Արլինկթըն, Մասաչուսէց, Օգոստոս 2021։ Հայկական գաւառական պարերու նկարահանում պարի մասնագէտներու ներկայութեամբ։

Կովտունցի պար (Սեբաստիայէն պար մը)

Թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան-Արծրունի, 18/12/21 (վերջին փոփոխութիւն՝ 18/12/21)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

**************

Կովտունցի պարը Սվազ/Սեբաստիա շրջանի հայկական գեղջկական շուրջպար մըն է։ Հակառակ անոր որ անունը մէկ գիւղի՝ Կովտունի (այսօր Կէօյտուն կամ Կէօքտին) անունը կը կրէ, այս պարը կը պարէին լայն աշխարհագրութիւն ընդգրկող տարածքի մը բազմաթիւ գիւղերուն մէջ (Քոչհիսար, Քոթնի, Զառա, Կովտուն, Խորսանաս եւ այլ գիւղեր)։ ԱՄՆ-ի Նիւ Ինկլանտ եւ Նիւ Եորք գաղթած բազմաթիւ սեբաստացի հայեր այս շրջանէն էին։ Այս պարը շրջանի բազում պարերէն ամենէն մեծ ժողովրդականութիւն վայելողն էր, եւ մինչեւ 1940-ականները «Սեբաստիոյ պար» ըսելով ա՛յս պարը կը հասկնային։

1940-ականներէն սկսեալ հայկական դաշտահանդէսները յատուկ շրջաններու հայրենակիցներու հաւաքներէ վերաճելով դարձան շատ աւելի ընդգրկուն, ըստ եկեղեցական ծուխերուկազմակերպուող դաշտահանդէսներ, որոնք գրաւիչ էին պատմական Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ շրջաններէ ԱՄՆ հասած հայերուն համար։ «Իւչ այաք» (երեք ոտք) կոչուող Սեբաստիոյ ուրիշ գեղջկական պար մը շատ սիրուած պիտի դառնար եւ ոչ սեբաստացիներու մէջ յայտնի դառնար իբրեւ «Սեբաստիոյ պար», սակայն սեբաստացի հայերու նիւ ինկլանտեան դաշտահանդէսներուն ընթացքին Կովտունցի պարը մնաց տիրական։ Կովտունցը սկզբունքով արանց պար է, որ այսօր տակաւին կը պարուի զոյգ սեռերու ներկայացուցիչներու կողմէ Ռոտ Այլանտի եւ արեւմտեան Մասաչուսեցի դաշտահանդէսներուն ընթացքին։

Արտասանութիւն.-  Ինչպէս որ կը գրուի։

Սկզբնաղբիւրներ.- Ըստ Պօղոս Ուիլի Բելիկեանի, Պարգեւ Քելիկեանի, Գառնիկ եւ Մուրատ Բելեկեաններուն։

Երաժշտութիւն.- Լէօ Տէրտէրեանի ձայնագրութիւններ։

Ոճ.- Շիտակ ոտքի կեցած, բայց հանգիստ մարմինով (ոչ զգաստ)։ Պարողներու ոգեւորութեան աճին հետ պարին թափը կ’աճի, բայց միշտ կը մնայ կառավարելի եւ կառավարուած։ Այրերը կը բանան պարը, իսկ կիները պարային գիւծին միւս ծայրը կ’ըլլան (պարի պոչ)։

Կատարման բնոյթը.- Փակ շրջան «հայկական ձեւով» (պարողները իրարու միացած են ճկոյթը-ճկոյթին եւ ձեռքերը բերած են ուսերու բարձրութեան)։ Ինչպէս հայկական պարերէն շատերը, այս պարն ալ «հետեւէ՛ պարագլուխին» ոճով է. Պարագլուխը՝ «պարպաշին» կ’որոշէ երբ փոխել քայլը կամ պարին ուղղութիւնը։ Փոփոխութեան մասին իմաց չի տրուիր, նշմարները տեսողական են։

Կովտունցի պարի ներկայացում եւ ցուցմունքներ

Քայլ 1- «հիմնական քայլ»

Չափ/հատած

1-2





3-8

Հաշիւ


1-4





5-16

Շարժումներ

Ամբողջ շարքով մէկ քայլ աջ՝ ձախ ոտքը աջին առջեւ (1 հաշիւին)։ Աջ ոտնաթաթի բարձրացում ձախոտքին առջեւ («եւ» հաշիւին)։ Ձախ ոտքը առաջ քայլ (2 հաշիւին)։ Աջ ոտքը ետ քայլ (3 հաշիւին)։ Թեթեւցատկ եւ ծունկի զսպանակում աջ ոտքի վրայ, ապա ձախ ոտքը առջեւ բարձրացնել (4 հաշիւին)։

Շարունակել պարաքայլերու շարքը՝ աստիճանաբար դէպի աջ երթալով (5-16 հաշիւներ)։Պարաքայլերու շարքը կրնայ շարունակուիլ այնքան, մինչեւ պարագլուխը որոշը փոխել պարինուղղութիւնը (յստակ սահմանուած թիւ չկայ թէ քանի անգամ)։

Քայլ 2- «ետ քայլ»

1-2








3-8

1-4








5-16

Պարագլուխը կ’որոշէ ետ (ձախ) քայլ ընել եւ ձախ ոտքը դէպի առաջ քայլ կ’ընէ աջ ոտքին առջեւ (1 հաշիւին)։ Աջ ոտնաթաթի բաձրացում ձախին առջեւ («եւ» հաշիւին)։ Ձախ ոտքը դէպի ձախ առջեւքայլ (2 հաշիւին)։ Աջ ոտքը դէպի ետ (ձախ) քայլ (3 հաշիւին)։ Թեթեւ ցատկ եւ ծունկի զսպանակում աջոտքի վրայ՝ միաժամանակ ձախ ոտքը դէպի առջեւ բարձրացնելով (4 հաշիւին)։ Ուղղութիւնըփոխելու նշան է, երբ շարքին մէջ Ձեր աջին եղող անձը կը սկսի ետ գալ դէպի Ձեզի՝ Ձեզ ալստիպելով փոխել ուղղութիւնը։

Շարունակել պարաքայլերու շարքը դէպի ձախ ուղղութեամբ (5-16 հաշիւ)։ Այս շարքն ալ կրնայանորոշ անգամներով կրկնուիլ, մինչեւ որ պարագլուխը որոշէ փոխել պարին ուղղութիւնը։

Քայլ 1- «հիմնական քայլ»

1-8

5-16

Պարագլուխը կ’որոշէ փոխել պարին ուղղութիւնը եւ նորէն դէպի աջ պարել։ Ձախ ոտքը քայլ կ’ընէդէպի առաջ աջ ոտքին առջեւ (1 հաշիւին)։ Աջ ոտնաթաթը կը բարձրանայ դէպի առջեւ ձախինետեւը («եւ» հաշիւին)։ Ձախ ոտքը դէպի առաջ քայլ (2 հաշիւին)։ Աջ ոտքը դէպի ետ քայլ (3 հաշիւին)։Աջ ծունկի թեթեւ զսպանակում եւ ցատկ, մինչ ձախ ոտքը կը բարձրանայ դէպի առջեւ (4 հաշիւին)։Շարունակել պարաքայլերու շարքը աստիճանաբար դէպի աջ երթալով (5-16 հաշիւներ)։ Այս շարքնալ կարելի է շարունակել մինչեւ պարագլուխը որոշէ փոխել պարաքայլը։ Պարողը կ’անդրադառնայփոփոխութեան, երբ իր աջ կողմէն քովի պարողը կը սկսի դէպի աջ քաշել զինք

Քայլ 3- «ծափ քայլ»

1-2








3-8

1-4








5-16

Իրարում միացած ճկոյթները արձակելով՝ պարողը ձեռքերը կուրծքի բարձրութեան բերելով ծափկու տայ, մինչ ձախ ոտքը աջին առջեւ դէպի առջեւ քայլ կ’ընէ (1 հաշիւին)։ Աջ ոտնաթաթը կըբարձրացնէ վեր դէպի առջեւ ձախ ոտքին ետեւը («եւ» հաշիւին)։ Ծափ զարնել ձեռքերը կուրծքիբարձրութեան, մինչ ձախ ոտքը դէպի առջեւ քայլ կ’ընէ (2 հաշիւին)։ Աջ ոտքի ետ քայլ (3 հաշիւին)։ Աջծունկի թեթեւ ծալ եւ ցատկ, եւ ձախ ոտնաթաթի բարձրացում դէպի առջեւ (4 հաշիւին), ափերըբանալ եւ ձեռքերու շարժում ընել։

Շարունակել պարաքայլերու շարքը աստիճանաբար դէպի աջ երթալով (5-16 հաշիւներ)։ Այս շարքնալ կարելի է անորոշ անգամներ կրկնել, մինչեւ պարագլուխը որոշէ նորէն ճկոյթներով իրարու ձեռքբռնել։

1) Անյայտ ինքնութեամբ կովտունցի տղաք իրենց աւանդական տարազով։  Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է DeOldify-ի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի կողմէ։
2) Կովտունի շրջանէն հայ կին մը իր աւանդական տարազով։ Գծանկար՝ Ս. Խաչատրեան։
3) Անյայտ ինքնութեամբ կովտունցի տղաք իրենց աւանդական տարազով։
(Աղբիւր՝ Վահան Համբարձումեան, 
Գիւղաշխարհ. պատմական ազգագրական ուսումնասիրութիւն, Փարիզ, տպ. «Տարօն», 1927)

Կարեւոր.- Ձեռքերու շարժումները ըստ սեռի տարբեր են։

Այրերը կրնան ափերը բանալ դէպի առջեւ, կամ կրնան չափազանցուած շարժում ընել, կարծես կը պատրաստուին «գնդակ նետելու» (մէկ ձեռքը առջեւ մեկնել ափը բաց դէպի վեր, մինչ միւս ձեռքը ափը բաց բերել ականջին քով)։ Շարժումը սահուն է, կտրուկ եւ ամուր։

Կիները կրնան ափերը առջեւ մեկնել եւ դաստակներու թեթեւ պտոյտ կատարել։ Կիներուշարժումները զուսպ են եւ նազանքով։

Պարը շարունակել հետեւելով պարագլուխին փոփոխութիւններուն։

Վահան Համբարձումեան, Գիւղաշխարհ. պատմական ազգագրական ուսումնասիրութիւն, Փարիզ, տպ. «Տարօն», 1927։

Կարեւոր.- Պարը ունի աւանդական «անգիր կանոններ», որոնք բոլորին կողմէ կ’ընկալուին։

1- Պարագլուխը երբեք չ’ազդարեր պարաքայլի փոփոխութեան մասին։ Այսպիսով կը ստեղծուի անակնկալ կանխազգալու պահ մը, մինչ պարողները կը սպասեն պարաքայլի յաջորդ փոփոխութեան։

2- Պարին ուղղութիւնը երբեք չի փոխեր պարագլուխը, երբ պարողները ծափով քայլերը կ’ընեն։ Պէտք է վերադառնալ միացած ճկոյթներով պարին, ապա «պարպաշին» (պարագլուխը) որոշէ փոխել ուղղութիւնը։

3- Ոգեւորուած պարողը կրնայ 4 հաշիւին ձախ ոտնաթաթը շեշտելու համար աւելի բարձր բարձրացնել, բայց միմիայն աջ բումբին քովէն քաշելով զայն։ Ձախ ոտքը երբեք կտրուկ առջեւ չի բարձրանար։ Զսպուած ոգեւորութիւն պէտք է տիրէ։

4- Ծափով քայլերուն ատեն քովինիդ ձեռքին ծափ զարնելը անճարակութիւն կը սեպուի։ Այդ ծափ պարը արանց ուրիշ պար մըն է։

5- Պարագլուխը պարած ատենը յաճախ թաշկինակ կը շարժէ՝ թատերական տարր մը աւելցնելով։ Ան թաշկինակով կրնայ նաեւ ցոյց տալ, որ կը փոխէ պարաքայլը, բայց այդպիսով կը պակսի զուարճութիւնը, եւ նախընտրելի է խուսափիլ ասկէ։

6- Պարի ուղղութիւնը փոխելու ատեն ուրիշ պարողի մը «զարնուիլը» շատ կը պատահի եւ ընդունուած բան է... Գէշ պարողի խարան չի դրուիր որեւէ մէկուն ճակատին։ Ժողովրդային պար է, որ հաճոյքի համար կը պարենք։ Վայելեցէ՛ք։

**************

Խմբագրական ծանօթագրութիւն.- «Կովտունցի պարի ներկայացում եւ ցուցմունքներ» տեսերիզին վերջաւորութեան կ՚երեւին խումբ մը մարդիկ, որոնք Սփրինկֆիլտի մէջ դաշտահանդէսի մը ընթացքին կը պարեն Կովտունցի պարը։ 1900-ականներու սկիզբներէն Սփրինկֆիլտը (Մասաչուսէց) հիւրընկալած է հայկական աշխուժ համայնք մը. բազմաթիւ նոր ժամանածներ հաստաուած են Ինտիըն Օրչըրտի մէջ։ Այստեղի հայկական դաշտահանդէսներուն ընթացքին երաժշտութիւնն ու պարը անպակաս են։

«Կովտունցի պարի ներկայացում եւ ցուցմունքներ» տեսերիզին վերջաւորութեան երեւցող արխիւային ֆիլմի կարճ հատուածին աղբիւրն է Հայկ Ռաքիճեան՝ https://www.youtube.com/watch?v=vzGsQJuHL4Q