիմնարկութեան նկարագրութեանց մէջ:

Գաղափար մը տալու համար յիշենք հետեւեալ յատկացումները.

1917ին - 4300 տոլար նուիրած են մէկ միլիոն տոլարի հանգանակութեան:
1918ին - 200 տոլար նուիրած են ինքնապաշտպանութեան:
1918ին - 200 տոլար նուիրած են որբերու հանգանակութեան:
1933ին - 40 տոլար նուիրած են Դուրեան Սրբազանի դատին:
                 250 տոլար նուիրած են Սուրիաբնակ խօշմաթցիներուն:
1936ին - 2500 տոլար նուիրած են Նուպարաշէնի մէջ 4 տուներու համար:
1938ին - 1500 տոլար նուիրած են ներգաղթի մէկ միլիոն տոլար հանգանակութեան:
                 600 տոլար նուիրած են տեղային դպրոցներու:
                 100 տոլար նուիրած են Զօր. Անդրանիկի հանգանակութեան
                 եւ այլն:

Խօշմաթի Դպրոցասիրաց Միութիւնը լաւագոյն միջոցներ ձեռք առած է յաւերժացնելու «նոր Խօշմաթի մը» գոյութիւնը Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Հայ Բարեգործական Ընկերութեան միջոցաւ շինել տուած է երկյարկանի չորս տուներ Նուպարաշէնի մէջ, Նոր Բալու - Խօշմաթ թաղամասին մէջ: Այս առթիւ հրատարակուած թղթակցութեանց մասին գաղափար մը տալու համար, ստորեւ կը դնենք կարգ մը նամակներ ՀԲԸՄիութեան կողմէ ուղղուած Խօշմաթի Դպրոցասիրաց Միութեան:

Առաջին նամակ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Մարտ 23, 1937

Վարչութիւն՝ Բալու Խօշմաթ Գիւղի Դպրոցասէր Միութեան, Փրավիտէնս

Յարգելի Տեարք,
Ընդունեցինք ձեր Մարտ 17 թուակիր նամակը:
Մեզի տրուած տեղեկութեան համեմատ Հայաստան ներգաղթի յաջորդ կարաւանը պիտի մեկնի 1938ին, ոչ թէ այս տարի: Իսկ Ֆրանսայէն հայրենակցական խումբերու փոխադրութեան համար մասնաւոր արտօնութիւն ձեռք բերել անհաւանական կը թուի: Այդ մասին որեւէ փորձ պէտք է կատարուի Փարիզի մէջ: Ուստի հաճեցէք գրել ձեր Ֆրանսայի հայրինակիցներուն որպէսզի դիմեն Փարիզ, Հայ Գաղթականաց Յանձախումբին եւ կամ Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնին: Մենք ալ ձեր փափաքը հաղորդեցինք Փարիզ:

Ի դիմաց Կեդրոնական Յանձաժողովին
Վ. Մ. Քիւրքճեան

Երկրորդ նամակ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Սեպտեմբեր 29, 1936

Բալու Խօշմաթ Գիւղի Դպրոցասիրաց Միութիւն, Փրավիտէնս, Ր. Ա.

Յարգելի Տեարք,
Միութեանս Հայաստանի ներկայացուցիչ Քաղ. Հայկազուն Գարակէօզեանէն երէկ հասած հեռագիր մը կը ծանուցանէ, Նուպարաշէնի ամբողջացած կառուցումներու կարգին Նոր Խօշմաթը, 4 բնակարանով, որոնց իւրաքանչիւրն ունի իր յարակից մասերը,- խոհանոց, պատշգամ, նկուղ եւ բանջարանոց:
Անշուշտ այս լուրը ուրախութիւն պիտի պատճառէ ձեզի ալ, եւ ձեր ընկերները պիտի քաջալերէ նորանոր զոհողութիւններու ձեր հայրենաշինական նպատակին համար:
Հեռագիրը կը հաղորդէ որ աշխատանքները կը շարունակուին մեծ թափով եւ Նուպարաշէնի բոլոր հանրային հաստատութիւնները պատրաստ պիտի ըլլան տարւոյս վերջը:
Ձեզի յաջողութիւն կը մաղթենք եւ կը մնանք
Յարգանքներով,
Վ. Մ. Քիւրքճեան

Երրորդ նամակ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


Ապրիլ 16, 1935

Պատուարժան Վարչութիւն՝ Բալու Խօշմաթ Գիւղի Դպրոցասիրաց Միութեան, Փրավիտէնս, Ր. Ա.

