Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Խօշմաթի ձէթի հանքերը


Բուսական իւղեր արտադրող եւ հացահատիկներ եւ արմտիքներ ծեծող, ճնշող գործարանները կը կոչուին ձէթհանք, որոնք վաղնջական ժամանակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցած են Բալահովիտի մէջ, պահելով իրենց նախնական հարազատութիւնն ու հմայքը: Ձէթհանքը մի յարկանի մեծկակ շէնք մ՛է, որուն կեդրոնը կը գտնուի քանի մը մեթր բարձրութեամբ հղկուն մակերեսով գոգաձեւ մեծկակ քար մը, որուն կեդրոնը կը գտնուի խոշոր բացուածք մը ընդունելու համար դիմացկուն փայտէ գերանի մը երկաթապատ ծայրը, իսկ գերանին միւս ծայրն ալ հաստատուած ըլլալով առաստաղին նոյնպէս երկաթապատ: Ուրիշ հսկայ բոլորակաձեւ քար մ՛ալ կը հանգչի կալին վրայ: Կալասիւնին կեդրոնէն լուծ մը կ՛երկարի դէպի կալեզրը, որուն ծայրը կը գտնուի լծակ մը, զոր կը դարձնէ գոմէշ մը: Քանի գոմէշը շրջան կ՛ընէ կալին եզերքին համընթաց, երկնաքարն ալ կը սկսի դառնալ իր առանցքին վրայ՝ ճզմելով աղնձուած ու կալին վրայ փռուած ընդեղէնները:

Շուշման (Սուսամ) ու կտաւատը շատ աւելի երկարօրէն կը ծեծուին ու կը ճզմուին իրենց իւղն ամբողջութեամբ դուրս տալու համար, որը կը վազէ կալին կեդրոնը եւ անկէ ալ փոքրիկ խողովակի մը միջոցաւ դէպի վիմափոր փոքր աւազանին մէջ (սալայատակ): Խուսամէն արտադրուածը շիրիկ կը կոչուի. այս իւղը կերակուրներ եփելու կը գործածուի, մանաւանդ պահուց կերակուրներու, իսկ կտաւատէն ելած իւղը կը կոչուի «ձէթ», որը միայն ճրագի եւ պատրոյգի միջոցաւ լուսավառութեան համար կը գործածուի…

Խօշմաթցին, ինչպէս նաեւ Բալահովիտի միւս գիւղերն ալ ունեցած չեն արդիական բնակարաններ, այլ փոխան ապակեայ պատուհաններու, լուսափեղկերը ճերմակ թուղթերով շինուած են, որոնք ձէթով կը ծեփուին: Լուծուելով թուղթին վրայի խաւերը, սենեակները աւելի լուսաւոր կ՛ըլլան:

Ձէթի հանքերու կառուցումը դժուար եւ մեծածախս ըլլալուն պատճառաւ, Բալահովիտի միայն մէկ քանի գիւղերուն մէջ թերեւս կարելի ըլլար տեսնել այս գործարանը: Խոշմաթը սակայն ունեցած է մեծ թուով ձէթի հանքեր:

Սիմոնեաններ
Շաղուկեաններ (Գալոյեան)
Քըղլեաններ (Յարութիւնեանններ)
Գլանեաններ - զոյգ
Թագոյեաններ
Խաբլոյեաններ (Արղընցոք)
Շիրոյեաններ
Թաթիկեաններ
Սարոյեաններ
Տեփոյենց (Ստեփանեաններու)

Ունեցած են իրենց առանձին ձէթի հանքերը: Ասոնցմէ ոմանք երկար ժամանակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցած ըլլալով փլած են, սակայն փլատակներուն մէջ եղող երկնաքարերու գոյութիւնը վկայ է անոնց անցեալի փառքին: