Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Չարագուշակութիւն


Չարագուշակութիւնը հնաւուրց դարերէ մնացած տոհմիկ սովորութիւններէ մին ըլլալով, գեղջկական պարզ մտքին վրայ մեծ ազդեցութիւն թողուցած է եւ անոնց խոր համոզումներուն տեղի տալով եղած է զգացական ու մտքի անբաժան ընկերը:
Մէկ քանի յատկանշական օրինակներ կը բաւեն ցոյց տալու գիւղացուն համոզումը հանդէպ նախազգացումներու:

Անթափանցելի խաւարով պարուրուած այս մտային տեսութիւններուն մէջ խօշմաթցին ընդ առաջ գացած է հաւատալու, թէ սեւ գոյնը սուգի, տխրազդեցիկ երեւոյթի մը նախանշանն է. օրինակի համար.

Պարզ է որ հաւերը չեն կրնար երգել, այլ միայն իրենց խռչափողէն կու, կու, կու ձայներ կը հանեն հաւկիթ ածելէ առաջ եւ վերջը: Ու երբ գունաւոր հաւերու մէջէն սեւ գոյն հաւ մը նոյն ձայնն հանէ եւ քիչ մ՛ալ փորձէ աքաղաին հետ մրցիլ, զայն լսողն անմիջապէս տան տիրուհոյն քով երթալով կ՛իմացնէ «Սեւ հաւուն կանչը», որը համազօր է պատուհասի մը նախագուշակութեան:

«Սեւ հաւուն կանչը»  կը յարմարցուի նաեւ «Ագռաւներու կանչին»:
Ագռաւը (խարղայ) սեւ գոյնով գիշակեր թռչուն մ՛է, որը շատ անգամ մօտակայ ծառերուն վրայ թառելով խռպոտ ձայնով կը փորձէ երգել: Լսողներ ասիկա մահուան նախանշաններ կը համարեն:

Սեւ կատուն

Կատուները գիւղացիներուն տան մէջ կարեւոր դեր ստանձնած կ՛ըլլան հալածելու մուկերը: Եւ այս պատճառաւ անոնք տունէն ներս ու դուրս ազատ մուտք կը գործեն, մառանէն մինչեւ հիւրանոցը, դորդանէն մինչեւ ախոռներու մութ անկիւնները, մարագներէն մինչեւ հաստափոր փեթակները, իրենք են թագաւորն ու թագուհին այդ տանը: Խեղճ մուկերը բնաւ չեն համարձակիր կատուներու ներկայութեան դուրս ելլել իրենց թթուածինով նեխած մութ ծակերէն, այլ բանտարկեալի մը նման քարշ կու տան իրենց նուաղկոտ կեանքը:

Այս չարաճըճի կատուները շատ անգամ տանիքէ տանիք կը ցատկեն եւ փողոցներն արագօրէն կը խաչաձեւեն, շուներու ճիրաններէն չի բռնուելու համար: Ու եթէ պատահի որ փողոցը խաչաձեւող կատուն փոխանակ ճերմակ, կարմիր կամ խայտագոյն ըլլալու, անիկա ըլլայ բոլորովին սեւ եւ այդ պահուն որեւէ անձ ալ այդ փողոցի երկայնքին քալէ եւ կատուն մէկ ոստումով այդ անձին առաջքը կտրելով փողոցին հանդիպակաց կողմն անցնի, այդ արարքը կը համարուի չարագուշութեան մէկ նշանը հանդէպ այդ քալող անձին:

Շան ոռնալը

Նախագուշակութեանց կարգին կը համարուի նաեւ շան ոռնալը: Շուներ վերջին ծայր հաւատարիմ են եւ լաւ պահապանի դեր կը կատարեն իրենց տան: Իրենց հոտառութեամբ կը զգան օտարներու մուտքը հեռուէն եւ կը սկսին հաջել: Շատ անգամ կերակուրնին մարսելու համար կը պառկին հանգստանալու համար, երբեմն անմարսողութեան խիթեր կ՛ուենեան, երբեմն ալ երազներ կը տեսնեն եւ յաճախ այդ երազները վախի, երկիւղի պատճառ կ՛ըլլան, որ շունը լայ կողկողագին ու երկար ձայնով, որ լսողներ զայն ոռնալ կ՛անուանեն: Գիւղացիներ երբ շուներու այս դրութիւնն ու ձայնը լսեն, չարաբաստիկ դէպքի մը նախօրեակին մէջ ըլլալնին կը համարեն, երբ պարագաներու բերումով իսկապէս կը պատահի անբաղձալի դէպք մը, մահ, ասպատակութիւն, գողութիւն եւ կամ դիպուած մը, ատիկա կը վերագրուի շուներու ոռնումին եւ անոնց նախազգացումին…: