Կարին/Էրզրում - Տալտալա

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 23/04/24 (վերջին փոփոխութիւն՝ 23/04/24)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

Տալտալա պարը ծագում առած է Կարին/Էրզրումի մէջ եւ տարածուած է Արտահանի, Տարօնի, Բաղէշ/Պիթլիսի եւ Վանի շրջաններուն մէջ: Կան Տալտալայի տարբեր տեսակներ այս շրջաններէն:

Տալտալան 5/4 կշռոյթով պար մըն է: «Տալ, Տալա» կը նշանակէ «ետեւ, ետեւ երթալ »՝ Բաբերդ-Պայպուրդի բարբառով, որ խօսուած է Կարինի եւ Տրապիզոնի միջեւ գտնուող շրջաններուն մէջ: Պարի սկիզբի հատուածները կը սկսին ետեւ երթալով: Օրինաձեւերը նման են կարգ մը Թամզարաներու՝ այս տարածաշրջանէն:

Այս Տալտալան Կարինէն է, զոր Թոմ Պոզիկեան սորված է Ֆրեզնոյի, Քալիֆորնիա, գաղթականներէն, պատանի օրերուն իր յաճախած միօրեայ վարժարանին մէջ: Տեսաերիզին մէջ, պարողները կը ցուցադրեն երկու տարբեր յաջորդականութիւններ:

Պարողներ՝ Թոմ Պոզիկեան, Գարոլին Ռափքիեւեան, Շիրիի Քինկ, Ֆէօպէ Օքումեան:

Ձայնագրեալ երաժշտութիւն՝ «Խաչիկ Քազարեան Նուագախումբ», 1979; Սամ Հայտոսթեան, «Աշուղ Ձայնասկաւառակներ», 1947:

Շնորհակալութեամբ՝ Արա Տինքճեանին եւ Յարութ Առաքելեանին: 

Ֆիլմը՝ «Վասպուրական» Պարախումբ:

Տալտալա | Ներկայացում եւ ցուցմունքներ