Սասուն - Կրօնական բարքեր

Հեղինակ՝ Սոնիա Թաշճեան, 04/10/19 (վերջին փոփոխութիւն՝ 04/10/19)

Հայկական սկզբնաղբիւրներուն մէջ սասունցիները կը ներկայացուին չափազանց աւանդապաշտ. անոնց համար ընտանիքն ու ընտանեկան բարքերը շատ կարեւոր են. նախանձախնդիր են արժանապատիւ եւ  պահպանողական՝ կոպիտ եւ կռուարար ըլալլու աստիճան: Քնքշաբարոյ են բոլորին նկատմամբ, քանի դեռ կենցաղային կամ տնտեսական հարցեր չեն յառաջացած։ Սակայն երբ ինքնասիրութիւնը խոցուի կամ արժանապատւութիւնը վիրաւորուի, երբ վտանգ տեսնեն, ամբողջութեամբ կը կերպարանափոխուին, ու այդ պահուն կրնան նոյնիսկ սպաննել բարեկամը կամ թշնամին, առանց երկմտելու: Դարերէ ի վեր, իրենց լեռներուն նման անսասան են անոնց սովորութիւնները. ազգային-հաւաքական կեանքի կրողն են, միաժամանակ նաեւ խիստ անձնակեդրոն ու փակ՝ իրենց գերդաստանի ներքին կեանքի վերաբերեալ: Աշխատասէր են, լեռնցի պարզունակ մարդիկ, որոնք կապուած են իրենց հողին ու ջուրին, լեռներուն եւ աւանդութիւններուն. Որքան ալ դժուար ըլլայ կեանքը, կը նախընտրեն մնալ իրենց պապենական հողերուն կառչած: Թշնամիներու հետ ընդհարումներէն խուսափելով ապաստանած են լեռներու վրայ եւ տուն կառուցած հսկայ ժայռերու առանքներուն մէջ, բնական պարիսպներ գոյացնելով: Մեծ մասամբ կ՚ապրին խաշնարածութեամբ, ինչ որ իրենց մէջ արմատաւորած է ինքնիրեն ու սեփական հօտը պաշտպանելու բնաւորութիւնը, տէր կանգնելու սեփական ընտանիքին ու գերդաստանին, այսպիսով նաեւ ցեղակիցներուն: [1]

Սրտաբաց ու կարեկից են, օգնելու պատրաստակամ իրենց հասարակութեան համար: Մահուան կամ բնութեան աղէտներու հետեւանքով տուժածներուն համար ամբողջ շրջապատը ինքնաբուխ (ամէն ոք իր հնարաւորութեան չափով) կʼօժանդակէ բաժին հանելով իր սեփականութենէն: Դարերու ընթացքին ձեւաւորուած աշխատանքային փոխ-օգնութեան գործընթացը կը կոչուի զուպարայ. սովորաբար 20–էն մինչեւ 150 հոգի կը միանան միասին կատարելու ծանր աշխատանքները, ինչպիսիք են օրինակ̀  տուն կառուցել,  անտառէն վառելափայտ կտրել ու տեղափոխել, ջրաղացի քարեր բերել ու կառուցել,անասուններու համար ուտելու տերեւ հաւաքել, եւայլն:

Զուպարայի համար շաբաթ օրը կ՚ընտրեն, որպէսզի յաջորդ օրը̀  կիրակին, բոլորն ալ հանգստանալու առիթ ունենան: Զուպարայի տէրը քանի մը օր առաջուընէ կը պատրաստէ համապատասխան չափի ուտեստ̀ մածուն, պանիր, հաց, միս, եւայլն, ապա ուրբաթ օրը կը տեղեկացնէ մարդկանց զուպարայի տեղը, իւրաքանչիւրը աշխատանքային համապատասխան իր գործիքն առած առտու կանուխ կը շտապէ գործի վայրը։ Միասնաբար մինչեւ երեկոյ այն կ՚աւարտեն: Նմանատիպ սովորութիւն մըն է կիսրարատիրութիւնը, երբ միասին կ՚աշխատին, լրացնելով իրենց ապրանքի կամ մարդուժի պակասները, ապա աւարտին կը կիսուին արդիւնքը: [2]

Դրացիական յարաբերութիւնները շատ մտերմական են. չկան «իմս կամ քուկդ» տարաձայնութիւններ։ Բնական երեւոյթ է իրարու տունէն վերցնել իրենց պէտքական իրերը: Աշխատանքի, ուխտագնացութեան, ուրախութեան թէ տխրութեան ժամերուն միշտ միասին են: Հասարակութեան մէջ ալ իրար նկատմամբ յարգալից են. բարեւելու ժամանակ աջ ձեռքը կուրծքին կը տանին եւ գլուխ կը խոնարհեն։ Սասունի մէջ բարեւելու ատեն գրկախառնութիւններ ու ձեռքսեղմումներ ընդունուած չեն:

Վէճերն ու անհասկացութիւնները կը փորձեն արագ հարթել ̀ կռիւի, վրէժխնդրութեան ու արիւնահեղութեան չվերածուելու համար: Սովորաբար գիւղի մեծամեծները կը միջամտեն դատ-դատաստանի ու հաշտեցման համար: Այնուամենայնիւ, եթէ կողմերը խռով կը մնան, ապա ուրեմն տօներու նախօրէին, Սուրբ Հաղորդութենէն առաջ, անպայման կու գան ընդառաջ եւ կը հաշտուին:

Հիւրասիրութիւնը նահապետական է. ընդունուած է ըսել «խոնաղն [հիւրը] Աստծունն է». սիրալիր ու յարգալից կը հիւրասիրեն, կը հոգան ու մինչեւ տան շէմը ճամբու կը դնեն: Աղքատ մարդիկ հաստատապէս գիտեն, որ ունեւորները պիտի չմերժեն իրենց, հետեւաբար կարիքի ժամանակ անվարան կը դիմեն անոնց: Բոլորն ալ գիտակից են կարիքաւորներուն օգնելու. յատկապէս տօներու նախօրէին, անպայման բաժին պիտի հանեն անոնց, յետոյ պիտի խմբուին ընտանեկան սեղանին շուրջ:

Այսպիսի փոխ-օգնութեան եւ գթասրտութեան խորը զգացողութեան վրայ հիմնուած է սասունցիի բարոյական կարգապահութիւնը:

1) Տալւորիկի շրջանէն հին պատկեր մը (Աղբիւր՝ ՀՅԴ արխիւ, Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց)։
2) Աղբի/Ախպի գիւղ, Սասունի գաւառակ։ Գիւղացի մը տափանով կը հարթէ ցորեն ցանուած արտին մակերեսը (Աղբիւր՝ ՀՅԴ արխիւ, Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց)։

Ընտանիք

Սասունցի նահապետական ընտանիքը բազմանդամ է, 30-40 հոգի կ՚ապրին մէկ տան մէջ, մինչեւ իսկ երբեմն 60-70 հոգի կը հաշուեն. այն կը ղեկավարէ գերդաստանի մալխօն (նահապետ), մինչեւ խոր ծերութիւն: Սովորութիւն չկայ աւագի մահէն առաջ որդիները հեռանան տունէն. եթէ կարիքի բերմամբ ծաւալուելով պապենական տան կողքը նոր բնակարան կառուցեն, ապա կը շարունակեն միասին ապրիլ ու աշխատիլ: Յաճախ պատկից դրացիները նոյն տոհմի շառաւիղներն են: Գերդաստանի աւագը ̀ ջոբօն է՝ մեծ հայրը. իսկ ջոջօ կը կոչուի մեծ մայրիկը. ընտանիքի միւս անդամները այսպէս կը դիմեն ու կ՚անուանեն զիրար. պապ (հայր), մամ  կամ տայօ (մայր), խալպապ (մօրական պապիկ), խալմամ (մօրական մեծ մայրիկ), տղայ կամ օրդի (որդի), աղջիկ (աղջիկ), ապօ (հօրեղբայր), հարսիկ (հօրեղբօր կին), խալօ (քեռի), խալօկնիկ (քեռկին), հարս (եղբօր կին), աներձագ (կնոջ եղբայր), պալթուզ (կնոջ քոյր), տեգըր (ամուսնու եղբայր), տեգարկին (ներ, տագրոջ կին), թուռ (թոռ), թոռան տղայ (թոռնորդի), թոռան թուռ (ծոռ): Նոյն յարկի տակ կ՚ապրին որդիներն իրենց կիներով զաւակներով, թոռներով ու ծոռներով: Շատ յաճախ քանի մը օրօրոց միաժամանակ կը ճօճուի տան մէջ: [3]

Ծերունիները մեծ յարգանքի կ՚արժանանան. ընտանեկան հարցերու հիմնական որոշումներուն մէջ անոնց կարծիքը կարեւոր է եւ տան բոլոր անցուդարձերուն պիտի տեղեկացուին: Կանայք, բացի ջոջոյէն (մեծ մայրիկ), խօսքի իրաւունք չունին, հարս թէ աղջիկ կը համարուին «տան դուրսի պատ». չունին նաեւ ժառանգական իրաւունք. Սասունի մէջ ամուսնալուծութիւններ չեն պատահիր։ Թէեւ այրիացած կինը կրնայ ամուսնանալ նորէն, սակայն ժառանգութիւն չունի, ոչ ալ իրաւունք ունի տղայ զաւակները հետը տանելու։ Անոնք տուեալ հայրական գերդաստանի ժառանգներն են։ Այսպէս, ծնողները միշտ կը ձգտին արու զաւակ ունենալու, որպէսզի տան օճախը չմարի: Տղայ զաւակ չունեցող կանայք Սուրբի դուռը ուխտի կ՚երթան, որպէսզի տղայ ծնին եւ ծնուելէն յետոյ ̀ Սուրբի անունով կը կոչեն մանուկը: Տղայ զաւակ չունեցողին կը մաղթեն. «Աստուած ծաղկըձու քու պատան» (Աստուած ծաղկեցնէ քու մարմինը): [4]

Սովորաբար կանայք առտնին գործերով կը զբաղուին, սակայն դաշտային աշխատանքներուն եռուն ժամանակը կ՚օգնեն տղամարդկանց։ Որոշ աշխատանքներ̀  քաղհանը, հունձքը, քառահաւաքը, եւայլն, կանանց պարտականութիւնն է, իսկ ցանել, ջրել, խուրձ կապել, տեղափոխել, կալսել̀ տղամարդիկ կը կատարեն միայն: Ձմրան ամիսներուն, երբ ամփոփուած են տան մէջ, իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր արհեստանոցային բաժանմունքը, ուր կը թրծեն ամաններ, թել կը մանեն, կաշին կը մշակեն, եւայլն: Իւրաքանչիւր գերդաստան սովորաբար ունի իր վառելահողը, նախիրը, այգին, ամբարները: Իսկ աղքատ ընտանիքներ, որոնք հող չունին, կ՚աշխատին հարուստներու հողերուն վրայ, ստանալով իրենց օրապահիկը:

Ընդունուած աւանդոյթ է, որ կանայք ու տղամարդիկ ճաշեն առանձին. կը նստին գետնին ծալլապատիկ. ճաշի մատուցարանը կը զետեղուի մէջտեղը̀  քիչ մը բարձր սեղանիկի մը վրայ, որուն վրայ կը դրուի հացը եւ ճաշի մեծ ամանը, իւրաքանչիւրն իր դգալով կը ճաշէ այդ ընդհանուր ամանէն: [5]

Կը քնանան թաղիքը փռելով խոտադէզերուն վրայ, ծածկոց որպէս գործածելով կարպետ: Ամուսիններ, իրենց երեխաներուն հետ կը պառկին այդ մէկ կարպետի տակ, ծուարած կողք-կողքի: [6]

Սովորաբար հագուստները իրենք ̀ կանայք կը կարեն եւ կը հիւսեն: Ամուսնութենէն առաջ եւ յետոյ զգեստներն ու զարդերը հիմնովին կը փոխուին:

Լուացք ընելու համար մօտակայ գետակներ կամ աղբիւրներ կ՚երթան. իսկ կը լոգնան տան մէջ, բաղնիսին կամ գոմին մէջ:

Մինչեւ ամուսնութիւն

Սասունի մէջ, հին աւանդոյթ է, որ իրենց յղիութեան ժամանակ իսկ, երկու կիներ միմեանց կը խոստանան իրար հետ մարդութին (խնամութիւն) ընել, եթէ հակառակ սեռի երեխաներ ունենան: Եւ իսկապէս ալ, երբ ակնկալուածին պէս երկու սեռի նորածիններ կը ծնին, դեռ օրօրոցին մէջ կը նշանեն իրարու. այս կերպ կատարուող խոստումները ̀ օրուց խազիլ (օրօրոցին վրայ խազ, գիծ քաշել) կամ օրուց նշնիլ կը կոչուի: Այնուհետեւ որոշ մտերմութիւն կը ստեղծուի, փոխադարձ խնամիական այցելութիւններ կ՚ընեն, անընդհատ յիշատակելով, որ երեխաները նշանածներ են, մինչեւ որ հասնի համապատասխան օրը: [7]

Ուխտագնացութիւնները (եւ հաւաքական աշխատանքները) լաւագոյն առիթներն են, որ պատանի աղջիկ-տղաները միմեանց տեսնեն ու սիրահարուին: Պարմանուհիները իրենց մազերը քառասուն ծամ կը հիւսեն, առանքները գունաւոր ծամթելեր անցնելով կը զարդարեն. գլուխնին կ՚անցընեն  ծաղկահիւս պսակներ. իրենք իրենց գեղեցկութենէն ամչնալով՝ ամօթխած կը կարմրին, յատկապէս երբ երիտասարդները կը նկատեն իրենց. իսկ նշանուիլ ուզող տղաները ̀ «խպնող աղջիկը նամուսով է» (ամաչող աղջիկը ̀ պատիւով է) կ՚ըսեն: Երիտասարդները կը ջանան իրենց ուժը, ճարպիկութիւնն ու քաջութիւնը ցուցադրել կուլաշի (մենամարտի), նշանաձգութեան եւ սրամտութեանց ընթացքին: Աչքի ինկող երիտասարդները առաւելաբար որսի ու ձիավարութեան մէջ հմտացած ծուռ լաճերն են: [8]

Կայ առաջարկութեան իւրայատուկ սովորութիւն մը, երբ սիրահարուած տղան աղբիւրի ճամբուն աղջկան հետեւելով անոր ոտքերուն առջեւ կարմիր խնձոր կը գլորէ, երբեմն նաեւ նուռ կը նուիրէ: Այլ սովորութեան մը համաձայն, արդէն իսկ հարսանիքի ժամանակ, հարսնեղբայրը խնամապագի իբրեւ կատակ պիտի համբուրէ փեսայի կողմի աղջիկներէն մէկը. բնականաբար կ՚ընտրէ եւ կը համբուրէ իր ընտրեալ աղջիկը. այս համբոյրը որոշիչ կը դառնայ իր ընտրեալի համար: [9]

Սիրահարուած աղջիկը նկատելով իր սիրեցեալին, աղբիւրի մօտ կանգնած ձեռքի ծաղկեփունջը կը նետէ ջուրի հոսանքին մէջ. ներքեւը կանգնած տղան իմանալով աղջկայ մտքինը, կը վերցնէ այն որպէս համաձայնութեան նշան: Սիրահետման այլ արտայատութիւն մըն է տղայի կողմէն աղջկան ջուրի սափորին կոտրելը. այն մնացուկն է սիրոյ աստուածուհու նուիրաբերումէն: [10]

Տարածուած ծիսական աւանդութիւն է երիտասարդներու կողմէ Սուրբերու միջոցով գուշակութիւններ ընելը, յատկապէս Սուրբ Սարգիսի տօնին, երբ փոխինձի կտոր մը դնելով կտուրին, կը սպասեն որ թռչուն մը գայ, կտցահարէ. այն ուղութեամբ որ թռչի, այն կողմէն ալ կը սպասեն իրենց ապագայ կողակիցը: [11]

1) Շէնիկի և Կէլիէկիւզանի հայ երևելի գիւղացիներ
2) Կէլիէկիւզանէն հայ ընտանիք մը
(Աղբիւր՝ Raymond H. Kévorkian, Paul B. Paboudjian,
Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, Paris)

Սիրահարուած տղան ու աղջիկը առաջին հերթին իրենց գաղտնիքը կը յայտնեն իրենց մայրերուն. եթէ ծնողները առարկութիւն չունին, կ՚ընդառաջեն անոնց ընտրութեան: Յաճախ սակայն ծնողները յարմար չեն գտներ. ուրեմն երիտասարդները պարտաւոր են ենթարկուիլ մեծերու կամքին եւ վերջ դնել իրենց երազանքին: Կը պատահի սակայն, որ անոնք կ՚ընդդիմանան, միասին կը փախին, կ՚ամուսնանան ու կ՚ապաստանին այլ գիւղ մը: Աւելի ուշ ծնողներու հետ բանակցելով ներում կը խնդրեն: Սովորաբար մեծ աղմուկէն յետոյ, ծնողները կը ներեն զաւակները եւ տուն կը կանչեն: Կը պատահի նաեւ, որ չեն ներեր ու կը մերժեն անոնց գոյութիւնը, կորուկ-մոլորուկ անուանելով անոնց: Երբեմն նաեւ աւելի տխուր վախճան կ՚ունենան այս փախուստները, երբ  հայրը կամ եղբայրները կը հետապնդեն անհնազանդներուն ու մահով կը պատժեն անոնց: [12] Ամէն պարագայի աղջիկ առեւանգելու սովորութիւնը շատ հին ժամանակներէն մնացած ամուսնական արարողութիւն է, այդ մասին կը վկայեն նաեւ Սասունցի Դաւիթ դիւցազներգութեան մէջ յիշատակուող առեւանգման դրուագներ: [13]

Սովորաբար ամուսնութեան տարիքը աղջկանց համար 13-15 տարեկանն է, իսկ տղաներունը ̀ 16-18 տարեկանը: 20 անց աղջիկը կը համարուի տունմնայ ու կը դատապարտուի ամուսնանալ այրի տղամարդու հետ կամ ալ ամուլ կնոջ տղամարդու երկրորդ կինը դառնալ. չգրուած օրէնքի կարգով, հասարակութեան կողմէ ընդունելի է այն իրողութիւնը, որ չբեր կնոջ ամուսինը երկրորդ կին բերէ տուն, պահելով առաջին կնոջը որպէս տանտկին, երեխաներուն խնամող մայր, հիւրեր ընդունող, ճաշ եփող, եւայլն: [14]

Նախապայման է, որ «եօթ պորտ»  հեռաւորութեամբ ըլլան ընտրութիւնները. սակայն կը պատահին նաեւ ներազգակցական կապեր: Խալան (գլխագին) տալու սովորութիւնն ընդունուած է. ոչ ունեւոր տղաները, երբեմն այդ պատճառով ալ աղջիկ կը փախցնեն։ Սակայն կան դէպքեր, երբ աղջկայ օժիտը աւելի հարուստ կ՚ըլլայ քան այդ գլխագինը. յաճախ կը սակարկեն եւ յայտարարի կու գան. հետեւաբար գլխագինը աւելի շատ հինէն եկած խորհրդանշական աւանդութիւն մըն է:

Աւանդութեան համաձայն, տղայի ծնողները կ՚ընտրեն հարսնացուն եւ իրենք կը նախաձեռնեն առաջարկութիւն ընել: Սակայն կը պատահի, որ աղջկայ մայրը ընտրութիւն կատարէ եւ պախարակելի չէ, երբ ան անկեղծօրէն արտայայտելով իր հիացմունքը տղու նկատմամբ, առաջարկութիւն ընէ ̀ հարսնութեան տալ իր աղջիկը: [15]

Թէեւ քիչ, բայց առկայ են տնփեսայութեան պարագաներ, երբ աղջկայ ընտանիքին մէջ տղայ զաւակ չկայ, կամ ալ տղան անծանօթ մըն է կամ որբ. այս պայմաններուն մէջ կը պատահի որ տղան կու գայ աղջկայ ընտանիքին հետ ապրելու, որպէս տնփեսայ:

Ամուսնութեան արարողութիւնը քանի մը հանգրուան ունի. խօսքկապ, նշանդրեք, խալանկտուր (գլխագին տալու), կթխան-խլղաթ (հարսանեկան կերպասներն ու նուէրներ յանձնելու արարողութիւնը), հարսնած(հարսանիք), պսակ, առագաստ: [16]

Խօսքկապ կամ խօսքառնում

Աղջկատեսի կարգը որոշ գաղտնիութեամբ մը կը կատարուի, որպէսզի ուշադրութիւն չգրաւէ. այն կը կոչուի ուզնկան, որ բառացի կը նշանակէ աղջիկ ուզել: Սովորաբար բացի ընտանիքներէն ոչ ոք չի գիտնար, գաղտնի կը կատարուի, իբրեւ թէ այցելութիւն մըն է: Տանտէրերը կʼընեն պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, որու ընթացքին հիւրերը (տղու կողմինները կամ միջնորդը) նիւթ կը բանան ու կը խնդրեն աղջկայ ձեռքը: Աղջկայ ծնողները տարբեր բաներ (աղջիկը դեռ փոքր է, տարին երաշտ է, ազգէն մարդ է մահացած, օտարութեան մէջ մարդ ունինք, իրեն կը սպասենք, եւայլն) պատճառաբանելով կը ձգձգեն, որպէսզի չմերժեն, բայց եւ ժամանակ ունենան ուսումնասիրելու տղայի ընտանիքը: Վերջնական համաձայնութեան գալէ ետք, կը համաձայնին խօսքկապի համար: [17]

Խօսքկապն ալ գաղտնի կ՚ընեն, որպէսզի անյաջողութեան պարագային կողմերը անարգուած չի զգան: Այն պարզապէս զրոյց է, երկու ընտանիքներու միջեւ կատարուող նախնական համաձայնութիւն իրարու հետ խնամիութիւն ընելու: Սակայն երբ վերջնական համաձայնութիւնը գոյանայ, հիւրերը սեղանին վրայ կը դնեն դրամական նուէր մը, որ խօսքկապի նշանը կը հանդիսանայ: Աւարտին իրար կը խոստանան, որ «քարըմ դրէք վըր խօսքկապին» (խօսքկապը գաղտնի պահէք): Այնուհետեւ տղայ-աղջիկ կը սկսին խուսափիլ իրար տեսնելէ. մանաւանդ աղջիկը կը ջանայ քիչ երեւիլ շրջապատին մէջ: [18]

Նշանդրէք

Նշանադրէք կամ նշանտուք, իսկ որոշ շրջաններու մէջ ալ կը կոչուի հացկտրելկէսպսակ։ Նոր խնամիներուն միջեւ ծանօթացման եւ մտերմութեան առիթներ են։ Ամուսնական ծէսի ամենէն վճռական փուլն է, հետեւաբար բացի ծնողներէն նշանդրէքին ներկայ կ՚ըլլայ հարզատներէն մաս մը, ինչպէս նաեւ կը հրաւիրեն գիւղի ռէսը (գիւղապետը) եւ քահանան: Նշանուորները (նշան դնողները) տղայի տունէն ելլելէն առաջ, աղջկայ տուն կը ղրկեն «աղուէս» պիտակուած լրաբերը, իր հետ տանելով ոչխար մը, իւղի կարաս մը, պարկ մը ձաւար, միրգ ու քաղցրեղէն: Աղուէսի դերը կատարող միջնորդը պէտք է որ ճարպիկօրէն ու գաղտնի հասնի նշանծուի տուն, ապա թէ ոչ, եթէ թաղի ճժերն ու ծռերըիմանան, աղմուկ կը բարձրացնեն ու ինչ կատակներով կը չարչարեն զինք: Աղուէսը հասնելով աղջկայ տուն լուր կու տայ խնամիներու ժամանման մասին:

Նշանուորները ճամբայ կ՚ելլեն տօնական զգեստներ հագած եւ նուէրներով ծանրաբեռնուած։ Աղջկայ ծնողներն ու հարազատները դրան դիմաց կանգնած կը դիմաւորեն անոնց. փեսացուն քաւորի հետ կանգնած դրան դիմաց, հրաւէր կը սպասէ. աղջկայ քեռին անոր քաղցրեղէն հիւրասիրելով ներս կը հրաւիրէ, սակայն ան կը դանդաղի ներս մտնել, մինչեւ որ  աները նուէր խոստանայ, որմէ յետոյ ներս մտնելով փեսացուն կը համբուրէ աներոջ ձեռքը, աներն ալ ̀ անոր ճակատը. փեսացուն ամբողջ ընթացքին ոտքի կը մնայ ի նշան յարգանքի: [19]