Յարգելի Տեարք,
Ձեր Ապրիլ 11 թուակիր նամակը հաճոյքով ստացանք:
Նուպարաշէնի մէջ կառուցոուելիք ամէն մէկ բնակարնի համար Հ.Բ.Ը.Միութիւնը կը պահանջէ 1250  տոլար, եւ այդ գումարը կը կրկնապատկէ երբ Հայրենակցական Միութիւն մը առնուազն հինգ բնակարան կը կառուցանէ:
Հայաստանի կառավարութիւնը Նուպարաշէնի մէջ հիմա կը շինէ չորս կամ ութը բնակարանով տուներ: Եթէ ուզէք որ ձեր Միութեան անունով չորս բնակարանով տուն մը կառուցուի, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը ձեզմէ կ՛ակնկալէ 2500 տոլար միայն, թէեւ ամբողջ տունը կառուցանելու համար 5000 տոլարը բաւական չէ: Համեմատութիւնը նոյնն է եթէ երկու տուն շինել տալ կ՛ուզէք: Դուք կը վճարէք 5000 տոլար միայն, մնացածը կը հոգացուի Հ.Բ.Ը.Միութեան կողմէ:
Ձեզի յաջողութիւն կը մաղթենք, եւ կը մնանք
Յարգանօք,
Ամերիկայի Շրջ. Յանձնաժողովին
Վ. Մ. Քիւրքճեան
Ատենադպիր
 

Չորրորդ նամակ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


Մայիս 8, 1935

Պատուարժան Վարչութիւն Բալուի Խօշմաթ Գիւղի Դպրոցասիրաց Միութեան, Փրավիտէնս, Ր. Ա.

Յարգելի Տեարք,
Ամսոյս 5, Շաբաթ օրը հաճոյքն ունեցանք ընդունելու այցելութիւնը ձեր ներկայացուցիչներուն Տեարց Կարապետ Գլանեանի եւ Աւագ Սիմոնեանի:
Նախապէս ձեզի հաղորդուած տեղեկութիւններու մասին բերանացի լուսաբանութիւններ ալ տալով պարզեցինք մեր դիրքը Հայաստանի կառավարութեան հանդէպ Նուպարաշէնի մէջ կառուցուած եւ կառուցուելիք թաղամասերուն նկատմամբ: Ուրախ ենք որ ձեր ներկայացուցիչները գոհ եղան տրուած բացատրութիւններէն:
Այս թղթատարով իսկ մեր Փարիզի Կեդրոնական Վարչական Ժողովին հաղորդեցինք ձեր փափաքը, որ է Նոր Բալու թաղամասին մօտ ունենալ Բալու Խօշմաթ գիւղի Դպրոցասիրաց Միութեան անունով կառուցուած բնակարաններ, որոնց երկուքին փոխարէն արդէն վճարեցիք 2500 տոլար: Կը յուսանք որ պատասխանը կ՛ըլլայ գոհացուցիչ եւ գործին կը ձեռնարկուի անյապաղ:
Ներփակ կը գտնէք մեր պաշտօնական ընկալագիրը:
Ձեր հայրենասիրական ջանքերուն յաջողութիւն կը մաղթենք եւ կը մնանք
 Յարգանքներով,
Ի դիմաց Հ. Բ.Ը.Միութեան
Ամերիկայի Շրջ. Յանձնաժողովին
Վ. Մ. Քիւրքճեան