Էրզրում/Կարին. համայնապատկեր (աղբիւր՝ Գեղունի, թիւ 1-10, 1903, Բ. տարի, Վենետիկ, Ս. Ղազար)

Էրզրում / Կարինի քազա

Էրզրումի քազայի (գաւառակ) հայկական կեանքը իր հարուստ պատմութեամբ եւ մշակոյթով։ Ահաւասիկ այս է Յուշամատեանի նոր գլուխին վերնագիրը։ Կարեւորագոյն նիւթ մը որ անխուսափելիօրէն մեր հետազօտութիւններուն մաս պիտի կազմէր։ Յետագայ շաբաթներուն նոր վերնագիրներ պիտի աւելնան մեր կայքէջին մէջ բոլորն ալ Երզնկայի հայկական կեանքին առընչուող։