Նշանուորները նստած են տան օճախի մօտ փռուած թաղիքներուն ու բարձերուն վրայ, ըստ կարգի ու աստիճանի, տղամարդկանց ու կանանց յատկացուած առանձին սենեակները: Ընդհանուր զրոյց կը ծաւալեն, մինչեւ որ նշանուորներէն տարեց մը, խօսքը ուղղելով աղջկայ հօրը, կը յայտարարէ, որ «Եկեր ենք ձեր օճախէն կրակ տանինք մեր տուն»։ Այս արտայայտութիւնը կու գայ հին դարաշրջանէն, երբ կինը տան օճախին մօտ նստած, կրակը պէտք էր վառ պահէր: Հայրը նայելով իր կնոջ, կը հարցնէ. «Կնիկ, դու իս կաթ տուի մըր աղջկան, ի՞նչ է քո միտք» (կնիկ, դուն կաթ տուած ես մեր աղջկան, ինչ է քու կարծիքդ): Մայրը յուզուած կը պատասխանէ. «Մարդ, քու եւ էկող յարգելիների կամքը թըղ էղնի»: Այն ատեն հայրը դառնալով հարց տուողին, կ՚ըսէ. «Բարով, հազար բարի էք էկել, Աստուած թէղ մէզ չամչցու, թէղ էղնի» (Աստուած թող մեզ չամչցնէ, թող ըլլայ):

Դրան դիմաց կամ երդիքին կանգնած «լրտեսները» կը շտապեն փեսայի տուն աչքալուսանք տալու, կրկնելով. «Էղաւ, Էղաւ, զիմ ակընջկըլեն», այսինքն կատարուեցաւ, աւետիսը բերելու նուէրս տուր: [20]

Խնամիները աղջիկը ներս կը հրաւիրեն ու նշանուորները կը հանեն աղջկայ համար բերուած թանկարժէք նուէրները. ոսկի ականջօղ, մատանի, մանեակ (երբեմն բոլորը, երբեմն մէկն ու մէկը, նայած կարողութեան): Քահանան կ՚օրհնէ զանոնք եւ կը շնորհաւորէ նշանդրէքը: Ներկաները ուրախութեամբ կը բարեմաղթեն. «Աստուած շնորհաւոր էնէ»: Ապա տարեց կին մը նուէրները կը հագցնէ նշանծուին: Կը սկսին հիւրասիրութիւնները, մինչ այդ կը պատրաստեն ոչխարի խորովածն ու ճաշերը, գինի կը բերեն, սեղան կը դնեն: Նշանդրէքը կը տեւէ մինչեւ առաւօտ: [21]

Խալանկտուր

Խալանը (գլխագին) յանձնելու կարգը կը կոչուի նաեւ կթխա (նուէր): Սակայն իրականութեան մէջ, այն ոչ թէ գլխագին է, այլ դրամական նուէր հարսի ծնողներուն օգնելու օժիտի պատրաստութեան ծախսերուն մէջ: Գումարը կը տարուբերի 1-20 ոսկի, ըստ տղայի ծնողներու կարողութեան: Երբեմն վիճաբանութեան առիթ կը ստեղծուի, բայց միշտ ալ համաձայնութեան կու գան: [22]

Խլղաթ

Նշանդրէքէն ետք ընդհանրացած է հարսնատես երթալը. նուէրներով եւ քաղցրեղէնով կ՚երթան տեսնելու հարսնացուն եւ ծանօթանալու անոր հետ։ Նուէրները սովորաբար այնպիսի բաներ են, որոնցմով խնամիները պիտի պատրաստեն հարսի օժիտը. մինչեւ հարսանիք երկար ժամանակ ունին պատրաստուելու։ Սովորաբար տղայի կողմը աղջկան կ՚օգնէ հարսանեկան պատրաստութեանց մէջ ̀ յանձնելով հարսանեկան հագուստի եւ օժիտի կերպասեղէնը. հարսանեկան այս նուէրներու յանձնելը կը կոչուի խլղաթ, որն ի դէպ, կը կատարուի տարբեր առիթներով ու տօնական օրերու այցելութիւններու ընթացքին։ Սովորութիւն է, որ տղայի հարազատները կեսուրմայրիկի գլխաւորութեամբ, փայով-բաժնով (իւրաքանչիւրին յատկացուած բաժինը) ու խոնչա-փոխչաներով (ծրարներով) այցելեն խնամիներուն. այս ծրարներուն մէջ կ՚ըլլան եղանակին յարմար պտուղներ, ընկուզեղէն, հալվա, գաթայ, գլուխ շաքար (ոչ-փոշի շաքար), լեպլեպի, արմաւ, պաստեղ, նաեւ զարդեղէն, կարմիր եազմա (գլխաշոր), դաստաման (թաշկինակ), եւայլն:

Սովորութիւն է նաեւ հարսնացուն տանիլ եկեղեցի, յատկապէս տօնական օրերուն: Իսկ երբ հանրային բաղնիքներու մշակոյթը ծայր կ՚առնէ, փեսացուի քոյրը իր տարեկից աղջիկներու հետ հարսնացուն կը տանի բաղնիք: [23]

Այնուհետեւ աղջկայ հարազատներուն կ՚օգնեն խորհուրդներ տալով զգեստի կարուձեւի ժամանակ. նախընտրելի ու գովելի է, որ ձեռագործի եւ ասեղնագործութեան աշխատանքը նշանուած աղջիկը կատարէ, ցուցադրելով իր շնորհալիութիւնը: Հարսնացուի հագուստը թանկարժէք կերպասով կը կարուի. երբ հարսանիքի օրերը կը մօտենան, առիթ կը գտնեն նուիրելու նաեւ հարսանիքին հագնելու կարմիր սօլերը (կօշիկ), հարսի քօղը, եւայլն:

Այս ամբողջ ընթացքին, սակայն, որեւէ առիթով չի թոյլատրուիր, որ տղան երթայ աղջկայ տուն. հանդիպումները, յատկապէս տեսակցութիւնները, խստիւ արգիլուած են եւ պախարակելի՝ աղջկան համար։ Սակայն ճարպիկ տղաները, ուխտագնացութիւններու առիթով ընդհանուր խճողումին մէջ, առիթ կը գտնեն գաղտնի հանդիպելու իրենց հարսնացուին: [24]

Հարսնած (հարսանիք)

Սասունի մէջ հարսանիքները սովորաբար կը կատարուին դաշտային աշխատանքներու աւարտէն ետք, այսինքն ̀ աշնան վերջէն մինչեւ Բարեկենդանի օրերուն: Թէեւ հարսանիքի օրը միասին կ՚որոշեն, սակայն սովորութիւն է, որ թուականէն քանի մը օր առաջ, նորէն «աղուէս» մը գաղտագողի ղրկուի հարսանացուի տուն, պաշտօնապէս տեղեկացնելու հարսանիքի մասին եւ նուէրներ յանձնելու: Ապա կը սկսին կազմակերպել պատուարժան հիւրերու եւ յատուկ մասնակիցներու ցանկը, որոնց խոնդի կը կոչեն: Հրաւիրեալներու ամենէն առաջին անունները գիւղի երեւելիներն են: Կը հրաւիրեն օրուան յատուկ փողփուչ (սրնգահար) եւ խաղզեռ (երգիչ), հարսի տան մէջ երգող-լացող կիներ, ինչպէս նաեւ ըմբիշներ, լաւ վազողներ, այրուձիեր ̀ «փեսան գերեվարելու» թատերականացուած «ճակատամարտ»ը կազմակերպելու համար։ Այս ծիսական արարողակարգ մըն է բոլոր հարսանիքներուն կատարուող: Կան նաեւ հարսին ընկերակցող հարսնաքոյրեր ̀ հարսնքուր եւ բարբուդիկ անուններով, որոնք մինչեւ առագաստի գիշեր հարսէն անբաժան կ՚ըլլան։ Իսկ փեսայի ընկերները, որոնք հարսանիքի ամբողջ տեւողութեան միասին են ազաբչարիներ կը կոչուին: Խոնդիները հրաւիրելու համար կը պատրաստեն յատուկ ծաղեր (քաղցր կարկանդակ), ոչխարի կամ հաւի մսով պատառներ, օղի եւ գինի: Ապա հրաւիրող անձը զանոնք կը տանի բաժնելու եւ հրաւիրելու: [25]

Ուրբաթ երեկոն նախապատրաստական գիշեր է, այն կը կոչուի ազաբչարիի գիշեր. համայքնի երիտասարդները կը հաւաքուին զուարճանալու: [26]

1) Հարսն ու փեսան եւ իրենց գլխուն հարսանեկան «թագն ու պսակը»։
2) Սասունի Աղբիկ գիւղէն հայ ընտանիք մը։
(Աղբիւր՝ Վարդան Պետոյեան, Սասուն, «Նախաբեմ» հրատ., Երեւան, 2016)

Հարսնածի (հարսանիքի) օրը բոլոր հրաւիրեալներն ու ազգականները, գեղեցիկ ու տօնական հագած, փեսայի տունը կը հաւաքուին արեւմարէն առաջ, կը ճաշեն, ապա ճամբայ կ՚իյնան հարսի տուն: Երթալու ժամանակ երգ, պար, նուագ չեն կատարեր. միայն զրուցելով հանդիսաւոր կ՚երթան իրենց հետ վերցնելով խորովածի մսացու ոչխարները, փիլաւի ձաւարը, իւղ, քաղցրեղէններ եւ պտուղներ: Հարսի տան մէջ կարգով կը նստին, թեթեւակի կը հիւրասիրուին, մինչեւ որ բերուած ոչխարները մորթեն եւ պատրաստեն հարսանեկան ճաշերը, որոնք կը մատուցուին օղիի եւ գինիի ընկերակցութեամբ։ Առաջին ճաշկերոյթէն ետք, կը սկսին նուագն ու պարը, ուրախութիւնը, մինչեւ որ «բարի լոյսը բացուի» եւ սկսին հարսին ու փեսային  հագցնելու արարողութիւնները:

Հարսն ու փեսան լոգցնելն ու հագցնելը յատուկ ծէս է Սասունի հարսանեկան արարողակարգին մէջ: Հարսնեւորներուն հարսին տուն ճանապարհելէն ետք, փեսայի տունին մէջ կը սկսի թագաւոր փեսան լոգցնելու եւ հագցնելու արարողակարգը: Այսուհետեւ, քանի մը երիտասարդ, մինչեւ ամուսնական գիշերը, պիտի մնան փեսայի կողքին, թիկնապահներու նման. ասոնց ազաբչարիներ անունը կու տան: Տաշտին մէջ կը նստեցնեն թագաւորը եւ ազաբչարի մը. նոյն հերթականութեամբ կը լոգցնեն երկուքն ալ, միայն թէ ազաբչարին աւելի շատ կը չարչրկեն, վրան տաք ջուր լեցնելով կամ ձիւն եւ սառոյց նետելով։ Ազաբչարին անընդհատ բարձր աղմկելով, իր վրայ կը կենդրոնացնէ «չարքերու» ուշադրութիւնը, որոնք հակուած են թագաւորը վնասելու: Լոգցնելէն, չորցնելէն, ներքնաշորերը հագցնելէն ետք, կը տանին օճախտան կեդրոնը, ուր կը նստեցնեն եւ կը սկսին հագցնել։ Ազաբչարիներէն մէկը մեծ մատուցարանի մը վրայ պահած կʼըլլայ թագաւորի հագուստները. միւսները մէկ առ մէկ վերցնելով ու համապատասխան երգեր երգելով կը հագցնեն թագաւորը, իսկ ներկաները շարունակ կը կրկնեն. «Աստուած շնորհաւուր անէ»: Կարմիր ու կանաչ ուսկապ կը կապեն: Նախ քան «թագն ու պսակ» դնելը, փեսային կը մօտենայ ծաղրածու սափրիչը եւ կը սկսի անոր ածիլել։ Այս ընթացքին կատակախառն արգելքներ կը ստեղծեն, որպէսզի ներկաները նուէրներ (քաղցրեղէն, միրգ, փող) ընծայեն իրենց: Յատուկ երգ կայ նաեւ սափրելու ընթացքին երգուող.

Էրթանգ չոլը, զարգենք կաքաւ.
Բերենք դնենք Սուրբ սեղանին,
Խերն ու բարին մեր թագւորին:

Նոյնը տունը կը կրկնեն, թուարկելով որսի թռչուններու եւ վայրի կենդանիներու անուններ: Այնուհետեւ յարդարանքի վերջին մասը թագադրումն է, «թագն ու պսակը» հագցնելը։ Թագը ̀ գլխարկն է, շուրջը փաթթուած սեւ եազմայով, իսկ պսակը ̀ փայտեայ խաչ մըն է, չարխափան մը, որ կը մխրճեն գլխարկին մէջ, գոյնզգոյն (կարմիր, կանաչ, ճերմակ) փետուրներու եւ թելերու ընկերակցութեամբ:

Մինչ այդ բոլոր ներկաներու մասնակցութեամբ պիտի պատրաստուի նաեւ կենաց ծառը, որուն ուռք խմլել (պսակածառ զարդարել) անունը կը տրուի. ուռքը 2 մեթր բարձրութեամբ ձող մըն է, վրան 12  ձողիկներ ամրացուած, հաւասար հեռաւորութեամբ 3 շարքերով, իւրաքանչիւր շարքին զետեղելով 4 ձողիկ, հաւասար անկիւնաչափով: Պսակածառին վրայ թելերով առատօրէն կը կախուին թարմ եւ չորցուած միրգեր, գաթաներ եւ ընկուզեղէն, գագաթին կ՚ամրացնեն կարմիր ներկուած հաւկիթ մը. մէկ խօսքով ուռքին վրայ կը դնեն տան բերքն ու բարիքը։ Այն ծիսական նշանակութիւն ունի եւ պիտի դառնայ «ճակատամարտի» թիրախը: [27]

Փեսայի տան ընդարձակ սենեակին մէջ, քովնտի բազմած են հիւրերը, իսկ սենեակի կեդրոնը ̀ իր աթոռ-գահին նստած է թագաւորը, աջ կողմին ̀ քաւորը, ձախին՝ազաբչարիները: Կը սկսի «թագաւորի երես գալ» արարողութիւնը։ Հիւր կանայք  մոմերով լուսաւորուած մատուցարաններու վրայ կը բերեն զանազան ուտելիքներ. խորվուներ, գաթաներ, թարմ եւ չոր պտուղներ, սեր եւ կարագ, մեղր ու մածուն, եւայլն: Ազաբչարիները ընդունելով զանոնք, կը գովերգեն ուտեստն ու ընծայողը. այս վերջինս կը մօտենայ համբուրելու փեսան: Մինչեւ առաւօտ խնճոյք է, կերուխում, ուրախութիւն, երգ-պար, կատակներ: Այնուհետեւ պիտի գան հարսնեւորները եւ պիտի սկսի պայքարը ուռքը գրաւելու. հետեւաբար աւագ ազաբչարիի գլխաւորութեամբ կը մշակուի ռազմավարութիւն, թէ ինչպէս պէտք է պաշտպանուիլ:

Հարսին վերաբերող արարողակարգին առնչութեամբ, տակաւին հարսնածի նախորդ օրերուն, արդէն իսկ հարսի մայրը, նախօրօք որոշած կ՚ըլլայ թէ որու տունը պիտի կատարուի հարսի «գլուխ լուալ»ու արարողութիւնը, որ կը համարուի մեծապէս ցանկալի եւ պատուաբեր։ Հետեւաբար այս ընտրութեան համար, ընտրեալ տանտիրուհին յատուկ նուէրներ կ՚ընծայէ հարսին: Հարսը կը լոգցնեն նախորդ օրը, սակայն հարսանեկան հագուստները կը հագցնեն հօրական տան մէջ, երբ առաջին կերուխումէն յետոյ լոյսը բացուած է արդէն: Հագցնելու ծիսակարգին գիւղի ամբողջ բնակչութիւնը կրնայ մասնակցիլ հարսանիքին, առանց հրաւէրի: Հագցնելու ժամանակ օրհնելով իւրաքանչիւր հագուստ, կ՚երգեն յատուկ երգեր, որոնք ուրախութիւն, միաժամանակ նաեւ լաց կը պատճառեն ներկաներուն: Մինչեւ արեւածագ կերուխումն ու ուրախութիւնը կը շարունակուի: [28] Առաւօտեան փեսայի հայրը (կամ ներկայացուցիչը) թոյլտւութիւն կը խնդրէ հարսի ծնողներէն, որպէսզի հարսը վերցնելով մեկնին. խօսքն ուղղելով մօրը, կ՚ըսէ. «Խնամի, աղջկադ ծծած կաթը հալալ է». մայրը յուզուած կը պատասխանէ. «Հալալ էղնը, խնամի, հալալ էղնը». այնուհետեւ հայրը խնամիի ափին մէջ ոսկեդրամ մը կը սահեցնէ, որպէս նուէր. հարսը իր ընկերուհիներու եւ հարսնաքոյրերու ընկերակցութեամբ հարսնեւորներուն հետ դուրս կու գայ հայրական օճախէն: Հարսը կը նստեցնեն զարդարուած ձիու մը վրայ: Կողքին հեծեալ թէ հետիոտն հարսնեւորները շրջապատած են իրեն, պատրաստ  ճակատամարտի: Հարսանիքի ղեկավարը իր խմբակիցներուն հետ արդէն մշակած է յարձակման ծրագիրը եւ իր մարտիկներուն ղրկած անյայտ ճամբաներով մօտենալու թագաւորի տան կտուրին եւ գերեվարելու թագաւորն ու ուռքը:

Թագաւորն արդէն իսկ «բերդ» տան կտուրին կանգնած է ̀ քաւորի եւ ուռքը ձեռքին բռնած ազաբչարիին հետ: Կտուրի անկիւնները շարուած են միւս ազաբչարիները, պահպանելու թագաւորը եւ ուռքը: Մինչեւ փողոցի ծայրը զօրքը շարուած պատրաստ կը սպասէ հարսանեկան թափօրը:

Երբ կը մօտենան թագաւորի տան, հարսանիքի ղեկավարը հրաման կու տայ յարձակելու. ահա կը սկսի ճակատամարտը ̀ «թուր ու մառտալով» (սուր ու վահանով), «բիր ու ջոգանով» (ծայրը կեռ գաւազան), ոմանք կը գօտեմարտին, ոմանք բռունցքներով կը կռուին, ձիաւորները կ՚արշաւեն դէպի բերդի կտուրը։ Պայքարը կը շարունակուի մինչեւ որ ուռքը գրաւեն. յաճախ սակայն չի յաջողուիր: Ուռքի համար տարուող այս ճակատամարտը մնացուկն է մայրիշխանութենէն հայրիշխանութիւն անցման ժամանակաշրջանէն:

Սակայն այս ամբողջ իրարանցումին մէջ հարսն ու իր շքախումբը անձեռմխելի են։ Անոնք հանգիստ կը մօտենան թագաւորի տան: Դրան շեմին հարսին վրայ շաղ կու տան մանրադրամներ, չիր ու չամիչ, ընկուզեղէն: Ապա կիսուրմայրիկը (կամ այլ տարեց կին մը) հարսին կու տան նուռ մը կամ կաւէ աման մը, որպէսզի դրան շեմին զարնելով կոտրի եւ չարը խափանուի: Տուն մտնելով, հարսին կը տանին իրեն յատկացուած անկիւնը, շրջապատուած հարսնաքոյրերով. հոս իրեն կը մօտենան կանայք ̀ ծանօթանալու համար: Երկու կողմերու հարսնեւորները արդէն իսկ հաշտուած, միասին կը մտնեն տուն եւ կը տեղաւորուին։ Ամենավերջը ներս կը մտնէ թագաւորը իր շքախումբի հետ եւ կը գրաւէ իր տեղը. կը կրկնուի «թագաւորի երես գալ»ու արարողութիւնը։ Մինչ այդ երգիչները երգելով կը թուարկեն թագաւորի կողմէ հարսնաքոյրերուն եւ խնամիներուն տրուելիք նուէրները: [29]

Հարսանիքը սովորաբար կը տեւէ 3-7 օր, ըստ կողմերու կարողութեան: Այնուհետեւ թափօրով կ՚երթան եկեղեցի, պսակի արարողութեան համար։ Ճանապարհին քաւորը սուրը պարզած, հպարտ կ՚առաջնորդէ հարսն ու փեսան, կողքէն կը քալէ ուռքը բռնած ազաբչարին: Եկեղեցիի շեմին քահանան ու տիրացուն կը դիմաւորեն հարսնեւորները. թագաւորն ու հարսը կը կատարեն խոստովանութեան կարգ, յետոյ կը մտնեն եկեղեցի, ուր արդէն իսկ իրենց կը սպասեն հարսնեւորները: Երբ խորանի առջեւ հարս ու փեսայի գլուխները եւ ձեռքերը իրար կը միանան, քաւորը խաչը կը պահէ անոնց վրայ: Յետոյ երբ գլուխները կը հեռացնեն, տիրացուն քաւորի սուրը վերցնելով կ՚իջեցնէ անոնց ձեռքերու առանքէն այս ձեւով բաժնելով իրարու միացած ձեռքերը: Մինչ այդ քահանան ու քաւորը կարմիր (փեսայի առնականութիւնը խորհրդանշող) եւ սպիտակ (հարսի կուսութիւնը խորհրդանշող) թելեր իրար միացնելով, անոնց գլուխներուն շուրջ կը կազմեն նարօտ պսակը՝ նորապսակներու միութիւնը հաստատող: Պսակի արարողութիւնը կ՚աւարտի կոտրելով ուռքը, երբ քահանան վերցնելով ուռքի գագաթին խրուած կարմիր հաւկիթը, կը դնէ սեղանին վրայ, ըսելով. «Կատարեաց զօրէնս» (օրէնքը կատարուեցաւ)։ Ապա, ըստ արժանւոյն ուռքը կը բաժնէ բոլորին: Պսակի արարողութենէն յետոյ քահանան կ՚ուղեւորուի թագաւորի տուն: [30]

Հարսնեւորները ուրախ նուագով, երգ ու պարով կը հասնին թագաւորի տուն. շեմին կիսուրմայրիկը կը դիմաւորէ նորապսակները, անոնց ուսերուն հաց կը դնէ եւ համբուրելով հարսը կը տանի տուն: Հարսը մօտենալով՝ աջ ոտքը կը դնէ դրան շեմին բերանքսիվար դրուած պղնձէ կաթսային վրայ եւ կը մտնէ ներս։ Ապա, ուսերուն դրուած հացերը հանելով, կը նետէ զանոնք սենեակին բարձր մէկ անկիւնը, որպէսզի տան մէջ առատ ըլլայ հացը: Հարսնեւորներէն մէկը, ծոցէն հանելով հարսի հօր տունէն «գողցած» ամանը, պատին զարնելով կը ջարդէ, որպէսզի հարսին հաւանական թերութիւնները փեսայի տուն չմտնեն: [31] Նորէն կերուխում, ճոխ սեղաններ, բարեմաղթանքներ: Կերուխումի աւարտին, թագաւորն ու ազաբչարիները կը կոտրեն իրենց սեղանի վրայ դրուած ամանները, թագաւորը կ՚առնեն ու կ՚երթան իրենց տուները։ Այսպէս 7 օր թագաւորն ու ազաբչարիները կը շարունակեն խնճոյքները տարբեր տուներու մէջ. մինչ այդ հարսը իր հարսնաքոյրերու հետ մնալով թագաւորի տուն, կ՚ընտելանայ նոր միջավայրին եւ նոր կեանքի նիստուկացին:

Սասնայ հարսանեկան երգերու նմուշներ. [32]

Զհերիկ խաբեցին գուռէ մէ գինով,
Զմերիկ խաբեցին թոփիկ մէ շիլով,
Զաղբեր խաբեցին ջուղտակ մէ ճզմով, 
Զքուրիկ խաբեցին մատիկ մէ հինով:
Զփարու հանգուց արձակեցին,
Զաղջիկ մամուց ջոկեցին:

Մերիկ, մի աւլէր զտախտիկ,
Որ չավրի քու աղջկայ հետիկ,
Թող մնայ քեզ նմուշիկ,
Որ հանես զքոյ սրտի հասրաթիկ:
Չամիչ մաղով մաղեցին,
Աղջկայ ճեպեր լցեցին,
Զխարիբ ճամբու դրեցին:


Հարս ու փեսայի գովքը.

Օրհնէ Աստուած, օրհնէ Քրիստոս,
Օրհնէ զթագւորն ու զթագուհին:
Ցորեն ցանեն, ելէր է բուս,
Էջմիածին իջեր է լուս,
Օրհնէ զթագւորն ու զթագուհին:
Հռիփսիմէն ի քառսուն կոյս,
Օրհնէ զթագւորն ու զթագուհին:
Նոյ Նահապետ նստաւ գեամին [
նաւ]
Իր ձեռքն առաւ հաց ու գինի,
Օրհնէ զթագւորն ու զթագուհին:
Հացն ու գինին, տէր կենդանին:
Յիսուս իջաւ Յորդանան գետ,
Եօթն անուան տէր Սուրբ Կարապետ,
Օրհնէ զթագւորն ու զթագուհին:
Պետրոս, Պօղոս Ֆռնգստան,
Յիսուս ծնաւ Արաբստան:
Օրհնէ զթագւորն ու զթագուհին:
Մեր թագւորներ եկան սարէն,
Ձեր թագւորներ եկան սարէն,
Քառսուն աղբիւր բխեց քարէն.
Օրհնէ զթագւորն ու զթագուհին:
Սուրբ առաքեալ եւ մարգարէն,
Օրհնեն զթագւորն ու զթագուհին:
Գարուն եկաւ, գարուն եկաւ,
Գոգն ու ծոցը ծաղիկներով,
Որտեղ նայեց, ձեռքը դրեց,
Լցուեց անուշ, քնքուշ հոտով:
Որտեղ գնաց, գորգեր փռեց ̀
Հիւսուած հազար վառ գոյներով:
Կաքաւ երգեց, անցաւ սարէն,
Աղբիւր բխեց նստած քարէն,
Օրհնեն զթագւորն ու զթագուհին:

Ծառ խնկենին

Ծառ խնկենին որ ծաղկեցաւ
Թուփն ու տերեւ բոլորեցաւ,
Սուրբ Խաչ վրեն որ բազմեցաւ,
Թագւոր, աթոռք ուրախացաւ:
Ծառ խնձորենին որ ծաղկեցաւ, 
Թուփն ու տերեւ բոլորեցաւ,
Սուրբ Խաչ վրեն որ բազմեցաւ,
Թագւոր, աթոռք ուրախացաւ:
Գացէք, բերէք զկաքաւ քարէն,
Թող գայ մտնի դարբազխանէն,
Սնդրիկ զարկին Սուրբ Սեղանին,
Խերն ու բարին մեր թագւորին:
Գացէք, բերէք զկռունկ չոլէն,
Թող գայ մտնի դարբազխանէն,
Սնդրիկ զարկին Սուրբ Սեղանին,
Խերն ու բարին մեր թագւորին:
Գացէք, բերէք զբարան ջղէն, 
Թող գայ մտնի դարբազխանէն,
Սնդրիկ զարկին Սուրբ Սեղանին,
Խերն ու բարին մեր թագւորին:
Էդ ինչ ու ինչ, էդ ինչ ու ինչ,
Ծաղիկ բերինք ծաղկանաց,
Էնպես բերինք, էնպես բերինք,
Զտակն ու տերեւ հետ իրրաց:
Էդ ինչ բերինք, էդ ինչ բերինք, 
Ծաղիկ բերինք ծաղկանաց,
Էնպես թփռեն, էնպես թփռեն, 
Հարս ու փեսեն հետ իրրաց:

Էրթանք չոլը, զարկենք կաքաւ,
Բերենք դնենք Սուրբ Սեղանին,
Խերն ու բարին մեր թագւորին:
Էրթանք չոլը, զարկենք տատրակ,
Բերենք դնենք Սուրբ Սեղանին,
Խերն ու բարին մեր թագւորին:
Էրթանք չոլը, զարկենք կռունկ,
Բերենք դնենք Սուրբ Սեղանին,
Խերն ու բարին մեր թագւորին:

Քրտերէնով կ՚երգեն՝

Հայլէ լըմ հավալէ,
Հատըն խալխէ դարէ,
Սաքնին աղալարա,
Ժըն բրըն զերէ զարա:
Հայլէ լըմ հավալէ,
Խանի բավօ դերա,
Իշաւ ռազէ թերա,
Սըբիէ օղուր խերա:
Հայլէ լըմ հավալէ,
Դեկա դա նանպեժա,
Սար սելէ դավեժա,
Հեստա հուր-հուր դռեժա:
Հայլէ լըմ հավալէ,
Գազի ապէ կալ կըն,
Նան ու խոյ հալալկըն,
Բուկ լը զավէ բըմբարկըն:
Հայլէ, հայլէ, հայլէ,
Հայլէ լըմ հավալէ,
Հատըն լըմ հավալէ,
Բուկ բրըն մեհվանէ: 
Հայլէ, հայլէ, հայլէ,
Հայլէ լըմ հավալէ,
Հատըն ժը ալի փրէ,
Բուկ բըրն բե բրէ:
Հայլէ լըմ հավալէ,
Հատըն ժը բանոկա,
Բուկ բրըն բաշոկա,
Թամամ սուարի քոքա:
Հայլէ լըմ հավալէ,
Հայլէ, հայլէ, հայլէ,
Մագրի բուկէ սալէ,
Դըլ խարիբէ ժարէ:

Թարգմանութիւն՝
Վայ ինձ ընկերներ,
Եկան օտար ժողովուրդները (մարդիկ), 
Սպասեցին աղաները,
Դեղին ոսկով կին տարան:
Վայ ինձ ընկերներ,
Հօրդ տունը վանք է,
Այսօր ալ կուշտ քնիր,
Առաւօտեան բարի ճամբայ:
Վայ ինձ ընկերներ,
Քու մայրը հացթուխ է,
Սաճի վրայ հաց կը նետէ,
Մանր-մանր արցունք թափէ:
Վայ ինձ ընկերներ,
Կանչեցէք ծերուկ հօրեղբօրը,
Աղ ու հացը հալալ ընէ,
Հարսին ալ փեսային վայելցնէ:
Վայ ինձ, վայ ինձ, վայ ինձ,
Վայ ինձ ընկերներ,
Հարսին հիւր տարին:
Վայ ինձ, վայ ինձ, վայ ինձ,
Վայ ինձ ընկերներ,
Կամրջի կողմէն եկան,
Անեղբօր հարսին տարին:
Տատրակ հարսին տարին,
Բոլորն ալ հեծեալներ էին:
Վայ ինձ ընկերներ,
Մի լար տարուայ հարս,
Ղարիպ, սրտաբեկ:

Մեզգեխիլ

Մեզգեխիլ կը կոչուի նորապսակներու առագաստը: 7-րդ օրը թագաւորը տուն կը վերադառնայ իր շքախումբով։ Մայրը կը դիմաւորէ որդին համբուրելով ճակատը եւ կ՚առաջնորդէ տուն, ուր արդէն իսկ սեղանը պատրաստ կ՚ըլլայ: Սա վերջին խնճոյքն է. ազաբչարիները բարեմաղթանքներով կը հեռանան, փեսան իր շնորհակալութիւններով կը ճամբէ անոնց: Ներկաները իրենց նուէրները հարսին  յանձնելէ ետք կը մեկնին. հարսը բոլորի ձեռքերը համբուրելով կ՚արտայայտէ իր շնորհակալութիւնն ու խոնարհութիւնը: Կիսուրմայրիկը տղու թագն ու պսակը գլուխէն կը հանէ եւ կը դնէ իրենց համար նախատեսուած ամուսնական առագաստի անկողինին վրայ։ Այն ատեն տարեց հարսնաքոյրը հարսին կը թելադրէ. «Գլուխ իճուս Աստծու, հաբամլէ քու մարդուն» (գլուխ խոնարհէ նախ ̀ Աստծուն, ապա ̀ քու մարդուն). յետոյ հարսին կը մօտեցնէ փեսան, «մէկ բարձի ծերանաք» կը բարեմաղթէ եւ դուռը կը փակէ:

Դուրսը հրացանազարկ կ՚ըլլայ, լուրը աւետելու եւ չարքերուն վախցնելու համար: [33]

Յաջորդ առաւօտեան հարսնաքոյրը առաջինը կը մտնէ անոնց սենեակ եւ հաւաքելով սաւանը, կիսուրմօրը ցոյց կու տայ վրայի նշանը։ Այդ առիթով կը ստանայ համապատասխան նուէր եւ հարսեղբօր հետ, հպարտութեամբ կ՚երթան հարսի ծնողներու տուն ̀ աչքալուսանքի: [34]

Մէկ շաբաթ անց, հարսի մայրը պիտի երթայ խնամիներուն տուն աղջիկը լոգցնելու , կամ ինչպէս կ՚ըսեն գլուխլուանէքի։ Այս առիթով պիտի տանին նաեւ օժիտը։ Հետեւաբար, նախօրէին մայրը կլոր գաթաներու վրայ գունդ մը հալվա դնելով կը ղրկէ իր ծանօթ, հարազատ ու ազգական կանանց, որպէս հրաւիրատոմս. իսկ քաւորին կը ղրկէ եփած հաւ եւ գլուխ շաքար: Կանանց խումը ներկայ կ՚ըլլայ օժիտի յանձման արարողութեանը. նուէրները մէկ առ մէկ կը ցուցադրուին. քաւորն ալ ղրկած կ՚ըլլայ նուէրները, հիւր կանայք նոյնպէս իրենց նուէրները կը յանձնեն: Փեսայի մայրը, իր հերթին, համապատասխան նուէրներով կը ճանապարհէ հիւրերը: [35]

Սովորաբար օժիտը կը նուիրեն սնտուկներու մէջ դասաւորուած վիճակով. ըստ կարողութեան կրնայ հարուստ կամ միջին ըլլալ, բայց պարտադիր է որ հոն գտնուին ձեռք մը անկողնային պարագաներ (սաւան, վերմակի ծածկոց, բարձի երես), մանկան օրօրոց եւ պարագաները։ Ըստ կարողութեան նաեւ մինչեւ 12ական հատ շապիկբուճ (գուլպայ), թումբան (վարտիկ), խրխայ (արխալուղ = մինչև ծնկները հասնող հագուստ), մեզար (գոգնոց), միրջիկի եազմա (հաստ գլխաշոր), թանզիֆ (բարակ գլխաշոր), մինթանա (տնային շոր), երեսի փարդա (դէմքի քօղ), երեսի մեզար (անձեռոց), եւայլն: Պէտք է պատրաստուի նաեւ 1 ձեռք աշխատանքային թումբան-շապիկ, քանի մը իշլիկ (բաճկոն) եւ չարքեազի ժակէթ. նաեւ 2-ական զոյգ ուսկարպ (կօշիկ), թախթա բաբուճի (տնային ցածրակրունկ կօշիկ) եւ ճտիկ (հողաթափ): Ինչպէս նաեւ ասեղնագործ թաշկինակներ, անձեռոց, օճառ, հայելի, լուֆըկ (լոգնալու ճիլոպ, խսիր), թատիկ (խոհանոցային բռնիչ), կարի պարագաներ: Իսկ զարդարանքներէն 1 արծաթեայ (ըստ կարողութեան նաեւ ոսկեջրած) քեամար (գօտի), 1 ոսկեջրած սանտր, 1 գլուխի շերիդ (ճակատի սանտր յարմարանք դրամները ամրացնելու համար), եւայլն: Եթէ չունեւոր են, ապա զարդերը ապակեայ կամ ոսկորէ կ՚ըլլան: [36]

Հարսի քօղը մէկ ամիս պիտի մնայ երեսին, մինչեւ որ իր հօրանց տունէն մեծ պատրաստութիւններով գան նորահարսը «դարձ» տանելու։ Ընդունուած է, որ հարսի եղբայրը կամ հօրեղբայրը ըլլայ այս տանողը. այդ առիթով անոր կը նուիրեն թանկարժէք իր մը, սովորաբար սպիտակ կոթով դաշոյն մը: Հարսին ուղարկելու ժամանակ անոր հետ կը ղրկեն զվադա (ճամբի կերակուր) եւ խնամիներուն նուէրներ, որոնց փառու անունը կու տան: Հայրական տուն մտնելէն ետք, քօղը կը հանեն երեսէն. հարեւան, բարեկամ, ազգական կու գան տեսնելու հարսը եւ ծանօթանալու վիճակին: Այնտեղ կը մնայ 15-20 օր, մինչեւ որ փեսայի տունէն հանդիսաւոր կու գան իրեն ետ տանելու. վերադարձի ճամբուն համար իրենց հետ վերցուցած կ՚ըլլան ուտեստներ, անցորդներուն բաժնելու համար: [37]

