Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ 9

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

ՄԱՍ 2

Գլուխ Բ - Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ


Հայոց Միացեալ Ընկերութեան գործունէութեան շրջանը 1880էն մինչեւ 1915, 35 տարուան ժամանակաշրջան մը կը բոլորէ ընդհատելով 1895ի մեծ ջարդին ու վերսկսելով հանդերձ։ Կրթութեան այս լուսաշող արեւը թափանցեց Բալահովիտի միգապատ խաւարին դուրս բերելով պանծալի մշակոյթը իր շէնշող ստեղծագործութեամբ։

Բարեբախտաբար ձեռքի տակ ունինք «Միացեալ Ընկերութիւն հայոց»ի 1880-1913ի տեղեկագիրը, տպուած Կ. Պօլիս, որ կու տայ մեզի ո՛չ միայն Բալահովիտի, այլ բոլոր հայաբնակ գաւառներու կրթական վիճակագրութեանց հաշուեկշիռը, պիւտճէի, ուսուցչական կազմին ու աշակերտութեանց թւոյն եւ ամառնային վարժապետանոցներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ։

Տնօրէն Պր. Պետրոս Սրապեանի տեղեկագրութեանց համաձայն, Ամառնային վարդապետանոցը, երկու ամսուան շրջանին, կը գտնուէր Հաւաւ գիւղէն կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ, անտառախիտ բլրակի մը կողքին, Քաղցրահայեաց վանքին մէջ։ Վարչական կազմին տնօրէնն եղած է վաստակաւոր ուսուցիչ Պր. Պետրոս Սրապեան, բազմաշխատ, գրագէտ եւ պատմաբան փրոֆ. Միքայէլ Մինասեանի տեսչութեան տակ։ Ուսուցչական կազմը կը բաղկանար 48 կանոնաւոր ուսուցիչ-աշկերտներէ. անոնց 39 արական եւ եօթը վարժուհիներ էին։

Դասաւանդութիւներ
1 - Միք. Էֆ. Մինասեան - ուսուցման մեթոտ
2 - Փրօֆ. Տօնապետ Լիւլէճեան (Եփրատէն) - տարրագիտութիւն
3 - Փրօֆ. Յով. Պիւճիգանեան (Եփրատէն) - նոր դարու մանկավարժութիւն եւ մանկան ուսում 4 - Մարտիրոս էՖ. Պիւճիգանեան - եւրոպական ձայնագրութիւն եւ երգեր
Կ՛ունենային նաեւ բացառիկ դասախօսութիւններ զանազան նիւթերու վրայ, վիճաբանութիւններ, հարց, պատասխանի դրութեամբ։
Կ՛ըլլային յուզիչ ճառախօսութիւններ, արտասանութիւններ եւ այլն։

Վարժապետանոցը վերջին անգամ կը փակուի, ի սպառ կը խափանուի գիտութեան այդ շքեղ վառարանը։ Վերջին փակման հանդէսը վարուած է եղեր Պր. Սարգիս Մարտիրոսեանի ատենապետութեամբ, ուր յուզիչ ու յանկուցիչ ճառեր արտասանուած են Պր. Ստեփան Կոբոյեանի, Պր. Գարեգին Փարալեանի եւ Պր. Խաչիկ Խաչիկեանի կողմէ (կենդանի վերապրողներէն, որ Ամերիկա կը գտնուի)։ Փակուած է ողբացեալ փրօֆ. Յովհ. Պիւճիգանեանի տպաւորիչ բանախօսութեամբ։

Բալահովիտի գիւղերն ալ ներած պայմաններուն համեմատ ջանացած են կրթել իրենց զաւակները նախնական շրջաններուն, ուսուցիչներու, քահանաներու եւ ձայնաւորներու միջոցաւ։ Նախակրթարանէն աւելի բարձր ուսում ստանալու համար յաճախած են Բալուի, Հաւաւի եւ Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցները, որոնց վերջի քառորդ դարուն Միացեալ Ընկերութիւնը զարկ տուած էր։ Եւ այս բարձրագոյն վարժարանէն յետոյ ոմանք դիմած են այլուր իրենց կրթական բարձր մակարդակին հասնելու համար, ինչպէս Եփրատ գօլէճը, Պօլսոյ Պէրպէրեանը, Րապէրթ Գօլէճը, Եւրոպա կամ Ամերիկա։

Գիւղերը

Անշուշտ դժուար կացութեան մը մէջ պիտի մխրճուինք եթէ իւրաքանչիւր գիւղ առանձինն առնելով գրել փորձենք անոր կրթական, մշակոյթին, արուեստին, ճարտարուեստի, բնակչութեան, պատմութեանց մասին. միայն մէկ երկու գիւղերու մասին պիտի ջանանք հակիրճ տեղեկութիւններ տալ։