Ուղեցոյց

Քարտէսներ

Եթէ փնտռածդ քաղաք մը կամ շրջան (գաւառ, գաւառակ) մըն է, կ՚առաջարկենք որ գործածես «Քարտէսներ»ը։
«Քարտէսներ» բաժինին մէջ նաւարկելու երկու ձեւ ունիս՝

Տեսողական ձեւ

  1. 1. Կը կոխես Գլխաւոր էջի քարտէսի նկարին վրայ կամ նոյն էջի «Քարտէսներ» գրութեան վրայ։
  2. 2. Հոս պիտի տեսնես Օսմանեան կայսրութեան ընդհանուր քարտէսը։ Ամէն մէկ նահանգ (վիլայէթ) առանձին գոյն մը ունի։ Շարժագիծով կը կոխես անոնցմէ որեւէ մէկուն վրայ (օրինակ Ատանա՝ դեղին գոյնով)։
  3. 3. Կը բացուի նոր քարտէս մը, որ տուեալ նահանգին մեծցուած եւ աւելի շատ մանրամասնութիւններ պարունակող քարտէսն է։ Նահանգին քարտէսին մէջ շարժագիծով կ՚ընես ընտրութիւնդ*։
  4. 4. Կը հասնիս նոր քարտէսի մը, որ տուեալ նահանգին մէկ գաւառին, գաւառակին քարտէսը կամ քաղաքի մը յատակագիծն է։
  5. 5. Ձախ սիւնակին մէջ կան զանազան թեմաներ (Տնտեսութիւն, Կրօնք, Տեղական յատկանիշներ, Կրթութիւն եւ մարզանք, եւայլն)։
  6. 6. Շարժագիծը կը դնես որեւէ թեմայի մը անունին վրայ (օրինակ՝ Կրօնք)։ Անմիջապէս աջին կը բացուի նոր տփիկ մը, ուր նշուած են մեր յօդուածներուն անունները։ Օրինակ «Կրօնք» թեմային տակ կրնաս գտնել տուեալ վայրին վերաբերող «Տօներ» եւ «Կրօնական բարքեր» վերնագիրներով յօդուածներ։ Կ՚ընտրես մէկն ու մէկը եւ արդէն կը բացուի յօդուածը իր ամողջութեամբ։

* Նահանգին քարտէսին մէջ եթէ շարժագիծով չես կրնար քու փնտռած վայրիդ վրայ կոխել, կը նշանակէ, որ այդ վայրին մասին տակաւին յօդուածներ չունինք մեր կայքէջին մէջ։

Բառական ձեւ

  1. 1. Կը կոխես Գլխաւոր էջի քարտէսի նկարին վրայ կամ նոյն էջի «Քարտէսներ» գրութեան վրայ։
  2. 2. Օսմանեան կայսրութեան քարտէսին տակը, ձախ սիւնակին մէջ, տակ-տակի կը գտնես բոլոր նահանգներուն անունները։
  3. 3. Շարժագիծը կը դնես որեւէ նահանգի մը անունին վրայ (օրինակ՝ Ատանայի վիլայէթ)։ Անմիջապէս աջին կը բացուի նոր տփիկ մը, ուր նշուած են տուեալ նահանգին պատկանող այն վայրերը, որոնց մասին Յուշամատեանը յօդուածներ ունի։ Ատանայի վիլայէթին մէջ պիտի հանդիպիս Սիս, Հաճըն, Տէօրթեօլ անուններուն։ Ուրիշներ ալ ապագային պիտի աւելնան։
  4. 4. Այս տփիկին մէջէն կ՚ընտրես նախընտրած վայրդ եւ կը բացուի տուեալ վայրին (գաւառ, գաւառակ, քաղաք) վերաբերող էջը։
  5. 5. Ձախ սիւնակին մէջ, տակ-տակի կը գտնես զանազան թեմաներ (Տնտեսութիւն, Կրօնք, Տեղական յատկանիշներ, Կրթութիւն եւ մարզանք, եւայլն)։

Շարժագիծը կը դնես որեւէ թեմայի մը անունին վրայ (օրինակ՝ Կրօնք)։ Անմիջապէս աջին կը բացուի նոր տփիկ մը, ուր նշուած են մեր յօդուածներուն անունները։ Օրինակ «Կրօնք» թեմային տակ կրնաս գտնել տուեալ վայրին վերաբերող «Տօներ» եւ «Կրօնական բարքեր» վերնագիրներով յօդուածներ։ Կ՚ընտրես մէկն ու մէկը եւ արդէն կը բացուի յօդուածը իր ամողջութեամբ։

Թէմաներ

Եթէ փնտռածդ օսմանեան հայերուն վերաբերող յատուկ նիւթ/թեմա մըն է, կ՚առաջարկենք որ գործածես «Թեմաներ»ը։

Հոս նաւարկելու ձեւն է՝

  1. 1. Կը կոխես Գլխաւոր էջի «Թեմաներ» նկարին վրայ կամ նոյն էջի «Թեմաներ» գրութեան վրայ։
  2. 2. Ձախ սիւնակին մէջ, տակ-տակի կը գտնես զանազան թեմաներ (Տնտեսութիւն, Կրօնք, Տեղական յատկանիշներ, Կրթութիւն եւ մարզանք, եւայլն)։
  3. 3. Շարժագիծը կը դնես որեւէ թեմայի մը անունին վրայ (օրինակ՝ Տնտեսութիւն)։ Անմիջապէս աջին կը բացուի նոր տփիկ մը, ուր նշուած են ենթաթեմաներ, ինչպէս «Արհեստներ», «Ճարտարարուեստ եւ առեւտուր»։ Եթէ հետաքրքրուած ես Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու արհեստներով, կը կոխես «Արհեստներ»ուն վրայ։
  4. 4. Կը բացուի էջ մը, ուր նշուած են բոլոր այն վայրերը (Մուսա Լեռ, Ուրֆա, Խարբերդ, Հաճըն, Մարաշ, եւայլն), որոնց մասին արհեստի նիւթով յօդուածներ ունինք մեր կայքէջին մէջ։ Կ՚ընտրես այս վայրերէն մէկն ու մէկը եւ առջեւդ կը բացուի յօդուածը։

Թուայնացուած բաց արխիւ (ԹԲԱ)

Եթէ փնտռածդ ընտանեկան մանրապատմութիւններ, ընտանեկան կամ այլ հաւաքածոներ են, կ՚առաջարկենք որ գործածես ԹԲԱ-ը։
Հոս նաւարկելու ձեւն է՝

  1. 1. Կը կոխես Գլխաւոր էջի «Թուայնացուած բաց արխիւ/ԹԲԱ» նկարին վրայ կամ նոյն էջի «ԹԲԱ» գրութեան վրայ։
  2. 2. Ձախ սիւնակին մէջ, տակ-տակի կը գտնես աշխարհագրական անուններ (Ամերիկաներ, Հայաստան, Եւրոպա, եւայլն)։
  3. 3. Եթէ փնտռած ընտանիքդ Միացեալ Նահանգներու մէջ է, շարժագիծը կը դնես Ամերիկաներ բառին վրայ։ Անմիջապէս աջին կը բացուի տուփ մը, ուր տակ-տակի նշուած են բոլոր անունները։ Կ՚ընտրես անուն մը եւ կը բացուի հաւաքածոյին յօդուածը։
  4. 4. Այբէն Օ ֆէ.- Հոս այբբենական կարգով տեղադրուած են ԹԲԱ-ի բոլոր յօդուածները։ Կրնաս անոնցմէ որեւէ մէկուն վրայ կոխել եւ պիտի բացուի էջը։