Առագաստի օրէն մինչեւ «դարձ»ի երթալ-գալը, թոյլ չեն տար հարսին տնային ծանր գործեր կատարելու. բայց երբ առագաստի սենեակէն դուրս կու գայ, իր աշխատասիրութիւնը եւ խոնարհոթիւնը ցոյց տալու համար, կը սկսի աւլել տունը:  Իսկ «դարձ»էն ետք, ան կը մասնակցի բոլոր կանացի աշխատանքներուն: Սովորութեան համաձայն, սասունցի հարսը չխօսկան է, ամուսինի հետ կրնայ խօսիլ քանի մը ամիս ետք միայն, այն ալ առանձնութեան ժամանակ: Նախ կը սկսի խօսիլ տան փոքրերուն հետ, յետոյ միւս անդամներուն հետ. կեսուրմայրիկի հետ իրաւունք ունի խօսելու առաջնեկի ծնունդէն յետոյ, իսկ կեսրայրի հետ բացարձակապէս չի խօսիր:

Հարսանիքէն յետոյ երկար ժամանակ փեսան չ՚այցելեր զոքանչի տուն, մինչեւ փեսապատիւճաշկերոյթի կազմակերպումը։ Այդ առիթով փեսան նուէրներով կ՚երթայ առաջին այցելութեան: Իրենց հերթին, հարսի ընտանիքի անդամները քանի մը օր իրենց տունը պահելով կը պատուեն անոր եւ կը ճամբեն թանկարժէք հագուստ նուիրելով: [38]

Առաջին Տիառընդառաջին նորապսակները կ՚երթան եկեղեցի եւ 7 անգամ կը դառնան կրակին շուրջ, օրհնեալ կրակի արգասաբեր յատկանիշներով օժտուելու համար: [39]

Տղաբերք/ծնունդ

Հարսանիքէն յետոյ, նորահարսը 40 օր որևէ ծննդկանի տուն չʼայցելեր, այն վախով որ այնտեղ կրնայ հանդիպիլ չարքերուն եւ այս ձեւով իր պտղաբերութիւնը վտանգել:

Ընդհանրապէս չորեքշաբթի, ուրբաթ եւ կիրակի օրերուն ամուսինները չեն մերձենար իրարու, այն մեղք կը համարուի, ըստ հայոց եկեղեցական կանոնագրքի օրէնքին, որ սասունցիք դարերէ ի վեր այն կը կիրառեն: [40]

Առհասարակ ամլութիւնը արհամարհելի է հասարակութեան կողմէ։ Հետեւաբար, երբ կ՚ուշանայ յղիութիւնը, ամուսնինները իրենց չբերութեան դէպքերը գաղտնի կը պահեն եւ կը դիմեն զանազան հմայական միջոցներու. կ՚այցելեն գրբացներու եւ «թուղթ ու գիր» գրել կու տան. ուխտի կ՚երթան Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանք, յետոյ Մարութա Ճգնաւորի վանք. կանայք կ՚երթան Ընցքար գիւղի «Ծակ քար» եւ ծակ քարին մէջէն կ՚անցնին, եւայլն: Հինէն ի վեր եղած է հետաքրքրական ծիսակարգ մը. ամուսինները միասին 7 աղբիւրներէ ջուր կը բերեն, գիշերը կը տաքցնեն, օճախի դիմաց տաշտի մէջ մերկ կը նստին ̀ կռնակ-կռնակի տուած, իրարու վրայ փոխադարձաբար ջուր կը լեցնեն, այսպիսով ազատուելով «կապուկ» (կապուած) վիճակէն, որն ալ չբերութեան պատճառ կը նկատեն: [41]

Ապահարզան չի թոյլատրուիր Սասունի մէջ, նոյնիսկ չբերութեան կամ տղամարդու առնականութենէ զուրկ ըլլալու պարագային: Կինը սասունցի տղամարդու եւ ընտանիքի «նամուսն ու խիրաթն է» (պատիւն ու եռանդը). «կնկայ խօսքը գետին չընկնը» (կնկայ խօսքը գետին չիյնար): Ամուսիններ խոր յարգանքով եւ սիրով կը կապուին իրարու եւ կը կիսեն իրենց բաժին հասած կեանքի դժուարութիւնները:

Յղի կնոջ չի թոյլատրուիր ջուրի երթալ, հոսող ջուրի վրայէն անցնիլ, մութ սենեակ մտնել, ոչ ալ գիշերով դուրս գալ տունէն, այն մտահոգութեամբ, որ չարքերը կրնան «զարնել» իրեն: Արհետսական վիժման գաղափար չկայ. ինչ-ինչ պատճառներով պատահած վիժումը կը ծանրանայ կնոջ վրայ, որպէս մեծ մեղք եւ յանցագործութիւն:

Չծնուած երեխայի սեռը որոշելու համար կան զանազան հնարքներ։ Խմորի փոքրիկ գունդ մը կը դնեն կրակի վրայ. եթէ գունդը ուռչի, բայց չճաքի, ուրեմն երեխան տղայ է. եթէ ճաքի, ուրեմն ̀ աղջիկ. եթէ տրաքելով ձայն հանէ, ուրեմն զօրեղ տղայ է: Յղի մայրը խաշած սիսեռահատիկ մը վերցնելով կը սեղմէ մատներով. եթէ հատիկը դուրս թռչի մէջէն առանց կիսուելու կամ ճզմուելու, ուրեմն տղայ է, այլապէս ̀ աղջիկ: [42]

Կը հաւատան, որ երեխայի առաջին խաղը զգալու ժամանակ, ճիշդ այդ պահուն մայրը ինչ տեսնէ, անոր ալ պիտի նմանի նորածինը. հետեւաբար կը զգուշացնեն հարսին, որ տգեղ եւ այլանդակ երեւոյթներու չնայի: [43]

Ծննդաբերութեան ժամանակ դժուարութիւններ չունենալու կամ ալ դիւրին ազատուելու համար, յղի կնոջ մէջքին բարակ շղթայով մկրատ մը կը կապեն. կը հաւատան որ այս հմայիլով չարքերը կը փախին: Բասըմբոլ (Ծաղկազարդի վառուած մոմի մնացորդով ձեւաւորուած) նարօտ կը կապեն անոր հագուստին տակ: Երուսաղէմէն, Էջմիածինէն եւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքէն բերուած 7 հանգոյցներով թել կը կապեն անոր մէջքին:

Երբ կ՚ուշանայ ծննդաբերութիւնը, արօրը դուրս կը հանեն տունէն, տան շեմին կը մասնատեն, որպէսզի «բերքն» ալ մօրմէն անջատուի: Եկեղեցիի (կամ տան) դուռը երեք անգամ կը բանան ու կը գոցեն, որպէսզի դուռ բացուի ծննդաբերութեան համար: Կը հաւատան, որ ծննդաբերութենէն առաջ երբ ամուսինը թիկունքով կը հպուի կնոջ մէջքին, կը գօտէպնդէ անոր եւ թոյլ կու տայ որ կինը յենուի իր վրայ։ Այստեղ սակայն կայ այլ նպատակ մը եւս. չարքերու ուշադրութիւնը շեղել ծննդաբերութենէն, որպէսզի ցաւերը աւելի թեթեւ ըլլան։ [44]

Ծննդաբերութեան ցաւերը երբ կը սկսին, երկու կանայք մտնելով ծննդկանի թեւերը, անոր հետ կը քալեն տան մէջ, որպէսզի հեշտ ծնուի երեխան: Իսկ ծննդաբերութիւնը սովորաբար ծնրադրած վիճակով կ՚ըլլայ. ծննդկանի կողքին է  փորձառու տատմերը: Երբ երեխան կը ծնի, պորտը կտրելէն ետք, կը լուան զայն, մարմնին աղ կը ցանեն, ապա ղոնտախ (պարուր) փաթթելով կը պառկեցնեն մօր բարձի կողքը, իսկ ընկերքի վրայ ասեղ մը խրելէ ետք՝ կը թաղեն այնպիսի տեղ մը, ուր ոտք չի կոխեր:

Մայրը իր կաթը կը կաթեցնէ նորածինի աչքերուն մէջ, որպէսզի աչքացաւ չունենայ. սովորաբար ծննդաբերած կնոջը կը կերցնեն հալած իւղ եւ մեղր, խաւիծ, նուիկ բանջար, ձուածեղի տապակ, ջաջառուն հալվա (սասունցիներու յատուկ հելվան), որպէսզի ուժերը վերականգնէ, նաեւ կաթն առատ ըլլայ: Ծննդաբերութեան լուրը հօրը կը յայտնեն բակին մէջ սպասող երեխաները, աչքալուսանք ստանալու ակնկալիքով. եթէ նորածինը տղայ է, բնականաբար մեծ նուէր պիտի ստանան: Հայրը մինչեւ նորածինի քառասունքը չի մօտենար իր կնոջ ու նորածինին: Սակայն հարեւան ու ազգական կանայք «աչքալուսանք»ի կու գան, նորածինին հագուստցու կերպաս բերելով, իսկ մօր համար ̀ գաթա, եփած հաւ, հալվա, շաքար: [45]

Քառասունքի ամբողջ ընթացքին, ծննդկանի գլխին ու մէջքին շալ կը կապեն, մէջքին կը կապեն նաեւ աչքխափան մկրատ մը: Նոյն նպատակով նաեւ բարձին տակ կը դնեն դաշոյն մը. եթէ տան մէջ Աստուածաշունչ կամ Նարեկ կայ, այն ալ կը դնեն բարձին տակ: Նմանապէս նորածինին լոգնալու տաշտին մէջ կը դնեն մետաղեայ իր մը. իսկ երբ ջուրէն կը հանեն փոքրիկը, ջուրին մէջ կը թքեն, ըսելով. «Չարն էրթա, բարին իգայ»:

Միայն կնունքէն ետք մայրն ու նորածինը մաքրուած եւ հալալուած (մկրտուելով հալալ դառնալ) դարձած կը համարուին. հետեւաբար կ՚աշխատին մէկ շաբաթական երեխան անպայման մկրտել, եկեղեցիի կամ տան մէջ:

Սասունի մէջ իւրայատուկ երեւոյթ է Կարմիր Զատիկի օրերուն ծնուած երեխան. այն կը համարուի «փեջըրար», այսինքն ̀ փեջ նայող, գուշակ: Այդ առիթով մատաղ կ՚ընեն, մատաղի գառնուկին թիկնոսկրը կը վերցնեն ու կը ծակեն, ապա, զայն կը յանձնեն ծննդկանին, որ իր կարգին այս ոսկորը իր պտուկին մէջէն անցնելով այս յատուկ դիրքով կը կերակրէ նորածինը 7 օր շարունակ: Յետոյ այդ ոսկորը կը տանին արտ, այնպէս կը թաղեն, որ անոր մէջէն ցորենի հասկեր ծլին. այդ ցորենները հասնելէն ետք, խնամքով կը քաղեն, առանձին ալիւրի կը վերածեն եւ նորածինին կը կերակրեն, իբրեւ մօր կաթէն ետք ստացած առաջին սնունդ: Կը հաւատան, որ այս երեխան մեծնալով գուշակ կը դառնայ: [46]

Կնունք, մկրտութիւն եւ քառսունք

Ինչպէս սովորութիւն է, սասունցիները 7 օրուայ ընթացքին կը մկրտեն նորածինը: Սովորաբար կնքահայրը տոհմական կ՚ըլլայ. ժառանգաբար, սերունդէ սերունդ նոյն գերդաստանէն մէկը կը հանդիսանայ տուեալ ընտանիքի քաւորը. ան կը համարուի օճախի ամենայարգարժան ու ամենամօտիկ մարդը։ Յարգանքի ու ակնածանքի որպէս նշան սանամայրը երբեք չի խօսիր անոր հետ, միայն մահուան սնարին մէջ կրնայ արտայայտուիլ: Կնունքի հրաւիրելու կամ տօնական օրերու առիթով, սանամայրը քաւորին կը ղրկէ ճամբրուկը ̀ նուէրներով լեցուն խուրջինը, որուն մէջ կայ գլխարկ, շապիկ, դաստամալ (թաշկինակ), նխշուն պուջ (նախշուն գուլպայ), գաթայ, խմիչք, եւայլն: Իսկ քաւորը սանամօր համար կը ղրկէ կարմիր սօլեր ու  գլխաշոր, իսկ  սանիկի համար կտորեղէն ու այլ պէտքական իրեր: Քաւոր-սանամայր յարաբերութիւնները հին ժամանակներէն կու գան. Սասունի բարբառին մէջ, Ծիր Կաթին այստղահոյլը կը կոչեն «սանամօր էրտը», այսինքն ̀ սանամօր յարդը։ Ըստ աւանդազրոյցի, սանամայրը քաւորենց յարդը գողցած երբ կ՚աճապարէ տուն հասնիլ, քամին կը տարտղնէ յարդը երկնակամարի վրայ եւ կը գոյանայ սանամօր էրտը: [47]

Կնունքի արարողութեան ընթացքին նորածինը քաւորի բազկատարած ձեռքերուն մէջ է. երբ քահանան զայն կ՚ընկղմէ մկրտարանի մէջ, քաւորը կը կնքէ անոր անունը։ Մկրտուելէն ետք կը փաթթուի նոր խանձարուրի մէջ, ապա քահանան միւռոնով կ՚օծէ անոր մարմինի մասերը ̀ համապատասխան աղօթք մրմնջելով. աւարտին կ՚օրհնէ քաւորի բերած նարօտը եւ կ՚անցընէ երեխայի վիզին: Մկրտութեան նարօտը կը պատրաստեն ոլորելով կարմիր ու կանաչ մետաքսեայ թելեր, որոնց ծայրերուն ալ կը կապեն նոյն գոյներով ծոպեր: Սովորաբար կարմիրն ու կանաչը ուրախութեան եւ առողջ կեանքի խորհրդանիշ են։ Այսպէս, սասունցիները բարեմաղթելու ժամանակ կ՚ըսեն. «կանչնաս», այսինքն ̀ դալարիս, կեանքդ առողջ ու երկար ըլլայ:

Քաւորը դրամական նուէրներ կը բաշխէ քահանային ու տատմերին. յետոյ կնունքի աւազանէն ջուր կը վերցնէ, որպէսզի յանձնէ սանամօր. այդ ջուրը խառնելով լոգանքի ջուրին, պետք է լոգնայ ծննդկանը, որպէսզի ինքն ալ «հալալուի» եւ թոյլ տրուի իրեն մօտենալ նորածինին ու կերակրել. մինչեւ միւռոնաջուրով լոգնալը, ան անմաքուր կը համարուի, հետը չեն շփուիր, իր ամանէն ոչ ոք չի ճաշակեր:

Տուն վերադարձէն ետք երեխան կը քնացնեն իր համար պատրաստուած նոր օրօրոցին մէջ, որովհետեւ մինչ այդ մօր կողքին կը քնանար: Օրօրոցին վրայ կը կախեն «խըժխըժիկ» կոչուող խաղալիքը, որ տնեցիք կը պատրաստեն մանր մետաղական իրերով. ասոնք շարժելու ատեն իրար կը զարնուին եւ զրնգուն ձայներ կը հանեն: [48]

Կնունքի առիթով ընտանիքը կը հաւաքուի միասին ճաշելու։ Այս հաւաքին կնքաճաշ անունը կու տան։ Եթէ նորածինը տղայ է, յատկապէս եթէ առաջնեկն է կամ մինուճար, անպայման մատաղ ալ կը պատրաստեն, նաև նոր հաց կը թխեն, կը հիւրասիրեն հարիսա, փիլաւ, պտուղներ, գինի, անուշեղէններ։ Իսկ աղջկայ պարագային, աւելի համեստ սեղան կը պատրաստեն, աղջկան համարելով «դուրսի պատ», իսկ տղային ̀ «տան սիւնը»:

Մեռոնահանէք կը կոչուի 7 օր անց երեխային լոգցնելու արարողութիւնը: Տաշտին մէջ ջուր լեցնելով, երեխան կը լոգցնեն եւ միւռոնէն կը հանեն։ Լոգցնելէն ետք այդ նոյն մեռոնաջուրով տատմերն ու ծննդկանը կը լուան իրենց ձեռքերը, ապա այդ ջուրին մէջ մաքուր հող կը լեցնեն, կը շաղեն, գունդեր կը պատրաստեն ու կը պահեն, որպէսզի յետագային գործածեն մաքրագործելու նպատակով։ Այսպէս օրինակ, երբ  տատմերը այլ ծննդաբերութիւն պիտի կատարէ, այս գունդերը ջուրին մէջ նօսրացնելով կը լուայ ձեռքերը։ Կամ երբ տաշտին մէջ մուկ կ՚իյնայ, նոյն ձեւով կը լուան տաշտը։

Քառասունքի ընթացքին ծննդկանը արեւին դուրս պիտի չելլէ, մութ սենեակ պիտի չմնայ, գիշերը ճրագը վառ պիտի պահէ, Աւետարանն ու դաշոյնը բարձին տակ, իրեն պահապան պիտի ըլլան: Քառասունքէն ետք արգելքները կը վերանան, քահանան յատուկ աղօթք կը կարդայ, կը վերցնեն դաշոյնն ու մկրատը, ծննդկանն ու նորածինը խոցելի չեն այլեւս: Ծննդկանը կը լոգցնեն եւ ամուսինը իրաւունք կը ստանայ քնանալու իր կնոջ ու զաւկի կողքը:

Առաջին ամիսներուն եթէ նորածինի աճը բաւարար չէ, կ՚եզրակացնեն, որ քառսնքակոխ (չարքերէն խոցուած) է: 7 տուներէ կորեկի ալիւր կը հաւաքեն, անոնցմով հացի խմոր կը շաղեն ու կը թխեն մեծ բաղարջ մը հաց։ Ապա հացին միջուկը կը հանեն ձգելով շրջանակը, որուն մէջէն երեք անգամ նորածինը կ՚անցընեն։ Հացի միջուկը փոքր մասնիկներով կը բաժնեն հարեւաններուն, բարեկամներուն ու աղքատներուն, փոքրիկ կտոր մըն ալ կը ձգեն իր ծնողներուն: Անպայման քահանան աղօթքներ պէտք է կարդայ, երբեմն ալ ծնողները կը դիմեն գրբացին: [49]

Երեխայի խնամքը

Թէեւ ծննդկանը կը վերադառնայ իր առօրեայ գործերուն, բայց երեխան միշտ իր հոգածութեան տակ է։ Կաթը առատ ըլլալու եւ երեխայի կողմէն չի սպառուելու պարագային, մայրը իր կաթը պիտի կթէ տան օճախի կրակին վրայ, հոսող ջուրին մէջ կամ ալ ոչ ոտքի կոխան մաքուր հողի վրայ: Թէեւ հազուադէպ, բայց կան պարագաներ, երբ սակաւակաթ մօր նորածինը կը դիեցնեն ուրիշ մօր մը կողմէ։ Նման դէպքի ժամանակ, երեխան կը համարուի զինք կերակրող կնոջ զաւակը։ Նոյն մօր կաթ կերած երեխաները կը համարուին կաթնաղբեր կամ կաթնաքուր եւ չեն կրնար ամուսնանալ իրարու հետ: [50]

Եթէ ծննդկանի կաթը քիչ է, երեխան կը կերակրեն այծի կամ կովի կաթով: Գոնէ մէկ տարի մայրը պիտի կերակրէ զաւակը. որոշ ժամանակ անց, երեխային կու տան նաեւ կորեկի բոված ալիւրով ու գազպայով (մանանայ) շինուած խիւս: Երեխան կաթէն կտրելու համար, մայրը կը դիմէ զանազան միջոցներու. պտուկին մուր կամ տախտեղ (տաքդեղ, կարմիր պղպեղ) կը քսէ, երեխան զզուեցնելու համար. կաթի փոխարէնը գուգու գաթա ու մածուն կու տան, երբեմն ալ մայրը քանի մը օրով իր ծնողներուն տունըկ՚երթայ զաւակէն հեռու մնալու եւ մոռցնելու համար կրծքով կերակրելը:

Կուրծքի կաթը կը համարուի դեղ յատկապէս աչքերու ցաւի եւ հիւանդութեանց համար, թէ՛ մեծահասակներու եւ թէ մանուկներու պարագային:

Մինչեւ մէկ տարեկան երեխային օրընդմէջ կը լոգցնեն: Ինչպէս աշխարհագրական այլ շրջաններումէջ, Սասունի մէջ եւս սովորութիւն է երեխայի օրօրոցին մէջ բոված մաքուր հող դնել:

Երեխայի վիզէն կը կապեն քնհլուն կոչուող ուլունքը, հաւատալով որ այն խաղաղ քուն պիտի պարգեւէ անոր։ Որպէս չարխափան շապիկի կուրծքին կը կարեն օրաջիգ կոչուող կոճակ մը: Քալելու գործընթացը արագացնելու համար, հայրը երեխայի համար կը պատրաստէ ճախրտիկ (փոքր ճախարակ) կոչուող եռանիւ յարմարանքը, որուն յենուելով պիտի փորձէ քալել:

Տղայ երեխայի մազերը առաջին անգամ սափրելէն ետք, մազերը կը խրեն տան պատի ճեղքի մը մէջ, որպէսզի ոչ ոք զանոնք տրորելով, երեխային գլխացաւ չպատճառէ: Իսկ եթէ մինուճար է, ծնողները ուխտ կ՚ընեն մազերը առաջին անգամ կտրել Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքին մէջ։ Այս առիթով, ուխտագնացութիւն եւ մատաղ կը կազմակերպեն. երբ կը կտրեն առաջին մազերը, զանոնք կը պահեն խնամքով, իսկ կտրողին ալ նուէրով մը շնորհակալութիւն կը յայտնեն: [51]

Մանկութեան տարիներէն սկսեալ, սասունցիները սովորութիւն ունին կրճատելու անունները։ Միայն տարեց դառնալէն ետք կը սկսին կոչուիլ իրենց աւազանի անունով. այսպէս օրինակ կրճատուած ձեւերն են ̀ Մօսէ, Պետօ, Կիրօ, Գալօ, Մուրօ, Ձունէ, Նուրէ, Զարէ:

Անչափահասներուն դաստիարակութիւնը նահապետական ընտանիքի պարտականութիւնն է. 4-5 տարեկանէն տղաները դուրսի աշխատանքներուն կը վարժեցնեն, գառնարած կը դառնան, դաշտի աշխատողներուն ուտելիք ու ջուր կը տանին, աւելի ուշ ̀  ձի հեծնիլ, փայտ կտրել, նշանառութիւն սորվիլ, դաշտի աշխատանքներ ընել, եւայլն: Իսկ տարեկից աղջիկները պիտի սորվին տան գործեր, օգնել կանանց տունը մաքրել, հաց թխել, ջուր կրել, բանջար հաւաքել, կարկատել, ասեղնագործել, անասուն կթել, եւայլն: Մինչեւ պատանեկութիւն, փոքր տղայ եւ աղջիկ միասին կը խաղան, միասին դաշտ կ՚երթան: Երբ արդէն կը սկսին մեծնալ, հանգրուանային կը սկսին խուսափիլ մտերմիկ զրոյցներէ եւ իւրաքանչիւրն իր սեռի մեծերուն կը միանայ:

Սասունի մէջ բժիշկ չկայ, կան հեքիմներ (ժողովրդային բժիշկ) ու գրբացներ, որոնց հաւասարապէս կը դիմեն հիւանդութիւններու ժամանակ: Գրբացները յայտնի են իրենց մոգական կարողութեամբ, թուղթ ու գիր գրելով կը կանխեն չարիքը եւ կը բուժեն զանազան հիւանդութիւններ. հիւանդութիւններու ժամանակ սասունցին կը դիմէ նաեւ աղօթքներու, հմայիլներու, ուխտագնացութիւններու ու մատաղներու:

Հեքիմները չեն հաւատար գրբացներուն, այլ միայն իրենց վիրահատական գործիքներուն եւ դեղաբոյսերուն: Դարերէ ի վեր, սերունդէ սերունդ փոխանցուած միջոցներ կը կիրառեն ու հիմնուելով միջնադարեան ժողովրդական բժշկութեան գիտելիքներուն վրայ, ալ աւելի կը զարգացնեն իրենց ունակութիւնները եւ կʼօգնեն շրջակայ մարդկանց ապաքինումին: Կ՚օգտուին մերձակայ միջավայրի հարուստ բնութեան ընձեռած դեղաբոյսերէն, կը կատարեն գործողութիւններ, կոտրուածքները կը բուժեն, կը կանխեն առաջացող հիւանդութիւնները, եւայլն: [52]

