Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Երկնաքար


Այս երկանքը արտնին քարէ գործիք մ՛է. երկու քարեր, կլորակ եւ համաչափ, մէկը աւելի ծանր կ՛ըլլայ. առհասարակ ճերմակ սաւաններու վրայ գետինը կամ տանիքին վրայ կը հաստատուի, իսկ իր քար-ընկերն ալ՝ վրան, որուն մէկ ծայրը հաստատակամ փայտէ կոթ մը կ՛ըլլայ գործածուելու իբր բռնակ: Այս վրայի քարը կեդրոնը կ՛ունենայ չորս մատնաչափ բոլորակ ծակ մը տակի քարին հասած, որ իբրեւ ընդունարան կը ծառայէ աղցուելիք հացահատիկին:

Այս երկ-քարերու իսկական պաշտօնն է՝ պըլղուր աղալ, այսինքն ցորենի հատիկները, որ նախապէս խաշուած ու չորցուած են. զանոնք այս երկ-քարերու բոլորակ եւ արագաշարժ դարձուածքներուն մէջէն անցնելով կը փշրուին փիլաւ, խոյս(6) (լափա), քիւՖթէ եւ այլն պատրաստելու համար, որոնք հայուն լաւագոյն կերակուրները կը նկատուին:

Պըլղուր աղալը խօշմաթցիներու համար մեծ հրճուանք եւ նշանակալից է: Այս գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ առ հասարակ տերեւաթափ աշնան, որ ատեն ամառուան ցորինահատիկին համար կալերը կամնուած, ցորենը չափուած ու հողէ մեծ ամբարներն ու փեթակները լեցուած են եւ կարեւոր մաս մ՛ալ մէկ կողմ դրուած կ՛ըլլան պըլղուր խաշելու համար: Երբ այս աշնան գաղջ եղանակին դաշտային առօրեայ գործերն ալ թոյլ կ՛ըլլան, գիւղացիք ձմրան պատրաստութեան համար մեծաքանակ պըլղուրի գործողութեան կը սկսին: Ցերեկուան դարձարձիկ արեւը երբ խաշուած ու փռուած սաւաններու վրայ եղող ցորենի հատիկները կը չորցնէ, իրիկունները դրացիները քով քովի գալով, կարգով կը շարեն երկնաքարերը եւ փոխն ի փոխ տղամարդիկ ու կիներ եւ աղջիկներ կը սկսին արագօրէն դարձնել երկ-քարերու վրայի մասը, մէկ կողմէն ալ պըլղուրի հատիկները ափով (ձեռք) լեցնել երկանքի կեդրոնն եղող բացուած ծակին մէջ, որ հետզհետէ երկ-քարերուն մէջտեղ երթալով փշրուի:

Պըլղուրի տեսակները երեւան բերելու համար կրկին ու կրկին կ՛աղան, խոշոր, միջակ, մանր եւ մանրածին պըլղուր ձեռք ձգելու համար: Շատ անգամ տանիքին վրայ կ՛աղան լուսաշող լուսնի լոյսին տակ ու ժամերով կը նստին եւ թեւ կը քաշեն, այսինքն երկանքի փայտէն բռնած երկու կամ երեք անձիք անդադար կը դարձնեն բոլորակաձեւ: Ոմանք կունք մը առնելէ, հանգստանալէ յետոյ, կրկին կը նստին ծալլապատիկ երկունքին շուրջ եւ փոխն ի փոխ կը դարձնեն: Առ հասարակ այս առթիւ կը հրաւիրուին կարգ մը հարսնցու աղջիկներ, աւելի մօտէն ճանչնալու անոնց բնաւորութիւնն ու հունարը, իրենց հարս բերելու մտադրութեամբ: Եւ աղջիկներն ալ հասկնալով անոնց միտքը, ուրախութեամբ կ՛ընկերանան իրենց քրոջ կամ տալոջ (ամուսնոյն քոյրը) հետ օգնելու իրենց ծանօթ ընտանեաց պըլղուր աղալուն: Աղջկան հաւնողները տղուն մայրն ու մեծ հարսներն ու կիները կ՛ըլլան, ոչ տղան եւ ոչ ալ իր հայրը բաժին կ՛ունենան:

Պէտք է աւելցնել թէ քանի որ դեռ օրիորդ մը նշանուած կամ հարս եղած չէ, ազատ է խօսելու, խնդալու եւ մարդոց հետ երեւնալու ազատ համարձակ: Անոր համար աղջիկ մը, երբ դրացնոյն մանգաղ քաղելու, այգեկութիւն եւ կամ պըլղուր աղալու օգնութեան կ՛երթայ, առանց քաշուելու կամ քշբուելու (յանդիմանանք) կը խօսի նոյնիսկ չափահաս տղոց հետ եւ քով քովի գործի կը սկսին, երբեմն ալ զիրար տալով (կատակելով): Ի հարկէ իւրաքանչիւրն իր լաւագոյնը կ՛ընէ դէմինը հաւնեցնելու համար ու այս հանդիպումները շատ անգամ պատճառ կ՛ըլլան երկու սէրերու արծարծման: Երբ ժամեր սահած անցած են ու դրացիներ քանի մը կունք քուն առնելով կը հանգստանան տանիքը փռուած անկողիններու տակ, երկնաքարը տակաւին անընդհատ կը դառնայ ու պըլղուրի դէզերը վայրկեան առ վայրկեան կը բարձրանան: Կը նայիս՝ տան տիրուհին խոշոր պուտուկով (կաթսայ) թարմ պըլղուրէն փիլաւ կամ փոխինձ եփած տանիք բերած է, հետն ալ թան կամ պօրանիկ ապուր:

Կարճ ու գաճաճ կլորիկ խոնչան մէջտեղ դրուելով երկունքի խըռ-խըռ ձայնը կը դադրեցուի. բոլորն ալ կը հաւաքուին խոնչային շուրջ (սեղան): Կերակուրները մէկիկ մէկիկ խոշոր քարղաններու (հողէ աման) մէջ լեցուած կը դրուին խոնչային կեդրոնը եւ դգալտուքը կը սկսի արագ, արագ. եւ երբեմն ալ դիտումնաւոր կերպով փայտէ դգալներէն մին պակաս կը բերուի. այդ պահուն տղան եւ աղջիկը որ քով քովի նստած են, մէկ դգալով կ՛ուտեն փոխն ի փոխ. բոլորն ալ մէկ ամանէ. երբ քարղանին կերակուրը հատնիլ սկսի, տան տիկինը ձեռքի փայտէ շերեփով մէկ կողմէն կը լեցնէ եւ եթէ ապուր է մէկ կողմէն ալ հաց կը բրդէ (մանրէ) ապուրին մէջ: Լաւ մը կշտանալէ վերջ, տիրուհին անոնց կը բաժնէ ընկոյզ, չամիչ, պաստեղ եւ զանազան ընդեղէններ ու կը ղրկէ պառկիլ հանգստանալու յաջորդ իրիկուն նորէն հաւաքուելու համար: Կերակուրէն վերջ առ հասարակ կ՛ըլլան փոքր պատմութիւններ ու կատակաբանութիւններ:

Կը նայիս մին կ՛ըսէ. տիամ ձեղնէ վով դէմն ի լուսուն պիտի կըյնայ պըլղուր աղալ…
Պաս կու գամ (գրաւ կը դնեմ) որ Մըրօն (Մարիամը) չի կրնար (դրացնին աղջկան կ՛ակնարկէ): Անդիէն Մայրամին (Մարիամին) հարսը վրայ գալով (եղբօրը կինը) կ՛ըսէ. իրաւունք չունիս ըտցէ ցատկելու տալոջս վրայ, դու ի՞նչ կը խորհիս Մըրոյին վրայ. ընի ըկըր ուզը շաբաթ մը չի քնանար: Է¯, դո՞ւ ինչ գիտնաս հաւընցի (Հաւանէն հարս եկած), Սուլթօ (Սուլթան): Սուլթանը.- Հըպը ես չի գիտնամ, վով գիտնայ, մեղա Տէր, հերու երբ ես ծայր օտոք էի, ամէն առտու Մըրօն կ՛ելլէր շաւաղը չի ցաթած, ջայրը կը լարէր, օճախը կը վառէր, ճրագներուն ձէթերը կը լեցնէր, նոր պայրոք կ՛անցընէր, հաւերուն կուտ կու տար, դորդան ու չարտախը կ՛աւլէր. քընի (բոլորս) քուլիքս կը քնանայինք. երբ ես կ՛ուզէի էլնել, ինծի կ՛ըսէր. «Չը՛, Սըռօ (Սառա), դու ծոցուոր ես, պառկիր, քընի, դու ազատած չես (ծնիլ). ես կ՛ընիմ քու գործերդ»: Ուրիշ մը.- Ծու չըսես օր շիտակ հարսընցու է եղեր. ալ ի՞նչ է պակասը, մինակ պսակուիլնը մնացերը ընըլ օղջ մնողին ըս ձմեռ կ՛ընինք կը թըմինք (լրացնել): Ալ հիմակուընէ Տէր պապային լուր տալու ենք:

Սուլթանը կրկին կը յարէ. Է¯, մեր Մըրօն տահա պզտիկ ը, հըլը թող քիչ մը տահա տունը մնայ: Անդիէն տղուն մայրը. - Քա՛, ինչ կ՛ըսէք, խուրպան ըլլիմ ձեզի, Մըրօն թալընին տարին է էղեր իրեք ամսան էր, էս կը յիշիմ. Մըչոս ըլ (Մկրտիչս ալ) 10 տարու էր, քուլիքս էլանք քաղքին ճամբան (քաղաքին) բռնեցինք: Զար դրացիներով զիրար չե՞նք գիտեր, ես պիլա ընոր մեծ պապուն, պապուն տարիքը գիտիմ. բոլորը կը խնդան. է՛, Նազիկ հաչուկ, ըսը տիանք օղորմած հոգի Խըչաբա՞րը (մեր պապուն պապը աղջկան) քընի տարեկան էր օր դու ըլ հէչ տեսած չես, ամա ընոր տարիքը գիտես: Օղուլ, իրաւ ես, էս տեսած չեմ օղորմած հոգին հըմը, շատ հեղ էրիկ մարդիքը մեր տունը կու գան օճախին առջեւ կը տարուին. ձմեռը, մարդս ինծի կըսը օր բարկ օղի ու քարսայով քեասքու (զօրաւոր) գինի բերիմ հիւրերուն, ընոնք կը խմեն ու կը խօսին: Օր մը կը յիշեմ ծերուկ օյնաբարը (Յովհաննէս) խօսք եղաւ նը ըսաւ քի «Խըչաբարը սաքսան ինը տարեկան էր երբ մեռաւ, որովհետեւ մենծ ժաժուն(7) տարին էր եղեր, էտկէ միտքս պայած եմ:

Գիւղացիները որոշ կերպով ծննդեան տոմար չունենալուն համար (որպէսզի տղամարդոց տարիքը պակաս ըսուի թուրք կառավարութեան բորենի եւ սեւ երես հարկահաւաքներուն), առ հասարակ մեծ դէպքերու թիւերը միտք պահելով ծնունդները կը համեմատէին: Ասոր համար կ՛ըսէին. մեծ ժաժուն տարին - մեծ երկրաշարժի տարին - Չոռան տարին - կենդանիներու վարակման տարին - թալանին տարին - 1895ի ջարդին տարին - Գալոյենց գողերուն տարին - Շաղուկեաններու տունը գող մտած տարին - գիւղին նախիրը գղցուած տարին եւ այլն:

Այս անմեղ խօսակցութիւններն ու տեսութիւնները շատ անգամ կ՛ըլլան դաստիարակիչ, ներմղիչ եւ երկու ամոլներու երջանիկ տունի մը կազմութեան:
Եթէ տղուն մայրն ու մեծ կիները հաւնին աղջկան, կ՛ըսեն որ փոխարինէ անոր օգնութեան ժեստը: Տղան ալ իր տղամարդութիւնը, հուժկութիւնն ու անձնուիրութիւնը ցոյց տալու համար մէկ քանի շաբաթ վերջ քանի մը էշ առջեւը խառնած չօ՛ կ՛ըսէ մինչեւ հասնելու հեռաւոր անտառները, ուրկէ կտրելով կաղնիի ճիւղերը, խուրձեր կապած, աւանակներուն բառնելով կը տանի աղջկանց տունը ըսելով. ձեզի տեւ (կաղնիի ճիւղեր - վառելանիւթ) եմ բերեր: 

Ահա այս է խօշմաթցուն համեստ ու նախանձելի կենցաղը…