Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Բարեկենդան


Ամանորի յաջորդող այս աւանդական սովորութիւնը դարերով տօնուած է, որը քրիստոնէութեան հետ առնչութիւն չունի: Յետագային իւրացուած է Բարեկենդանի պաշտամունքը, զոր հայրեը կը կոչեն ամենաբեր, այսինքն ամէն բարիք բերող կամ ընծայող, որուն չաստուածն էր Վանատուրը, հաստատուած Բագըրղանդ [Բագրեւանդ] գաւառի Բագաւան գիւղին մէջ:

Հին քանդակները տակաւին կը մնան: Պաշտամունքի հին սովորութիւնները բարեփոխուելով Բարեկենդանի տօնակատարութեանց վերածուած են: Տարօնի Աշտիշատ քաղաքին մէջ հաստատուած էր Վահէ-Վահեան տաճարը, ուր Արամազդ չաստուծոյ ընտանիքէն, Վահագնի, Անահիտի եւ Աստղիկի երրորդութեան տօնը կը տօնուէր, տարւոյ առաջին եօթը օրերը: Ներկայ կ՛ըլլային թագաւորներ իրենց ընտանեօք եւ նախարարներով՝ տօնելու իրենց Նաւասարդը:

Բալահովիտն ալ ըլլալով Տարօնի կից, բնական է որ միեւնոյն սովորութիւնները տարածուէին այս հովիտին մէջ, մանաւանդ Խօշմաթը ամենամօտիկն ըլլալով՝ Բարեկենդանը էջ 129 կը տօնուէր հին ձեւով եւ կը տօնուէր լման եօթը օր, միայն թէ անշուշտ քրիստոնէական նշանակութեամբ:

Քրիստոսի քառասուն օրուան ծոմապահութեան հետ կապելով, Բարեկենդանը անոր նախօրեակին կը սկսէին տօնել: Ինչպէս Վարդավառի տօնը յատկացուած է Յիսուսի Այլակերպութեան… Մինչդեռ մեր նախնիք Վարդավառը մեծ շքեղութեամբ կը տօնէին բագիններու առջեւ, Արածանիի ու Տղմուտի գետերուն մէջ, քուրմերուն ձեռամբ կը մկրտուէին ու իրարու վրայ ջուր կը նետէին:

Ահա այսպէս, Բարեկնդանը իբր հինաւորց աւանդական սովորութիւն մը, մեծ հանդիսաւորութեամբ դարերէ ի վեր տօնուած է մինչեւ մեր օրերը: Պահ մը անդրադառնանք խօշմաթցիներու փառահեղ տօնակատարութեան, տեսնելու անոնց վայելքն ու համակ ուրախութիւնը այս եօթ օրերու ընթացքին:

Բարեկենդանի տօնական օրերուն, ամէն ոք ուրախ զուարթ, իր ամենալաւ զգեստներն հագած դուրս կու գայ: Առհասարակ ժողովուրդը կը հաւաքուի տափարակ, իրարու կից ու հարթ տանիքներու վրայ, ուր հարիւրաւորներ դիւրութեամբ կրնան պարել ու խաղալ, ճեմել կամ նստիլ: Շատ հետաքրքրական տեսարան մը կը պարզուի տանիքներուն վրայ: Ծերեր պատերուն տակ մրշաղուորած արեւին տակ, ծխախոտ կը ծխեն ու տամա կը խաղան եւ կամ թղթախաղով կը զբաղին: Անդին փոքրիկներ ընկոյզ ու վէգ (ճան) կը խաղան. գծուած շրջանակի կեդրոնը շարուած ընկոյզներուն հեռուէն նշան առնելով՝ շրջագծէն դուրս կը հանեն վէգի հարոուածներով: Հեռուն, երիտասարդներէն ոմանք (չըռ) բոյս պաշտպանել կը խաղան, ոմանք ալ գըճկէ-թռուկ կը խաղան. մին կը ծռի, միւսները վրայէն կը ցատկեն: Ամէնէն հետաքրքրականը հրապարակին կեդրոնի պարն է, բոլորակաձեւ եւ ձեռք ձեռքի:

Երիտասարդ տղաքներ, որոնց մէջ սիրոյ կայծն արթնցած է, օրերով այդ պարի շղթային մէջ կը մնան, որը կազմուած է երկսեռ երիտասարդ եւ օրիորդներէ: Աղջիկներ մերթ նազելի երեւոյթով, կողմնակի ակնարկներ կը նետեն դէպի սիրած երիտասարդներուն: Հարսներն ու աղջիկները գոյնզգոյն հագուստներով, փայլուն հուլուններ ճիտերնուն ձգած, ոմանք ալ խոշոր ոսկիներու շարոց մը ճակատներուն, ոսկի գօտի մը մէջքերնուն, հպարտ նազանքներով, կարմիր խնձոր երեսներով, ամօթխած ու շիկնած երեւոյթով խումբերուն մէջ մտած գողտրիկ ակնարկներով կը չափեն ու կը ձեւեն խանդավառ երիտասարդները: Ահա կը տեսնես, թէ տարեց կիներէն ոմանք, հասկնալով օրիորդներուն սրտի բաղձանքը, կը մօտենան ու քաշքշելէն պարին մէջ կը տանին: Տարեց կիներ կապուտիկ ձեռագործ թաշկինակնին բռնած, պարերգեր կ՛երգեն բարձրաձայն, սիրոյ, խաբկանքի, ամուսնութեան ու երջանկութեան մասին տաղեր յօրինելով, համաչափ քայլերով կ՛օրօրուին:

Նախ մէկ խումբը համար մը երգել կը սկսի առաջնորդելով պարին, յետոյ հանդիպակաց կողմիններն ալ կը սկսին կրկնել, կամ նախ պարագլուխ առաջնորդը տուն մը կ՛երգէ, յետոյ բոլորը միասին կը կրկնեն:

Օրինակի համար.
Ես վերէն կուգայի դու դուռը բացիր,
Ձեռքդ ծոցիդ տարիր, ա¯խ ըսիր, լացիր,
Ըսիր կ՛առնիմ, կ՛առնիմ, օրի՞ խաբեցիր:

Բոլորակէն քիչ հեռու կանգնած կարգ մը ծեր կիներ, քըս-փըսի մէջ են:
- Քա՛ աղջի, Շուշա՛ն հաչուկ, տե՛ս, տե՛ս, լաւ նայը, տըվի (ատիկա) Տէրտըրանց Պօղոսաբօրը աղջիկը Սըռօն չը՞, հըպը: Տե՛ս, կոտըրտելիքը ինչխէ (ինչափ) կը թըռի, լաւ ըլ կը վայլեցնը. այլուխը (թաշկինակը) ձեռքը ըտխայ էրկար պարը ինք կը քաշը, տղոցը սիրտը խա՛ղ կը հանը…
- Հա՛, Եղսօ քորոյ, ըսածդ շիտակը, թըպխի ընի Սըռօն ինք է. շիտակն ըսելով աղկէկ աղջիկը, շատ ալ հունարով ը, ձեռքէն բան չի փրթիր, առնողը չի խաբուիր:
- Է՛, Շուշան հաչուկ, քընի օր ըտցէ եընըր (այդպէս է) մտքիս միջինը պարէ շիտկէ շիտակ ըսիմ օր հոգիս ալ հանգիստ ըյլլի:
- Դո՛ւն լաւը գիտես ըտոնց ճինսըն (սերունդ) ու ճիպլաթը, ըկըր կ՛ուզես գիտնալ նը եօթը պօրտն ըլ, ես համրեր իմ, գիտիմ օր կ՛իյնայ. ինչո՞ւ հըպը ձեր Պետոյին չէք առներ. աղջկան հէ՛չ ըսելիք չկայ. կ՛ուզես նը իրկունը ես մեր մարդուն կ՛ըսիմ քընծի (քան) վաղը թէզ չկայ թող էրթայ (անգամ մը) հէմը Պօղոսաբօրը բերանը փորձը գինի խմած ատենը:
- Է¯հ, Եղսօ քորուլ, ալ դո՛ւն գիտես, ըկըր (եթէ) աչքդ կը կըյրընըր (կարելի է) ըսէ գլխաւորիտ կարաբարը լաւը Պօղոսաբարը հետ կըլլիքի ընոր խօսքը գետին չի ձգեր (մերժել), հիմա եղածը աղջին մը չը՛, հեղ մը ըսածիդ պէս թո՛ղ հօրը բերանը փնտըռտը, քար մը թո՛ղ նետը հասած խնձորը, կրնայ ըլլիքի շիտակ տեղին դպի ու վար իյնի:
- Ըկըր քի (եթէ) Ասուած խըսմաթ ըրեր ընը կ՛ըլլի կ՛երթայ. կը տեսնաս մեր Պետօն ըլ պարին մէջ մտեր ը, Սըռոյին քովէն դա՛ն չերթար, կարծես կուզը հոտէն կշտանա՛լ, վայ օղու՛լ, վախնամ քի չաղա՛ս սէրը խորունկէն ձգը տը ըկըր օր վերջըն ըլ չըլլինը շատ գէշ կ՛ըլլի, տղաս տամլայի կը բռնուի (կը հիւանդանայ):
- Չը, չը, ըտոր համար հէ՛չ մի վախնար, եղածի պէս գիտցիր. հատէ՛, ինծի Եղսօ կ՛ըսեն, պէտք օր ըլլանը շիտակ մօրը քով կ՛երթամ, հըմ մեզի քիչ մըլ ազգական կու գան, մօրը կողմէն, Թուրվանտա հաչուկս խօսքս գետին չի ձգեր. հոգդ մի՛ ըներ. թող գէնկէչնան (աղաչեն) ու Պետոյին աղջիկ տան. քա՛, ի՞նչը եղեր, պօյով, պոսո՛վ խալավաթը (կազմուածքը) տեղը, շատ ու քիչ մեր վարժատան շնորհիւ. գրել կարդալ ալ գիտէ, մեր չի հասկցած լեզուներէն ալ կը կարդայ, փա¯ռք Ասծու , ուրիշներու պէս [էջ 135] պըռանի (անկիրթ) ալ չը, քարը բռնէ ջուրը կը հանէ (քաջութեան հոմանիշ, ճարպիկ է, ինչպէս Մովսէս մարգարէն քարէն ջուր հանեց ըսել կ՛ուզէ) սանքէ չը տը (եւ ոչ թէ) քու տղադ ըլլալուն համար է օր կը գովիմ‏, շատերուն բերնէն ըլ լսեր իմ, օր ձեր Պետօն շատ լաւ տղայ է, Ասուած օրերն աւելցընը եւ մուրազին (փափաքին) հասցընը:
Կ՛ըսեն քի (կ՛ըսեն որ) աղուոր տիրացութիւն ըլ կ՛ընէ եղեր, ժամը (եկեղեցին) շապիկ կը հագնի, դասը կ՛ելլը (երգչախումբին վայրը) շարականները քուլի (բոլորը) գոց կ՛ըսէ Տէր տըրուն (Տէր հօրը) պէս:
Տղուն մայրը - Հա՛, քուրս հա՛, ըսածիդ պէս ը, շատ խելօք ը, շատ ալ բան գիտցող ը, մեր Պէտօն, մինակ քի մարդու բան մի ըսեր, դուռ դրացի թող հէչ (բան) չի գիտնան, վերջէն կըլլիքի (կարելի է) քար զարնող, ոտք առնող (թշնամաբար) կ՛ըլլի:
Դուն գիտես որ հաց տուող չկայ, բայց խրատ տուող շատ կայ: 
Թող գործը լաւ մը էփի լմըննայ (լրանայ) Ասու կամքովը ետքէն (յետոյ) ամէն մարդ զաթի (արդէն) հաշնիքի  (հարսանիքի) կը կանչինք:
Հատէ՛, գնա՛, Տէրը հետըդ ըյլի, Ասուած տար Սըռօն միզի հարս գար…