Ատամհատիկ

Երեխայի առաջին ակռայի յայտնուիլը ծիսական արարողութեամբ կը նշուի. այն կը կոչուի հատկասորիկ: Ցորենի հատիկ եւ սիսեռ կը խաշեն, մէջը կը խառնեն չամիչ. մանուկը կը նստեցնեն փալասի մը վրայ, դիմացը կը դնեն տարբեր իրեր ̀ դաշոյն, գրիչ, սանտր, խոփիկ, մաքոք, եւայլն: Շուրջբոլորը կը նստին տան միւս երեխաները: Մեծահասակներէն մէկը երեխայի գլխուն վրայ կը լեցնէ խաշած հատիկը, մինչ կողքի երեխաները թափուող հատիներու մէջէն փութալով կը զատեն սիսեռն ու չամիչը ուտելու համար, իսկ մանուկը երբ ուշքի կու գայ թափուող հատիկներու տարափէն, կը փորձէ վերցնել իր դիմաց դրուած առարկաներէն մէկը. առաջին ձեռք առած առարկան, ըստ հաւատալիքի, պիտի դառնայ անոր ապագայ մասնագիտութիւնը:

Նոյնպիսի յատուկ ձեւով կը նշուի նաեւ երեխայի առաջին կաթնատամի հեռացումը։ Երեխան ինքն իր ձեռքով իր հանած առաջին ակռան կը թաղէ տան դրան շեմքին, յետոյ դուռը երեք անգամ բանալ-գոցելով կը կրկնէ մօր սորվեցուցած տողերը. «Մանտր-մանտր կըց գառան, խայիմ-խայիմ կըց ճորուն» (գառնուկի ակռայի նման մանր, ջորիի ակռայի նման ամուր): [53]

Մահ եւ թաղում

Սասունցիները կը հաւատան, որ Աստուած կը ղրկէ հոգէառը, որ տուն կը մտնէ երդիկէն եւ ծանօթի կերպարանքով ալ կը յայտնուի մահացողին։ Մահացողի հոգին դուրս կ՚ելլէ քիթէն եւ հրեշտակին հետ երդիկէն կը հեռանայ:

Երբ մահամերձը հոգեվարքի մէջ է, անոր ջուր կու տան, դիրքը կը փոխեն, այնպէս որ դէմքով դէպի արեւելք ըլլայ: Երբեմն, հիւանդի խնդրանքով զինք դուրս կը տանին, որպէսզի վերջին անգամ մը տեսնէ աշխարհը: Մահացածի աչքերը այդ մտադրութեամբ ալ կը փակեն, որպէսզի «հանգիստ երթայ, աչքը բաց չի մնայ աշխարհի ու բարեկամների վրայ»: [54]

Մեռնողը կը լոգցնեն տան բակին մէջ, ապա մարմինը ներս կը բերեն, սպիտակ պատանքով կը սկսին փաթթել, ոտքերու բութ մատերը եւ ձեռքերը թելով իրար կապելէ ետք: Դէմքը բաց կը ձգեն, բերանին վրայ վարշամակով ծածկուած նշխարհ մը կը դնեն, երկար կտորով մը մէջքը կը կապեն, որպէս գօտի, ուրիշ կտորով մըն ալ կուրծքին վրայ խաչաձեւ կապ մը կ՚ընեն, որուն խաչփուկ կ՚ըսեն: Սովորաբար ունեւոր մարդիկ դագաղ կը պատուիրեն ննջեցեալի համար, իսկ հնարաւորութիւն չունեցողները, միայն պատանքով կը թաղեն: Դիակը ուսամբարձ կը տանին: Եթէ յայտնի մարդ է մահացողը, ապա փողով տխուր երաժշտութիւն կը նուագեն. յուղարկաւորութեան ճամբուն վրայ եղեռամայրեր կու լան գովերգելով ննջեցեալը. հարազատ կանայք իրենց ծամերը կը կտրեն, հագուստները կը պատռտեն եւ կʼուղեկցեն մինչեւ ճանապարհի կէսը: Տղամարդոց լացը անպատուաբեր է ննջեցեալի համար. անոնք գլխարկները ծուռ կը դնեն եւ լուռ կը հետեւին: Եթէ մահացողը տղամարդ է, յաճախ անոր զէնքն ու դաշոյնը դիակի վրայ դնելով կը ճանապարհեն գերեզման. իսկ իշխանաւոր մարդու թաղման ժամանակ հեծեալներ կը հետեւին դագաղին: Թաղման ծէսի մէջ կը մտնէ նաեւ հրացանաձգութիւնը:

Յատկանշական է, որ յատուկ գերեզմանափոր չկայ։ Իւրաքանչիւր տղամարդ պարտականութիւն կը համարէ մասնակցիլ փորելու աշխատանքին, որպէս յարգանքի նշան: Գերեզմանափոսի յատակին քարեր կը շարեն, ապա դագաղը (կամ դիակը) կ՚իջեցնեն մէջը: Որոշ շրջաններու մէջ սովորութիւն է հետը թաղել նաեւ իր սիրած գործիքները, հագուստները, որոնց վրայ քարեր կը տեղադրեն. այս տեսակի թաղումները կը կոչուին «քարէ թաբութ» (քարէ դագաղ): [55] Քահանան բուռ մը հող օրհնելով կ՚աղօթէ. «Հող ես, հող դառնաս, հողը ̀ հողին, հոգին ̀ Աստուծոյ, օղորմի քու հոգուն» եւ յետոյ շաղ կու տայ փոսին մէջ։ Ապա յուղարկաւորները հերթաբար կը մօտենան ու բուռով հող կը լեցնեն. ոմանք նաեւ դրամներ կը նետեն փոսին մէջ: Թաղումէն ետք բոլոր ներկաները կը ցաւակցին հարազատներուն, որոնք իրենց կարգին հրաւէր կ՚ուղղեն ներկաներուն իրենց տուն հոգեճաշի գալու:

Թաղման յաջորդ առաւօտեան կանայք կ՚այցելեն գերեզման խունկ ու մոմով: Ննջեցեալի տանը քանի մը օր հաց չեն թխեր, ոչ ալ ճաշ կը պատրաստեն. հարեւանները կը հոգան այդ բոլորը. կին թէ տղամարդ գլուխները սեւ կը կապեն, մինչեւ «խունկի երթալը»։ Եօթերորդ օրը նորէն խունկ ու մոմ վերցնելով կ՚երթան գերեզման. երբ կը վերադառնան գերեզմանէն, հոգեհացի սեղանն արդէն պատրաստ է. գիւղի բոլոր մարդիկ կու գան ողորմի տալու, իրենց հետ բերելով տարբեր ուտեստներ: Երեկոյեան, երբ հիւրերը մեկնած են, մօտիկ բարեկամներ ընտանիքի սգաւոր անդամներուն գլուխներու սեւ կապերը կը հանեն, որպէս «սուգէն դուրս գալու» նշան:

Ննջեցեալի յիշատակը յարգելու համար, մինչեւ առաջին տարելիցը, որպէս անոր բաժինը, տնեցիները աման մը ճաշ եւ 2 հաց կը ղրկեն աղքատ ընտանիքի մը. իսկ կիրակի օրերը նոյնը քահանային կը ղրկեն: [56]

Գերեզմանաքարը կը պատրաստեն տափակ, պառկած կը դնեն հողին վրայ, գլխավերեւին խաչ կը փորագրեն եւ տապանագիր գրել կու տան: [57]

Երբ երիտասարդ տղամարդ է ննջեցեալը, այրին քանի մը տարի սուգ կը պահէ: Երբ կնոջ հարազատները խորովու, գաթա, հաց եւ գինի վերցուցած գան ննջեցեալի տուն, կը նշանակէ, որ կ՚ուզեն ամուսնացնել իրենց դժբախտ աղջիկը։ Հետեւաբար, ճաշկերոյթէն ետք կը խնդրեն տնեցիներուն, թոյլ տալ աղջկան տանիլ իրենց հետ. հարազատները կը համաձայնին այրիացած կնոջ երկրորդ ամուսնութեանը. շատ յաճախ ի յարգանս ննջեցեալին, առանց հարսանիքի կ՚ամուսնացնեն կինը:

Անշուշտ բամբասողները միշտ ալ լուրեր պիտի տարածեն ըսելով, որ դեռ ամուսինին (կամ կնոջ) ոսկորները չհանգստացած, ամուսնացաւ նորէն:

Մահացածի ընտանիքը իրենց նախկին հարսի նոր ամուսինին հետ հարազատի մը նման կը յարաբերին. անոր կու տան փոխնակ (փոխարինող) անունը: [58]

  • [1] Ա. Քալանթար, Սասուն, Յովհաննէս Մարտիրոսեանցի տպարան, Թիֆլիս, 1895, էջ  15:
  • [2] Ե. Կարապետեան, Սասուն, ՀայՊետՀրատ, Երեւան, 1962, էջ 68:
  • [3] Վարդան Պետոյեան, Սասուն, «Նախաբեմ» հրատ., Երեւան, 2016, էջ 417:
  • [4] Նոյն, էջ 423:
  • [5] Կարապետեան, Սասուն, էջ  81:
  • [6] Նոյն, էջ 82:
  • [7] Ռաֆիկ Նահապետեան, Աղձինքահայերի ամուսնահարսանեկան սովորոյթներն ու ծէսերը, Երեւան, 2007, էջ 33:
  • [8] Նոյն, էջ 37:
  • [9] Նոյն, էջ 39:
  • [10] Նոյն, էջ 42:
  • [11] Նոյն, էջ 43:
  • [12] Կարապետեան, Սասուն, էջ 87:
  • [13] Նահապետեան, Աղձինքահայերի…, էջ  30:
  • [14] Նոյն, էջ 59:
  • [15] Պետոյեան, Սասուն, էջ 427:
  • [16] Նահապետեան, Աղձինքահայերի…, էջ  75:
  • [17] Նոյն, էջ 67:
  • [18] Պետոյեան, Սասուն, էջ 429:
  • [19] Նահապետեան, Աղձինքահայերի…, էջ 79:
  • [20] Նոյն, էջ 69:
  • [21] Պետոյեան, Սասուն, էջ 429:
  • [22] Նոյն, էջ 431: 
  • [23] Նահապետեան, Աղձինքահայերի…, էջ 95:
  • [24] Պետոյեան, Սասուն, էջ  431:
  • [25] Նոյն, էջ 432:
  • [26] Նահապետեան, Աղձինքահայերի…, էջ  106:
  • [27] Պետոյեան, Սասուն, էջ 440:
  • [28] Նոյն, էջ 434:
  • [29] Նոյն, էջ 446:
  • [30] Նոյն, էջ 450:
  • [31] Կարապետեան, Սասուն, էջ  90:
  • [32] Պետոյեան, Սասուն, էջ  434 – 444:
  • [33] Նահապետեան, Աղձինքահայերի…, էջ  165:
  • [34] Պետոյեան, Սասուն, էջ  453:
  • [35] Նահապետեան, Աղձինքահայերի…, էջ  94:
  • [36] Նոյն, էջ 90:
  • [37] Պետոյեան, Սասուն, էջ  454:
  • [38] Կարապետեան, Սասուն, էջ 92:
  • [39] Նահապետեան, Աղձինքահայերի…, էջ 165:
  • [40] Պետոյեան, Սասուն, էջ 457: 
  • [41] Նոյն, էջ 454:
  • [42] Նոյն, էջ 457:
  • [43] Կարապետեան, Սասուն, էջ 93:
  • [44] Պետոյեան, Սասուն, էջ  457:
  • [45] Կարապետեան, Սասուն, էջ 95: 
  • [46] Պետոյեան, Սասուն, էջ 458:
  • [47] Նոյն, էջ 460:
  • [48] Նոյն, էջ 461:
  • [49] Նոյն, էջ 462:
  • [50] Նոյն, էջ 462:
  • [51] Նոյն, էջ 464:
  • [52] Նոյն, էջ 466:
  • [53] Նոյն, էջ 463:
  • [54] Նոյն, էջ 477:
  • [55] Կարապետեան, Սասուն, էջ 115:
  • [56] Նոյն, էջ 116:
  • [57] Պետոյեան, Սասուն, էջ 480:
  • [58] Նահապետեան, Աղձինքահայերի…, էջ 53: