Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Երգերու նմուշներէն


ԵՍ ՎԵՐԷՆ ԿՈՒ ԳԱՅԻ

Ես վերէն կու գայի դու դուռը բացիր.
Ձեռքըդ ծոցիդ դըրիր, ախ ըրիր լացիր.
Ըսիր կ՛առնիմ, կ՛առնիմ, օրի խաբեցիր,
Սէրդ կրակ ըրիր, վրաս թափեցիր:

Թէ օր չէիր առներ ինչ՞ու սիրեցիր,
Բուռ մը կրակ եղար սիրտըս այրեցիր.
Էկօ կ՛ըլլի միտքըդ փոխէ սիրելիս,
Թէ չը (թէ ոչ) վերջ մը կու տաս իմ կեանքիս:

(նմանողաբար ինքնատիպ)

Ճըղլեսարը բարձր լեռ է,
Իմ սիրածը շատ սիրուն է,
Չաթալ քարին (երկճիւղ քար) պէս թող տանք,
Գլուխ գլխի մէկ սիրտ ըլլանք:

ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳ

(Արեւմտահայ աշխարհէն)

Ժառում, ժարժառում,
Էկան տանողնիտ,
Աչքի հանողնիտ,
Ժառում, ժարժառում:
 
Մի՛ լար հարսնուկ, մի՛ լար,
Աչքերըդ կաւըրուին,
Մեզ պզտիկ կարգողին,
Տընանկ աւըրուի:

ՊԱՆԴԽՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ

Եարս ղարիպ երկիրը,
Աշխարհքն ինծի հոս մութ ը,
Էլին ծառն է ծաղկեր,
Իմըս կարկուտն ը զարկեր:

Ա¯խ կ՛ընիմ, արին կու գար,
Սիրտս սեւ քարին կու գար,
Ինչ խէ, ախ ու վախ ըրի,
Սիլային մէկ մը չի գար:

Էլայ կայնայ տէները,
Հայա կանանչ արտերը,
Ինչ խայ ախ ու վախ ըրի
Չելաւ փորուս տարտերը:

Հետեւեալ Բալահովիտի երգերն առնուած (շնորհակալութեամբ) Տիար Ս. Ծոցիկեանի «Արեւմտահայ Աշխարհ»էն ինչպէս նաեւ «Բալու»էն:


Մեր դուռը ձեր դրան դիմաց,
Հերիք էնիմ աչօք իմաց,
Ճեպիկս խաշլըղ չի մնաց,
Բոլորը քու ուղուրդ գնաց:

Պաղչին պատը փըլեր ը,
Եարս մէջը քներ ը,
Ձան կու տամ, ձան չառներ,
Մըկըր ինձմէ ցաւեր ը:

Օվան Բալուայ փըրթաւ հովը,
Տարին Թաթկանց բընկէ կովը,
Թատիկ օղլի պատըտ ցածցուր,
Սառան մուրատին հասցուր:

ՍԻՐԱՀԱՐԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐԷՆ ՆՄՈՅՇ ՄԸ

Ծառին վրայ նուշ կ՛ըլլայ,
Պագ մը տաս նը ի՞նչ կ՛ըլլայ,
Պիտի տաս, պիտի տաս,
Պիտի տասնը, հիմա տուր,
Վաղուան մնայ ուշ կ՛ըլլայ:

(Նմանողաբար - ինքնատիպ)

Եղսոյ, սիրած իմ եարըս,
Դորդան կայնած դիմացս,
Խօսք պիտի տաս իմ անուշ,
Քըզի կու տամ ընկոյզ, նուշ:

Բարեկենդանին պսակուինք,
Բռնենք քեզ հետ մեծ հաշնիք (հարսանիք),
Դուռ, դրացի հաւաքուին,
Թեւ խաղերով մասնակցին:

ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳ

ՀԱՐՍԻՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ

Տավուլ զուրնայով,
Ճերմակ ձիերով,
Առնանքդ էկան, (եկան)
Շուտ ըրէ Շուշան:

Դորդայի դըրան,
Առջեւ կը խաղան,
«Դուրս բերէք աղուոր,
Հարսը շնաուոր»:

Մի՛ լար հարսընցու,
Յանձնուէ՛ Ասծու, (Աստծոյ)
Ահա կը տանին,
Սընտուկ ճէհիզին:

Քա՛ օղուլ, հայտէ՛,
Թեւէս լաւ բըռնէ,
Հըմ լանք, հըմ էրթանք,
Վերջն ուրախ կ՛ըլլանք:

ՀԱՐՍԻՆ ԿՈՂՄԷՆ Կ՛ԵՐԳԵՆ

Ըս ի՞նչ բան եղաւ,
Սուտըն եղաւ իրաւ,
Ա¯խ, մայր իմ անուշ,
Քընի չէ ուշ,
Դու հալալ ըրէ:

Սերէդ, մածունէդ,
Շինած պաստեղէդ,
Ցորեկ ու գիշեր,
Ես շատ եմ կերեր:
      Դու հալալ ըրէ:

Անուշ ճան մայրի՛կ,
Հոգիդ անուշիկ,
Կաթիկըդ եմ կերեր,
Քեզ շատ եմ նեղեր:
      Դու ըրէ հալալ:

Հայրիկ ճան աղուոր,
Պեխերըդ ոլոր,
Ես շատ եմ քաշեր,
Հացիկդ եմ կերեր.
      Դու հալալ ըրէ…

Քոյրիկ դու սիրուն,
Շատ անգամ մըթուն,
Քեզ շատ իմ ծեծեր,
Օրանըդ իմ օրօրեր.
      Դու հալալ ըրէ:

Ա¯խ, մնաք բարով,
Կ՛երթամ կարօտով,
Ես ձեր Մըրօն իմ,
      Ուր որ ալ ըլլիմ:

Եղբայր պատուական,    
Այս տանը հսկան,
Քեզ շատ եմ նեղած,
Մատներդ եմ խածած,
      Դու հալալ ըրէ…